ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԵՆԷՆ ՍՏՈՐԱԳՆԱՀԱՏՈՒԱԾ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

Մարդիկ երբ ներկայիս կորսնցնելու վրայ են արժէքները ճանչնալու, գնահատելու այնքան անհրաժեշտ ունակութիւնը, անշուշտ կը ստորագնահատեն անցեալի նուաճումները, ստեղծագործութիւնները, գիւտերը եւ անոնց հեղինակները, որոնք կրնան ապրած ըլլալ հազարաւոր տարիներ առաջ: Սկովտիոյ Օրքնի շրջանի ժողովուրդը, որ ապրած է շուրջ հինգ հազար տարի առաջ, եղած է ամենէն բարդը, որուն մասին «Թրեւըլ» կայքին մէջ գրած է ճամբորդող յօդուածագիր Ճոն Լեւինսքի, որուն գրութիւնները զանազան պարբերականներու մէջ ամսական կը կարդան շուրջ 900 միլիոն անձեր: Այստեղ ան կը փորձէ սորվիլ գոյատեւելու անոնց ճարտարութիւնը:

*

Փափա Ուեսթրէյ կղզիին վրայէն անցնող ամպերը ողորմութեամբ մը զսպեցին իրենց անձրեւը, երբ ես չոր փայտ եւ խոտ կը հաւաքէի նախնադարեան ձեւով կրակ վառելու համար: Եթէ ես յաջողէի բաւարար չափով ջերմութիւն արտադրել, որպէսզի ածուխ յառաջանայ, ես պէտք էր զայն արագ տեղափոխէի չոր խոտերու եւ փուշերու թելերուն մէջ, ուր այն կրնար մուխ արձակել: Ես պարզապէս սորված էի ինչպէս կրակ վառել, ինչպէս այդ կ՚ընէին նախնադարեան մարդիկ:

Բայց մինչեւ հիմա լաւ չէր ընթանար:

21-րդ դարու բնակիչի մը համար որոշ չափով նուաստացուցիչ է գիտակցիլ, որ ան չունի շուրջ հինգ հազար տարի առաջ ծնած մարդու ճարտարութիւնը: Բայց իմ այսպիսի ճամբորդութիւնս արագօրէն կը սորվեցնէ, որ անոնք, որոնք մենք այսօր կրնանք «պարզունակ» անուանել, իրականութեան մէջ տպաւորիչ, հմուտ, հնարամիտ եւ քաղաքակրթուած էին:

Հիւսիսային Սկովտիոյ ափերուն մօտ գտնուող Օրքնի կղզիներու խումբին մէջ առանձին անապատային առաքելութիւն կը կատարէի, որպէսզի ուսումնասիրէի, թէ մարդիկ ինչպէ՞ս կ՚ապրէին այն ժամանակաշրջանին մէջ, մինչեւ նոյնիսկ՝ եգիպտական բուրգերու կամ Սթոնհենճի կառուցումը:

Բայց առաջին անակնկալը այն էր, որ այս մարդիկը շատ հեռու էին քարանձաւի բնակիչներ ըլլալէ:

Օրքնիի մէջ վերջին յայտնագործութիւնները բառացիօրէն կը վերաշարադրեն մեր գիրքերը նախապատմութեան վերաբերեալ:

«Մենք կը յայտնաբերենք, որ այս մարդիկ ունէին բարդ հասարակութիւն։ Անոնք կրօն ունէին: Անոնք կը գնահատէին արուեստը: Անոնք կառուցեցին եւ զարդարեցին իրենց տուները եւ կազմեցին հաւաքականութիւններ՝ բարդ դասակարգային կառոյցներով», կ՚ըսէ Նիք Քարտ՝ ծրագիրի ղեկավարը Օրքնի հնագիտութեան հետազօտական կեդրոնին մէջ:

«Մետաղներու դարաշրջանէն առաջ այս մարդիկը յաջողած են քար կոտրել, փոսեր փորել, կառավարել ագարակներ եւ կառուցել քարէ շրջանակներ, ինչպիսիք են Պրոտկարի Նեսի շրջակայքը: Երբ սկսիս հասկնալ այս մարդոց նուաճումները, անոնց ըրած ոչ մէկ բանը քեզ կը զարմացնէ»:

