ՄԵՂՔԻ ՎԱԽՃԱՆԸ ՄԱ՛Հ Է

Առակով մը կը պատմուի, թէ մարդ մը կը գանգատի, թէ իրեն չափէն դուրս ծանր կեանք մը վիճակած է։ Ուստի ան կը դիմէ Աստուծոյ եւ կ՚ըսէ.- Տէ՜ր, իմ խաչը չափազանց ծանր է, եւ ես ան տանելու կարողութիւնը չունիմ։ Բոլոր այն մարդիկը, որ ես կը ճանչնամ անոնց խաչերը աւելի թեթեւ են։ Չէի՞ր կրնար իմ խաչն ալ աւելի թեթեւով փոխարինել։

Եւ Աստուած կը պատասխանէ.-

Լա՛ւ, ես քեզ կը հրաւիրեմ իմ խաչերու շտեմարանը, ընտրէ՛ քեզի համար անոնցմէ մէկը՝ որ ինքդ կը հաւնիս։

Մարդը կու գայ շտեմարան եւ կը սկսի իրեն համար խաչ ընտրել։ Ան կը փորձէ բոլոր խաչերուն ծանրութիւնը, եւ բոլորն ալ իրեն ծանր կը թուին։ Փոխնիփոխ փորձելով բոլոր խաչերը մանրամասնօրէն՝ ան կը նկատէ մուտքի մօտ խաչ մը, որ իրեն աւելի թեթեւ կը թուի, քան միւսները։ Ան Աստուծոյ կ՚ըսէ.-

Թոյլ տուր որ այս մէկը առնեմ։

Աստուած կը պատասխանէ.-

Ուրեմն այս ալ քու սեփական խաչն է, որ դուն թողուցիր դուռին մուտքին մօտ այն ժամանակ, երբ սկսար փորձել մնացածը։

Մարդիկ յաճախ կը գանգատին իրենց վիճակէն, միշտ դժգոհութիւն կը յայտնեն իրենց վիճակուած կեանքին նկատմամբ։ Չեն գոհանար իրենց ունեցածով, միշտ աւելի լաւը, աւելի հաճելին կը փնտռեն, առանց նկատելու որ իրենց ունեցածը կամ իրենց վիճակը լաւագոյնն է քան ուրիշներունը։

Մարդ կ՚ուզէ միշտ հեռուն դիտել, եւ հոն՝ հեռո՜ւն գտնել լաւագոյնը, երջանկութիւնը՝ որ կ՚ենթադրէ կատարեա՛լը։ Բայց նոյն մարդը կ՚անտեսէ անմիջապէս իր մօտը գտնուածը, իրեն պատկանածը. հեռուն կը նայի եւ չի տեսներ անմիջապէս իր ոտքին առջեւ գտնուածը։ Երջանկութիւնը, մինչդեռ հեռուները չէ՛, այլ մարդուն անմիջապէս մօտը՝ իր սրտին մէջ…։

Մարդ միշտ դժգոհ է եւ անյա՛գ։ Առանց գիտնալու, թէ իսկական ապերջանկութիւնը, ճշմարիտ դժբախտութիւնը անյագութեան մէջ է։ Արդարեւ, բնութեան ետին Աստուծոյ միտքը՝ իմաստութիւնը կայ։ Ուրախ պէտք է ըլլայ մարդ բնութեան մաս կազմելով եւ Աստուծոյ իմաստութեան բաժնեկից ըլլալով եւ պէտք է երջանիկ զգայ ինքզինք որ շունչ կ՚առնէ՝ խորհելով որ շունչէ զրկուածներ ալ կան…։

Աստուած ուրացողին, Աստուծոյ գոյութիւնը մերժողին կ՚իյնայ պատասխանատուութիւնը ապացուցանելու իր համոզումը թէ չկա՛յ։ Արդարեւ, «ուրանալ» ընդունիլ կը նշանակէ որեւէ գոյութիւն, քանի որ գոյութիւն չունեցող բան մը ուրանալու նիւթ ալ չ՚ունենար։ Այս իմաստով, ուրանալը՝ ընդունելու ժխտական, բացասական ձեւն է։ Եւ ինչպէս՝ անտարբերութիւնը, հետաքրքրութեան բացասական արտայայտութիւնն է։

Եթէ մարդ՝ ո՛չ կիսովի, այլ՝ տասը տոկոսով հնազանդ ըլլայ Աստուծոյ կամքին որքան է բնութիւնը, այս աշխարհը մէկ օրէն միւսը կը վերագտնէ իր դրախտային այն երանութիւնը, զոր, աւա՜ղ, կորսնցուցած է անհնազանդութեամբ, նախնական մեղքով։ Մեղքը՝ որ ապերջանիկ կ՚ընէ մարդը, եւ մինչեւ իսկ զայն կ՚առաջնորդէ դէպի մա՛հ։

