ԱՆՁՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

«Անձնասիրութիւն». իր լայն առումով կը նշանակէ՝ ի՛ր անձին շահը միայն խորհիլ եւ միայն ի՛ր շահը նկատի առնել մինչեւ իսկ ուրիշի մը վնաս պատճառելով։ Անձնասիրութիւնը հաւաքական կեանքի մէջ մարդկային փոխյարաբերութիւններու վնաս պատճառող, մարդկային արժանապատուութիւնը վիրաւորող եւ մարդուս իրաւունքներուն եւ ազատութեան հակառակ  վիճակ մըն է։ Անիկա Աստուծոյ օրէնքին ալ հակառակ է, քանի որ Աստուած մարդը ստեղծած է իրերօգնութեան կոչումով, այսինքն որքան ինքզինք, նո՛յնքան ուրիշներն ալ հոգալու, օգնելու անոնց եւ թերութիւնները լրացնելու։ Արդարեւ, ասիկա մարդուն առաջնակարգ եւ կարեւորագոյն կոչումն է։ Ուստի Քրիստոսի վարքն ալ կը դատապարտէ անձնասիրութիւնը։

Անձնասէր մարդը «ինքնակեդրոն» մարդ է, ինքզինք աշխարհի կեդրոնը կը համարէ, որուն շուրջ կը դառնան բոլոր միւս արարածները։ Անձնասէր մարդուն համար աշխարհի վրայ, աշխարհի կեդրոնը միա՛յն ինք կայ. ինք է կարեւորը եւ ուրիշներ այս կարեւորութեան կարգին միշտ երկրորդական են, եւ երբեմն ալ մինչեւ իսկ անկարեւո՛ր։

Անձնասէրը միայն ի՛նք ունի մարդկային արժանապատուութինը, միա՛յն ինք կայ եւ միա՛յն ինք յարգելի է, եւ ուրիշներ միայն յարգո՛ղ, անշուշտ եթէ անձնասէրը ունի նաեւ «ուրիշ»ներու գիտակցութիւնը։

Այս իմաստով անձնասիրութիւնը «ախտ» մըն է՝ հոգեկան թերութեան եւ տկարութեան վիճակ մը…։

Յակոբոս Տեառնեղբայր իր Ընդհանրական Նամակին մէջ սապէս կ՚ըսէ. «Բայց դուք լա՛ւ կ՚ընէք՝ եթէ իրապէս կատարէք Սուրբ Գիրքին թագաւորական օրէնքը, որ կ՚ըսէ.- Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս» (ՅԱԿ. Բ 8)։ Եւ եթէ հարցը «սիրել»ու եւ սիրոյ մասին է, ասիկա կը նշանակէ «ուրիշ»ը սիրել կամ «ուրիշ»ի սէր ցոյց տալ։ Արդարեւ, սիրոյ զգացումին արտայայտութեանը համար անհրաժեշտ է «ուրիշ»ը եւ ո՛չ թէ ինքզինք։ Այլապէս «սէր»ը իմաստ մը պիտի չունենար, «սիրել»ու հարց եւ միջոց պիտի չըլլար։

Յովհաննէս իր առաջին Ընդհանրական Նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Հետեւաբար՝ մենք սիրե՛նք զԱստուած, որովհետեւ նախ Ինք մեզ սիրեց։ Այն մարդը որ կ՚ըսէ.- Ես կը սիրեմ զԱստուած, բայց իր եղբայրը կ՚ատէ, ստախօս մըն է։ Ով որ չի սիրեր իր եղբայրը՝ որ կը տեսնէ, ի՞նչպէս կրնայ սիրել ուրիշ զԱստուած՝ որ չի տեսներ։ Մինչդեռ Քրիստոսի մեզի տուած պատուէրը սա է.- Ով որ զԱստուած կը սիրէ, պէտք է իր եղբայրն ալ սիրէ» (Ա ՅՈՎՀ. Դ 19-21)։

Հոս, պէտք է մատնանշել կէտ մը, որպէսզի որեւէ թիւրիմացութեան տեղի չտրուի։ Երբ կ՚ըսենք «անձնասիրութիւն», ասիկա չի՛ նշանակեր անձը սիրել հակառակ է աստուածային օրէնքին, այլ հակառակ է՝ միա՛յն «անձը սիրել» եւ նկատի չառնել «ուրիշ»ները, չյարգել նաեւ ուրիշներու արժանապատուութիւնը։ Արդարեւ, սէրը սահման չունի, մարդ կրնայ սիրել իր անձը, եւ սիրել նաեւ ուրիշները ինքզինք սիրածին նման։ Ուստի կարելի՞ է չսիրել իր անձը, քանի որ ան «պատկեր է Աստուծոյ» եւ դարձեալ անձը «տաճար է Սուրբ Հոգիին»։

