ՏԱՐԲԵՐ ՆԱՄԱԿՆԵՐ

Անցնող շաբթուան ընթացքին համացանցի ճամբով նամակ ստացայ երեք տարբեր պոլսահայ ընթերցողներէ, որոնք տուին այն ուրախութիւնն ու լաւատեսութիւնը, որ տակաւին այս պայմաններու մէջ նոյնիսկ, թէեւ թիւով քիչ, կը գտնուին անձեր, որոնք կը շարունակեն կարդալ հայկական մամուլը, որոնց համար կ՚աշխատինք ու կը գործենք:

Անոնցմէ առաջինը Յարութիւն անունով մարդ մըն էր. նամակին մէջ մեծահասակ մարդը կը գրէր. «...ինչպէս գիտէք երթալով հայերէն կարդացողներուն թիւը կը նուազի եւ շատ քիչ մարդ հայերէն կը կարդայ: Թերթերը նիւթական նեղութեան մէջ ըլլալով գոցուելու վտանգի տակ են եւ ահազանգ կը հնչեցնեն: Արդեօք ձեր այս գրութիւնները Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին մէջ քանի՞ հոգիներու կողմէ կը կարդացուին: Քանի՞ հոգի թերթ կը ստանայ, քանի՞ հոգի համացանցէն ժամանակ կը տրամադրէ Ձեր գրութիւնները կարդալու համար...»:

Նամակագիրին տուած հարցումը յաճախ մենք ալ մեր անձերուն հարց կու տանք. կը սկսինք մտածել, թէ որո՞ւ համար կը գրենք... այսօր մեր թերթերն ալ նման են մեր եկեղեցիներուն, ուր կայ պատարագ ու պաշտամունք՝ առանց հաւատացեալներու: Եթէ քահանային հարց տաս, թէ առանց հաւատացեալի ինչո՞ւ համար կը շարունակես պատարագ մատուցել, պիտի պատասխանէ, թէ այդ մէկը Աստուծոյ համար է, որ կ՚ընէ ո՛չ մարդոց. յաճախ մենք ալ նոյն տրամաբանութեամբ մենք մեզ կը համոզենք, թէ հայ լեզուի գոյատեւման ի խնդիր կը շարունակենք լոյս ընծայել:

Այնուամենայնիւ, Յարութիւնի նամակը փաստ էր, որ ինչպէս ամէն եկեղեցի կ՚ունենայ իր մէկ հաւատարիմ հաւատացեալը, որ ամէն կիրակի ներկայ կ՚ըլլայ պատարագներուն, նոյնպէս ԺԱՄԱՆԱԿ-ը ունի իր թիւով քիչ հաւատարիմները, որոնք պարտք կը համարեն կարդալով գոյութիւնը ապահովել ա՛յն պատմական թերթին, որուն տարիքը մէկ դարը կը գերազանցէ:

***

Երկրորդ նամակը ստացայ Օշին անունով ընթերցողէ մը. նամակագիրը «Հայկական անցեալէն պատմութեան մէջ այսօր»ին մէջ սխալ մը տեսնելով կը գրէր, թէ «Երկրորդ էջին վրայ Մազտա Յարութ չէ, պէտք է Մակտա Յարութ ըլլայ»: Փոխադարձ նամակով շնորհակալութիւն յայտնեցի նամակագիրին իր բծախնդրութեան համար, որովհետեւ որպէս մարդ արարածներ մեր մէջ ունինք սխալելու հակումը: Շնորհակալ էի սխալը մատնանշելու համար, որովհետեւ այդ մէկը փաստ էր, թէ ինք կը կարդայ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը:

Սակայն կայ խնդիր մը, որ կը փաստէ, թէ մամուլի գործը ապերախտ գործ մըն է. մինչեւ այսօր ԺԱՄԱՆԱԿ-իի էջերուն մէջ հրատարակած ենք աւելի քան 240 անձերու կենսագրութիւններ, ամէնօրեայ դրութեամբ գտնելով ծնող եւ կամ մահացող անձնաւորութիւն մը, որ արժէք կը ներկայացնէ. այս ինը ամիսներու ընթացքին «վարձքդ կատար» չըսող հանրութիւն մը սխալի մը դիմաց պատրաստ է նամակ գրել ու մատնանշել. 239 ճիշդ գրութիւնը այնքան կարեւորութիւն կրնայ չունենալ ինչքան այդ մէկ սխալը, որուն ամբողջական պատասխանատուութիւնը կրելու գիտակցութիւնն ու քաջութիւնը ունինք: Սխալին մատնանշումը ցոյց կու տայ անոր ընթերցումը, սակայն շատ անգամ որպէս մարդ կը սպասենք գնահատումը նաեւ մեր աշխատանքներուն, որովհետեւ մեր շուրջ գնահատողներէն աւելի ունինք քննադատողներ, որոնք իւրաքանչիւր սխալի դիմաց պատրաստ են զոհելու հազարաւոր ճիշդերը:

***

Երրորդ նամակը ստացայ պոլսահայ համալսարանական օրիորդէ մը, որ ուրախութեամբ կը յայտնէր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ հրատարակուած գրութիւններու ընթերցումը: Աշակերտուհին կը յայտնէր, թէ իր համալսարանական թէզերու պատրաստութեան համար կարիքը ունի պոլսահայ անձերու կենսագրութիւններու, պատրաստելու համար աշխատութիւն մը, որ ցոյց կու տայ հայ ժողովուրդին ունեցած դերը պոլսահայ կեանքէն ներս: Երիտասարդուհիին ընտրած նիւթը պատճառ եղաւ, որ ես եւս ժամանակ տրամադրեմ աւելիով ուսումնասիրելու պոլսահայերու կեանքը. պրպտումներու ընթացքին գտայ Արաքսի Չէթինեանի մասին, որ եղած է Թուրքիոյ մէջ կազմակերպուած առաջին գեղեցկութեան մրցոյթին մրցանակակիրը: Գտայ Մայտա Արէլի մասին, որ եղած է յայտնի նկարիչ ու թուրք պետութեան կողմէ արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու եւ գնահատականներու: Գտայ Զարուհի Գաւալճեանը, որ Թուրքիոյ ամբողջ տարածքին եղած է առաջին կին բժշկուհին: Տակաւին այդ պրպտումները արդիւնք պիտի տան բազմաթիւ անուններով, որոնց մասին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի էջերուն մէջ գրելու փորձ մը պիտի փորձենք կատարել, որովհետեւ յաճախ թշնամութեամբ յիշուող հայ եւ թուրք ժողովուրդները, իրենց թշնամութեան կողքին ունին նաեւ մշակութային մեծ ու հսկայական աշխարհ մը եւ թրքական մշակոյթին եւ կեանքին մէջ անուրանալի է հայ ժողովուրդին ներդրումն ու դերը:

Վերոյիշեալ երեք նամակներն ալ կու գան ըսելու, որ տակաւին պէտք է շատ աշխատանք ունինք ընելիք:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԱՐԱՄԲԷԵԱՆ

(1926-1986)

Մեր թուականէն 36 տարիներ առաջ՝ 11 մայիս 1986-ին Երեւանի մէջ մահացած է նկարիչ եւ Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ Յովհաննէս Շարամբէեան:

Նկարիչը ծնած է 18 օգոստոս 1926-ին, Երեւանի մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Երեւանի դպրոցներէն մէկուն մէջ եւ ապա ընդունուած է Փանոս Թերլէմէզեանի անուան գեղար-ւեստի ուսումնարան, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է: Այնուհետեւ ուսումը շարունակած է Երեւանի Գեղարուեստի եւ թատրոնի կաճառէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1951 թուականին:

Շարամբէեան 1947 թուականին Դիլիջանի մէջ հիմնած է նկարչական փոքր դասարան մը, որ ապագային վերածուած է նկարչական դպրոցի. անոր ջանքերով 1958-ին Դիլիջանի Երկրագիտական թանգարանին քով հիմնուած է արուեստի թանգարան: Արուեստագէտը 1978-1986 թուականներուն ստանձնած է Հայաստանի Ժողովրդական արուեստի պետական թանգարանի տնօրէնի պաշտօնը:

Մշակոյթի կողքին Շարամբէեան զբաղած է մշակութային եւ հասարակական գործունէութեամբ: Տակաւին աշակերտական տարիներէն որպէս գլխաւոր նկարիչ աշխատած է Դիլիջանի Յասմիկ Յակոբեանի անուան ժողովրդական թատրոնին մէջ: Իր նկարչական գործերով արուեստագէտը առաջին անգամ ցուցահանդէսի մասնակցած է 1953 թուականին, որմէ երեք տարիներ ետք՝ 1956 թուականին ընդունուած է որպէս Հայաստանի Նկարիչներու միութեան անդամ եւ ստանձնած է Գեղարուեստի խորհուրդի նախագահի պաշտօնը։ 1967 թուականին դարձած է Հայաստանի Նկարիչներու միութեան վարչութեան անդամ եւ ստանձնած է Հայաստանի Ժողովրդական արուեստի պետական թանգարանի նախագահի պաշտօնը:

Նկարչութեան կողքին արուեստագէտը մասնակցած է Դիլիջանի յատակագիծի պատրաստման աշխատանքներուն եւ պատրաստած՝ շէնքերու նախագիծեր:

Արուեստագէտի յայտնի գործերէն են «Յակոբ Բիձայի դիմանկարը», «Հովիւ Պօղոսեանի դիմանկարը», «Աշունը սարերում», «Աշնանային տերեւներ», «Էջմիածինի հին տուները» եւ այլ աշխատութիւններ, որոնք կը պահուին Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին, ինչպէս նաեւ Ռուսական Տրետիակովեան պատկերասրահէն ներս:

Իր անհատական գործերով արուեստագէտը ցուցահանդէսներ ունեցած է Փարիզի, Պուլկարիոյ, Սեն Փեթերսպուրկի, Երեւանի եւ այլ վայրերու մէջ: Շնորհիւ իր վաստակին, 1967 թուականին արժանացած է Հայաստանի Վաստակաւոր նկարիչի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Արուեստի վաստակաւոր գործիչի կոչումներուն:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂ­ԼԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մայիս 11, 2022