Բայց մարդկային ամբարտաւանութիւնը արգելք է իր փնտռած երջանկութեան այսօր՝ ինչպէս եղաւ անցեալի մէջ եւ մի՛շտ։ Ուրեմն մարդ, երջանկութիւնը կը փնտռէ սխալ տեղ, տեղեր, ուր կայ միայն դժբախտութիւն, ցաւ, վիշտ եւ մա՛հ…։

Մարդիկ, անխոհեմօրէն կ՚ըսեն. «Աստուած ի՞նչ գործ ունի մեր կեանքին մէջ. մենք ինքնաբաւ ենք. մենք ենք մեր դարու քաղաքակրթութեամբը, մեր վախճանին տէրը, եւ կը գործադրենք մենք մեր ծրագիրները՝ որոնք պատրաստուած են մե՛ր իմաստութեամբ։

Ո՜վ խեղճ մա՛րդ. ուրկէ՞ է այդ քու իմաստութիւնը, որ պարծանք կը պատճառէ քեզի. եթէ չըլլար Իմաստութեան ակը՝ Իմաստութիւնը, որ է Աստուած Ինք, ուրկէ՞ պիտի ունենայիր քու սահմանափակ եւ չափաւոր իմաստութիւնը։ Մի՛ պարծենար քու իմաստութեամբ, գուցէ օր մը կը լքէ քեզ եւ կը պարտաւորուիս դիմել Իմաստութեան՝ Աստուծո՛յ։

Ի՞նչ է վախճանը՝ որ ոմանք «ճակատագիր» կը կոչեն։ Պատասխանը պարզ եւ բացայայտ է.- ի՛նչ որ եղած է պատմութեան սկիզբէն իսկ- «Ամբարիշտները ո՛չ երկիրը եւ ոչ ալ երկինքը պիտի ժառանգեն»։ Արդարեւ, «Մեղքին վախճանը մա՛հ է»։ Եւ եթէ «ճակատագիր» ըսուի, ա՛յս է վճռուած ճակատագիրը մեղաւոր եւ աստուածուրաց (apostat), անաստուած մարդկային ընկերութեան։

Բայց չմոռնանք, որ ամէն ուրացումի մէջ ընդունելու բաժին մը կայ, ինչպէս ո՛չ մէկ խաւար բոլորովին մութ է, քանի որ անոր մէջ կայ անպայման լոյսի շող մը, ցոլք մը՝ որ ի վերջոյ կը յայտնուի եւ կը փարատէ խաւարը, կը լուսաւորէ մութը եւ սեւը կը վերածէ ճերմակի՝ չարը՝ բարիի…։

Դիտեցէ՛ք սիրելի՜ներ ձեր շուրջը. անտառները տնկած, հասցուցած են բնութեան անտեսանելի մշակները. դարէ դար, եւ հազարամեակներէ ի վեր, երբ դեռ մարդը գոյութիւն չունէր, չէր ստեղծուած, անտառներ գոյութիւն ունեցեր են։ Ահաւասիկ, ա՛յս է ստեղծագործութեան խորհուրդը՝ աստուածային մեծ «ծրագիր»ը՝ որ կը շարունակէ գործել մինչեւ վախճանը։ Եւ կեանքի մէջ, տիեզերքի մէջ ամէն ինչ կախում ունի այս աստուածային մեծ «ծրագիր»էն ե՛ւ մարդուս կեանքին մէջ յատկապէս։ Այն ի՛նչ որ կը պատահի ո՛չ թէ «ճակատագրի», այլ «Ծրագրի՛» հետեւանք է։

Անտառը թէ՛ զաւակ եւ թէ՛ մայր է, եւ ինքնագոյատեւման հրաշալի՜ օրինակ։ Մարդ որքան ալ իմաստութիւն, հմտութիւն եւ կարողութիւն ունենայ եւ ինքզինք հպարտ զգայ իր առաւելութիւններով, չի կրնար մրցիլ ծառերու բեղմնաւոր աճման հետ։ Եթէ մարդիկ ալ աճէին այդ համեմատութեամբ, այն ատեն հարիւր տարուան մէջ՝ ո՛չ թէ մեր այս երկիրը, այլ նաեւ՝ արեգակնային դրութեան բոլոր մոլորակները բաւական պիտի չըլլային պարունակելու համար աւազաթիւ մարդկութիւնը։ 

Բոլոր այս իրողութիւնները ապացո՛յցներ են մեծ Իմաստութեան մեծ ծրագրին, որ կը ստեղծէ, կը խնամէ եւ կը կառավարէ ամէն ինչ…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 9 2022, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 12, 2022