ՄԵՂՔԻ ԾՈՒԽԻՆ ՄԷՋ ԽԵՂԴԱՄԱՀ

«Կանգուն կեցի՛ր բայց դուն հոդ.
«Հոգիդ ծուխ թող ծիւրի
«Սիրով դուն միշտ կեանքդ հեւքոտ
«Որ տան մուխը չի մարի…»։

Ա՛յս է ահաւասիկ բանաստեղծին դիտողութիւնը։

Արդարեւ, մարդուն հոգեւոր տան մուխը կը մարի եթէ իր ցաւերուն, վիշտերուն, յուզումներուն, վէճերուն «մուխ»երը կերպով մը չարտաշնչէ։

Տուն մը ո՜րքան նման է մարդկային մարմինին. անշուշտ շատ աւելի պարզ իր շինուածքով քան մարդուն մարմինը, բայց տակաւին նման յայտնի եւ զգալի հանգամանքներով։ Այս իմաստով, տան կառոյցքին ատաղձը կարելի է նմանցնել մարդկային մարմինին ոսկրային կմախքին. իսկ փայտեղէն եւ կամ քարեղէն պատերը եւ տանիքը՝ անոր մորթին։ Այս ուղղութեամբ, ելեկտրական թելերու ցանցը պիտի համապատասխանէր մարդուն ջղային դրութեան։ Այն բոլոր խողովակները, որոնց մէջէն տաք եւ պաղ ջուրերը կը հոսին, մարդուն մարմինին երակները կը ներկայացնեն։ Ջերմոցը տան սի՛րտն է։ Տունը աչք ալ ունի. պատուհանները, նաեւ՝ ականջներ. ձայնասփիւռը, հեռաձայնը, համացանցը, հեռուստատեսիլը, եւ այլն, եւ վերջապէս՝ քիթը. տան ծխնելոյզը։

Արդարեւ, ծխնելոյզէն կը շնչէ եւ կ՚արտաշնչէ տան սիրտը։ Մուխը դուրս կ՚ելլէ, որպէսզի կրակը բոցավառի եւ տունը տաքուկ պահէ։ Թէեւ այսօր զանազան արդի դրութիւններ կան, բայց էականը ծխնելոյզն է՝ ան ինչ ձեւ կամ դիրք ալ ունենայ։

Մարդուն հնարած բոլոր գործիքները կը կրկնեն, ինչ որ ի՛նք իր ձեռքերովը կամ մտքովը պիտի կատարէր եւ կամ կատարած է։ Կարելի է ըսել, թէ ամէն մէկ գործիք որ կը հնարէ եւ կը գործածէ մարդ, նմանութիւն կը կրէ իր ձեռական կամ իմացական առանձին մէկ գործողութեան։

Արդարեւ, որեւէ գործարան, մարդուս արտադրած որեւէ գործիք, կ՚աշխատի, կը բանի այնպէս՝ ի՛նչպէս մարդուս ֆիզիքական գործարանները կը գործեն իրենց յատուկ սահմաններուն մէջ՝ իրենց յատուկ գործունէութեամբ։

Մարդ ո՛րքան մտածէ եւ խորանայ այս մասին, այնքան պիտի աւելնայ իր զարմանքը՝ թէ մարդուս բոլոր ձեռագործները նմանութիւն կը կրեն իր ֆիզիքական բնախօսութեան եւ գործողութիւններուն։ Եւ իսկապէ՛ս «խորհո՛ւրդ» մըն է այս նմանութիւնը…

Մարդուս հոգեւոր տան կազմութիւնն ալ նո՛յնն է. զոր օրինակ, մարդուս մուխերուն ծխնելոյզ մը անհրաժեշտ է։ Մարդն ալ ծուխերը դուրս նետելու պէտքը ունի, մարդուս մէջ կուտակուած ծուխերը պէտք է որ դուրս ելլեն, ապա թէ ոչ՝ անդարմանելի վնասներու պատճառ կրնան ըլլալ։

Եւ Աստուած, ահաւասիկ, կը հայթայթէ ինչպէս քիթը մարդուն մարմնաւոր շնչառութեան համար, նո՛յնպէս Սուրբ Հոգին, որ կ՚առնէ մարդուս հոգին ապականող, հեղձուցանող մուխերը, եւ կենսաւորիչ մաքուր օդ կը ներշնչէ անոր էութեան յետին խորշերուն մէջ։

Մուխը՝ մեղքը, այն ատեն մահացո՛ւ է, երբ չ՚արտաքսուիր եւ կը մնայ մարդուն հոգեւոր դրութեան մէջ։ Ուստի, առանց Աստուծոյ՝ փրկութիւն կարելի չէ։ Մուխը քաշող, լուծող, փարատող միջոցի մը կարօտ է մարդ առանց խտրութեան։

Աշխարհ մեղքերու «ծուխ»ին մէջ խեղդամահ ըլլալու վրայ էր, երբ Աստուած Իր Միածին Որդին ղրկեց, որ փրկութեան շունչը տայ ամէնուն եւ փրկէ անխուսափելի մահէն, մարդիկ երբ կարենան ներշնչել Աստուծոյ Հոգիին փրկարար շունչը եւ այլեւս չխեղդուին…։

«Ես եկայ որ կեա՛նք ունենաք եւ աւելի առատ կեանք», կը խոստանայ Յիսուս Քրիստոս, եւ այս խոստումը ամէն մէկուս համար է եւ հաւաստի յաւիտենապէս։ Յիսուս հաւատարիմ է Իր խոստումին, հապա մե՞նք, մենք ո՞րքան հաւատարիմ ենք մեզի եղած խոստումներուն արժանի ըլլալու մէջ…։

