ԱՍՏՂԻ ՄԸ ԾՆՈՒՆԴԸ

Մեր հայկական իրականութեան մէջ բազմաթիւ են այն անհատները, որոնք իրենց անունը ոսկի տառերով գրած են պատմութեան էջերուն մէջ, սակայն ժամանակի ընթացքին: Այս իրողութեան մեծագոյն փաստերէն մէկը Կարմիր Կիրակին է. 1915-ի ապրիլ 24-ի գիշերը որպէս առաջին հոսք ձերբակալուեցան 235 մտաւորականներ, որ վերջաւորութեան Վահագն Տատրեանի ուսումնասիրութեան համաձայն հասաւ 2345-ի:

Մենք անոնցմէ քանի՞ն կը ճանչնանք. հազիւ տասն եւ առաւելագոյնը քսան անուն պարզապէս:

Անունը պատմութեան մէջ գրուած, սակայն ժողովուրդի կողմէ մոռացութեան տրուած մեծութիւններէն մէկն է դերասանուհի Ազնիւ Մինասեանը, որ ծանօթ է առաւելաբար Հրաչեայ բեմական անունով:

Օսմանեան կայսրութեան մէջ այնքա՛ն կը տարածուի Ազնիւ Մինասեանի համբաւը, որ օրին դերասանուհին ճանչնալ կ՚ուզէ բանաստեղծ, արձակագիր ու հեքիաթագիր Յովհաննէս Թումանեանը եւ կը խնդրէ դերասանուհիէն, որպէսզի գրէ ինքնակենսագրական մը: Ազնիւ պատասխանելով Թումանեանի խնդրանքին՝  «Անահիտ» ազգային գրական ու գեղարուեստական ամսագիրի 1909, ապրիլ-մայիս թիւին 12-րդ էջին մէջ կը գրէ. «Ազնիւ բարեկամ: Դուք խնդրեցիք եւ ստիպեցիք որ գրեմ իմ յիշողութիւններս: Առաջին պահուն ինձ համար շատ դժուար եղաւ ձեր խնդրանքը կատարել...», սակայն հակառակ դժուարութեան կը կատարէ խնդրանքը:

Ազնիւ Մինասեան ծնած է 20 մայիս, 1859-ին, Բերայի մէջ եւ եօթ տարեկան հասակին կոր-սընցուցած է հայրը: Փոքր տարիքէն կը սկսի տան մէջ իր ընտանիքի անդամներուն համար ներկայացումներ տալ, շատ անգամ նմանօրինակելով եկեղեցւոյ քահանան. ներկայացումներ, որոնք շատ անգամ լացի կը մատնէին տունի անդամները նոյնիսկ:

Ազնիւ իր դասերուն մէջ եղած է տկար աշակերտ մը, բառին ամբողջական իմաստով ծոյլ մը, այդ իսկ պատճառով դպրոցական ներկայացումներուն կամ հաւաքներուն զինք երբեք նկատի չեն առած: Առիթով մը, պարգեւաբաշխութեան առիթով կազմակերպուած ներկայացման պատրաստութիւններու ընթացքին դասընկերուհիներէն մէկը անյաջող փորձ մը կ՚ունենայ եւ Ազնիւ ուսուցիչէն կը խնդրէ, որ իրեն յանձնեն այդ դերը, սակայն կը մերժուի. «Ծո՛յլ, ամէն օր դասարանի մէջ գէշ նօթեր կ՚առնես, ասոր մէջ ինչպէ՞ս պիտի յաջողիս», սակայն Ազնիւի թախանձագին խնդրանքներուն վրայ տեղի կու տայ եւ դերը կը տրուի Ազնիւին:

Ազնիւ իր առաջին դերը ստանձնելու վայրկեանը հետեւեալ տողերով կը նկարագրէ. «Թէ ի՞նչ եմ զգացած այն րոպէին ուր դպայ այդ խաղը պարունակող տետրակին, նկարագրել անկարող եմ: Եթէ աղքատ մարդ մը վիճակահանութեան տոմսակ մը ունենար, եւ ինք առանց գիտնալու թէ իր տոմսակը արդէն մեծ թիւը շահած է՝ յանկարծ բերէին ոսկիները եւ ըսէին՝ ահա՛, քուկդ է, ինչ որ պիտի ըլլար այդ մարդուն հոգեբանական դրութիւնը՝ ահա այդ դրութեան մէջ էի...»:

Ներկայացման օրը ամենէն շատ ծափահարութիւն ստացողը կ՚ըլլայ ծոյլ Ազնիւը, որուն մասին օրուայ թերթերը գովեստով կը խօսին. այդ օր կը ստանայ բազմաթիւ ծաղիկներ ու գնահատականներ: Ներկայացումէն շաբաթ մը ետք Ազնիւ իր տան մէջ կազմակերպած ներկայացումներուն կը միացնէ իր դպրոցական բարեկամներէն մի քանին ու տան մէջ կը սկսին թատերախաղեր ներկայացնել, որուն ներկայ կ՚ուզեն ըլլալ նաեւ ուրիշներ:

Տան մէջ կազմակերպուած թատրոններէն մէկուն կ՚ուշանայ Ազնիւի բարեկամներէն Աղաւնի Զապէլը, որ թատրոնի մէջ աւելի հին էր քան Ազնիւը: Ուշացման որպէս պատճառ կը յայտնէ այլ թատրոնի մը փորձերուն երթալը եւ Ազնիւին կ՚ըսէ. «Ա՜խ, Ազնի՛ւ, գիտե՞ս, մենք պիտի ներկայացնենք «Թափառական հրեայ», որուն մէջ ես պիտի կատարեմ Պլաշնի դերը, իսկ Ռոզի դերը կատարող դեռ մէկը չունինք. եթէ Մաղաքեանը քեզ տեսնէր, կու գար մօրմէդ խնդրելու որ դուն կատարես Ռոզի դերը»: Ազնիւ խանդավառուելով այս նորութենէն կը խնդրէ բարեկամուհիին, որ անպայման տեսնէ Մաղաքեանը: Աղաւնիենց տան մէջ Մաղաքեան կը փորձէ Ազնիւի դերասանական շնորհքը եւ կը գոչէ՛ «գի՛ւտ է, գի՛ւտ...» եւ նոյն օրին իսկ կ՚երթայ Ազնիւի մօր մօտ՝ խնդրելու Ազնիւի մասնակցութիւնը թատրոնին, սակայն մայրը կը մերժէ, ըսելով.

-Ո՜չ, ո՜չ, իմ աղջիկս թատրոնի աղջիկ ըլլալու համար չէ ծնած, ո՛չ...

Այդ մերժումէն ետք ամբողջ շաբաթ մը Ազնիւ կը սկսի քունին մէջ զառանցել «Թոյլ տուր մայր, թոյլ տուր...». կ՚ունենայ սաստիկ ջերմ, կը սկսի չճաշել ու դուրս չգալ անկողինէն, մինչեւ իսկ առողջութիւնը վտանգելու գնով, որմէ ետք, բժիշկի խորհուրդին վրայ մայրը կ՚արտօնէ Ազնիւի բեմ բարձրանալը, պայման յայտնելով՝ որ միայն մէկ անգամուայ համար կ՚արտօնէ...:

Այսպիսով Ազնիւ կը ծանօթանայ իսկական թատրոնին եւ բեմին, որուն մթնոլորտին համար իր յիշատակներուն մէջ կ՚ըսէ. «Ինձ կը թուէր թէ աշխարհիս վրայ չկայ այդպիսի անուշահոտ բուրմունք»:

Թէեւ Ազնիւի դերը փոքր էր, սակայն դարձեալ ծափահարութիւններու կ՚արժանանայ եւ Մաղաքեանէն եւ թատրոնի թարգմանիչէն որպէս նուէր կը ստանայ 10 մեճիտիէ եւ կը պահէ տան կտուրին տակ:

•շարունակելի

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԱՌՆՕ ԲԱԲԱՋԱՆԵԱՆ
(1921-1983)

Մեր թուականէն 38 տարիներ առաջ՝ 11 նոյեմբեր 1983-ին Երեւանի մէջ մահացած է երաժշտահան, դաշնակահար ու ժողովրդային արուեստագէտ Առնօ Բաբաջանեան:

Բաբաջանեան ծնած է 22 յունուար 1921-ին, Երեւանի մէջ: Հայ երաժիշտ Արամ Խաչատուրեան նկատած է Բաբաջանեանի տաղանդը եւ որոշած է որ մանուկ Առնոն պէտք է երաժշտութեամբ զբաղի: Բաբաջանեան իր երաժշտական առաջին ստեղծագործութիւնը կատարած է ինն տարեկան հասակին. 1929-ին ընդունուած է Երեւանի Պետական երաժշտանոցի կից երաժշտական դպրոցը եւ ապա 1938-ին մեկնած եւ ընդունուած է Մոսկուայի Կնեսիններու անուան երաժշտանոցը, անմիջապէս դառնալով աւարտական դասարանի աշակերտ: Աւարտելէ ետք երաժշտանոցը՝ Բաբաջանեան ընդունուած է Չայքովսքիի անուան համալսարանի պետական երաժշտանոցի դաշնամուրի բաժինը: Բաբաջանեան 1950-1956 թուականներուն որպէս ուսուցիչ պաշտօնավարած է Երեւանի Երաժշտանոցէն ներս, այնուհետեւ մեկնած է Ռուսաստան, ուր շարունակած է ուսուցչագործել։ Երաժիշտը ունեցած է ստեղծագործական մեծ աշխատանք. ան ստեղծագործած է զանազան ոճերով, որոնց մէջ մեծ ներդրում ունեցած են Արամ Խաչատուրեանի եւ Սերկէյ Ռախմանինովի երաժշտութիւններուն Բաբաջանեանի վրայ ձգած ազդեցութիւնը: Բաբաջանեան սկսած է ժողովուրդականութիւն ձեռք ձգել իր «Հերոսական պալլատ» (1950) եւ «Դաշնամուրային թրիօ» (1952) ստեղծագործութիւններով: Օտար շրջանակներու մէջ եւս ժողովրդականութիւն վայելած է՝ ռուս բանաստեղծ Ռոպերթ Ռոժտեսթվենսքիի եւ երգիչ Մուսլիմ Մաքոմանիի հետ գործակցելու շնորհիւ:  Բաբաջանեան հեղին է բազմաթիւ ժապաւէններու երաժշտութեանց, որոնցմէ են «Առաջին սիրոյ երգը» (1958), «Երջանկութեան մեխանիկան» (1982), «Հարսնացուն հիւսիսից» (1975) եւ ուրիշներ:

Մինչեւ այսօր Բաբաջանեանի ստեղծագործութիւններն ու դաշնաւորած երաժշտութիւնները կը նուագուին նոյնիսկ օտարներու կողմէ եւ անոնցմէ ամենէն յայտնին է «Էլեգիա»ն: Շնորհիւ իր վաստակին Առնօ Բաբաջանեան արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու. ինչպէս՝ Խորհրդային Հայաստանի պետական երկու մրցանակները, դաշնամուրային երեք ստեղծագործութիւններու համար արժանացած է Չեխիոյ համաշխարհային ժապաւէնի փառատօնի 5-րդ մրցանակին, Թոքիոյի համաշխարհային մրցանակաբաշխութեան առաջին մրցանակին եւ բազմաթիւ ուրիշներ: Երաժիշտը արժանացած է Խորհրդային Հայաստանի Վաստակաւոր արուեստագէտի եւ Ժողովրդական արուեստագէտի կոչումներուն եւ ստացած՝ «Աշխատանքային Կարմիր Դրօշ» շքանշանը: 

Երեւանի մէջ իր անունով կոչուած է «Առնօ Բաբաջանեան» համերգասրահը, որ 1921-ին սկսած է գործել որպէս մշակոյթի տուն: Ճարտարապետ Լեւոն Իգիթեանի եւ քանդակագործ Դաւիթ Բեջանեանի աշխատութեամբ Տէրեան եւ Թումանեան խաչմերուկներու մօտ՝ Կարապի լիճին կից տեղադրուած է մեծ արուեստագէտին յուշարձանը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2021