ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ ԽՕՍՔԻՆ

Աստուածաշունչը Աստուծոյ խօսքն է եւ երբ այդ գրի առնուած է իբր «Սուրբ Աւանդութիւն» Սուրբ Հոգիին ներշնչումով, կը լուսաւորէ ճշմարտութիւնը։

Ան կը պահպանէ Յիսուս Քրիստոսէն եւ Սուրբ Հոգիէն առաքեալներուն յանձնուած Աստուծոյ խօսքը։ Ուստի այս «Սուրբ Աւանդութիւն»ը ամբողջութեամբ կը փոխանցուի յաջորդականութեամբ։

Ասկէ կը հետեւի, թէ միմիայն Աստուածաշունչէն չէ՛ որ կը քաղուի Յայտնութեան ստուգութիւնը բոլոր կէտերու մասին։ Ասոր համար՝ թէ՛ մին եւ թէ՛ միւսը հարկ է որ ընդունին եւ յարգուին, սիրոյ եւ յարգանքի հաւասար զգացումով։ Ուստի «Սուրբ Աւանդութիւն»ը պէտք է պահել, փոխանցել եւ տարածել հաւատարմութեա՛մբ։ «Աւանդութիւն»ը կու գայ առաքեալներէն, որ կը փոխանցէ ի՛նչ որ անոնք ընդունեցին Յիսուսի ուսուցումէն եւ օրինակէն եւ ի՛նչ որ ուսանեցան եւ ներշնչուեցան Սուրբ Հոգիէն։

Այս «Ուսուցումի Հեղինակութիւն»ը սակայն Աստուծոյ Խօսքէն ալ գերիվեր չէ, այլ անոր կը ծառայէ, ուսուցանելով միայն ի՛նչ որ իրեն փոխանցուած է, քանի որ «Ուսուցումի Հեղինակութիւն»ը Աստուծմէ տրուած պատուէրով եւ Սուրբ Հոգիին օգնականութեամբ, սիրով մտիկ կ՚ընէ այս Խօսքին, կը պահէ զայն սրբութեամբ եւ կը բացատրէ զայն հաւատարմութեամբ եւ հաւատքի այս միակ աւանդէն է, որ կը քաղէ ի՛նչ որ ինք իբրեւ Աստուծմէ յայտնուած հաւատալիք կ՚առաջարկէ։ Հաւատացեալները, յիշելով Քրիստոսի խօսքը՝ որ ըսաւ Իր առաքեալներուն. «Ով որ ձեզ կ՚ունկնդրէ, զիս կ՚ունկնդրէ» (ՂՈՒԿ. Ժ 16), կ՚ընդունին հաւատարմութեամբ եւ հեզութեամբ այն ուսուցումները եւ ուղղութիւնները, զորս իրենց հովիւները կու տան իրենց զանազան ձեւերով եւ զանազան միջոցներով։

Բոլոր հաւատացեալները յայտնեալ ճշմարտութեան հասկացողութեան եւ փոխանցումին բաժնեկից են։ Անոնք ընդունած են օծումը Սուրբ Հոգիին, որ կ՚ուսուցանէ զանոնք եւ կ՚առաջնորդէ դէպի ամբողջական ճշմարտութիւն. (ՅՈՎՀ. ԺԶ 13)։ Հաւատացեալներուն ամբողջութիւնը չի կրնար հաւատքին մէջ սխալիլ, եւ այս յատկութիւնը կը ցուցաբերէ շնորհիւ ամբողջ ժողովուրդին ունեցած հաւատքին եւ հաւատարմութեան գերբնական գիտակցումին, երբ որ ասիկա սկսեալ եպիսկոպոսներէն մինչեւ աշխարհական վերջին հաւատացեալը, հաւատքին, հաւատարմութեան եւ բարքերուն հայող ճշմարտութիւններուն ընդհանուրին հաւանութիւնը կ՚ընձեռէ։ Արդարեւ, շնորհիւ հաւատքին այս գիտակցումին, զոր ճշմարտութեան Հոգին արթո՛ւն կը պահէ եւ անոր թիկունք կը կանգնի, եւ նուիրական «Ուսուցումի Հեղինակութեան» առաջնորդութեամբ Աստուծոյ ժողովուրդը անքակտելիօրէն փարած կը մնայ սուրբերուն մի անգամ ընդ միշտ փոխանցուած հաւատքին, զայն աւելի՛ խորունկէն կը ներթափանցէ, եւ որքան ներթափանցէ, ա՛յնքան աւելի հաւատարիմ, ըստ պատշաճի մեկնաբանելով եւ զայն իր կեանքին մէջ աւելի կատարելապէս եւ աւելի հաւատարմութեամբ գործադրելով։