Ուստի հաւատարմութիւնը հոգեւոր կեանքի աճման համար շատ կարեւոր առաքինութիւն մըն է. հաւատարմութեամբ է, որ մարդ թէ՛ անհատապէս եւ թէ՛ հաւաքապէս կը կատարելագործուի։ Հաւատարմութիւնը, մանաւանդ մարդուս փոխյարաբերութիւններուն մէջ դրական դեր մը կը խաղայ ինչպէս եւ մարդ-Աստուած յարաբերութեան մէջ։

Հաւատարմութիւնը փոխադարձ է. այնքան որ Աստուած ալ հաւատարիմ է թէ՛ Իր Խօսքին, խոստումներուն եւ թէ՛ Իր արարածներուն։ Աստուած մանաւա՛նդ հաւատարիմ է Իր սահմանած օրէնքներուն։ Աստուած, նախ եւ առաջ յայտնելով Իր անունը, միանգամայն կը յայտնէ Իր հաւատարմութիւնը, որ միշտ կա՛յ եւ ցմիշտ է, ի զօրու է նաեւ անցեալի համար. «Ես եմ Աստուածը քու հայրերուդ» (ԵԼՔ. Գ 6), ինչպէս նաեւ գալիքին. «Ես քեզի հետ պիտի ըլլամ», (ԵԼՔ. Գ 12)։ Աստուած որ կը յայտնէ Իր անունը որպէս «Ես Եմ», կը յայտնէ Ինքզինք իբրեւ այն Աստուածը՝ որ միշտ հոն կայ, ներկայ՝ Իր ժողովուրդին մօտ, փրկելու, հոգալու, խնամելու համար զինք։ Եւ Աստուած երբ կ՚ըսէ. «Ես Եմ», կը յայտնէ նաեւ իր հաւատարմութիւնը՝ որ անժամանակ է եւ անփոփոխ։ Եւ ի դիմաց Աստուծոյ առինքնող եւ խորհրդաւոր ներկայութեան եւ Իր ներշնչած վստահութեան եւ հաւատարմութեան, մարդ կը տեսնէ իր փոքրութիւնը, անկարողութիւնը եւ անհաւատարմութի՛ւնը։

Աստուած միակ է. Իրմէ դուրս չկա՛ն աստուածներ։ Աստուած գերիվեր է աշխարհէն եւ պատմութենէն։ Անոր մէջ «չկայ փոփոխում եւ ո՛չ ալ ստուերը փոփոխութեան» (ՅԱԿ. Ա 17)։ Ինք է «Ան որ Է» յաւիտենից յաւիտեանս եւ այսպէս Ինք կը մնայ հաւատարիմ Ինքն իր հանդէպ եւ Իր խոստումներուն։ Աստուած, «Որ Էն», յայտնեց Ինքզինք Իսրայէլի իբրեւ Ան որ «հարուստ է շնորհքով եւ հաւատարմութեամբ», (ԵԼՔ. ԼԴ 6)։ Իր բոլոր գործերուն մէջ Աստուած ցոյց կու տայ Իր բարեհաճութիւնը, Իր բարութիւնը, Իր շնորհքը, Իր սէրը. բայց նաեւ Իր վստահութիւնը, Իր հաստատամտութիւնը, Իր հաւատարմութիւնը, Իր ճշմարտութիւնը։

Հակառակ մարդոց ակնկալութիւններուն, Աստուած Իր տուած խոստումին Իր հաւատարմութիւնը ցոյց կու տայ եւ ցոյց տալու համար, կ՚ընտրէ անզօր եւ տկար նկատուածը. Աննան՝ մայրը Սամուէլի, Դեբորան, Հռութը, Յուդիթը եւ Եսթէրը եւ ուրիշ բազմաթիւ կիներ։ Մարիամ առաջին տեղը կը գրաւէ Տիրոջ այս խոնարհութեան եւ հաւատարմութեան։ «Աստուած այնքան մեծ է, որ կը գերազանցէ մեր գիտութեան սահմանը», (ՅՈԲ. ԼԶ 26)։

«Ամէն բառը կ՚առընչուի «հաւատալ» բառին արմատին հետ։ Այս արմատը արտայայտութիւնն է ամրութեան, վստահելիութեան, հաւատարմութեան։ Այսպէս հասկնալի կը դառնայ, թէ ինչու «Ամէն» բառը կրնայ նաեւ ըսուիլ մեզի հանդէպ Աստուծոյ հաւատարմութեան մասին, ինչպէս նաեւ մեր վստահութիւնը կ՚արտայայտէ եւ կ՚ըսուի մեր վստահութեան մասին՝ Անոր հանդէպ։ Եսայի մարգարէի մօտ՝ կը գտնենք «Աստուած ճշմարտութեան» կամ բառացիօրէն «Աստուած Ամէնի» արտայայտութիւնը, ըսելու համար թէ Աստուած հաւատարիմ է Իր խոստումներուն մէջ. «Ով որ կ՚ուզէ օրհնուիլ երկրի վրայ, պիտի ուզէ օրհնուիլ Ամէնի Աստուծմէ», (ԵՍ. ԿԵ 16)։ Յիսուս մեր Տէրն ալ յաճախ «Ամէն» բառը կը գործածէ, երբեմն կրկնուած ձեւով, ընդգծելու համար Իր ուսուցումին արժանահաւատութիւնը եւ Աստուծոյ Ճշմարտութեան վրայ հիմնուած Իր Իշխանութիւնը…։

- Մասամբ օգտուեցանք.- Ա. Ա. Պետիկեանի «Ծխնելոյզ» յօդուածէն, Նիւ Եորք, 1963։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 26, 2020, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2020