ՀՈԳԵԿԱՆ ՎԻՃԱԿ ՄԸ

Ձեռքերը սկիհին՝ կենդրոնանալու անյաջող փորձեր կը կատարէր. դպիրները երգած՝ կը սպասէին անոր «խաղաղութիւն ամենեցուն»ին. խաղաղութիւնը անոր՝ որ խաղաղութեան կարիքը ունէր: Աչքերը աղօթքին, սակայն հոգին հովերուն յանձնած, կը տարուբերէր իրականին ու երեւակայութեան մէջ ու սիրտը տարտամօրէն կը ծանրանար:

-Խաղաղութի՜ւն ամենեցուն...

Ձայնին մէջէն խաղաղութիւնը կը պակսէր, որ մուտք գործելով իր սեփական ականջներէն՝ կ՚արձագանգէր հոգիին պարապութեանը մէջ, ուր խիղճը որպէս դատաւոր կեանքի հաշուեյարդարը կատարել կը փորձէր: Անցեալին այդ հոգիին մէջ եւս կեանքի բերկրութիւնը կար՝ տակաւին երբ չէին ցամքեցուցած: Միջոցին մատները անգիտակ շարժումներով խաչ մը ուրուագծել կը փորձեն օդին մէջ: Խաղաղութեան ծարաւ ունեցողին բերնէն կախեալ էր քիչ մը անդին պատկառոտ նայուածքներով ի՛ր մատներուն հետեւող հաւատացեալին հոգեկան անդորրը:

Գահավէժի մեղաւոր զգացումն ու դպիրներու ձայնը կը սթափեցնեն զինք:

-Եւ ընդ հոգւոյդ քում:

Կը զարմանայ. կարծես առաջին անգամ հասկցած ըլլայ գրաբարի այդ չորս բառերուն ամբողջութիւնը. կեանքի հորիզոնին վրայ արեւծագ տեսած ողորմելիի մը աղօտ յոյսով կը փորձէ կեանքին հետ հաշտուիլ: Եւ ինչպէ՞ս չի հաշտուիլ. հարիւրաւոր հաւատացեալներ, դպիրներու ընկերակցութեամբ «Եւ ընդ հոգւոյդ քում» կը մաղթէին: Ինքզինք արդարացնելով կը վաւերացնէ ուղղահաւատներու մաղթանքը. ի՛նք ալ մարդ էր եւ իր հոգիին մէջ եւս անձրեւներ կրնար տեղացած ըլլալ: Բնութեան այս անօրինակ պատկերին դիմաց իր ալ իրաւունքն էր միւս մահկանացուներուն հրամցուած խաղաղութենէն փշուր մը ունենալ:

Դպիրները կը շարունակէին իրենց երգեցողութիւնը՝ անտարբեր խորանին դէմ կատարուող հիւծասպառ կացութեան դիմաց: Խունկը ճօճուող բուրվառին մէջէն կը բարձրանար, որուն բոյրէն զգաստութեան կու գար երիտասարդ պատարագիչը, որ մելամաղձոտ վիճակին մէջ թաղած էր պաշտօնի գիտակցութիւնը:

Կը փորձէ կարդալ խորհրդատետրի ծածուկ աղօթքները, որոնք գրեթէ անգիր քանդակուած էին ուղեղին մէջ: Աչքերը կը թեւանցեն տողերը, սակայն շուրթերը տարբեր բան կ՚արտաբերեն. աչքին ուղեղին ղրկած պատկերն ու ուղեղի մէջի արձանացած ապրումները իրար կը բախուին եւ այդտե՛ղ՝ գանկին մէջ կ՚ողջագուրուին աղօթքն ու անէծքը: Խորհրդատետրի աղօթքը շուրթերուն վրայ կը վերածուէր առ Աստուած ուղղուած տրտունջի. այդ խառնակութեան մէջ ժամանակը կը յամենար ու պահ մը անվերջ կը թուէր:

Պարտ էր քաոսային այդ դիմակահանդէսը թաքցնել: Պարտաւոր էր կեղծ երեւոյթ մը ստանալ, անհարազատ խաղաղութեան շինծու կերպարանքով: Պահ մը քշոցին ձայնը երգեցողութեան ձայնը կը գերազանցէ ականջին մէջ. ցրուած ու տարտղնուած ուղեղով կ՚ուզէ գանկին մէջ եւս քշոց ընել: Չէ՞ որ քշոցը չարութիւնը քշելու համար եղած էր. այդ սուրբ պայքարին դիմաց ուղեղը կը յամառէր:

-Խաղաղութի՜ւն ամենեցուն...

