Ամերիկեան Բարքեր

ԲԱՌԱԽԱՂԵՐՈՎ ԵՒ ՄԱՍԱՄԲ ՆՈՐԻՆ…

Պասքեթպոլի խումբերու կազմութիւնն ու պատկանելիութիւնը մեծապէս կը տարբերին միջինարեւելեան երկիրներու եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ։

Միջին Արեւելքի մէջ՝ գէթ իմ հոն ապրած ժամանակամիջոցին՝ պասքեթպոլի խումբերը կը բաղկանային սիրողական մարզիկներէ եւ կը պատկանէին հայ թէ օտար մարզական ակումբներու, ինչպիսին են Հայ երիտասարդաց ընկերակցութիւնն ու Հայ մարմնամարզական ընդհանուր միութիւնը (ՀԵԸ եւ ՀՄԸՄ), ի միջի այլոց։

Միացեալ Նահանգներու մէջ, սակայն, գէթ իմ ներգաղթած (1976) ժամանակաշրջանէս ի վեր, պասքեթպոլի խումբերը կը բաղկանան արհեստավարժ (վճարովի) մարզիկներէ եւ կը պատկանին անհատ գործատէրերու։ Օրինակ մը տալու համար բաւ է յիշել Տեն Կիլպըրթը, որ տէրն է Cleveland Cavaliers խումբին եւ կամ Ճերի Ռայնստորֆը, որ տէրն է Chicago Bulls խումբին։

Միացեալ Նահանգներու մէջ, մարզական խումբերը՝ պասքեթպոլ, պէյզպոլ եւ կամ ամերիկեան ֆութպոլ, ունին յանձնակատարներ (Commissioners), որոնք կը ղեկավարեն խումբերն ու կը կազմակերպեն մրցաշարքերը։ Անոնք կը կատարեն նաեւ իրաւարարի դեր, եթէ հարցեր եւ կամ վէճեր ծագին խումբերու միջեւ, յատկապէս մրցաշարքերու ընթացքին։

Ներկայիս՝ պասքեթպոլի յանձնակատարն է Էտըմ Սիլվըր (տես նկարը)։ Ան վերջերս յայտարարեց, որ «Խումբի տէր» (owner) պիտակը պիտի փոխառինուի «Խումբի կառավարիչ» (governor) պիտակով, որովհետեւ «տէր» բառը կ՚ակնարկէ ցեղային (racial) խտրականութեան, որուն հանդէպ զգայուն են ինք եւ շատ մը ուրիշներ…

Թարմացնելու համար մեր ընթերցողներուն յիշողութիւնը նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու հաստատման շրջաններուն, ճերմակամորթ ամերիկացիներ իրաւունք ունէին ունենալու ստրուկներ, որոնց համար իրենք «տէր» (Sir) կը կոչուէին։

Ըստ իս, սակայն, «տէր»ը փոխառինել «կառավարիչ»ով, ուրիշ բան մը չէ, եթէ ոչ պարզ բառախաղ մը, որ նպատակադրուած է ամբոխները թմրեցնելու եւ վերջ!

ԱՆՕՐԷՆ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ…

Ամուսնութիւնը օրինաւոր է, երբ այր մը եւ կին մը, որոնք ազգականական կապ չունին իրարու հետ, խոստում կու տան իրարու՝ եկեղեցական կրօնաւորի մը եւ կամ պետական արտօնեալ պաշտօնեայի մը ներկայութեան՝ ընտանիք կազմելու եւ միասին ապրելու։

Ապօրինի ամուսնութեանց տեսակները շատ են։ Կան զոյգեր, որոնք տարիներով իրարու հետ կը կենակցին եւ նոյնիսկ զաւակներու տէր կը դառնան, ապա յանկարծ կ՚որոշեն ամուսնանալ եւ ընտանիք կազմել…

Իսկ պատահած է, որ մարդ մը երկու կին պահած է՝ երկրի տարբեր նահանգներուն մէջ։ Ան նոյնիսկ զաւակներ ալ ունեցած է, իւրաքանչիւր կնոջմէն։ Հոս պէտք է նշենք, որ Եութահ նահանգի մորմոններն ու Փենսիլվանիա նահանգի ամիշները կը հաւատան եւ կը կիրարկեն բազմակնութիւնը։

Այսօրուան մեր ապօրինի ամուսնութեան դէպքը բոլորովին տարբեր է վերոյիշեալ երեւոյթներէն։ Ան կ՚ընդգրկէ ազգականական կապ մը, որ անընդունելի է՝ բարոյական սկզբունքներու հաւատացող ոեւէ մարդ էակի համար։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ, թէ ինչ ըսել կ՚ուզեմ։

Կցուած նկարի ձախին՝ 40 տարեկան Թրեւիս Ֆիլտկրովն է, իսկ աջին՝ 21 տարեկան Սամանթա Քըրշնըրն է։ Անոնք կ՚ապրին Նեպրասքա նահանգի Օմահա քաղաքին մէջ եւ վերջերս ամուսնացան իրարու հետ։ Բայց ինչո՞ւ տարօրինակ է այս ամուսնութիւնը։ Տարօրինակ է, որովհետեւ անոնք հայր ու դուստր են…

Ոստիկանական հարցաքննութեան ընթացքին՝ հայրը կը պնդէ, թէ չէր գիտեր անոր իր աղջիկը ըլլալը, քանի որ տարբեր մականուն ունէր ան։ Բայց DNA-ի քննութիւնը հաստատելէ ետք, թէ ան իսկապէս աղջկան հայրն է, ան ենթարկուեցաւ երկու տարուան բանտարկութեան։ Իսկ աղջիկը դատապարտուեցաւ ինն ամիս հսկողութեան (probation) միայն։

Արդար ըլլալու համար պէտք է աւելցնել, որ Սամանթան հօր ինքնութեան վերահասու դարձած էր, երբ ան 17 տարեկան էր եւ անոնք չամուսնացած՝ երեք տարի իրարու հետ ապրած են, առանց սեռային յարաբերութեան։

Բայց վերջը, երբ Սամանթային խորթ քոյրը ուզած է Թրեւիսին հետ սեռային յարաբերութիւն ստեղծել՝ մրցակցութիւնը զինք մղած է, որ ան ամուսնանայ իր հօր հետ։ Առ քեզի արդարացուցիչ պատճառ՝ քրէական յանցանք գործելու…

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Երկուշաբթի, Յուլիս 8, 2019