ԱՅՆ Ի՛ՆՉ ՈՐ Կ՚ԸՍԷ ՍԻՐՏԸ

Սրտին ձայնը՝ խղճի՛ն ձայնն է, եւ ինչպէս անհատական, նոյնպէս եւ հաւաքական-ընկերային բազմաթիւ հարցերու մէջ վճռական պատասխանը կու տայ միշտ «սիրտ»ը եւ ո՛չ թէ «միտք»ը։ Արդարեւ, միտքը կրնայ սխալիլ, զանազան արտաքին ազդեցութիւններու, նախապաշարումներու, կանխակալութիւններու ազդեցութեան տակ ուղիղ ճամբայէն շեղիլ, ճշմարտութիւնը անտեսել. հարցին էականին չանդրդառնալ եւ առաջնորդուիլ սխալ որոշումներ տալու։

Բայց սիրտը չի՛ սխալիր։ Ան խղճին ձայնն է, եւ այս ձայնը, այս ճամբան՝ որ խաղաղութիւն, հաշտութիւն, հասկացողութիւն, հանդուրժողութիւն եւ համաձայնութիւն, գործակցութիւն կ՚ենթադրէ, եւ թէ համակրական հասկացողութեան կ՚առաջնորդէ, բանականութիւնը կամ տրամաբանութիւնը չէ. չոր ու ցամաք «պայմանագրութիւն» չէ, հապա՝ տաք, անկեղծ, յորդուն սէ՛րն է։

Բարեկամութիւնը ինքնին կը քակէ թշնամութեան թնճուկը։ Ատելութեան, նենգամտութեան դեղթափը սէ՛րն է, անկեղծ, սրտանց, սրտէն բխած սէրը…։

Մարդ երբ կ՚ատէ, կարելի չէ որ սիրէ։ Մարդ պէտք է սիրէ, որպէսզի չատէ։ Սէրը եւ ատելութիւնը երբեք միատեղ չեն կրնար ըլլալ, ինչպէս քաղցրը եւ լեղին մէկ գաւաթի մէջ չի դրուիր։

Մարդոց բաժանեալ, հակամարտ եւ իրերամերժ տարրերուն համար բուժիչ դեղը կը գտնուի Պօղոս Առաքեալի Կորնթացիներուն գրած առաջին նամակին ԺԳ գլխուն մէջ։ Սէ՛ր, սիրոյ հրաշագործութիւնը… ուր մարդոցմով անկարելին՝ Աստուծմով կարելի՛ է։

Բայց անկեղծ սիրոյ համար մարդ պէտք է թօթափէ ամէն նախապաշարում, ամէն կանխակալութիւն, աշխարհիկ ամէն նողկանք եւ արհամարհանքը իր մէջէն։

Մարդ, գոնէ մէկ պատեհութիւն պէտք է տայ Աստուծոյ՝ որ կը խօսի սիրոյ մասին։ Եւ Աստուած կը խօսի երբ «Սէր» կ՚առաջարկուի իբրեւ սպեղանի վէրքերու, վիրաւորանքներու, եւ լուծիչ ատելութեան մահաբեր թոյնին, այն թոյնին որ մա՛հ կը սպառնայ մարդուս թէ՛ անհատական եւ թէ՛ հաւաքական՝ ընկերային եւ ընտանեկան կեանքին։

Ո՛չ թէ տեսաբանօրէն, այլ գործնական է այս խորհրդածութիւնը՝ որ դրական մտածողութեան արդիւնք է։ Աւելի «գործնական» է այս խորհելակերպը քան ամենէն գռեհիկ իրապաշտ միտքը։

Ուստի, մարդ, այս մասին պէտք է «ներշնչող» ըլլայ մտածողութեան մը՝ որ ձեւ եւ մարմին կ՚առնէ սիրոյ հալոցին մէջ, որ սրտէն կը բխի։

Ահաւասիկ, ա՛յս է այս օրերուն, ներկայ ժամանակներու ստիպողականութիւնը։

Եւ երբ «մէկ սրտով» արտայայտուին մարդիկ, առանց ատելութեան, առանց նենգամտութեան, առանց շեղելու իրենց նպատակէն, առանց որեւէ աններդաշնակ խաղի, ահաւասիկ այն ատեն է որ պիտի հասնին երջանկութեան՝ խաղաղութեան։

Այն ի՛նչ որ «հասարակաց» է, այն զօրաւոր է, ճշմարիտ է եւ անկե՛ղծ։ Արդարեւ, սրտին խօսքը խղճին խօսքն է, որուն մէջ ոչ մէկ նենգութիւն կը գտնուի։

Եւ սրտին խօսքով է որ կը հանգստանայ մարդոց պարտասած մարմինները, կը մխիթարուի բեկուած սիրտերը, խաղաղութիւն կը գտնէ խռոված հոգիները, կը բարձրանայ ինկած տրամադրութիւնները, կ՚ազնուանան մտածումները, կը հոգիանան մարդոց ցանկութիւնները, կը տաճարանան անձերը, մարդիկ հաղորդակից կը դառնան աստուածային անիմանալի եւ անհասանելի խորհուրդներուն։

