ՀԱՊԱ ՅԱՋՈ՞ՐԴ ՕՐԸ

Անոնք, որոնք կը հետեւին Իսրայէլ-Պաղեստին հակամարտութեան, միշտ նոյն հարցումը ունին իրենց մտքին մէջ։ Ե՞րբ պիտի դադրի այս մահաբեր պատերազմը եւ ի՞նչ պիտի ըլլայ Կազզէ քաղաքի ճակատագիրը։ Ի դէպ, պատերազմի մասնակի դադարին կամ սպասուած հրադադարին մասին թէեւ խօսակցութիւնները շատ են, սակայն դրական զարգացում մը չկայ։

Արդէն յայտնի է, որ Փարիզի մէջ տեղի ունեցան փակ քննարկումներ՝ հովանաւորութեամբ Եգիպտոսի, Քաթարի, Ֆրանսայի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, որոնք անկարողութեան առջեւ են. անկարողութիւն՝ գերիներու եւ կրակը դադրեցնելու հարցերով։ Այս անարդիւնաւէտ իրավիճակը անմիջականօրէն կապուած է Իսրայէլի եւ «Համաս»ի որդեգրած շատ խիստ կեցուածքներուն հետ։

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու կը շարունակէ յախուռն կեցուածքներով հանդէս գալ ու միշտ կը վստահեցնէ, թէ պիտի երթայ մինչեւ վերջ, նաեւ կը քննարկէ, թէ Կազզէին ի՛նչ ճակատագիր պիտի սպասէ պատերազմի աւարտին։ Ի դէպ, Իսրայէլի լրատուամիջոցներուն մէջ ուշադրութիւն գրաւեց, որ Նեթանիյահու նախարարաց խորհուրդի քննարկման դրած է Կազզէի ապագային, ընդհանրապէս Պաղեստինին ինքնավարութիւն տալու վերաբերեալ թարմ ծրագիր մը։ Նոյն կապակցութեամբ «Մաարիվ» թերթը գրած է, որ առաջին փուլին Կազզէի մէջ կը նախատեսուի հաստատել Իսրայէլի ամբողջական ռազմական կառավարումը։ Այսպէսով պիտի վերահսկուի մարդասիրական օգնութեան փոխանցումը եւ Իսրայէլ պատասխանատուութիւն պիտի կրէ Կազզէի խաղաղ բնակիչներու գործերը անցումային փուլին տեւողութեան հոգալու։ Ինչ կը վերաբերի երկրորդ փուլին, ապա կը նախատեսուի, որ զուգահեռաբար ձեւաւորուի արաբական երկիրներու միջազգային դաշինք մը, որուն պիտի մասնակցին Սէուտական Արաբիան, Եգիպտոսը, Մարոքը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Պահրէյնը եւ այլ երկիրներ։ Ըստ նոյն աղբիւրին, այս դաշինքը մաս պիտի կազմէ տարածաշրջանային կարգաւորման ենթադրեալ համաձայնագրին, որ պիտի ստորագրուի աւելի ուշ եւ պիտի ապահովէ «Նոր Պաղեստինի Ինքնավարութիւն» անունով նոր մարմնի մը ստեղծումը։ Այդ իշխանութիւնը պիտի ներառէ աշխատակիցներ, որոնք «Համաս»ի շարքերէն պիտի չըլլան, բայց նոյնպէս ուղղակիօրէն առընչուած պիտի չըլլան Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպասի ենթակայ զինուորական ջոկատներուն հետ։ Անոնք պիտի շարժին միայն ու միայն Իսրայէլի կանաչ լոյսով ու նեցուկով։ Թերթը կը հաստատէ նաեւ, որ Իսրայէլին իրաւունք պիտի վերապահուի Կազզէի մէջ ազատօրէն շարժելու եւ անվտանգութեան ընդհանուր գործառոյթները իրականացնելու համար։

Յաջորդ փուլին, որ ընթացք պիտի առնէ միայն Կազզէի կայունութենէն վերջ, համապարփակ բարեփոխումներ պիտի կատարուին նաեւ Յորդանան գետի արեւմտեան ափին։ Այս բոլորը եթէ յաջողութեամբ պսակուին, եթէ Իսրայէլ ամբողջապէս վստահ ըլլայ, թէ Կազզէի կամ արեւմտեան ափի մէջ իր անվտանգութեան դէմ գործող կամ սպառնացող օճախներ չկան, ապա միայն այդ պարագային Թել Աւիւ պիտի ճանչնայ Պաղեստինի պետութեան մը գոյութիւնը ու պատրաստ ըլլայ գործակցիլ անոր իշխանութիւններուն հետ։

