ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Բ.

ԱՅԼԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՐՐՈՐԴ ՕՐՈՒԱՆ

Դարձեալ գիտելի է, թէ երեք օրերու թիւը մտաւոր տեսութեամբ կը յարմարի Քրիստոսի խորհրդաւոր մարմինին՝ չորս կերպով.

Նախ՝ քրիստոնեայ ժողովուրդները մինչեւ նեռին ժամանակը, ինչպէս ուրբաթ օրը, բազմաթիւ չարչարանքներ կը կրենք անհաւատներէն եւ այլազգիներէն, հերձուածողներէն, իսկ նեռի գալուստին ժամանակ, ինչպէս գերեզմանին մէջ, յատուկ առանձնական աղօթքները ծածկուած են: Իսկ նեռի մահէն ետք՝ յարութիւն, որովհետեւ բոլոր լեզուները պիտի խոստովանին զՔրիստոս, եւ Քրիստոս պիտի գայ բոլոր մարդիկը դատաստանի ենթարկելու համար:

Երկրորդ՝ դարձեալ այս երեք օրերը ցոյց կու տան բնական եւ գրաւոր օրէնքներուն ու Աւետարանի շնորհներուն ժամանակը, որովհետեւ բնական եւ գրաւոր օրէնքներով [մեր] բնութիւնը տակաւին մեղքերով մեռած էր, որ սակայն Աւետարանին շնորհքներով յարութիւն եղաւ՝ մեղքերու թողութեամբ եւ մաքուր վարքով:

Երրորդ՝ ըստ միտքին այս երեք օրերը մարդոց որպիսութեան երեք տեսակ ցոյց կու տան. առաջին օրը՝ ծնունդէն մինչեւ մահ, որ չարչարանքներու մէջ ենք, երկրորդ օրը՝ մահէն ետք Քրիստոսի հետ գերեզմանին մէջ կը հանգստանանք, երրորդ՝ յարութեան օրը, երբ Քրիստոս պիտի գայ ու յարութիւն տայ մեզի:

Չորրորդ՝ տեսութիւն երեք օրերուն. առաջին օրը՝ արարչութիւնը, որ ունէր առանց առաւօտի երեկոյ, որու ընթացքին բոլոր բաները եղան, երկրորդ օրը առաւօտ եւ երեկոյ ունի՝ մինչեւ վախճանը, երրորդ օրը առաւօտ ունի սակայն աներեկոյ է, որ մեր յարութեան եւ հանդերձեալ կեանքին օրն է, որու ընթացքին Քրիստոսի կողմէ պիտի փառաւորուինք, եւ Անոր փառք յաւիտեանս: Ամէն:

Այս երրորդ վկայութիւնն է մեր կարողութեան չափ, թէ Քրիստոս Աստուած է, որ ըսաւ. «Քանդեցէ՛ք այս տաճարը, եւ երեք օրէն Ես պիտի վերաշինեմ զայն» (Յհ 2.19):

ԶԱՏԻԿԻ ՏՕՆԻՆ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Զատիկի տօնին, մինչ Յիսուս Երուսաղէմ կը գտնուէր» (Յհ 2.23):

Մեկնութիւն. Զատիկին տօնը մէկ օր չէ, այլ՝ եօթ օր, որոնց ընթացքին բազմաթիւ հրաշքներ գործեց եւ շատեր հաւատացին Անոր, այսինքն՝ թէ Ի՛նքն է ճշմարիտ Քրիստոսը, Որու մասին մարգարէները խօսած էին:

Խօսք. «Սակայն Յիսուս Ինքզինք չէր վստահեր անոնց» (Յհ 2.24):

Մեկնութիւն. Նախ՝ Իր աստուածգիտութեան հաւատքի բարձրագոյն խորհուրդը չէր յայտներ անոնց: Երկրորդ՝ Իր Աստուածութեան փառքին նշոյլը չծագեցուց անոնց սիրտերուն մէջ, ինչպէս ըրած էր Պետրոսին ու Նաթանայէլին:

ԹԵՐԻ ՀԱՒԱՏՔԻ ՄԱՍԻՆ

Ու պատճառը կ՚ըսէ, որովհետեւ հաւատքի մէջ թերի էին եւ նենգութեամբ:

Այս երեք դէմքով. նախ՝ հաւատքին սկիզբը, որովհետեւ հրաշքներէն յաղթուեցան ու հաւատացին, եւ ո՛չ թէ կամքով ու յօժարութեամբ: Երկրորդ՝ միայն ստութեամբ՝ լեզուով, եւ ո՛չ թէ սրտանց հաւատացին:

Երրորդ՝ նենգութիւն ունէին՝ զԻնք սպաննելու համար, եւ այդպէս ալ հաւատքի սկիզբին, կէսին ու աւարտին, թերի էին եւ ո՛չ՝ կատարեալ, որովհետեւ ա՛յն է ամբողջ ու կատարեալ, որ կամքով եւ յօժարութեամբ կը հաւատայ, ինչպէս նաեւ սիրտով, լեզուով եւ յոյսով Աստուծոյ սիրոյն:

Եւ դարձեալ գիտելի է, թէ ոմանք սիրտով եւ լեզուով կը հաւատան, որ կատարեալ է, իսկ ոմանք լեզուով՝ սակայն ո՛չ սիրտով, որ սուտ է, իսկ ոմանք՝ սիրտով եւ ո՛չ լեզուով, որ պակաս է, ինչպէս Նիկոդեմոսը, որ գիշերով Քրիստոսի մօտ եկաւ:

Եւ այստեղ ճանչնալու կերպին մասին կը ճառէ.

