ՅՈԲԵԼԵԱՆԷ ՄԸ ՇԱՏ ԱՒԵԼԻՆ…
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) ջանքերով հիմնուած Հայկական համացանցային համալսարանը (Armenian Virtual College - AVC) արդէն 15 տարեկան է։ 2009 թուականին, երբ AVC կը հիմնուէր, արդէն բոլորը համամիտ էին, որ սա հեռահար քայլ մըն էր։ Անցեալ 15 տարիները ցոյց կու տան, որ ամէն ինչ ունեցած է բաւական բարձր արդիւնաւէտութիւն։
Յոբելենական այս փուլին զրուցեցինք AVC-ի արեւմտահայերէն բաժնի համակարգող Զեփիւռ Խպլիկեան-Թամերեանի հետ, որ նաեւ առցանց դասերու ժամանակ կ՚ուսուցչագործէ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք մեր զրոյցին սղագրութիւնը։
*
-15 տարի անց ի՞նչ են տեսանելի արդիւնքները։
-Հայկական համացանցային համալսարանի առաքելութինն է հայերէն սորվիլ փափաքողներուն եւ աշխարհով մէկ սփռուած հայկական վարժարաններուն նեցուկ հանդիսանալ։ Այսօրուան տուեալներով՝ անհատ ուսանողներուն թիւը հասած է 41 հազար 111-ի, իսկ մեր ծրագիրներուն հետեւող դպրոցներուն, համայնքային կեդրոններուն եւ համալսարաններուն թիւը՝ 66-ի: Այն գաղութները, որոնք հայկական վարժարաններ չունին եւ կ՚ուզեն իրենց զաւակներուն հայեցի կրթութիւն տալ, մեզի կը դիմեն, որպէսզի այդ բացը ամբողջացնենք։ Իսկ այն գաղութները, որոնք տարիներէ ի վեր գործող եւ լաւ արդիւնք տուող հայկական վարժարաններ ունին, նոյնպէս կը դիմեն. մենք այդ վարժարաններուն մեր պատրաստած դասերէն կը տրամադրենք եւ ուսուցիչները այդ դասերուն միջոցով կը հարստացնեն՝ կը լրացնեն իրենց ունեցած ծրագիրը։ Օրինակ, մենք կը գործակցինք Լիբանանի Մեսրոպեան հայ կաթողիկէ վարժարանին հետ, որ շատ մեծ ու յայտնի վարկ ունեցող դպրոց մըն է։ Մեսրոպեան վարժարանին համար պարբերաբար, ազգային տարբեր տօներու նուիրուած առցանց ձեռնարկներ կը պատրաստենք, երբեմն ալ առցանց շրջագայութիւններով՝ թանգարաններ կ՚այցելենք։ Աշակերտները իրենց դասերուն զուգահեռ, նոր գիտելիք կը ստանան: Ինչպէս գիտէք, կարգ մը գաղութներու դպրոցները հայոց պատմութեան դասեր՝ ծրագիր չունին։ Մենք հայոց պատմութեան դասեր կը տրամադրենք։ Կան հայեր, որոնք ինչ-ինչ պատճառներով, չեն կրցած հայկական վարժարան յաճախել եւ որոշ տարիքի մը հասնելէն ետք կ՚ուզեն հայոց լեզու եւ հայոց պատմութիւն սորվիլ։ Հայկական համացանցային համալսարանը իր տրամադրած անվճար դասերով կու գայ այդ բացը լրացնելու։
-Ինչպիսի՞ն եղած է Միջին Արեւելքի գաղութներու արձագանգը այս ծրագիրներու կապակցութեամբ։ Պիտի խնդրեմ, որ ընդհանուր պատկեր մը տաք։ Արդեօք դժուարութիւններ եղա՞ծ են։ Գաղտնիք չէ, որ Միջին Արեւելքի հայագաղութները, եթէ Պոլիսն ալ ներառենք, որոշ աւանդապաշտութիւն մը ունին դպրոցական միջավայրին առընթեր։ Կարողացա՞ք դրական իրավիճակ մը ստեղծել։
