ՇԱՏԸ ԳՆԱՑ, ՔԻՉԸ ՄՆԱՑ… (ԿԱՄ՝ «ՊԱՅ-ՊԱ՜Յ ՊՍԱԿԱՁԵՒ»)

Աշխարհի տարածքին չկայ մարդ, որ զգուշաւոր գոհունակութեամբ չհետեւի պսակաւոր ժահրին մասին տրուած նորագոյն տեղեկութիւններուն, որոնք կարելի է համախմբել մէկ խորագիրի տակ: Շատը գնաց, քիչը մնաց, պայմանով որ…

Այն երկիրներուն մէջ, ուր ուշ կամ կանուխ զգուշացման միջոցներ որդեգրուեցան, պարտադրուեցան, մարդիկ սկսած են քաղել դառնանուշ պտուղները: Դառնը՝ զոհերուն տարողութիւնն է, անուշը՝ ալիքին աստիճանական բեկումը, կեանքը դէպի բնականին վերադարձնելու նախաքայլերը: Աւելի՛ն, այս ախտին դէմ նոր դեղերու մասին լուրերը կը բարձրացնեն լաւատեսութեան ալիքը: Չմոռնանք, որ մարդիկ ի բնէ լաւատես են. յոռետես փոքրամասնութիւնն ալ կայ անշուշտ:

Տարբեր ալ չէր կրնար ըլլալ: Երկիրներու, ցեղերու եւ ցամաքամասերու միջեւ խտրութիւն չդնող վարակին դէմ մարդկութիւնը ցուցաբերեց միացեալ դիմադրութիւն եւ կը յուսայ վերջնական պարտութեան մատնել այս պատուհասը: Երկրորդական են ու անկարեւոր՝ այս տագնապը քաղաքական հաշիւներու ջաղացքին լծելու փորձերը, Չինաստանի կամ այլ երկիրներու վրայ ճնշումի միջոցի վերածելու ճիգերը: Պարզ տրամաբանութիւնը կ՚ըսէ, որ որեւէ երկիր չի կրնար հնարել վարակ մը, որմէ առաջին տուժողը պիտի ըլլար… իր երկրին ժողովուրդը: Հաւաքական ճիգերը արհամարհողները միայն նոր ապացոյցեր կը սփռեն իրենց իմաստակութեան մասին:

***

Շուկաներու, աշխատանքի որոշ ասպարէզներու զգուշաւոր վերաբացումը կը նշանակէ՞, թէ ամէն բան լաւ է:

Բնականաբար՝ ո՛չ: «Մի՛ վարակուիր, մի՛ վարակեր» պատգամը կը մնայ նո՛յնքան հնչեղ, որքան վարակին տարածման առաջին օրերուն: Փաստօրէն, կարգ մը երկիրներու մէջ, ինչպէս՝ Ռուսաստան, վարակը նոր սկսած է թափ ստանալ, մինչ այլուր՝ բարձրակէտը անցած կը նկատուի: Պետական ու առողջապահական պատասխանատուներ, մասնագէտներ կրկին ու կրկին կը յիշեցնեն, որ զգուշութեան միջոցները պէտք չէ մէկդի ձգել, դիմակ-ձեռնոց գործածել հանրային վայրերու մէջ, հականեխիչները ձեռքի հասողութեան տակ պահել, որովհետեւ նոր տարածումի մը մտահոգութիւնը չէ փարատած: Անշուշտ կայ դժբախտ այն երեսը, որ հականեխիչներն ու այլ սպասները, մինչեւ իսկ հիւանդանոցներու մէջ աշխատողներուն անհրաժեշտ զգեստները բաւարար չափով չեն հայթայթուիր: Սա հանելուկ մը կը մնայ, մանաւանդ որ վարակին տարածման առաջին ահազանգերէն ասդին անցած է աւելի քան 2 ամիս (այլ հաշուարկով՝ շուրջ 4 ամիս): Այլ խօսքով, այսօրուան ու անմիջական ապագային համար, ԶԳՈՒՇԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ-ը կը մնայ անվիճելի հրամայական: Եւ թող ո՛չ ոք պարծենայ, թէ շուկաներու եւ գործի վայրերու դանդաղ վերաբացումը արդիւնք էր այս կամ այն խմբաւորումի «ազատատենչ» ցոյցերուն, կամ՝ տնտեսութիւնը փրկելու իմաստուն կամ իմաստակ պետական մարդոց նախաձեռնութիւններուն: Վարակին «Դամոկլեան սուր»ը կը մնայ բոլորիս գլուխներուն վերեւ, եթէ մարդիկ որոշեն իրենց բանականութիւնը ուտել նախաճաշին կամ ճաշին հետ, առանց բաժին ձգելու ընթրիքին…

***

Զգուշաւորութեամբ զինուած, մարդկութիւնը հրաւիրուած է որդեգրելու նոր կենցաղավարութիւն, աշխատանքի նոր դրութիւններ, «բնական կեանք»ին տալու նոր սահմանում, այնքան ատեն որ այս ախտին դեղն ու զայն կանխարգիլող պատուաստը չէ գտնուած, փորձարկուող դեղերուն իսկապէս ու անդառնալիօրէն օգտակար ըլլալը չէ փաստուած:

Պէ՞տք է ցնոր տնօրինութիւն մշտապէս օժտուիլ դիմակով ու այլ միջոցներով: Հա՞րկ է ատեն մը եւս զրկուիլ մեծ հաւաքներէ, որոնցմէ մեր կամքէն անկախ՝ չարիք կրնայ ծագիլ: Անհրաժե՞շտ է ատեն մը եւս որոշ հեռաւորութիւն պահել մանաւանդ անոնցմէ, որոնք կրնան որեւէ պատճառով (հիւանդանոց կամ անստոյգ հաւաքավայր գտնուիլ եւ այլն) կասկածելի թուիլ…: Այո՛, այո՛ եւ մի՛շտ այո: Իրաւունք ունին բոլոր անոնք, որոնք կը յայտարարեն, թէ իւրաքանչիւր քաղաքացի նո՛յնքան պատասխանատու է իր անձին ու շրջապատին անվտանգութեան, որքան՝ պետական ու առողջապահութեան պատասխանատուները: Խորքին մէջ, բնականոն կեանքի վերադարձի առաջին քայլերուն հետ, հանրութեան պատասխանատուութեան բաժինը կ՚աւելնայ, որովհետեւ անձն ու իրեն նմաններով բաղկացած հաւաքականութիւնը հրաւիրուած են ըմբռնելու ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ հասկացութեան իսկական իմաստն ու արժէքը: Ո՛չ ոք իրաւունք ունի - ուրեմն նաեւ ազատ չէ -w վարակակիր մը դառնալու եւ ընտանիքն ու շրջապատը վտանգի ենթարկելու:

Այո՛. շատը գնաց, քիչը մնացի իրաւունք ունինք ըսելու. «Պայ-պա՜յ, պսակաձեւ»՝ պայմանով որ մարդիկ՝ զանգուածը չհրաժարի բանականութենէ, այլանդակ մեկնաբանութիւններ չտայ ազատութեան եւ նպաստէ վարակին վերջնական սանձումի ճիգերուն: Իսկ եթէ ի վերջոյ դեղ ու պատուաստ գտնուին ու մատչելի դառնան, անկէ ետք այս փուլը պիտի մնայ իբրեւ դառն յիշատակ, որմէ շատ բան սորվեցանք, շատ բան ալ սորվելիք ունինք տակաւին:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Շաբաթ, Մայիս 9, 2020