Աւելին. սրտի խօսքը կը փայլեցնէ մարդուս մէջ հաւատքի շողը, սիրոյ կրակը, յոյսի ծիածանը, ուրախութեան դրօշը, համբերատարութեան զէնքերը, ազդուութեան դրոշմը, բարութեան ճառագայթը, հաւատարմութեան ամրութիւնը, հեզութեան քաղցրութիւնը, ժուժկալութեան առաքինութիւնը։ Սրտին խօսքով մարդ կը սորվի տոկալ այս աշխարհի վրայ ապրուած կեանքի բոլոր տեսակի փորձութիւններուն, նեղութիւններուն եւ դժուարութիւններուն, տիրապետել զինք պաշարող անձկութիւններուն, տիրապետել զինք ընկճող վիշտերուն, ցաւերուն, յաղթել զինք նկուն դարձնող տկարութիւններուն, պարտութեան մատնել չարը, վանել անոր հրապոյրները, մերժել անոր խաբէութիւնները, ընդոտել անոր մեքենայութիւնները եւ վեր արծարծել իր հաւատքը, կանգնել հաւատքի իր ինկած շինուածքը, բարձրացնել անոր ամուր աշտարակները։ Եւ սրտին խօսքով է, որ մարդ կը լուսաւորուի, կ՚անդրադառնայ իր իսկական էութեան, կեանքին նպատակին եւ իմաստին։

Եւ մարդիկ եթէ մեռնող մէկը սիրելու համար չեն զատեր, ուրեմն, ապրողը ինչո՞ւ զատեն նմանապէս սիրելու համար։ Սիրելու համար, եւ կամ սիրած ըլլալը հասկնալու, սիրելու զգացումին անդրադառնալու համար անպայման պէ՞տք է որ մէկը մեռնի։ Սիրելու համար մա՞հը պէտք է սպասուի։ Մարդուս առաքինութիւնները, ազնիւ զգացումները արթննալու համար պէ՞տք է որ դժբախտութիւն մը պատահի։ Միայն սո՞ւգն է որ սէրը կ՚արթնցնէ մարդուս մէջ։ Տառապանքներու մէ՞ջ է որ մարդ պէտք է անդրադառնայ սիրոյ ազնիւ զգացումին։

Մարդիկ երբ տառապանքի, նեղութեան եւ անձկութեան մէջ չեն, ցաւ եւ վիշտ չունին, կրնան չանդրադառնալ իրենց գոյութեան սպառնացող վտանգի մը։ Բայց ինչո՞ւ զիրար չսիրեն։ Ահաւասիկ, ա՛յս է հարցը.- ինչո՞ւ մարդիկ հասարակաց կէտի մը վրայ չհամաձայնին։ Այդքան դժուա՞ր է ասիկա…։

Մարդիկ, ընդհանրապէս չեն ուզեր որ նոյն կերպով խորհին, մարդ էակը բնութեամբ անհատապաշտ եւ անկախ մտքի տէր ըլլալու հակամէտ՝ հակում ունեցող արարած մըն է. եւ այս կը նշանակէ, որ մարդուս համար «նոյն կերպով խորհիլ» անկարելի է։

Հոգ չէ. մարդիկ «նոյն կերպով չխորհին», այս տեսակէտով, այսինքն մտածումով, խորհելակերպով, կարծիքներով, համոզումներով, հաւատալիքներով տարբերին, բնական պէտք է համարել ասիկա, բայց ո՛չ մարդասիրական ազնիւ զգացումներով։

Համոզումի, գաղափարի հակառակութիւնը ակնկալելի է, բնական է եւ ներելի՛, նոյնիսկ քաջալերելի, քանի որ «ճշմարտութիւնը գաղափարներու ընդհարումէն կը ծագի». բայց ո՛չ ատելութիւնը, մաղձը, հոգեկան այդ սպաննիչ թոյնը։ Ա՛յս է հարցը…։

Մարդ «գաղափարափոխութեան» պէտք չունի, ան «հոգեփոխութեան» պէտք ունի։

Այդ պահանջքին վրայ է որ պէտք է ծանրանալ։ «Ձայն բարբառոյ յանապատի…»։ Հոգ չէ՛։

Ուստի, մարդ նախանձախնդրութիւնը ունենալու է իբրեւ միայնակ եւ աննշան անհատ մը, արձագանգ ըլլալու ձայնի մը՝ որ կը հաւատայ, թէ Աստուծոյ ձա՛յնն է, որ նաեւ լսելի կամ անլսելի ուժով, կը հնչէ շատերու հոգիին մէջ։

Այս ձայնը չի՛ կրնար խեղդուիլ։

Ո՛վ որ ականջ ունի՝ թող լսէ, լսելու է։ Թո՛ղ լսէ, լսէ եւ սիրէ, քանի որ մարդ ստեղծուած է սիրով եւ կոչուած է սիրելո՛ւ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 28, 2020, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2020