ԱՍՏՂԻ ՄԸ ԾՆՈՒՆԴԸ

«Թափառական հրեայ»ի ներկայացումէն որոշ ժամանակ ետք Մաղաքեան կ՚երթայ Ազնիւի ուսումնարանը եւ կը յայտնէ, թէ «Վարդան» ներկայացման մէջ «Ոգի Հայաստանի» դերը կ՚ուզէ տալ դերասանուհիին. ներկայացման ընթացքին պէտք է երգէր ու արտասանէր: Մօրմէն գաղտնի Ազնիւ կը սկսի երթալ Տիգրան Չուխաճեանի մօտ եւ երգը սորվիլ:

Իր դերը կատարելապէս սորվելէ ետք Ազնիւ կը դիմէ իր մօր, որ դարձեալ կը մերժէ, սակայն Ազնիւի երգելն ու արտասանելը լսելէ ետք կու տայ իր համաձայնութիւնը: Ներկայացման օրը դարձեալ Ազնիւ կ՚ըլլայ ամենէն շատ ծափահարուողը եւ այնքա՜ն կը սիրուի իր կատարումը, որ բեմին վրայ անգամ մը եւս կրկնել կու տան. որպէս գնահատանք կը ստանայ 15 մեճիտիէ:

Յաջորդ օր մամուլը Ազնիւի մասին կը խօսի որպէս «տաղանդ» խնդրելով Մաղաքեանէն, որ աւելի մեծ դերեր տայ մեծ դերասանին: Քանի մը շաբաթ ետք Մաղաքեան «Հայկ Դիւցազն»ի Հայկանոյշի մեծ դերը կը յանձնէ Ազնիւին. այս անգամ մօրմէն հրաման ստանալը աւելի դիւրին կ՚ըլլայ. այդ ներկայացման մասին Ազնիւ կը գրէ. «Շատ շատ անգամներ ծափահարեց զիս (հանդիսատեսը) եւ ի տես կանչեց ուրախ տրամադրութեամբ: Այդ ժամանակուան թերթերը, Մասիս, Մանզումէ, Մամուլ գովեստով խօսեցան իմ մասիս». ներկայացման որպէս գնահատանք կը ստանայ 25 մեճիտիէ:

Հակառակ այս բոլոր իրագործումներուն, տակաւին Ազնիւի ընտանիքը չ՚անդրադառնար իրենց աղջկան ունեցած շնորհքներուն. օր մը իրենց տան մէջ գաղտնի կը լսէ մօր, մօրեղբօր եւ անոր կնոջ միջեւ գոյացած խօսակցութիւնը. մօրեղբօր կինը Ազնիւի մասին կ՚ըսէ. «Ի՞նչ է որ ընելիքն ինչ ըլլայ»: Այս խօսքերուն դիմաց Ազնիւ ջղայնանալով կը բերէ իր պահած մեճիտիէները եւ նետելով անոնց առջեւ կ՚ըսէ. «Եթէ ես ոչինչ եմ, ինչո՞ւ են տուեր ինծի այսչափ դրամ»:

***

«Վարդան»ը Ազնիւի վերջին թատերական ներկայացումը կ՚ըլլայ մինչեւ 1870 թուական՝ մինչեւ Բերայի մեծ հրդեհը: Բերայի մեծ հրդեհը պատճառ կ՚ըլլայ, որ Ազնիւ եւ իր մայրը կորսնցնեն ամէ՛ն բան։ Խօսելով հրդեհին մասին դերասանուհին կը յիշէ. «Շատերու հետ մենք ալ էինք այժմ անտուն, աղքատ, կիսամերկ, բոպիկ, որովհետեւ փողոցէն կրակին վրայէն անցած ատենս՝ իմ կօշիկներս եւ մօրս շրջազգեստը այրեցան»: Դերասանուհին ու մայրը կը փոխադրուին հայկական գերեզմանատուն եւ վրաններու տակ կը սկսին ապրիլ: Ազնիւ, որպէսզի կարենայ կօշիկ եւ մօրը համար հագուստ վերցնել՝ մօրմէն գաղտնի կ՚երթայ եւ կը ծախէ իր երկար ու ճոխ մազերը:

