ԹՐԱՄՓԻ ԻՍՐԱՅԷԼԱ-ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ «ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐ»Ը ԵՐԿԱՐԱՏԵՒ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԲԱՂԱԴՐԱՏՈՄՍ Է

28 յունուար 2020-ին նախագահ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ հրապարակեց Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ երկար սպասուած իր «Խաղաղութեան ծրագիր»ը: Ծրագիրին ճարտարապետը նախագահի փեսայ եւ անոր աւագ խորհրդական Ճերըտ Քուշներն է:

«Խաղաղութեան ծրագիր»ը ունէր շարք մը թերութիւններ՝ նախքան զայն յայտարարելը: Նախ՝ ո՛չ Թրամփ, ո՛չ ալ անոր փեսան որեւէ տեղեկութիւն ունէին արաբա-իսրայէլեան պայքարի բարդութեան մասին: Իր նախագահութեան սկիզբը, դըր-սեւորելով իր անտեղեակութիւնը, Թրամփ շարունակաբար կ՚ըսէր, որ այդ մէկը դիւրին լուծուող խնդիր է: Անոր ուղղափառ հրեայ փեսան նոյնքան անտեղեակ է մերձաւորարեւելեան պայքարի ծալքերէն: Եթէ այդքան դիւրին ըլլար այս հարցի լուծումը, ապա անիկա շատոնց լուծուած կ՚ըլլար:

Թրամփի «Խաղաղութեան ծրագիր»ը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ խորամանկ քայլ մը՝ շեղելու համար ուշադրութիւնը Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի կաշառակերութեան ամբաստանութենէն եւ Թրամփի պաշտօնազրկման գործընթացէն: Իսրայէլացիներու եւ պաղեստինցիներու միջեւ բարեխիղճ միջնորդը պէտք է ըլլայ անաչառ եւ չէզոք: Թրամփ հեռու է այս հիմնական պահանջը բաւարարելէ՝ ո՛չ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը Թել Աւիւէն Երուսաղէմ տեղափոխելէ ետք՝ վիճելի Երուսաղէմը ճանչնալով իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք, ո՛չ ալ Սուրիոյ Կոլանի բարձունքները (Իսրայէլը զանոնք գրաւած է 1967-ի պատերազմին) Իսրայէլի տարածք յայտարարելէ ետք: Ասոնք միջազգային իրաւունքի բարդ խնդիրներ են եւ ենթակայ են լայնածաւալ բանակցութիւններու: Ասոնք են պատճառները, թէ ինչո՛ւ հակամարտութիւնը մինչեւ այսօր լուծուած չէ: Միայն ան, որ տեղեակ չէ այս բարդութիւններու մասին, կրնայ ըսել, թէ ասիկա դիւրին լուծուող հարց է, եւ հանդէս գայ այնպիսի ծրագիրով մը, որ ամբողջովին միակողմանի է եւ կը բաւարարէ Իսրայէլի բոլոր պահանջները, բայց՝ պաղեստինցիներու ոչ մէկ պահանջ…

Առաջարկուած «Խաղաղութեան ծրագիր»ը իրականութեան մէջ ո՛չ իսրայէլցիներու եւ ո՛չ ալ պաղեստինցիներու շահերէն կը բխի: Թրամփի ծրագիրին պայմանները թելադրուած են Իսրայէլի կողմէ՝ իր ապահովութեան պահպանման քօղին տակ: Ասիկա «կ՚օրինականացնէ» Արեւմտեան ափի հրէական բնակավայրերը եւ կ՚երկարաձգէ անոնց գոյութիւնը: Ապագայ պաղեստինեան պետութեան սահմաններուն մէջ գտնուող այս բնակավայրերը զգալի վտանգ կը ստեղծեն Իսրայէլի բնակչութեան ապահովութեան համար՝ շարունակելով պայքարն ու արիւնահեղութիւնը: Առաջարկուող Պաղեստինի պետութիւնը չորս կողմէ շրջապատուած է Իսրայէլով՝ պահպանելով ռազմական լիակատար վերահսկողութիւն պաղեստինցիներու հանդէպ: Աւելի՛ն. Երուսաղէմի կարգավիճակը կը մնայ անլոյծ: Կ՚ենթադրուի, որ Իսրայէլ կը տիրանայ ամբողջ Երուսաղէմին՝ սահմանափակելով Պաղեստինի մայրաքաղաքը քաղաքի ծայրամասը գտնուող գիւղի մը մէջ: Ասիկա երբեք ընդունելի չէ ոչ միայն պաղեստինցիներու, այլեւ աշխարհի բոլոր արաբներու եւ մահմետականներու, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց համար, որոնք կը հաւատան միջազգային իրաւունքի միջոցով հարցի խաղաղ լուծման:

Թրամփի «Խաղաղութեան ծրագիր»ը չորս տարի ժամանակ կու տայ երկու կողմերու միջեւ բանակցութիւններու համար: Սակայն այս ծրագիրը սկիզբէն իսկ պաղեստինցիները կը դնէ պարտուողական իրավիճակի մէջ՝ զրկելով զանոնք իրենց ինքնիշխան իրաւունքներէն, թոյլ եւ փոքրացած տարածքի մը մէջ, քանի որ Իսրայէլ Արեւմտեան ափի հրէական բնակավայրերը շուտով պիտի յայտարարէ իբրեւ իսրայէլեան տարածք:

Պաղեստինի ոչ մէկ առաջնորդ մասնակցած է 28 յունուարին Սպիտակ տան մէջ կայացած արարողութեան: Պաղեստինի իշխանութեան առաջնորդ Մահմուտ Ապպաս մերժեց «Դարուն գործարք»ը՝ զայն անուանելով «Դարուն ապտակ»ը: Ան նաեւ հրաժարեցաւ ընդունելէ Սպիտակ տան կողմէ առաջարկուող 50 միլիառ տոլար արժողութեամբ ներդրումային ծրագիրը: Ապպաս ըսաւ. «Թրա՛մփ, Երուսաղէմը չի ծախուիր: Մեր իրաւունքները չեն ծախուիր»: Արաբական 22 երկիրներէն միայն Պահրէյնի, Օմանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպանները մասնակցեցան Սպիտակ տան արարողութեան:

Փետրուար 1-ին Արաբական պետութիւններու լիկայի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները միաձայն բանաձեւ մը ընդունեցին՝ մերժելով Թրամփի իսրայէլա-պաղեստինեան «Խաղաղութեան ծրագիր»ը՝ նշելով, որ՝ «Անիկա չի բաւարարեր Պաղեստինի ժողովուրդին իրաւունքներու եւ ձգտումներու նուազագոյն մակարդակը»:

Միասնականութեան հազուադէպ նշանով Ապպաս անցեալ շաբաթ հանդիպեցաւ Համաս շարժման, Պաղեստինի ազատագրումի կազմակերպութեան եւ Իսլամական ճիհատի առաջնորդներուն հետ՝ միասնական դիրքորոշում ձեւաւորելու համար Թրամփի «Խաղաղութեան ծրագիր»ին դէմ: Եթէ «Խաղաղութեան ծրագիր»ը ծառայեց որեւէ բանի, ապա միայն՝ բազմազան եւ յաճախ պայքարող պաղեստինեան խմբաւորումներու միացման:

Անցեալ շաբաթ Սպիտակ տան արարողութեան աւարտին Արեւմտեան ափի եւ Արեւելեան Երուսաղէմի մզկիթները սկսան հեռասփռել Քուրանէն հատուած մը, որ կը նախազգուշացնէ. «Մի՛ հնազանդիր անհաւատներուն եւ կեղծաւորներուն»:

Տասներկու դեմոկրատ ծերակուտականներ միացեալ նամակ մը ստորագրեցին ուղղուած Սպիտակ տան՝ քննադատելով «Խաղաղութեան ծրագիր»ը, իբրեւ «միակողմանի [եւ] ոչ օրինական փորձ խաղաղութեան յառաջխաղացման համար: Անիկա բաղադրատոմս է տարածքաշրջանին մէջ նոր բաժանումի եւ բախումի համար»: Նախագահին բոլոր դեմոկրատ թեկնածուները դէմ արտայայտուած են Թրամփի «Խաղաղութեան ծրագիր»ին՝ քննադատելով զայն իբրեւ «միակողմանի քայլ», որ դուրս կը ձգէ պաղեստինցիները: Ամերիկայի նախկին նախագահ Ճիմի Քարթըր եւս դատապարտած է «Խաղաղութեան ծրագիր»ը «Պաղեստինեան գրաւեալ տարածքներու մեծ մասին միակողմանի բռնակցումը Իսրայէլի, պաղեստինցիներուն կ՚առաջարկէ մասնատուած պետականութիւն՝ առանց անոնց սահմաններուն վերահսկողութեան: Ծրագիրը կը խախտէ երկու պետութիւններու մասին որոշումը՝ հիմնուած 1967-ի սահմաններուն վրայ…»:

«Խաղաղութեան ծրագիր»ը ըստ էութեան կը հակասէ Իսրայէլի ազգային շահերուն՝ ըստ շատ մը ամերիկացի հրեաներու եւ իսրայէլացիներու, որոնք կոշտ կերպով քննադատած են Թրամփի ծրագիրը: Կարծես թէ Իսրայէլի ղեկավարները չեն հասկնար, որ որքան շատ թշնամացնեն պաղեստինցիները իրենց, այնքան աւելի կ՚երկարաձգեն ռազմական գործողութիւնները՝ շարունակելով ապրիլ պատերազմի ու ահաբեկչութեան պայմաններու մէջ…

Իսրայէլի «Խաղաղութիւն հիմա» ամենամեծ եւ ամենահին շարժումը, որ հանդէս կու գայ հասարակական ճնշման միջոցով խաղաղութեան հաստատման օգտին, իր կայքին վրայ յայտարարած է, որ Թրամփի «Խաղաղութեան ծրագիր»ը «Ոչ միայն կ՚անտեսէ խաղաղութեան յառաջխաղացումը, այլեւ կրնայ լրջօրէն վնասել իրական խաղաղութեան հեռանկարներուն՝ երկու կողմերուն համար»:

Ամերիկեան հրէական «Ճէյ Սթրիթ» (J Street) ազատամիտ լոպիիստական խումբը դատապարտած է խաղաղութեան գործարքը, քանի որ անիկա «զերօ հնարաւորութիւն ունի իբրեւ հիմք ծառայելու նորացուած դիւանագիտութեան համար… Սա տրամաբանօրէն գագաթնակէտն էր այն բազմաթիւ անբարեխիղճ քայլերու, զորս այս վարչակազմը ձեռնարկած է իսրայէլեան աջակողմեան օրակարգը հաստատելու համար»:

Հրէական առաջնորդութեամբ գործող «Ամերիկացիները յանուն խաղաղութեան հիմա» կազմակերպութիւնը «Խաղաղութեան ծրագիր»ը յայտարարած է՝ «Բաղադրատոմս՝ աղէտներու, բռնակցման, Արեւմը-տեան ափի իսրայէլեան գրաւման ու իսրայէլա-պաղեստինեան պայքարի յաւերժացման, նաեւ տառապանքներու ու արիւնահեղութեան համար»:

Յուսանք, որ նախագահ Թրամփի «Խաղաղութեան ծրագիր»ը երբեք իրականութիւն չի դառնար: Ե՛ւ իսրայէլացիները, ե՛ւ պաղեստինցիները պէտք է դատապարտեն բռնութիւնը եւ նստին բանակցութիւններու սեղանի շուրջ՝ գտնելու համար իրենց երկարատեւ պայքարի խաղաղ կարգաւորման լուծումը: Անոնք երկուքն ալ պէտք է խուսափին միջամտութենէ՝ միջնորդներու, որոնք աւելի շատ հետաքրքրուած են ոչ թէ արաբներու կամ իսրայէլացիներու, այլ իրենց սեփական շահերով…

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Շաբաթ, Փետրուար 8, 2020