Հոգե-մտաւոր

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆԸ ԱՌԱՍՊԵ՞Լ Է

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Յիսուսի գոյութիւնը հարցականի տակ դնող Փիէռ Պէյլի յաջորդ հարցադրումը հետեւեալն է. «Աւետարանները կը յիշեն, որ Յիսուս Քրիստոսի համբաւը տարածուեցաւ.- նոյնիսկ հազարաւոր մարդիկ իրեն հետեւեցան. Յիսուս հինգ հազարէն աւելի մարդոց կերակրեց եւ անոնց դիմաց հրաշագործութիւններ ըրաւ. մեռելները կենդանացուց, պալատականներու հետ գործ ունեցաւ.- այս բոլորը նկատի ունենալով ինչո՞ւ համար ժամանակակից պատմիչներ իրենց աշխատութիւններուն մէջ չյիշեցին Քրիստոսը:

ԼԱՒԸ ԵՒ ՕԳՏԱԿԱՐԸ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Լաւ եւ օգտակար արարքներ բարձրագոյն բարի գաղափարականի մը արդիւնք են ընդհանրապէս, բայց անպայման նուիրումի եւ զոհողութեան արդիւնքը չեն։ Անձնական շարժառիթներ, անարգ նկատումներ, սխալ մտածումներ կրնան տուն տալ՝ պատճառ դառնալ օգտակար գործունէութիւններու եւ շողշողուն բարեգործութիւններու։

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆԸ ԱՌԱՍՊԵ՞Լ Է

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ֆրանսացի փիլիսոփայ, գրող եւ քննադատ Փիէռ Պէյլ իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ հետեւեալ միտքը կը յայտնէ. «Կրօնի մէջ մարդը մոլորեցնելը շատ դիւրին է, իսկ զինք այդ մոլորութենէն դուրս բերելը՝ դժուար»:

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԶԳԵՍՏՆԵՐՈՒՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԵՒ ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ս. Պատարագը խորհուրդ մըն է եւ կը պարունակէ նաեւ բազմաթիւ խորհուրդներ իր մէջ։ Այս ուղղութեամբ, քահանան կը խորհրդանշէ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը՝ որ ճշմարիտ եւ յաւիտենական Քահանայ եղաւ՝ ըստ Մելքիսեդեկի կարգի եւ Ինքզինք որպէս «հաց» եւ «գինի» ընծայեց Հայր Աստուծոյ։

ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Աշխարհի վրայ շատ շատեր գիտութեան, մշակոյթին, տնտեսութեան եւ այլ արժէքներու զարգացումը կը դիտեն որպէս քաղաքակրթութեան զարգացում. այդ զարգացումը շատեր անհրաժեշտ կը նկատեն, որովհետեւ ժամանակը իր հետ կը փոխէ մտածելակերպը, արժէքները եւ ժամանակին հետ քայլ պահելու համար անհրաժեշտ է զարգացումը։

ՄԽԻԹԱՐ ՀԵՐԱՑԻ (1120-1200)

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մխիթար Հերացին միջնադարեան հայ բժշկութեան ամենաականաւոր ներկայացուցիչն է. հայկական դասական բժշկութեան եւ բժշկական դպրոցի հիմնադիրը։ Ան եղած է նաեւ բնագէտ, փիլիսոփայ, գիտնական եւ բնաւորութեամբ մանաւանդ մեծ մարդասէր։ Անոր տան դուռը միշտ բա՛ց էր հիւանդին եւ կարօտեալին առջեւ, անոր լոյսը մինչեւ առաւօտ անմար կը մնար սեղանին վրայ

ՄՇԱԿՈՅԹԸ ՉՊԱՀՊԱՆՈՂՆԵՐԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները ինչքանո՞վ հետաքրքրուած են հայկական մշակոյթով ու անոր պահպանմամբ՝ չեմ գիտեր, սակայն, երկրի ղեկավարին հեղինակած գիրքէն յստակ է, որ այնքան ալ կարեւորութիւն չի ներկայացներ։

ԱՐՄԵՆԻԱ ԵՒ ՈՒՐԱՐՏՈՒ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Ուրարտու» կամ «Արարատ»՝ դասական հայերէնով Հայաստեանի Այրարատեան թագաւորութիւնը, անունը կ՚երեւի առաւելաբար սեմական լեզուներու աղբիւրներու մէջ (Ասրեստանի լեզուներ, եբրայերէն, եւ այլն), իսկ «Արմենիա» անունը՝ դասական հայերէնով «Արմիք», «Արամեանք», «Արամազնեայք» կ՚երեւի առաւելաբար հնդեւրոպական լեզուներու աղբիւրներուն մէջ՝ պարսիկ, պահլաւ, յոյն եւ լատին, մինչ հնդեւրոպական վաղագոյն աղբիւր՝ հիթիթական արձանագրութիւնները՝ Ք.Ա. երկրորդ հազարամեակ, Հայ երկիրը կը յիշատակեն «Հայասա» անունով (դասական հայերէնով. «Հայք»)։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ «ՀԻՄՆԱՐԿ»Ն ՈՒ ՔԱՂԲԱՆՏԱՐԿԵԱԼՆԵՐԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հակառակ Հայաստանի ներկայ իշխանութեան յայտարարութիւններուն ու հերքումներուն՝ կայ իրականութիւն մը. Հայաստանի բանտերը լեցուն են քաղաքական բանտարկեալներով՝ որոնց թիւը օրէ օր աճ կ՚արձանագրէ։

Էջեր