Տակաւին քանի՞ անգամ պիտի աղերսէր կամապաշտ խաղաղութիւնը, այսքան ժամանակ խնկարկուելէ ետք ինչո՞ւ կը յամենար կեանքէն շեղածներուն հոգեկան ալեկոծութիւնը հանդարտեցնելու: Խաղաղութեան քմահաճ խառնուա՞ծքը պատճառ եղած էր եկեղեցւոյ ծէսը հաստատող հոգեւորականին յաճախ կրկնել այդ երկու աւետաղերս խօսքերը:

Սգաւոր ձեռքերով կը բռնէ սկիհը ու կը դառնայ ժողովուրդին, զոհի մը յուսահատ ձայնով թողութիւն շնորհելու բոլոր անոնց, որոնք մեղքերու ծանր փաթթոցով կը մօտենան իրենց մեղքերը ձգելու սկիհին մէջ՝ ձեռնունայն վերադառնալու իրենց առօրեայ կեանքին: Մեղքերու մոռացումի, անէացման ու ջնջումի ի՜նչ վեհ զգացում կայ հիմա անոնց երկիւղած սրտին մէջ:

Հինաւուրց կանթեղի մեռնիլ փորձող՝ սակայն կեանքէն չբաժնուող աղօտ ճրագի մը ցոլքը պատուհաններէն ներս թափանցող արեւու ճառագայթներուն պէս փշրուած հոգիին մէջ լոյս սփռէ… Վերջացած էր ժամը ու վանքը վերագտած իր թանձր մթնոլորտը:

-Երթա՜յք ի խաղաղութիւն...

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԼԵՒՈՆ ԱՆԱՆԵԱՆ
(1946-2013)

Մեր թուականէն 75 տարիներ առաջ՝ 13 հոկտեմբեր 1946-ին Տաւուշի մարզի Կողբ գիւղին մէջ ծնած է լրագրող, հրապարակախօս եւ թարգմանիչ Լեւոն Անանեան:

Անանեան նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի դպրոցին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1964 թուականին եւ ապա ընդունուած Երեւանի Պետական համալսարանի բանասիրական հիմնարկը: Համալսարանական ուսումը աւարտած է 1968 թուականին եւ այնուհետեւ աշխատած զանազան պարբերականներու մէջ: Որոշ ժամանակ խմբագրած է «Մանկավարժ» թերթը: Մաս կազմած է «Գարուն» գրական ամսագիրի խմբագրական կազմին՝ 1975 թուականին, իսկ 1990-ին ստանձնած է «Գարուն» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիրի պաշտօնը:

Անանեան 1992 թուականին հիմնած է «Ապոլոն» հրատարակչատունը, որ առաջին անգամ բնագիրէն թարգմանութեամբ հրատարակած է համաշխարհային գրականութեան ստեղծագործութիւնները, միաժամանակ ուսուցչութեան պաշտօն վարած է Երեւանի Պետական համալսարանի լրագրական ֆաքիւլթէէն ներս: Լեւոն Անանեան գրած, կազմած եւ խմբագրած է բազմաթիւ գիրքեր եւ հեղինակած աւելի քան հարիւր յօդուածներ ու հրապարակախօսութիւններ: Անոր հրատարակած գործերէն են «Տագնապներ», «Յուշանուէր» եւ «Դիմակայութիւն» աշխատութիւնները:

Հրապարակախօսը 2001 թուականին ընտրուած է Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ՝ մինչեւ իր կեանքի աւարտը, իսկ 2008 թուականին ստացած է Հայաստանի Հանրապետութեան Մշակութային վաստակաւոր գործիչի կոչում:

Լեւոն Անանեան մահացած է 2 սեպտեմբեր 2013 թուականին, Երեւանի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ 

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2021