ԲԱՐՔԵՐՈՒ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ

Տարի մը առաջ կամ նախապէս յատուկ ակնածանք մը կը տածէի իմ ազգի ամէն մէկ անդամի նկատմամբ, մասնաւորապէս մեծահասակներու, գիւղաբնակներու: Մեծահասակներու հանդէպ իմ ջերմագին վերաբերմունքը ունի շատ խոր արմատներ. ան կը հասնի մինչեւ իմ մանկութիւն: Կը սիրէի հետեւիլ անոնց նիստուկացին, ականջալուր ըլլալ անոնց խրատներուն ու խօսքին: Ծերերը ինծի համար քայլող իմաստութեան շտեմարան էին: Ինծի այնպէս կը թուէր, թէ անոնք երբեք չեն սխալիր: Պարզապէս երբեմն մենք անոնց հետ չենք ըլլար համակարծիք:

Իսկ մեր գիւղացիները... տանջուած ու մաշած, արեւէն խամրած դէմքով, հողի հետ կռիւ տուած կոշտ ու կոպիտ ձեռքերով: Այդ հինաւուրց ու նոր, մաքուր ձեռքերը տարիներու ընթացքին մաշեցան, սեւցան սեփական քրտինքով հանապազօրեայ հաց վաստակելու, քարէն հաց ստանալու համար: Ուրեմն, ինչպէս կարելի է չսիրել այդ մարդիկը, չյարգել ու չգնահատել, գէթ ժպիտ մը չնուիրել անոնց: Գիւղացիի լուծը միշտ ծանր եղած է, այդպէս է բանը աշխարհի:

Իսկ այսօ՞ր... այսօր բարքերը փոխուեցան: Աշխարհը փոխուեցաւ: Ծեծուած խօսքերն ու միտքերը դարձան արդիական: Այսօ՞ր... Այսօր գիւղացին ալ փոխուեցաւ, իմ ակնածանքը ամբողջութեամբ վայելող տարեցն ու ալեզարդ ծերունին ալ: Այսօր ես ալ փոխուեցայ: Անունս Արեւ, սակայն ներքուստ խամրեցայ, ջերմութիւնս պակսեցաւ, ժպիտս թանկացաւ: Այլեւս ամէն մէկուն չեմ կրնար նուիրել զայն: Ժպիտը, խինդն ու ծիծաղը հոգեվիճակի, ներքին անհոգութեան արտացոլանքն է: Իսկ այլեւս կը լրանայ տարին, ո՛չ ես անհոգ եմ, ո՛չ իմ հոգին, իմ սիրտը չի վխտար:

Ճիշդ էք՝ պատճառը պատերազմն է: Աւելի ճիշդ պատերազմը չէ, առաւել խորքային է: Պատերազմը, պատերազմները աշխարհի վերջը չեն: Մարդկութեան պատմութեան սկզբնական շրջանէն մինչեւ օրս եղած են պատերազմներ, կան ու պիտի շարունակուին: Պատճառը պարտութիւնը չէ, մեր պարագային՝ դաւաճանութիւնը: Իմ տխրութեան մեծագոյն պատճառը մտքիս մէջ իմ ունեցած հայու տեսակի, մեր էութեան կորուստն է:

Մեր պատերազմը չէ աւարտած: Տակաւին նոր պիտի սկսի: Իսկ վերջին պատերազմը մեզ ոչինչ ըսաւ: Այն մեզի համար դաս, սառը ցնցուղ մը, կամ ուժեղ ապտակ մը չեղաւ: Տէրը ճանչնալու փոխարէն մենք հեռացանք Աստուծմէ, դառնալով աւելի չար ու անհանդուրժող: Մեր մէջ պակսեցաւ բարութիւնը, կարեկցանքը, հաւատքը, հայրենասիրութիւնն ու գնահատանքը:

Ամէն պատերազմ նոր բանի մը սկիզբն է: Յաճախ փոփոխութեան՝ դրական փոփոխութեան: Աւա՜ղ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ հակառակը: Հայոց նեռը կը շարունակէ բազմած մնալ հայոց գահին, իսկ խումբ մը մոլորեալներ՝ ժողովուրդի զգալի մասը ծափ կու տայ ու կը պոռայ «դըմփ, դըմփ հու»: Մեր բարքերը փոխուեցան: Արցախն ու Հայաստանի զգալի մասը դարձան անարժէք, զինուորի մահը անկարեւոր: Սուղցաւ ջուրը: Հոգ չէ, որ վիրաւոր Արցախը կ՚ըլլայ արիւնաքամ, գրեթէ ամէն շաբաթ սահմանին զինուոր մը կը զոհուի, կը յանձնեն նորանոր տարածքներ, ծածուկ ազգակործան պայմանաւորուածութիւններ ձեռք կը բերեն... ժողովուրդը այլեւս նմանատիպ հարցերու շուրջ չի խորհիր: Կարեւորը ջուրը չկտրի, ան ալ այս շոգ եղանակներուն: Ջուրը կտրելուն պէս, քանի մը օր ետք մարդիկ ոտքի կ՚ելլեն, բողոքի ցոյցեր կը կազմակերպեն, ճանապարհներ կը գոցեն:

Ազգիս վիճակը օրհասական է: Հայաստանի մէջ այլեւս իրավիճակը այնքան սրած է, որ մարդ արարածը անկարող է որեւէ բան ընելու: Իսկ նման պարագային պէտք է ամէն բան ամբողջութեամբ յանձնել Տիրոջ ու խընդ-րել Բարձրեալի ողորմածութիւնը: Դժուար, թէ ոեւէ մէկը կրնայ փափկեցնել հարիւր հազարաւոր կարծրացած սիրտերը, բանալ կուրացած ու խլացած հոգիները: Սա չարի ու բարիի պայքար է, մենք պիտի շարունակենք զօր ու գիշեր աղօթել ու գործել: Աղօթել մեր մոլորեալներու դարձի, փրկութեան համար:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2021