Նոյն ծիրէն ներս մնալով «Մաարիվ» նշած է, որ շրջանառութեան մէջ դրուած ծրագիրը Նեթանիյահուի փորձնական փուչիկն է, որ կ՚առընչուի Կազզէ-Պաղեստինի Ինքնավարութիւն-Սէուտական Արաբիա եռեակի բանաձեւումին հետ։ Անշուշտ, սա փոխշաղկապուած է Մերձաւոր Արեւելքի համապարփակ կարգաւորման ուղղեալ Ուաշինկթընի նախաձեռնութեան հետ։ Հարկ է ընդգծել, որ բացի այս ծրագրէն, Իսրայէլի մէջ զուգահեռաբար կ՚աշխատին «յաջորդ օրուան» մասին քանի մը յաւելեալ նախագծերու վրայ։ Դաշտի վրայ գործողութիւնները կը համակարգէ զօրավար Ղասսան Ալեան, որու կողմէ եւս այլ ծրագիր մը մշակուած է։ Իսրայէլի բանակի յատուկ ջոկատները նոյնպէս առաջարկներ կը պատրաստեն՝ կապուած Կազզէի «յաջորդ օրուան»։

Մինչ Կազզէն ճահիճ մը դարձած է Իսրայէլի համար, միշտ այժմէական կը մնայ նաեւ այն հարցումը, թէ Պաղեստին-Իսրայէլ ատելութիւնը մինչեւ ո՞ւր։ Խօսքը Պաղեստինի արեւմտեան ափի Իսրայէլի յատուկ գործողութեան մասին է, որու հիմքով վիրաւորուած երեք պաղեստինցիներու սպանութիւնը թարմ կը մնայ յիշողութիւններու մէջ։ Իսրայէլացիք մուտք գործած են թաքուն ձեւով ու կրակած՝ բուժման համար հիւանդանոցի մահճակալներուն մէջ գտնուող այդ երեք տղաներուն վրայ։ Այս դէպքը որեւէ ռմբակոծութենէն շատ աւելի ծանր էր, որովհետեւ կը վկայէր խորքային ատելութիւն մը, զոր փոքրանալու միտում չունի, այլ ընդհակառակն։ Այսօր Պաղեստինի տարբեր շրջաններու մէջ գործադուլ յայտարարուած է։ «Ժընինի ջոկատ» զինեալ խմբակը յայտարարած է, որ արիւնին արիւնով պիտի պատասխանէ։ Տխուր փաստ մըն է, որ Կազզէի այս անօգուտ պատերազմը բացի որեւէ արդիւնք չտալէ, աւելի մեծ ատելութիւն մը հրահրեց կողմերուն միջեւ։ Այդ ատելութեան խորքային մագլցումը զգալի պիտի դառնայ նոյնիսկ պատերազմի աւարտելէն վերջ։ Ճիշդ է, որ Նեթանիյահուի կառավարութիւնը պիտի վերանայ, բայց եթէ յաջորդ ղեկավարը երկխօսութեան չնստի Պաղեստինի հետ, ապա Իսրայէլ ամէն օր պիտի խմէ այդ վրէժի թոյնը։

Պաղեստինցին կը մտածէ, թէ այլեւս կորսնցնելիք բան չունի։ Իսրայէլի կողմէ «Համաս»ի տրուած հարուածը արդէն վրիպած է ու ան շատ աւելի ծանր փուլի մը մէջ պիտի յայտնուի՝ նկատի ունենալով, որ անոր բանակը յոգնած է եւ իր զինուորները տագնապներ ապրած են Կազզէի մէջ։ Կարճ խօսքով՝ Նեթանիյահու այսօր անորոշութիւններու դէմ յանդիման է ու իր ձեռքով կը հարուածէ իր ղեկավարած կառավարութեան վարկը, նաեւ Իսրայէլ արդի պետութեան վարկանիշը։ Երկու բան փաստուեցաւ, որ անկարելի է «Համաս»ը վերացնել եւ պետական բանակը կամ բանակային համակարգը անկարող է յաղթանակ տանիլ կրօնագաղափարական կուռ եւ ամուր կերտուածքով ջոկատներու դէմ։

Այս բոլորէն վերջ Նեթանիյահու կրնայ ձգտիլ Կազզէի օրակարգը ցրել եւ, անշուշտ, կրակ բանալ Լիբանանի հարաւին վրայ։ Այսպիսի քայլ մը շատ աւելի բարդութիւն կրնայ յառաջացնել եւ շատ աւելի սուղ կրնայ արժել՝ իր քաղաքական մայրամուտին հասած Նեթանիյահուին համար։ Շատ կարճ դիտարկումներով կարելի է համոզուիլ, թէ Պաղեստին-Իսրայէլ հակամարտութիւնը այսօր բոլորովին նոր փուլ մը թեւակոխած է։ Պաղեստինցի զինեալները առիթ չփախցուցին օգտուելու Իսրայէլի «հզօր» բանակի ու անոր քաղաքական ղեկավարութեան մեծագոյն վրիպումներէն։ Քաղաքական որոշումներու մէջ վրիպումները յանգեցուցին ռազմական վրիպումներու եւ իրավիճակը այնպիսի կէտի մը հասաւ, ուր Կազզէն ճահիճ դարձաւ Իսրայէլի համար։ Այս բանաձեւումը ուրուականի պէս կը պտտի Իսրայէլի ռազմական (փոքրացած) կառավարութեան փակ սենեակներուն մէջ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Փետրուար 9, 2024