-Անշուշտ դրական է մեր փորձը։ Պոլսոյ մէջ ալ կան վարժարաններ, որոնց հետ կը գործակցինք։ Կը գործակցինք նաեւ Հալէպի, Պէյրութի եւ Գահիրէի կարգ մը վարժարաններուն հետ։ Մեզի համար ուրախութիւն է Մերձաւոր Արեւելքի գաղութներու հետ համագործակցիլը։ Մենք նախ կը ծանօթանանք դպրոցներու գործունէութեան: Իւրաքանչիւր գաղութ, իւրաքանչիւր դպրոց ունի իր խնդիրը կամ պահանջը: Այդ պահանջին հիման վրայ կը ներկայացնենք մեր ունեցած ծրագիրները, կամ վերատեսութեան կ՚ենթարկենք մեր ունեցած ծրագիրները եւ երբեմն ալ կը պատրաստենք նորերը, նկատի ունենալով, որ մեր տասնհինգ տարուան փորձառութիւնը եւ արհեստագիտութեան վրայ հիմնուած փորձը այդ առիթը կ՚ընձեռէ:
-Առ ի հետաքրքրութիւն, երկու կեդրոնական գաղութներ նշանակենք, օրինակ՝ Պէյրութը եւ Պոլիսը, ինչո՞վ կը տարբերին անոնց կրթական-հայագիտական պահանջները իրարմէ։
-Քանի մը օր առաջ, Պոլսոյ մէջ գործող դպրոցի մը հայերէնի ուսուցչուհիներէն մէկուն հետ կը զրուցէի: Ան ըսաւ, որ երեխաներուն համար, այբուբենը հաճելի ձեւով սորվեցնելու ծրագիր մը չունին։ Անմիջապէս առաջարկեցի հետեւիլ մեր հայերէն լեզուի դասընթացքի առաջին մակարդակի դասերու այն բաժինին, ուր ամբողջ այբուբենը եւ առօրեայ հաղորդակցութեան պարզ բառապաշարը կրնան սորվիլ շատ հաճելի ձեւով՝ պատկերներով, տեսանիւթերով եւ խաղատիպ վարժութիւններով։ Բնականաբար այս ծրագիրը կրնայ բաւարարել Պոլսոյ տուեալ վարժարանի պահանջը: Պէյրութի մէջ գործող վարժարանը կրնայ այս խնդիրը չունենալ, որովհետեւ աշակերտները ընդհանրապէս հայախօս են: Հետեւաբար, պէյրութահայ երեխային տարբեր բան մը պիտի հրամցնես. օրինակ՝ այբուբենի վերաբերեալ յաւելեալ գիտելիքներ պիտի տրամադրես, այբ, բեն, գիմի նուիրուած ոտանաւոր մը, կամ երգ մը պիտի սորվեցնես։
-Այսօր, հայախօսութիւնը ի՞նչ մակարդակի վրայ է։ Եթէ գաղութներու քարտէսը գծենք եւ ուզենք դասաւորել՝ ո՞ւր աւելի խոցելի է վիճակը։ Իսկ դուք առաքելութիւն մը ունի՞ք ընելիք։
-Այդ դասաւորումներուն մէջ չեմ ուզեր մտնել։ Կը նախընտրեմ ըսել, որ եկէք բոլորս՝ դպրոց, համայնք, եկեղեցի, ընտանիք, առցանց կառոյցներ, համալսարաններ եւ կազմակերպութիւններ այնպէս մը աշխատինք, որ օրին մէկը չստիպուինք նման դասաւորումներու աշխատանքով զբաղելու։ Դրական օրինակ մը տամ։ Բոլորս գիտենք, որ Լատին Ամերիկայի մէջ հայասէր եւ հայաստանասէր խոշոր գաղութներ կան։ Այս օրերուն Պրազիլի համայնքի պահանջով, մենք արդէն ունինք փորթուգալերէնով դասաւանդուող հայոց լեզուի դասընթացք։ Անշուշտ գիտէք, որ հայոց լեզուի դասընթացքը կը ներկայացնենք դասաւանդման եօթը լեզուներով: Բայց հիմա ունինք ուսուցանող ութերորդ լեզուն՝ փորթուգալերէնը: Ուսանողները առաջին մակարդակը արդէն ամբողջացուցին եւ անցան երկրորդ մակարդակին։ Տեղեկացնեմ, որ փորթուգալերէնով սորվող ուսանողներուն թիւը հետզհետէ կ՚աւելնայ։ Ասիկա ո՛չ միայն յաջողութեան նշան է, այլեւ՝ յուսադրող է. գաղութ մը, որ մենք կը կարծէինք, թէ ամբողջովին սպանախօս է կամ միայն փորթուգալերէն կը խօսի, ահա ջանք կը թափէ հայերէն սորվելու եւ խօսելու համար։ Ի միջի այլոց նշեմ, որ այս ծրագիրը տեղի կ՚ունենայ համագործակցաբար ՀԲԸՄ-ի Պրազիլիոյ մասնաճիւղին հետ։
