ԵԹԷ ԾԱՌԸ ԾՈՒՌ Է…

Անկարելի է չափահաս ծառի մը ճիւղաւորուած անդամները շտկել, եթէ ծառը ծուռ է։ Ասիկա, մեզի ցոյց կու տայ նոյնինքն բնութիւնը՝ որ իւրաքանչիւրս կը վկայենք մեր կեանքի փորձառութեամբ։ Ուստի, նորատունկ, դեռահաս ծառի մը բարեձեւութիւնը կարելի է ապահովել, բայց անգամ մը որ ծառին բունը եւ ճիւղերը թանձրացան եւ ամրացան, այլեւս անփոփոխ կը պահեն իրենց ձեւը, ուղիղ կամ ծուռ։

Ասանկ ալ մարդիկ։

Մէկ վճռական, արմատական բացատրութիւն մը կայ մարդոց «ծուռ» վարմունքին, ծուռ խորհուրդին, ծուռ դատողութեան, ծուռ տեսութեան. ծուռ հոգի, ծուռ նկարագիր…

Չարութիւնը, վատութիւնը, նախանձը, անբարոյութիւնը «պատահական» պատճառներու արդիւնք չեն, հապա՝ «հոգեւոր հիւանդութիւններ»։ Ուստի, առանց պատճառի ո՛չ մէկ արդիւնք կը տեսնուի։

Եթէ դարերով ետ երթայինք, այս նոյն հիւանդութիւներու «այսահարութիւն» կամ «դիւահարութիւն» անունը պիտի տայինք։ Մեր բացատրութիւնները բարեփոխուած են, բայց իրողութիւնը կը մնայ անփոփո՛խ։ Հիւանդ հոգի կամ «դիւահար» հոգի էականապէս նո՛յն վիճակին հոմանիշ բացատրութիւններն են։ Չէ՞ որ դարեր չէ կրցած փոխել մարդը եւ չէ կրցած զայն փրկել այդ «հիւանդութիւն»ներէն։ Այս տեսակէտէն ոչ մէկ տարբերութիւն կայ անցեալի եւ ներկայ մարդուն միջեւ էապէս, թերեւս տեսքը փոխուած է եւ այդքան. խորքին՝ մարդը միշտ նո՛յն մարդն է…

Նախ սա կայ, թէ մարդոց ստուար մեծամասնութիւնը հոգւով, մտքով չափահասութեան երբեք չի հասնիր։ Քառասուն, յիսուն, վաթսուն եւ աւելի տարեկան «մանուկ»ներ այնքա՜ն շատ որքան նախակրթարաններու մանուկները։

Տարիքը խելքը չ՚աւելցներ, երբ արդէն «պակաս» է իր կշիռէն։ Իսկ «նկարագիր» ըսուածը բնաւ տարիքէ կախում չունի. չար հոգին, կամ «դեւ»ը որեւէ տարիքի կրնայ իր եղջիւրները ցոյց տալ։ Եթէ մէկը չար է՝ չարութիւն պիտի ընէ, ըլլայ վեց տարեկան, կամ տասնվեց եւ կամ վաթսուն տարեկան։

Ուրեմն հարցը սա է.- Մարդիկ ինչպէ՜ս կարելի է բարեկարգել։ Անշուշտ, պատասխանը դիւրին չէ՛։

Բայց մենք մինչեւ հիմա «դիւրին» պատասխան մը գտեր եւ անով գոհացեր ենք։ Այն է՝ կրօ՛նքը։ Մարդիկ, սակայն, ճշմարտութիւնները լսելով եւ սորվելով չեն փոխուիր, որովհետեւ կեանքի փորձառութիւնը դարձեալ մեզի ցոյց կու տայ, թէ մարդիկ եթէ «չար» են՝ պատճառը տգիտութիւնը չէ՛, ոչ ալ որովհետեւ իրենց «դաւանանք»ը թերի է։ Կրօնք, հաւատք ունին, բայց «նկարագիր» չունին։

Մարդ մը, ըսենք, եթէ հիւանդ է, կրնայ իր հիւանդութեան մասին լայն տեղեկութիւն ունենալ, բայց տակաւին անդարման մնալ։ Ահաւասի՛կ, այդպէս է պարագան շատերու՝ որոնք «քրիստոնեայ» են եւ կը պարծենան իրենց քրիստոնէութեամբ։ Երբ խօսին, երբ աղօթեն, երբ դաւանին իբրեւ «քրիստոնեայ», կը զանազանուին պուտտայականէն, բայց կրնայ պատահիլ, որ հոգիով «ախտաւոր» ըլլան, ուրիշ բացատրութեամբ՝ նկարագրով «ծո՛ւռ»։

Առաքեալը կ՚ըսէ, որ «առանց գործի հաւատքը մեռած է»։ Կարծեմ, այս խօսքը կը համառօտէ բոլոր բացատրութիւնները։ Հիւանդին «խօսք» պէտք չէ՛, այլ դրական դարման։

Ուստի, Յիսուս «գիտական» դրական մեթոտ գործածած է. «դիւահար»ներուն չքարոզեց. զանոնք գործնապէս բժշկե՛ց։

Այս է ահաւասիկ մարդը բարեկարգելու միջոցը՝ դրական մօտենալ մարդուն, գործնապէս կատարել այն ի՛նչ որ խօսքով կարելի չէ իրականացնել։

Առանց գործի՝ ոչ մէկ օգուտ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 1, 2024