ՉԿԱՄՈՒԹԻՒՆ

Չհասութիւն՝ չհաս ըլլալ կը նշանակէ՝ պետական կամ եկեղեցիի օրէնքով մերձաւոր ազգականութեան պատճառով արգիլուա՛ծ ամուսնութիւն։ Այս իմաստով, ամուսնութեան օրինաւորութեան գլխաւոր արգելքներէն մին է նաեւ չհասութիւնը։

Ամենահին ազգերու, մինչեւ իսկ մտաւոր եւ բարոյական զարգացման ամենաստոր աստիճանի վրայ կանգնած ազգերը եւ վայրենաբարոյ ցեղերը միշտ համարած են ամուսնութիւնը իբրեւ սուրբ, բարոյական կապ երկու ամուսինի, այսինքն՝ այր-մարդու եւ կին-մարդու մէջ։

Նոյնպէս միշտ սուրբ համարուած է այն բնական-բարոյական կապը, որ կը գոյանայ ամուսնութենէն ընտանիքի անդամներու մէջ, եւ այս այն աստիճան, որ ինք բնութիւնը կը ստեղծէ տեսակ մը անարատ սէր դէպի իր ազգականը, տեսակ մը զզուանք, տհաճութիւն դէպի սեռական յարակցութիւնը կամ ամուսնութիւնը նոյն ընտանիքի անդամներու մէջ, մերձաւոր ազգականներու մէջ։

Այս բնական զգացումով՝ որ յատուկ է միայն մարդուն իբրեւ գլխաւոր յատկանիշներէն մէկը, որով ան կը տարբերի եւ կը գերազանցէ անբան-անասուններէն, մարդիկ միշտ անկարելի եւ աններելի՛ կը համարեն ո՛չ միայն ապօրինի սեռական յարակցութիւնը, այլ եւ օրինաւոր ամուսնութիւնը միեւնոյն ընտանիքի մերձաւոր անդամներու մէջ, զոր օրինակ՝ հօր եւ աղջիկի կամ մօր եւ որդիի մէջ… եւ եթէ երբ եւ իցէ ներելի է ամուսնութիւնը համարուիլ հարազատ եղբօր եւ քրոջ մէջ, ինչպէս երբեմն Եգիպտոսի մէջ, կամ ինչպէս Փերուի՝ Ամերիկայի բնիկ վայրենիներու մէջ, այդ երբեք ներելի եւ օրինաւոր չէր համարուեր հօր եւ աղջիկի կամ մօր եւ որդիի մէջ։

Պատմական եւ մանաւանդ իրաւաբանական վկայութիւնները կը ցուցնեն, որ իւրաքանչիւր ազգի մտաւոր-բարոյական զարգացման հետ զարգացած է նաեւ այդ վսեմ գաղափարը՝ ամուսնութեան սրբութեան վրայ, որով աւելի եւ աւելի՛ հեռաացած է օրինաւոր ամուսնութեան սահմանը նոյն ընտանիքի անդամներուն մէջ։

Բացի բնական զգացմունքէ եւ բարոյական օրէնքէ, կայ նաեւ ուրիշ նշանաւոր պատճառ մը, որ հարկաւոր կ՚ընէ չհասութեան սկզբունքը։ Գիտնական կենսաբանական (ֆիզիոլոգիտական) հետազօտութիւնները ե՛ւ որ գլխաւորն է՝ կեանքի բազմաթիւ փորձերը դարերու ընթացքին, կը հաստատեն, որ մերձաւոր ազգականներու ամուսնութենէն ծնած զաւակները սովորաբար սակաւակեաց՝ կարճ ապրող, նուազ եւ թոյլ են թէ՛ ֆիզիքական կազմուածքով եւ թէ մտաւոր-բարոյական ուժերով, սակաւ ընդունակ առողջ սերունդ յարուցանելու իրենց կողմէ, եւ այլն։ Ուստի եւ վնասակա՛ր է մարդկութեան կանոնաւոր աճման եւ զարգացման համար շատ մերձաւոր ազգականներու ամուսնութիւնը իրարու հետ։

Այս ընդհանուր կանոնը կը ստուգուի նաեւ պատմաօրինակներով, մի քանի երեւելի ընտանիքներ բոլորովին ջնջուեցան յատկապէս մերձաւոր ազգականներու ամուսնութիւններու պատճառով։

Վերջապէս՝ կայ ե՛ւ երրորդ հիմնաւոր պատճառ մը։

Ամուսնութեան միջնորդութեամբ ընտանիքներ կը կապուին իրարու հետ սիրոյ եւ բարեկամութեան կապերով, որուն կը հետեւի հասարակական կեանքի մէջ խաղաղութիւն, իսկ ան շատ կը նպաստէ քաղաքակրթութեան։ Քիչ չեն պատմութեան մէջ օրինակները ինչպէս երկու պետութիւն երկարատեւ թշնամական յարաբերութիւններէն յետոյ կը բարեկամանան իրենց թագաւորներու կամ արքայազուններու ամուսնութեան միջնորդութեամբ։ Եթէ մեր լուսաւորուած եւ քաղաքակրթուած դարուն ամուսնութիւնը ունի այդպիսի մեծ նշանակութիւն, առաւել եւս մեծ էր այդ հին դարերուն, երբ իւրաքանչիւր ընտանիքը առանձինն ցեղ մը կամ տոհմ մը ներկայացնելով՝ միշտ թշնամական յարաբերութիւններ ունէր դէպի միւս ցեղերը։ Իսկ ազգականները նաեւ առանց ամուսնութեան միջնորդութեան կապուած են իրարու հետ ընտանեկան-բարոյական սերտ կապերով։

Ահաւասի՛կ, այսպիսի բազմատեսակ հանգամանքներն են պատճառը, որ որպէս հին, նոյնպէս նաեւ նոր դարերու ազգերու թէ՛ կրօնական եւ թէ՛ աշխարհական օրէնսդրութիւններու մէջ կը տեսնուին միշտ կանոններ եւ օրէնքներ, որոնք կ՚արգիլեն ամուսնութիւնը միեւնոյն ընտանիքի անդամներու մէջ։

Այն կապը, որով ընտանիքի անդամները կապուած են իրարու հետ, կը կոչուի ազգականութիւն կամ ազգակցութիւն «cognatio»։

Հռովմէական իրաւաբանութիւնը երկու նշանակութիւն կու տար «cognatio» բառին, մին աւելի ընդարձակ իբրեւ առհասարակ ազգականութիւն, եւ միւսը աւելի նեղ՝ իբրեւ մասնաւորապէս ազգականութիւն իգական սեռի կողմէ, որու հակառակ արական սեռի կողմէ ծագած ազգակցութիւնը կը կոչուէր «agnatio». հօր կողմէ կողմնական արու ազգակցութիւն։

Այսպիսի խտրութիւնը յայտնի չէր հին օրէնսդրութեան մէջ, այլ մտաւ յետոյ, երբ հզօրացաւ ընտանիքի նշանակութիւնը, եւ ստացաւ իր իրական իմաստը եւ արժէքը. այդ նշանակութիւնը պահպանելու համար արական սեռի սերունդի մէջ։ Յուստինիանոս խափանեց այդ խտրութիւնը։

Ընտանիքը առտնին Եկեղեցի՛ մըն է…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Փետրուար 9 2023, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Փետրուար 11, 2023