-Արդեօք հայոց պատմութեան միացեալ դասագիրք մը ունենալու յոյսը կա՞յ։ Դուք, որ կապ կը հաստատէք տարբեր գաղութներու հետ, այս նիւթին շուրջ որեւէ յառաջխաղաց նկատած է՞ք։
-Ցանկալի կ՚ըլլար, եթէ բոլոր դպրոցները հայոց պատմութեան միասնական ծրագիր մը ունենային եւ բոլորս նոյն պատմութիւնը սորվէինք։ Բայց խնդիրը կը կայանայ այն բանին մէջ, որ մենք՝ հայոց պատմութիւնը երկու տարբեր մօտեցումով կը սորվինք։ Կամ կը սորվինք, այնպէս ինչպէս մեզի հասած է մեր մատենագիրներէն եւ կամ կը սորվինք ակադեմական՝ գիտականօրէն հաստատուած հայոց պատմութիւնը։
Իրականութեան մէջ, ներկայիս, ընդհանրապէս կը սորվինք հայոց պատմութեան մէջ յիշատակուած կարեւոր թուականները, դէպքերը եւ իրադարձութիւնները: Չեմ ուզեր մեղադրել ո՛չ դպրոցները, ո՛չ ալ ուսուցիչները: Սփիւռքի մէջ, հայոց պատմութիւնը հիմնական ձեւով դասաւանդելու յատուկ ծրագիր մը չունինք։ Այդ իսկ պատճառով կը տեսնենք, թէ եթէ դպրոց մը շաբաթական վեց պահ տրամադրած է հայոց լեզուի համար, ապա ուսուցիչը ստիպուած այդ դասապահերէն մէկը միայն հազիւ կրնայ տրամադրել հայոց պատմութեան: Մէկ խօսքով, պատմութեան դասաւանդումը կը դառնայ կամայական, ըստ տուեալ ուսուցիչի եւ դպրոցի ունեցած մօտեցումին եւ հայերէնին ու հայոց պատմութեան յատկացուած դասապահերու քանակին:
-Ձեր առաքելութեան մէջ նաեւ հաւաքական հարթակ մը ստեղծելու ճիգը կա՞յ։
-Այո՛, անշուշտ: Մենք ունինք կրթական հարթակ մը, որ բաց է բոլոր ուսուցիչներուն համար: Եթէ ուսուցիչ մը ինչ որ հարցում ունի կամ որեւէ օգնութեան կարիքը կը զգայ, կրնայ դիմել մեզի այդ հարթակին ընդմէջէն։ Օրինակ՝ եթէ ուսուցիչը հանդէս պիտի պատրաստէ եւ հանդէսի նիւթի պատրաստման համար օգնութեան պէտք ունի, կրնայ մեզի դիմել եւ մենք, բոլորս, հարթակին մասնակցած ուսուցիչներուն հետ, անհրաժեշտ աջակցութիւնը կը տրամադրենք: Ամէն բան կը փորձենք ընել, որպէսզի հայկական շունչով ապրող իրականութիւն մը ունենանք. ընդգրկենք հայորդիները՝ լեզուով, պատմութեամբ, մշակոյթով, անկախ անհատի բնակավայրէն, տարիքէն եւ հայերէնի իմացութեան մակարդակէն։
-Այլ կարեւոր նորութիւններու մասին պիտի ուզէի, որ խօսիք։
