ՄԱՐԴԸ՝ ՍԱ ԱՆԾԱՆՕԹԸ

Մարդ արարածը իրապէս «աշխարհ» մըն է՝ ինքն իրեն անծանօթ, ինքն իրեն օտար։ Եւ մարդ երբ չի ճանչնար ինքզինք, ապա ուրեմն ինչպէ՞ս ճանչնայ իր նմանը՝ ուրիշը, որ բոլորովին «տարբեր աշխարհ» մըն է։

Ահաւասիկ, այս իմաստով մարդը խորհուրդ մըն է՝ անիմանալի, անըմբռնելի եւ անծանօ՛թ։ Եւ ինչպէ՞ս ճանչնալ մարդը՝ որ արտաքին երեւոյթէն բոլորովին տարբեր ներքին աշխարհ մը ունի եւ շատ անգամ ծածուկ աշխարհ մըն է անոր ներաշխարհը, քանի որ ընդհանրապէս համեմատական չեն անոր այս երկու աշխարհները։ Ուրիշ խօսքով, տարբեր կը խորհի եւ տարբեր կը խօսի, եւ յաճախ բոլորովին տարբեր կը գործէ, մտածումին եւ խօսքին համաձայն չի շարժիր։ Այս պատճառով, «մարդ»ը հասկնալ, եթէ ոչ անկարելի, բայց շատ դժուա՛ր է։

Կեանքի ընթացքին, շատ անգամ, մարդիկ կը կարծեն, թէ կը ճանչնան իրենց ընկերը, բարեկամը, բայց յաճախ յուսախաբ կ՚ըլլան, քանի որ ծանօթ կարծուածը բոլորովին անծանօթ կ՚արտայայտուի եւ ճանչցուածը՝ օտա՛ր։

Բնական է ասիկա, քանի որ «մարդ»ը միշտ անծանօթ է եւ խորհուրդ մըն է՝ քօղարկուած ինքն իր մէջ՝ արտաքինով ծածկուած ներաշխարհ մը, ուր ինք նոյնիսկ օտար է եւ անծանօթ իրեն։

Առանձնանալ, երբեմն, մարդս կը մտերմացնէ իրեն, իր ներաշխարհին, իր էութեան եւ կը ծանօթանայ ինքն իրեն։ Քանի որ արտաքին ազդեցութիւններ մարդս հետզհետէ կը հեռացնեն եւ օտար կը դարձնեն ինքն իրեն։

Ուստի առանձնութեան համար, առանձնութիւն վայելելու համար պէտք է ժամանակի մը համար դուրս գալ ո՛չ միայն մարդոց ընկերութենէն, այլեւ նոյնիսկ տուներու ներքին մասէն։ Մարդ երբ կը կարդայ, եթէ կը գրէ, արդէն ան առանձին չէ, թէպէտ եւ իր մօտ ո՛չ ոք ըլլայ։ Եթէ մարդ «մինակ» ըլլալ կ՚ուզէ, թող աչքերը վերցնէ դէպի աստղերը։ Այն ճառագայթները՝ որոնք այս երկնային մարմիններէն կը թորին, պիտի բարձրացնեն անոր մարդկային ազգի որակը ռամիկ եւ տափակ իրականութենէն։ Մտապէս «տարբեր աշխարհ» մը փոխադրուիլ, հեռանալ սովորական մթնոլորտէն՝ ահաւասիկ այն ատեն մարդ կրնայ «մինակ» ըլլալ։

Արդարեւ, միջավայրին պատճառած մտահոգութիւններէ, մտատանջութիւններէ, մտմտուքներէ եւ ամէն տեսակ բացասական, ժխտական մտածումներէ հեռանալու, մէկ խօսքով՝ յոռետեսութենէ փրկուելու եւ հոգերը մասամբ թեթեւցնելու համար մարդ, ժամանակաւոր կերպով հեռանալու է իր վրայ ազդեցութիւն գործող միջավայրէն՝ մինակ մնալու է։ Անշուշտ ասիկա չի նշանակեր բոլորովին փոխադրուիլ «տարբեր աշխարհ» կամ օտար միջավայր։ Իրատեսութիւնը պէտք չէ կորսնցնէ մարդ բոլորովին։