Մինչ նախնադարեան բրիտանացիները գոյատեւելու համար սորվեցան այս հմտութիւնները, նոյն բաներէն քանի մը հատը սորվելու դժուարութիւն ունեցայ:

Իմ կեանքիս վտանգ չէր սպառնար:

Փափա Ուեսթրէյի հանդարտ, փարթամ եւ կանաչ դաշտը միայն 3.5 մղոն է եւ անիկա ունի շուրջ 75 բնակիչ:

Անոնք, որոնք մենք այսօր կրնանք «պարզունակ», «նախնական» անուանել, իրականութեան մէջ տպաւորիչ, հմուտ, հնարամիտ եւ քաղաքակրթուած էին:

Փափա Ուեսթրէյի բնակիչ, բնապահպան եւ «Հինգ զգայարաններ» շրջագայութեան կազմակերպիչ Մալքոլմ Հենտոլէն իմացայ, որ ես նոյնպէս ժամանակ ունէի սորվելու: Ան ինծի պատմած էր գոյատեւման «Երեքի կանոններու» մասին. եթէ մարդը կը դիմակալէ սպառնացող պայմաններ, ուրեմն երեք վայրկեան ժամանակ ունի շնչող օդ գտնելու համար, երեք ժամ՝ ջերմութիւն եւ ապաստան, երեք օր՝ ջուր եւ երեք շաբաթ՝ ուտելիք գտնելու համար:

Իմ ստուգումս միայն օրուան մը համար էր:

Այդուհանդերձ, ես կ՚ուզէի այդ ճիշդ ընել եւ խուսափիլ դիւրինէն: Ատիկա կը նշանակէր, որ օրուան ընթացքին կը կորսնցնէի կօշիկներս եւ կը հրաժարէի արհեստագիտական բոլոր սարքերէն՝ բջիջային եւ այլն:

Այդ առաւօտ Հենտոլի հետ քանի մը ժամ մարզուելէ ետք ես առանձին էի:

Բարեբախտաբար ինծի օգտակար դարձաւ այն վայրը, որ ես ընտրած էի ափի երկայնքին: Ծովուն նայող ժայռերու դարակները բնական ապաստան եւ իտէալական անկիւններ էին, որոնք կրնային իմ կրակս պաշտպանել հովէն:

Ես միայն վայրկեան մը կը քալէի առուակներէն եւ ուտելի բոյսերէն դէպի ներս, իսկ միւս ուղղութեամբ մակընթացային ջրաւազանները ճոխ հանք ունէին:

Հիմա, վերադառնալով Փափա Ուեսթրէյին, ես զարմացայ իմ առաջին նուաճումէս. յաջող կրակի առաջին փուլերը:

Տաք մոխիր յառաջացնելով փայտը փայտին քսելու իմ անվերջ թուացող աշխատանքէն ես նրբօրէն, փոքր, նոր կազմուող նշոյլ մը զետեղեցի չոր խոտերու խոզակին մէջ, որ կը պարուրէր զայն այնքան ժամանակ, մինչեւ այն հասուննայ ու կայծ դառնայ:

Նուրբ շունչը ծուխը ուղարկեց քիթս՝ ազդարարելով աննշան բոցավառումը անմիջապէս իջեցնելու կայծին մէջ:

«Անոնք կրակի վարպետներ էին։ Անոնք կրնային ստեղծել, պահպանել, տեղափոխել եւ բաժնեկցիլ: Անոնք ունէին մնայուն ջերմութեան աղբիւր եւ ուտելիքի կայուն պաշար՝ շնորհիւ հողագործութեան, որսի, ձկնորսութեան եւ ուտելիք որոնելու: Իրենց միջավայրի տիրապետումն էր, որ թոյլ տուաւ կազմակերպուած, հանրային յաւելեալ ժամանակի գաղափարը՝ կանգուն քարեր կանգնեցնելու, ստեղծագործելու ժամանակ, հասարակական, ընկերային ըլլալու ժամանակ», ըսաւ Հենտոլ:

Հենտոլ եւ «Հինգ զգայարաներ»ը թոյլ կու տան ճամբորդներուն ապրիլ այնպիսի պայմաններու մէջ, ինչպիսին մարդիկ կը զգային նախնադարեան Օրքնիի մէջ՝ առանց ելեկտրականութեան, ժամանակակից արհեստագիտութեան կամ նոյնիսկ կօշիկի:

«Վայրի բնութեան մէջ առանձնանալը, առանց կօշիկներու, անոնց հեռաձայնները խլած են անոնցմէ, այդ սկիզբը կը սարսափեցնէ զանոնք: Բայց երբ անոնք կը սորվին նոր հմտութիւններ եւ կ՚աշխատին միասին, անոնք կրկին կը դառնան աւելի իրական, ընկերային եւ կը սկսին հասկնալ, որ սորվելով, թէ ինչպէ՛ս մարդիկ ապրած են անցեալին, կրնան օգնել անոնց հասկնալ, թէ ինչպէս մենք այսօր կ՚ապրինք», ըսաւ ինծի Հենտոլ իր յաճախորդներուն մասին:

Նորքարային (Neolithic) դարաշրջանի կեանքի իմ փորձառութիւնս ցարդ կը թուէր ոչ այնքան խելամիտ կամ ընկերային, բայց ես սկսայ կամաց-կամաց վառել իմ կրակս: Այժմ բաւական ջերմութիւն ապահովելու համար ժամանակն էր կրակը վառել ուտելիք պատրաստելու համար:

Մինչ նորաքարային մարդիկ հողագործութիւն եւ որսորդութիւն կ՚ընէին, ես ժամանակ ունէի միայն քիչ մը ուտելիք փնտռելու համար: Մակընթացութիւնը սկսած էր Փափա Ուեսթրէյի ափերուն՝ բացայայտելով թարմ քաղուածքներ ծովային հարուստ ջրաւազաններուն մէջ: Ծովային խխունջներ, որոնք խցկուած են մետաղադրամի մը չափ պատեանի մէջ, ցցուած են իւրաքանչիւր ժայռի վրայ:

Թէեւ անոնց միջուկը, սպիտակուցը կարծես թէ դիւրին է հաւաքել, սակայն անոնք կը կպչէին քարերուն՝ դարերու ընթացքին զարգացած վայրագութեամբ:

Կռախեցի քաղելու համար հաւաքողը պէտք է ընտրէ հարթ, հաստ ժայռ, որպէսզի խարսխած տեղէն հանէ եւ իյնայ սպասող ջուրին մէջ: Բայց բերքահաւաքը միայն մէկ հնարաւորութիւն կ՚ունենայ:

Եթէ սխալիք, կռախեցին կը մնայ իր տեղը եւ ան ինքզինք կը զօդէ իր թառած վայրին: Անիկա չի շարժիր, մինչեւ որ ալիքը վերադառնայ:

Ըստ Օրքնի կղզիներու խորհուրդի գլխաւոր հնագէտ Ճուլի Կիպսընի, հաւաքականութիւնները այստեղ ստեղծուած են հինգ հազար տարի առաջ ճիշդ այնպէս, որ անոնք ստիպուած չըլլային մտահոգուելու ուտելիք գտնելու համար: «Նոր քարի դարաշրջանի Օրքնին իւրայատուկ դիրք ունէր։ Հիւսիսատլանտեան շեղումը ստեղծեց աւելի մեղմ կլիմայ: Հողը շատ բերրի էր: Իսկ մեկուսացուած շրջանը ժողովուրդը կը պաշտպանէր ներխուժումէ», ըսաւ Կիպսըն:

Այդ պաշտպանութիւնը ժամանակ տուած է բնակչութեան՝ կառուցելու այնպիսի վայրեր, ինչպիսին է Սքարա Փրայէն՝ լաւ պահպանուած գիւղ մը, որ յայտնաբերուած է վերջին 160 տարուան ընթացքին:

ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան վայրին մէջ բացայայտուեցան տուներ, արհեստանոցներ եւ այլ կառոյցներ, որոնք անսահման պատկերացումներ տուին գիւղի բնակիչներու ապրելակերպին մասին: «Կ՚ենթադրուի, որ Սքարա Փրայէն հաւանաբար երկու կամ երեք անգամ աւելի մեծ էր, քան այն, որ մենք այսօր կը տեսնենք: Բայց Օրքնէի հնագիտութեան զգալի գտածոները բնական գործընթացներու պատճառով անընդհատ կը մաշին ծովուն մէջ՝ աւելի հրատապ դարձնելով մեր ընթացիկ հնագիտական աշխատանքը», աւելցուց Կիպսըն:

Բաւական գրգռուած, բայց անշարժ շրթունքներով, որոնք կը սպասէին ծովու վերադարձին, ես ի վերջոյ բաւական ճարտարութիւն ձեռք բերի բուռ մը բերք հաւաքելու համար: Անոնք կը սպասէին տոպրակի մէջ, մինչ ես կը հաւաքէի ջրհորի թարմ ջուր, քանի մը արմատային բանջարեղէն եւ ինծի ծանօթ խոտաբոյսեր:

Այդ հաւաքածոն պարզ հարցում մը յառաջացուց. կրնա՞մ այդ դարաշրջանի հասարակ, տաք կերակուր պատրաստել: Երբ արեւը մայր մտաւ եւ ջերմաստիճանը նուազեցաւ, ես համոզուեցայ, որ իմ կրակս առողջ է եւ ապահով: Ես չոր վառելիք կուտակած եմ, որպէսզի կրակը դիմանայ մինչեւ գիշեր:

Մինչ արեւը մայր չմտած ես տակաւին բաւարար ժամանակ ունէի, որպէսզի տեսնեմ, թէ ի՛նչ կ՚ընեմ, Հենտոլի տուած թրծուած կաւէ ամանը դրի իմ կրակիս վրայ եւ լեցուցի ջուրով ու իմ հաւաքածներովս:

Մաքրուած կռախեցիները, բանջարեղէնը եւ թարմ խոտաբոյսերը ժամ մը եռացնելէ ետք ես ստացայ խխունջներու եւ կիսաեփ շողգամի խառնուրդ մը:

Ո՛չ այսօրուան, ո՛չ ալ հինգ հազար տարի առաջուան խոհարարները կրնային տպաւորուած ըլլալ: Գիտնալը, թէ մարդիկ ինչպէ՛ս ապրած են անցեալին, կրնայ օգնել հասկնալու, թէ մենք այսօր ինչպէ՛ս կ՚ապրինք: Հոգս չէր: Ես կը մսէի: Ես անօթի էի:

Ուրեմն ես կերայ զայն՝ մեծ յարգանքով մարդոց հանդէպ, որոնք, անկասկած այդ օր իմ ամբողջ աշխատանքս (հաւաքածներս, կրակ վառելս, եփելս) ըրած էին եւ յաջողած էին աւելի լաւ կերակուր եւ աւելի լաւ կեանք ունենալ այդ բոլորով:

Երբ գիշերը իջաւ, եւ համաստեղութիւններու վերմակը գլորուեցաւ Օրքնէի երկինքին մէջ՝ լուսային ապականութենէն անկաշկանդ, ես նստայ իմ քարքարոտ ապաստարանիս մէջ՝ ուժասպառ, աղտոտ: Ծուխի եւ ծովային ցօղերու հոտ կու գար վրայէս:

Այդուհանդերձ, ես տաք կը զգայի, կ՚ուտէի եւ կը խմէի՝ շնորհիւ իմ աշխատանքիս եւ Հենտոլի ցուցումներուն:

Ես համեստ կապ մը զգացի յիսուն դար առաջ ապրած Օրքնէի անանուն մարդու մը հետ, որ կրնար նստած ըլլալ իր կրակին քով եւ դիտել հիմնականին մէջ նոյն աստղերը:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Ուրբաթ, Յուլիս 8, 2022