Խօսք. «Եւ պէտք չունէր ոեւէ մէկուն մասին ուրիշին վկայութեան» (Յհ 2.25):

Մեկնութիւն. Որովհետեւ մարդիկ կը խաբուին երեւելի խօսքերէն ու գործերէն, սակայն Քրիստոս ծածուկ բաներն ու վարքը կը ճանչնար ու գիտէր՝ թէ ի՛նչ կը կրէր մարդը, ատով իսկ կը ցուցուի, թէ Քրիստոս Աստուած է եւ ծածկագէտ, որ սիրտերն ու երիկամները կը քննէ:

Այս չորրորդ վկայութիւնը, թէ Քրիստոս Աստուած է բազմաթիւ հրաշքներու կարողութենէն, որ Երուսաղէմի մէջ գործեց:

Արդ, առաջին կարողութիւնը այն է, որ ջուրը գինիի փոխեց: Երկրորդ կարողութիւնը, որ հրեաները խարազանով տաճարէն դուրս հանեց: Երրորդ կարողութիւնը յարութեան մասին, որ ըսաւ. «Երեք օրէն ես պիտի վերաշինեմ զայն»: Չորրորդ կարողութիւնը բազմաթիւ հրաշքները, որ Զատիկի տօնին ժամանակ կատարեց, որով շատեր հաւատացին Իրեն:

ԳԼՈՒԽ Գ.

ՆԻԿՈԴԵՄՈՍԻ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Փարիսեցի մարդ մը կար» (Յհ 3.1):

Մեկնութիւն. Նախ Քրիստոսի կարողութեան մասին խօսեցաւ, այժմ՝ Անոր փրկագործութեան մասին կ՚ըսէ, որով Աստուծոյ հաւասար է: Ասիկա չորս կերպով. նախ՝ մկրտութեան խորհուրդը հաստատելուն համար, որով մարդիկ կը փրկուին, որ այստեղ Նիկոդեմոսին կ՚ըսէ:

Խօսք. «Մարդ մը կար» (Յհ 3.1):

Մեկնութիւն. ասիկա այն շատերէն մէկն էր, որոնք Երուսաղէմի մէջ հաւատացին:

Երեք գովութիւն կը դնէ.

Նախ՝ փարիսեցի կ՚ըսէ, այսինքն՝ տարբեր է յատուկ վարքով եւ գիտութեամբ, որովհետեւ առաքինի, պահեցող եւ աղօթող էին: Տակաւին, գիտութեամբ ա՛լ աւելի էին, որովհետեւ մեռելներու յարութեան եւ հոգեւոր ստեղծուածներու մասին կը դաւանէին, ինչ որ սադուկեցիները տգիտութեամբ կ՚ուրանային, այդ պատճառով ալ Պօղոս կ՚ըսէր. «Կրթութեամբ փարիսեցի եմ» (տե՛ս Գրծ 26.5):

Երկրորդ՝ հրեայ իշխաններէն մէկը կ՚ըսէ, որովհետեւ այն ատեն քահանայապետները, քահանաներն ու վարդապետները իշխանութիւն ունէին ժողովուրդին վրայ, եւ ասիկա քահանայապետ էր, սակայն Աննա ու Կայիափան անկէ աւելի մեծ էին։

Երրորդ՝ որովհետեւ Քրիստոս վարդապետ [ուսուցիչ] կ՚ըսէ անոր. «Դուն Իսրայէլի ժողովուրդին վրայ ուսուցիչ կարգուած ես» (Յհ 3.10)։ Եւ գիտելի է, որ Քրիստոս Իր առաքեալներէն տգէտները ընտրեց, որովհետեւ մեր հաւատքը ո՛չ թէ մարդոց իմաստութեամբ կ՚ըլլար, այլ՝ Աստուծոյ իմաստութեամբ, սակայն ոմանք իմաստուն կոչեց, ինչպէս՝ Նաթանայէլին, Նիկոդեմոսին ու Պօղոսին, որպէսզի ոմանք չարհամարհեն, թէ մեր հաւատքը պարզամիտներէն եղած է։

Խօսք. «Գիշերով Յիսուսի քով եկաւ» (Յհ 3.2)։

Մեկնութիւն. Նախ՝ վախի պատճառով, որպէսզի միւսները չբարկանան։ Երկրորդ՝ ամօթի պատճառով, որովհետեւ վարդապետի անուն ունէր եւ ժողովուրդին դիմաց կ՚ամչնար սորվելէ։

Եւ դարձեալ զՔրիստոս Վարդապետ կոչեց. նախ՝ ուսուցանելուն պատճառով, երկրորդ՝ յատուկ առումին պատճառով, իբր՝ Աստուծմէ ստացած։ Եւ բարւոք կ՚ըսէ. «Ո՛չ ոք կրնայ գործել Քու կատարած հրաշքներդ» (Յհ 3.2), որովհետեւ անքննելի բաներու ճշմարտութիւնը հրաշքներով կը հաստատուի։ ԶԻնք բնութեամբ Աստուծոյ Որդի չէր խոստովաներ, այլ՝ սուրբ մարդ եւ Աստուծմէ ղրկուած, ինչպէս մարգարէները, սակայն ո՛չ թէ նենգութեամբ եկաւ, այլ՝ յստակ միտքով եւ խոնարհութեամբ կ՚ուզէր սորվիլ, այդ պատճառով Քրիստոս կամեցաւ անոր Աւետարանին ճշմարտութիւնը սորվեցնել եւ իր ճանաչումին պատճառով:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

շար. 22

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2019