Բայց կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ՝ մարդ իր հարցերուն լուծում գտնելու համար պէտք ունի հանդարտ խորհելու, պաղարիւն ըլլալու, եւ շիտակ խորհելու ամենադիւրին ճամբան ալ՝ հեռանալ է ամէն տեսակ արտաքին ազդեցութիւններէ, ճնշումներէ, կանխակալութիւններէ եւ նախապաշարումներէ։ Եւ ասիկա ալ կարելի է միայն «մինակ» մնալով, եւ ո՛չ առանձնանալով։ Քանի որ «մինակ ըլլալ» եւ «առանձին մնալ»՝ թէեւ մերձիմաստ վիճակներ են, բայց ըստ էութեան տարբեր հոգեվիճակներ են։

Կեանքի, երկար տարիներու փորձառութիւնը ասիկա ցոյց կու տայ՝ որուն օգուտը տեսնուած է շատ անգամ, նեղութիւններէ, դժուարութիւններէ, անել կարծուած կացութիւններէ դուրս գալու համար։ Յաղթելու համար քա՛ջ ըլլալու է մարդ, ինչպէս կ՚ըսէ Յիսուս իր իսկ տիպարը ցոյց տալով. «Այս բաները ըսի ձեզի, որպէսզի ինձմով խաղաղութիւն ունենաք։ Այստեղ, այս աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, սակայն քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ եւ յաղթեցի աշխարհին» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։ Ուրեմն քա՛ջ ըլլալ Յիսուսի օրինակով՝ Անոր պէս յաղթելու համար այս աշխարհի նեղութիւններուն։

Եւ Յիսուս ալ նեղութիւններուն մէջ, մտատանջանքներուն մէջ յաճախ մինակ մնաց, հեռացաւ եւ մինակ աղօթեց՝ զօրացաւ եւ քաջալերուեցա՛ւ։

Միայն խօսքով հաւատալ կարելի չէ, այլ գործադրել պէտք է խօսքը, եւ ուրեմն, եթէ իսկապէս կը հաւատանք, պէտք է գործադրենք եւ Յիսուսի օրինակով քա՛ջ ըլլանք եւ յաղթենք աշխարհի նեղութիւններուն։

Մարդիկ ինչո՞ւ նեղութիւն կ՚ունենան։

Մարդիկ ընդհանրապէս նեղութիւն կը զգան մարդկային յարաբերութիւններու պատճառով։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ յաճախ անհամաձայնութիւններ կը ծագին՝ որոնք մարդիկ իրենք կը ստեղծեն, որուն գլխաւոր պատճառը մարդոց զիրար չճանչնա՛լն է, որովհետեւ մարդիկ անկեղծ չեն իրարու հանդէպ. միշտ քօղարկուած եւ դիմակաւոր կը վարուին իրարու հետ…։

Եւ եթէ մարդիկ անկեղծ ըլլային, զիրար պիտի հասկնային, զիրար պիտի ճանչնային եւ ըստ այնմ տարակարծութիւններ պիտի ըլլար, բայց անհամաձայնութիւններ պիտի նուազէին՝ հասկացողութիւն եւ հանդուրժողութիւն պիտի տիրէր եւ նեղութիւններ հետզհետէ պիտի պակսէր…։

Ահաւասիկ, երջանիկ ըլլալու բացատրագի՛րը։

Երբ «մարդ»ու մասին է խօսքը, խորհողներու խորհուրդներէն փոքրիկ փունջ մը ահաւասիկ։

- Մարդ կը գործէ ինչպէս որ կը սիրէ, եւ կը սիրէ ինչպէս որ կը մտածէ. մտածումները կը կազմեն սիրտը եւ սիրտը կը կազմէ բարքը։

- Ուժեղ մարդը ան է, որ իր անձին կը յաղթանակէ։

- Մարդուս համար ճշմարիտ դժբախտութիւնն է այն, որ թերութեան մէջ կը գտնուի, եւ պատճառ մը կը գտնէ զինք չքմեղացնելու համար։

- Ես չհանդիպեցայ մարդու մը, որ սորվելիք բան մը չունենայի անկէ։

- Կ՚ուզէ՞ք ճանչնալ մարդ մը, անոր մեծ պաշտօն մը տուէ՛ք։

Մարդ միշտ «անծանօթ» է, պիտի մնայ միշտ «անծանօ՛թ…»։

Սեպտեմբեր 6, 2018, Իսթանպուլ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2018