ԼՃԻ ՎՐԱՅ

Երեք ընկեր նաւաստի, լճի վրայ, լճի խորքը կը նաւարկեն։ Հինգ թի կայ, մէկն ընկեր սուզուեր է ի յատակն լճի. երեւի։

Էրիք Սաթիի Կնոսսիենն Ա.-ը կը հնչէ փոքր նաւակին վրայ։ Մէջերնէն Լիզան, նախկին կեանքի ընթացքին դաշնակահարուհի, հետը նուագարկիչ ու մի քանի ձայներիզ բերեր է։ Դրեր է գործիքը ճիշդ մէջտեղը քաշտիկին, ջուրէն հնարաւոր եղած չափով պաշտպանուած տեղ մը, յետոյ հաներ երկար վերարկուի վեց գրպաններէն մէկէն տուփ մը, որուն վրայ սպիտակ թուղթ մը միայն՝ ձեռագիծ սրտիկով մը կարմիր. բացեր է զայն, մէջէն սիրուն մատներովը դուրս բերեր երկաչեայ ձայներիզն ու դրեր զայն ի գործ, ի ձայն, ի երգ։

Սաթիի մէկ այլ կտոր մը կը հնչէ արդէն, այս անգամ աւելի դանդաղ կշռոյթով, քան ալիքներունն է։

Երեք ընկեր նաւաստի, լճի վրայ, լճի խորքը կը շնչեն ջրօդը թաց ու խոնաւ, որ ռունգերու պարիսպին, շնչափողի պատերուն ու թոքերու ճիւղերուն կը փակի։ Լիզան է, Մենուան, եւ Սեւանը։ Երկուքը՝ մէկ սեռի, երրորդը՝ մէկ այլ։ Ալիքն այս քիչ մը աւելի ուժեղ է միւսներէն, ու նաւակի գլխին զարնելով կը փշրուի օդին մէջ ու կը փչուի երեսաց երեքին։ Մենուան թացոտած պեխերը կը լզէ, քաղցր ու կանաչ համը կ՚առնէ ջուրին։ Սեւանը մազերուն կը տանի ազատ ձեռքը, մինչ միւսով հինգերորդ թեւճակը կ՚օրօրէ. կը քամէ զանոնք ճակատն ի վար, վիզն ի վար, ծոծրակն ի վար, ու կռնակ գացող կաթիլներէն կը սարսռայ վայրկեանի մը համար, հաճոյքով։ Լիզան ջրի համբոյրէն բորբոքած, Սաթիի նօթերը բարձր կանչել կը սկսի. միւսները կը խնդան։

Երեք ընկեր նաւաստի, լճի վրայ, լճի խորքը կը սիրեն կեանքն ու զիրար։

ԵՐԱՄ

Երեւան 

Չորեքշաբթի, Յունիս 9, 2021