Ուրեմն մարդ պէ՛տք է սիրէ իր անձը, առանց ատելու ուրիշը, քանի որ ամէն անձ Աստուծոյ պատկեր է եւ Սուրբ Հոգիի տաճար։

Աստուած մարդը իմացական արարած ստեղծեց, տալով անոր արժանապատուութիւնը անձի մը՝ որ օժտուած է նախաձեռնութեամբ եւ իր գործերուն տիրապետութեամբ։ Մարդ իր անձնական դատումով կրնայ փնտռել իր Արարիչը եւ ազատօրէն կը փարի Անոր եւ հասնիլ երանաւէտ կատարելութեան։ Այս մասին Սուրբ Երանոս Լիոնցի կ՚ըսէ. «Մարդը իմացական արարած է, եւ ասով՝ նման Աստուծոյ։ Ան ստեղծը-ւած է ազատ եւ տէ՛ր իր արարքներուն»։

Մարդուն մարմինը կը մասնակցի «Աստուծոյ պատկերին» արժանապատուութեան։ Ան մարդկային մարմին է՝ ճիշդ անոր համար, որ շնչաւորուած է աննիւթական հոգիով, իսկ ամբողջ մարդկային անձը իր հերթին սահմանուած է ըլլալու Սուրբ Հոգիին Տաճարը Քրիստոսի Մարմինին մէջ։ Հետեւաբար արգիլուա՛ծ է մարդուն արհամարհել մարմնաւոր կեանքը։

Ահաւասիկ, այս պատճառներով, մարդ պիտի սիրէ իր «անձ»ը՝ ի մտի ունենալով որ ուրիշ անձեր ալ պատկեր են Աստուծոյ եւ տաճար՝ Սուրբ Հոգիին։

Ուստի ամէն անձ պարտաւոր է իւրաքանչիւրին հանդէպ սիրոյ եւ յարգանքի պարտականութիւնը ունենալ։ Մարդուն իր արժանապատուութիւնը անբաժանելի հարկաւորութիւն մըն է մարդկային անձին արժանապատուութեան, մանաւա՛նդ բարոյական եւ կրօնական հարցերու մէջ։ Այս ճանչցուելու է «հասարակաց բարիք»ին եւ հրապարակային կարգին սահմաններուն մէջ…։

Այս իմաստով իւրաքանչիւր անձի ընկերակին պարտականութիւնն է իւրաքանչիւր մարդուն մէջ յարգել եւ արթնցնել «սէր»ը ճշմարիտին եւ բարիին։ Եւ այս կը նշանակէ անշուշտ «սիրել ուրիշ մէկ անձը՝ այնպէս ի՛նչպէս կը սիրէ ինքզինք»։ Եւ ուրեմն «անձնասիրութիւն»ը իր նեղ իմաստով կը նշանակէ «սիրել միա՛յն ինքզինք՝ միա՛յն իր անձը, առանց նկատի ունենալու ուրիշ անձեր, որ նոյն առաքինութիւններով օժտուած են»։

Յիսուս կ՚ըսէ Իր աշակերտներուն. «Սիրեցէ՛ք զիրար ինչպէս Ես ձեզ սիրեցի» (ՅՈՎՀ. ԺԳ 34)։ Այս պատուէրը կ՚ամբողջանայ եւ իր կատարելութեան կը հասնի սա յստակ պատուէրով. «Ընկերդ պիտի սիրես քու անձիդ պէս» (ՄԱՐԿ. ԺԲ 29-31)։

Բոլոր այս պատուէրները բացայայտօրէն ցոյց կու տան՝ թէ մարդ պէտք է սիրէ իր անձը, եւ ինչպէս կը սիրէ իր անձը, նոյնպէս պիտի սիրէ իր ընկերը, այսինքն ուրիշ անձերը, քանի որ անոնք ալ «պատկեր են Աստուծոյ» եւ «տաճար Սուրբ Հոգիին»։ Այս ուղղութեամբ պէ՛տք է զանազանել՝ «միայն իր անձը սիրել»ը եւ «Սիրել իր անձը, բայց սիրել նաեւ ուրիշ անձեր»։ Ուստի «անձնասիրութեան» հարցին պէտք է մօտենալ ի մտի ունենալով այս երկու հոգեվիճակը։ Այս կը նշանակէ՝ որ արգիլուած չէ՛ սիրել իր անձը, ընդհակառակը պարտաւորութիւն մըն է ան, բայց սիրել պէտք է նաեւ ուրիշը նոյն կերպով, այնպէս որ մարդ կը սիրէ իր անձը։

Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Ով որ ընկերը կը սիրէ, ասով իսկ կը կատարէ օրէնքը… Սէրը վնաս չի պատճառեր ընկերոջ։ Սէրը օրէնքին լման կատարումն է» (ՀՌՈՄ. ԺԳ 8-10)։

Սիրե՛նք զիրար ա՛յնպէս՝ ի՛նչպէս կը սիրենք մեր անձը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 23, 2019, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Մայիս 13, 2019