ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ԱՏՈՂ ՀԱՅՐԵՆԱՍԷՐՆԵՐ

Գրական ճանապարհորդութեան ընթացքին որոշած եմ ընդհանրապէս քաղաքական նիւթեր չշօշափել, ժամանակաւոր ու անցաւոր գտնելով այդ մէկը, որովհետեւ քաղաքականութիւնը ուրի՛շ բան չէ, եթէ ոչ ազգերու, կուսակցութիւններու եւ տարբեր տարբեր խմբաւորումներու մէջ գոյութիւն ունեցող ընթացքին հաշիւներ, որոնք ցանկացած պահու ատակ են փոփոխութեան եւ յեղաշրջման ենթարկուելու՝ ի խնդիր այս կամ այն կողմի անյայտ շահերուն:

Սակայն, քաղաքականութիւն ըսելով պէտք չէ հասկնալ միայն ազգերու միջեւ գոյութիւն ունեցող միջյարաբերութիւնները եւ կամ խմբաւորումներու իրարու հանդէպ որդեգրած կեցուածքները, այլ քաղաքականութիւն է այսօր գրեթէ ամէ՛ն բան. մեր գրածը, մեր խօսածը, բարեկամներու հետ ունեցած մեր յարաբերութիւնները, արիւնակիցի հետ անձնական կապակցութիւնները, սակայն իմ հրաժարածս առաջինն տեսակն է:

Ցայսօր մեր քննադատութեանց մէջ փորձած ենք ո՛չ անուն, ո՛չ կուսակցութիւն եւ ո՛չ ալ խմբաւորումներ յիշել, որովհետեւ մեզ հետաքրքրողը երեւոյթներն ու անոնց հանդէպ մեր մօտեցումներն են եւ ո՛չ ընողները, որովհետեւ արդար քաղաքականութիւնը կը պարտադրէ առաջ արարքը դատել եւ ետքը արարքը գործադրողը՝ մնալու համար արդարութեան սահմանումին մէջ:

Ֆրանսացի դիւանագէտ Թալէրան կ՚ըսէր, թէ «քաղաքականութեան մէջ սխալը ոճիրէ աւելի բան մըն է», եւ ցաւ ի սիրտ այդ ոճիրը մեր ազգի դիւանագէտներուն ու քաղաքականութեամբ զբաղուող մասսային մօտ ամէնօրեայ «պարտաւորութիւն» մըն է:

Հետեւաբար այս յօդուածը քաղաքականութենէ հեռու է:

***

Վերջերս համացանցի վրայ նկատեցի, որ ոմանք սկսած են Հայաստանի ներկայ պայմաններու գովասանքը կատարել. անձեր որոնք Հայաստանի ծաղկման ու յառաջդիմութեան ներբողները կը դառնան: Գովքը կը հիւսէին Հայաստանի տնտեսական, ապահովական, կրթական, մշակութային եւ գրեթէ բոլոր բնագաւառներէ ներս ունեցած այժմու ծաղկեալ վիճակին:

Յաճախ յարձակողական դիրք կ՚ունենային անոնց հանդէպ, որոնք այս կամ այն ձեւով կը փորձէին մատնանշել սխալ մը, քննադատութեան արժանացնել օրուայ իշխանութիւնները:

Անցեալները, վերոյիշեալ պաշտպան փաստաբաններէն մին կը փորձէր հակառակիլ անձի մը յանդիմանական գրառումին, յայտնելով այն մտածումը, որ Հայաստան ներկայ իշխանութեան օրօք շա՜տ բարձր մակարդակ ստացաւ:

Զարմանալին գրառումները չէին, այլ՝ պաշտպանեալի դերը վրան վերցուցած մարդուն Հայաստանէն գաղթած հայ ըլլալը. կ՚ապրի Եւրոպա, սակայն սքան-չացած է Հայաստանի ներկայ իրավիճակով:

Հարց. եթէ իր կարծիքով հայրենիքը այդքա՛ն բարձր, առողջ ու բարգաւաճ վիճակի մէջ է, ինչո՞ւ համար չե՛ն վերադառնար Հայրենիք: Անցեալին կար մտածում մը, որ Հայաստանը միա՛յն Հայաստանի մէջ ապրող հայուն կը պատկանի (որուն համաձայն պիտի չըլլայինք) եւ հետեւաբար միա՛յն Հայաստանի մէջ ապրող հայը իրաւունք ունի կարծիք յայտնելու՝ երկրին դրական կամ ժխտական ընթացքին առընչութեամբ:

Ցաւ ի սիրտ, այսօր մեր մէջ շատ են այնպիսիները՝ որոնք վայելելով օտար երկիրներու փառքերը՝ հեռուէն կ՚ուզեն մէյ մէկ քաղաքագէտներ, վերլուծաբաններ դառնալ, քննադատել եւ կամ գովաբանելով այս կամ այն կառավարութիւնը, անձը եւ կամ երեւոյթը:

Եթէ՛ համոզուած ես իրապէս թէ ներկայ Հայաստանը իր բարձունքին մէջ է, պէտք է վերադառնաս Հայաստան եւ կեանքդ հաստատես Հայաստանի մէջ, մինչ Հայաստանի գովքը հիւսելով եթէ կը շարունակես մնալ օտար ափերուն՝ վայելելով օտարին բարիքները, կը նշանակէ, թէ տակաւին հայրենիքդ այն չէ՝ որուն մասին կ՚երազես եւ կամ երազած ես:

Կրակէն հեռու նստելով՝ տաքութիւն չզգալը շատ պարզ ու բնական երեւոյթ է: Հետեւաբար սփիւռքի մէջ ապրող անձ մը տեսնէք՝ որ Հայաստանի ներկայ իրավիճակի գովքը կը հիւսէ, առաջարկեցէ՛ք որ հաստատուի Հայաստան՝ եւ չի՛ բաւարարուի գովաբանութեամբ հակասելու ի՛նք իր խօսքերուն: Խօսիլ՝ բայց չընել, գովել՝ բայց չվստահիլ ու չհաստատուիլը ուրիշ բան չէ՛, եթէ ոչ անձնապաշտութիւն եւ հաճոյապաշտութիւն, ինչ որ ճշմարիտ քաղաքականութեան մեծագոյն թշնամիներն են:

Հայրենիք սիրելը, հայրենիքով ապրիլը խօսքէն աւելի գործ, ընթացք մը կը պարտադրէ:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԻՆՏՐԱ
(1875-1921)

Մեր թուականէն 146 տարիներ առաջ՝ 11 սեպտեմբեր 1875-ին Պոլսոյ մէջ ծնած է բանաստեղծ, քննադատ եւ փիլիսոփայ Ինտրա (բուն անունով՝ Տիրան Չրաքեան):

Ինտրա նախնական կրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ Ս. Խաչ նախակրթարանին մէջ եւ ապա  ընդունուած է Պէրպէրեան վարժարան: Որոշ ժամանակ յաճախած է նաեւ Պոլսոյ գեղարուեստի վարժարանը:

Չրաքեան 1897 թուականին մեկնած է Փարիզ, կատարելագործելու համար իր նկարչական տաղանդը. ապա վերադարձած է Պոլիս հայկական վարժարաններու մէջ ուսուցչութեան պաշտօն վարելու: Ուսուցչութեան ժամանակաշրջանին զբաղած է գրականութեամբ եւ գրած է յօդուածներ, ուսումնասիրութիւններ, տպաւորութիւններ եւ բանաստեղծութիւններ: 1906 թուականին հրատարակած է իր առաջին գիրքը՝ «Ներաշխարհ»ը, որուն յաջորդած է «Նոճաստան» բանաստեղծական ժողովածոն: Ինտրա աչքի ինկած է առաւելաբար իր փիլիսոփայական մտածումներով, որոնց մէջ շօշափած է մարդը, տիեզերքը, հոգեւոր եւ նիւթական աշխարհներն ու անհունը:  Ան որպէս գրչանուն օգտագործած է Ինտրա՝ որ տառադարձութիւնն է Տիրան անունին:

Մեծանուն գրողը 1895-1896 թուականներու ջարդերուն պատճառով ունեցած է հոգեկան տագնապներ եւ 1915 թուականէն ետք ամբողջութեամբ կորսնցուցած է հոգեկան հաւասարակշռութիւնը:

Ցաւ ի սիրտ, 1921 թուականին ձերբակալուած է խռովութիւններ սերմանելու մեղադրանքով եւ աքսորի ենթարկուած: Չդիմանալով տանջանքներուն մահացած է աքսորի ճամբուն վրայ՝ 6 յունիս, 1921 թուականին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2021