ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՄԷՋ

Անուշ, մեղմ ու քաղցրահունչ հին մեղեդին որքա՜ն հաճելի կը թուի լսողութեան, որքա՜ն հարազատ ու անկրկնելի կախարդանք մը կը կրէ ան իր հնչիւններուն մէջ, հինն ու նորը շաղախող կարողութիւն մըն է նաեւ իր մէջ կուտակ-կուտակ պահուած, երբեք չհինցող, միշտ նորոգուող բարեկամութեան մը պէս: Վերացած մտիկ կ՚ընես, բան մը անպայման կը վերապրիս անոր հետ:

Նոյն ապրումները կ՚ունենաս, երբ հին ու նոր հարազատներով շրջապատուիս, երբ անակնկալ հանդիպումներ տեղի ունենան անզուգական ու անմոռանալի հարազատներու հետ: Հարազատներ, որոնց երբեք չես տեսած, միայն հնչիւններով տեղեկութիւններ փոխանցուած են քեզի առիթով մը, երբ հինէն խօսքեր կ՚ըլլային:

Հիները, մեր նախորդները, որոնց շառաւիղն ենք մենք, որոնցմէ ժառանգած ենք սովորութիւն, նիստ ու կաց, մտածելակերպ, ինչու չէ նաեւ մեր արտաքին երեւոյթէն մասեր՝ աչք, հասակ, գէրութիւն, նիհարութիւն...:

Չտեսնուած, բայց հարազատ մարդիկ: Հարազատ, այո՛, քանի երբ առիթը ներկայանայ ու հանդիպիս անոնց, անոնցմէ մասնիկ մը կը զգաս դուն քեզ, պաստառին մէկ գիծը թերեւս, որ առանց անոր չ՚ամբողջանար պաստառը կամ ընտանեկան ծառին մէկ ճիւղէն կախուած պտուղ մը: Ճիւղերը բազմաթիւ, բայց մէկ ծառ, որուն արմատները սնուելով նոյն հողէն ու ջուրէն հասակ նետած են ու ճիւղերը երկարած, գացած են հեռու, շա՜տ հեռու, գաղթական հայու նման սփռուած աշխարհի ծագերը:

Սակայն կայ մանկութիւն մը բոլորին հոգիներուն ու սրտերուն մէկ անկիւնը պահուած, թաքուն մանկութիւն մը, որ ահա ժպիտով դուրս կը ժայթքէ, ճեղքելով յոգնած, տքնանքէն, կեանքի մաքառումներէն կնճռոտած դէմքերը ու շրթունքները կը բանայ անոնց, աչքերը կը փայլեցնէ, կը վերածէ զանոնք քառասուն տարի առաջուան մանուկներուն: Հոգիները կը մանկանան անոնց տարիքը առած մարմիններուն, կը մոռնան պահ մը քառասուն տարուան վազվզուքը, կեանքի դժուար պահերը եւ կը խաղան անոնք հայրենի կանաչ լեռներուն ու ձորերուն վրայ, վերակենդանացնելով ատենի գիւղերուն դաշտերը: Անոնք մերթ՝ Արաբ Բունար են, Պզպզ ջուրին մէջ ոտքերը թրջելու համար բոպիկցած, մերթ՝ Ճարապլուս են, ուր ծառերուն ճիւղերուն կը մագլցէին արագութեան մրցումներ կազմակերպելով, մերթ՝ Եագուպիէ են, ուր իշուկներու վրայ նստած սրբավայր կ՚ուղղուէին, մերթ՝ Պէյրութ են Պուրճ Համմուտի թաղերուն վրայ յոխորտացող պատանիներ...:

Զարմիկներ են անոնք, մեծ մանուկներ հիմա, ու հայրենի օդին ու ջուրին հետ կու գան մեռելները իրենց ժպիտներով, զուարթախոհութեամբ ու ուրախ գործերով՝ «Հա, հա, հա, լուսահոգի հայրիկդ առաջին հեռատեսիլ բերողն էր մեր գիւղը: Արաբ երգչուհի՝ Սէմիրա Թաուֆիքին աչք ընելը տեսած, անոր համար հեռատեսիլը քաղաքէն շալկած, բերած էր ու խեղճ մարդը կայանները կը դարձնէր հա կը դարձնէր, որ երգչուհին աչք ընէ իրեն...», քահ քահներով կը վերապրին անոնք:

Նորերը հիներուն խառնուած կը վայելեն այս ակնթարթները, բայց ապրումներուն հետ սերմեր կը ցանուին անոնց մէջ. հին յուշերուն հետ բարի հունտեր կը հոսին անոնց ներսը, որոնք տեղ մը, ծիլ մը պիտի արձակեն ու բարիք բաշխեն չորս դին:

Երիտասարդները կը ժպտին իրենց հօր կամ մօր վարուելակերպին մէջ նոր բաներ տեսնելով, անոնց ուրախ զրոյցներուն ունկ դնելով: Կիներ կամ ամուսիններ շշմած կը հետեւին իրենց կեանքի ընկերոջ դէմքին նոր զուարթ գիծեր տեսնելով, կը ծանօթանան անոնք նոր սովորութիւններու, մեծ ընտանիքէ մը սերած նորութիւններու, զորս թերեւս անգամ մը եւս ականատես ըլլալու յոյսը շատ չնչին է:

Մինչ ես՝ նորերու շարքին դասուածս, դիտող մըն եմ պարզապէս եւ մօրս ներկայացուցիչը իր զարմիկներուն մէջ, որոնք մանկացած մայրս կը տեսնեն երբեմն փոխարէնս: Ես՝ հարստացած հարազատներու գոյութեամբ կ՚ըմբոշխնեմ իւրաքանչիւր ակնթարթ եւ կը ճանչնամ մանուկ մայրս եւ իր զարմիկները:

Պայուսակներուն մէջէն թօթափած հին կարօտները, անոնք կը ծրարեն այս անգամ նորերը շողշողուն յուշերու հետ, որոնք երկա՜ր ատեն պիտի պատմուին ու ժպիտներ պիտի գծեն անհոգի հաղորդակցութեանց ընթացքին:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Յունիս 8, 2018