Օր մը երբ Ազնիւ վրանէն դուրս կը գտուի, մօրը կ՚այցելեն երկու անծանօթներ եւ կու տան թրքական երկու ոսկի Ազնիւին համար՝ ըսելով. «Ան ապագային հայ բեմին առաջին զարդը պիտի ըլլայ... ան մեր յոյսն է». այցելուները «Մամուլ»ի եւ «Մանզումէ»ի խմբագիրները կ՚ըլլան՝ Գէորգ Այվազեանն ու Կարապետ Փանոսեանը:

Այդ ահաւոր օրերուն թագաւորը թլփատութեան հանդէսներ կազմակերպել կու տայ եւ այս առիթով կը հրամայէ կազմակերպել ժողովրդական ներկայացումներ, որուն մէջ նկատի կ՚առնուի նաեւ Մաղաքեանի խումբը: Մաղաքեան Ազնիւին կ՚առաջարկէ 16 ոսկի՝ 15 օր տեղի ունենալիք ներկայացումներու համար. Ազնիւ այդ դրամը առնելով ամսական մէկ ոսկիի սենեակ մը կը վարձէ: Թագաւորական ներկայացումներէն ետք Մաղաքեան Ազնիւը անդամ կը դարձնէ Վարդովեանի խումբին՝ ամսական ութ ոսկիի դիմաց եւ այսպիսով Ազնիւ կը փոխադրուի Սկիւտար:

Այսպիսով Ազնիւ կը սկսի բեմ բարձրանալ ժամանակուայ յայտնի դերասաններ՝ Երանուհի եւ Վերգինա Գարագաշեան քոյրերը, Գարեգին Ռշտունի, Գէորգ Պէրպէրեան, Տիրան Գալֆայեան, Սերովբէ Պէնկլեան եւ այլ յայտնի անձերու հետ: Այդտեղ է, որ Ազնիւ առաջին անգամ կը տեսնէ ու կը ծանօթանայ Դուրեանի հետ: Սկիւտարի մէջ Ազնիւ աւելի կը փայլի, ներկայացման ազդերուն վրայ կը սկսուի գրուիլ իր անունը. շատեր զինք կ՚անուանեն Վարդանոյշ, իսկ ուրիշներ՝ «Հրաչեայ»։ Ազնիւի բառերով. «Սկիւտարի ժողովուրդը շատ համակրեցաւ ինծի»: Նոյն օրերուն Ազնիւ իր մասին «Մամուլ»ի մէջ կը կարդայ. «Կը յուսանք որ Սկիւտարի հասարակութիւնը գիտնայ գնահատել իր փոքրիկ սիրելի դերասանուհին»:

Ժամանակ մը ետք թուրք աւագանին կ՚որոշէ ներկայացնել «Քարթերին Հովարտ» թատերախաղը եւ կը ստիպեն Վարդովեանի, որպէսզի Քաթերինի դերը մէկ անգամ տան Ազնիւին, իսկ ներկայացման օրը Երանուհի Գարագաշեանին: Այս մէկը պիտի ըլլար Ազնիւի ամենամեծ ներկայացումը. Ազնիւ կը գրէ. «Կէտիկ Փաշայի թատրոնը շատ մեծ էր, իսկ բազմութիւնը թատրոնէն աւելի մեծ»: Յաջողութիւնը, ինչպէս միշտ կ՚ըլլայ ակնկալուածէն աւելի, ա՛յն աստիճան, որ Երանուհի Գարագաշեան կը հրաժարի երկրորդ անգամ այդ դերը ներկայացնելու պաշտօնէն:

Այսպիսով աւելի մեծ բեմերու դուռ բացաւ Ազնիւի ունեցած վերջին ներկայացումը, միաժամանակ բերելով յաւելեալ ցաւեր եւ մտահոգութիւններ, որովհետեւ դերասանուհիին բառերով. «այդտեղ սկսաւ նախանձը...». հայկական անփոփոխ աւանդութիւն մը:

Նախանձէ մղուած դերասաններ, առիթով մը Ազնիւի մենախօսութիւններէն մէկուն ժամանակ գրուածին հակառակ բան մը կ՚ընեն եւ ծիծաղելով կը հեռանան բեմէն եւ իրարանցում մը կը ստեղծուի, յուշարարարը կը բարկանայ եւ Ազնիւ բեմին մէջտեղ կեցած կը սկսի ծիծաղիլ ու միեւնոյն ատեն լալ: Ազնիւ այդպէս կը մնայ տասն վայրկեան, մինչեւ Մաղաքեան կու գայ եւ կը գոցէ բեմին վարագոյրը:

Ազնիւ այս ընթացքին 14 տարեկան էր...:

•շար. 2 եւ վերջ

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՎԻԳԷՆ ԲԱԲԱՅԵԱՆ
(1940-2004)

Մեր թուականէն 81 տարիներ առաջ՝ 12 նոյեմբեր 1940-ին Երեւանի մէջ ծնած է բանաստեղծ, հրապարակախօս եւ Հայ երիտասարդներու միութեան հիմնադիր ու ղեկավար Վիգէն Բաբայեան:

Բաբայեան իր կրթութիւնը ստացած է Երեւանի Կիրովի անուան թիւ 17 միջնակարգ դպրոցէն ներս, իսկ 1957 թուականին ընդունուած է Երեւանի Պետական համալսարանի բանասիրական բաժինը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1963 թուականին:

Բաբայեան փոքր տարիքին՝ 17 տարեկան հասակին դատապարտուած է 2 տարի 6 ամիս բանտարկութեան, անզգուշութեան պատճառով կատարուած սպանութեան համար։ Հրապարակախօսը տունը ընկերնով հօրը ատրճանակը ուսումնասիրելու ժամանակ պատահաբար արձակուած կրակոցէն սպաննած է դասընկերը:

Ուսանողական տարիներուն խումբ մը երիտասարդներու հետ Բաբայեան հինած է «Հայ երիտասարդաց միութիւն»ը, որուն հիմնական նպատակը եղած է Մեծ Եղեռնի 50-րդ տարելիցին՝ 24 ապրիլ 1965-ի բազմահազարանոց ցոյցի կազմակերպումը Երեւանի մէջ. կազմակերպութիւնը աշխատանք տարած է, որպէսի ռուսական կրթութիւնը վերանայ Հայաստանի դպրոցներէն: Այս աշխատանքներուն պատճառով Բաբայեան եօթ այլ երիտասարդներու հետ միասին ձերբակալուած եւ դատապարտուած է հինգ տարուայ ազատազրկման:

Բաբայեան բանտէն ազատ արձակուած է 1968 թուականին եւ վերադառնալով Երեւան աշխատած է «Ծիածան» ձայնասփիւռի կայանէն ներս, ուրկէ դուրս դրուած է 1979-ին՝ Պարոյր Սեւակի ծննդեան տարեդարձին առիթով ունեցած ելոյթի մը պատճառով: Նոյն տարիներուն Հայաստանի եւ սփիւռքի շարք մը թերթերու մէջ հրատարակած է յօդուածներ եւ բանաստեղծութիւններ: Անոր ստեղծագործութիւնները հրատարակուած են «Նուագներ» (1979), «Հայրենանուագ» (2001), «Բանտանուագ» (2002), «Աքսորանուագ» (2005), «Անվերնագիր» (2004) եւ «Բազմանուագ» (2003) աշխատութիւններուն մէջ:

Բաբայեան 1980 թուականին Պետական անվտանգութեան կոմիտէի յորդորով հաստատուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուր մահացած է քաղցկեղի պատճառով՝ 16 դեկտեմբեր 2004 թուականին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 12, 2021