-Արդէն խօսեցանք փորթուգալերէնով աւանդուող մեր հայոց լեզուի դասերուն մասին։ Ըսեմ նաեւ, որ մեր հայոց լեզուի դասերը միշտ կը վերամշակուին՝ հիմք ընդունելով միջազգային փորձը, մեր փորձառութիւնը եւ ուսանողներէն եկած կարծիքները։ Ամէն մէկ ուսումնական շրջանին, ուսանողներուն երկու անգամ հարցաշար կը ղրկենք, որպէսզի գիտնանք անոնց տպաւորութիւններն ու կարծիքները։ Տարիներու ընթացքին հաւաքուած հարցախոյզերու քննարկումէն ետք, դասերը վերամշակուեցան։ Հիմա, հայոց լեզուի դասընթացքը հասանելի է վերամշակուած, միջազգային չափանիշներու վրայ հիմնուած տարբերակով (A1, A2, B1, B2, C1, C2, շարքով)։ Հայոց լեզուի դասընթացքի վերամշակուած տարբերակը մեր յաղթանակն է, որովհետեւ դասերը կազմուած են հեղինակութիւն ունեցող յայտնի մասնագէտներու ճիգերով եւ յագեցած են ճարտարագիտութեան նորարար միջոցներով: Այս դասերուն մէջ, մենք ունինք պատկերաշարժեր (animation), որ հաճելի միջոց մըն է սորվելու, մասնաւորաբար՝ քերականութիւնը։ Ունինք նաեւ երկխօսութիւններ, որոնք տեսանիւթի ձեւով կը տրամադրուին թէ՛ արեւմտահայերէն եւ թէ արեւելահայերէն տարբերակներով։ Առաւել, ուսանողները այս դասերուն կրնան հետեւիլ բջիջային հեռաձայնով։ Առաւելութիւն մը եւս կ՚ուզեմ նշել, որ շատ կարեւոր է. դասերը մեր կայքէջի մէջ կան (կայքէջի հասցէն՝ https://www.avc-agbu.org/), բոլորը կրնան արձանագրուիլ եւ ինքնուրոյն հետեւիլ ու սորվիլ: Բայց Հայկական համացանցային համալսարանը ունի հեռավար ուսուցիչներ, որոնք պատրաստ են ուղեկցելու ուսանողին՝ ուսումնառութեան ամբողջ ընթացքին: Եթէ աշակերտը փափաքի ուսուցիչին հետ խօսիլ, անձամբ հարցում մը տալ, ապա հեռավար ուսուցիչները միշտ պատրաստակամ են աջակցելու եւ օգնելու: Իւրաքանչիւր ուսումնական շրջանի ընթացքին, որուն տեւողութիւնը ութ շաբաթ է, հեռավար ուսուցիչները խմբային հանդիպումներ, առցանց ձեռնարկներ կամ առցանց շրջագայութիւններ կը կազմակերպեն:
Նորութիւններու մասը աւարտելով յայտնեմ, որ վերջերս մեր ուսանողներու փափաքին ընդառաջելով սկիզբը դրինք հայ գրականութեան դասընթացքին: Վստահ ենք, որ այս դասընթացքը մեծ ընդունելութիւն պիտի գտնէ անհատ ուսանողներու եւ հայկական դպրոցներու մէջ:
-Ի՞նչ ունիք ըսելու այս ծիրէն ներս՝ իբրեւ վերջին խօսք։
-Կ՚ուզեմ իմ անհատական փորձառութեամբս կիսուիլ: Հալէպի մէջ, 2014-էն առաջ, բարձր կարգերու աշակերտներուն հայոց լեզուի կողքին, հայոց պատմութեան դասեր կու տայի ՀԲԸՄ-ի Հայկական համացանցային համալսարանի հայոց պատմութեան դասընթացքի ծրագիրով: Աշակերտները սիրով կը հետեւէին դասերուն եւ մեծ ոգեւորութեամբ կը կատարէին խաղատիպ, ներգործօն վարժութիւնները: Այս դասընթացքը առիթ դարձաւ, որ աշակերտները սիրելով սորվին հայոց պատմութիւնը: Այս օրինակը բերի, ըսելու համար, որ մենք, որպէս ուսուցիչներ, որպէս դպրոց եւ որպէս համայնք պէտք է բաց ըլլանք լաւ նորութիւններու առջեւ։ Ինչ որ նորութիւն կ՚ըլլայ կրթական աշխարհին մէջ, մենք պարտաւոր ենք հետեւելու այդ նորութեան եւ անոր միջոցով թարմութիւն մը հաղորդելու մեր հայագիտական աշխարհին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 10/07/2024