Ուրեմն հաւատարմութիւնը առաքինութիւն մըն է. առաքինութիւն մը որ անձը կ՚ազնուացնէ, զօրաւոր նկարագիր մը կը հիմնէ, ինքնութիւն կ՚ապահովէ ենթակային եւ հետզհետէ կը մօտեցնէ զայն ճշմարտութեան՝ աստուածճանաչութեա՛ն։

Բազմաթիւ պարագաներու մէջ, քրիստոնեան կոչուած է «խոստում կատարելու» Աստուծոյ։ Մկրտութիւնը եւ Դրոշմը, Ամուսնութիւնը եւ Ձեռնադրութիւնը միշտ «խոստում» ունին։ Առանձնական բարեպաշտութեամբ քրիստոնեան այլեւս կրնայ Աստուծոյ խոստանալ արարք մը, աղօթք մը, ողորմութիւն մը, ուխտագնացութիւն մը, եւ այլն։ Հաւատարմութիւնը Աստուծոյ տրուած մեր խոստումներուն հանդէպ արտայայտութիւնն է այդ յարգանքին, զոր պարտինք մեծվայելչութեան եւ սիրոյն, ի յարգանս հաւատարիմ Աստուծոյ։ «Ուխտ»ը, որ կարելի եւ լաւագոյն բարի գործ մը կատարելու Աստուծոյ տրուած «ազատ խոստում»ն է, պէտք է գործադրուի կրօնասիրութեան եւ հաւատարմութեան առաքինութեան տիտղոսով։ Ուխտը բարեպաշտական արարք մըն է, որով քրիստոնեան ինքզինք կը նուիրէ Աստուծոյ եւ կամ բարի գործ մը կը խոստանայ Անոր։ Ուխտի հաւատարիմ մնալ՝ անձին հաստատակամութեան եւ հաստատամտութեան ստուգանիշն է։ Իր ուխտերուն կատարումով, քրիստոնեան ուրեմն Աստուծոյ կը դարձնէ ի՛նչ որ Անոր «խոստացած» եւ նուիրած էր։ Եւ ահաւասիկ, հաւատարմութիւնը կարեւոր դեր կը կատարէ խոստումին իրականացման ընթացքին։

«Առաքեալներու գործերը» ցոյց կու տան մեզի Պօղոս առաքեալի հաւատարմութիւնը՝ իր տիպար նախանձախնդրութիւնը գործադրելու՝ խոստումները եւ ուխտերը զորս ըրած էր։

Տէրունական աղօթքին մէջ, երբ «Հայր մեր» կ՚ըսենք, «մեր» ածականը ցոյց կու տայ, որ նախ կը ճանչնանք, թէ մարգարէներու կողմէ աւետուած Հօր սիրոյ բոլոր խոստումները իրականացած են նոր եւ յաւիտենական ուխտին մէջ՝ Իր Օծեալին միջոցով։ Ասիկա փոխադարձ պատկանելիութիւն մըն է։ Յետոյ մենք պարտինք սիրով եւ հաւատարմութեա՛մբ պատասխանել «շնորհքին եւ ճշմարտութեան», որոնք մեզի շնորհուած են Տէր Յիսուսով…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 1, 2019, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 11, 2019