ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԹԱՂՄԱՆ ՄԱՍԻՆ

«Բայց ա­նի­կա մեր մեղ­քե­րուն հա­մար չար­չա­րուե­ցաւ, եւ մեր ա­նօ­րէ­նու­թիւն­նե­րուն հա­մար ծե­ծուե­ցաւ։ Մեր խա­ղա­ղու­թեան պա­տի­ժը ա­նոր վրայ ե­ղաւ եւ ա­նոր վէր­քե­րո­վը մենք բժշկուե­ցանք… Ա­նոր գե­րեզ­մա­նը ամ­բա­րիշ­նե­րուն հետ դրուե­ցաւ, բայց երբ մե­ռաւ հա­րուս­տին հետ ե­ղաւ։ Քա­նի որ ա­նի­կա ա­նօ­րէ­նու­թիւն մը չգոր­ծեց ու ա­նոր բեր­նին մէջ նեն­գու­թիւն մը չգտնուե­ցաւ» (Ե­ՍԱ­ՅԻ ԾԳ 5 եւ 9)։­

Այս­պէս կը վկա­յէ եւ կը մար­գա­րէա­նայ  Ե­սա­յի Մար­գա­րէ Յի­սու­սի խա­չե­լու­թեան եւ թաղ­ման մա­սին։

Իսկ Ե­րե­միա Մար­գա­րէ սա­պէս կը մար­գա­րէա­նայ Յի­սու­սի թաղ­ման ի­րո­ղու­թեան. «Իմ կեանքս գու­բի մէջ ձգե­ցին, վրաս քար նե­տե­ցին» (ՈՂ­ԲՔ Ե­ՐԵ­ՄԵԱՅ Գ 53)։­

Եւ սաղ­մո­սեր­գուն Դա­ւիթ կը սաղ­մո­սեր­գէ. «Մե­ռել­նե­րու մէջ ին­կած եմ. Գե­րեզ­մա­նի մէջ պառ­կող սպան­նուած­նե­րու պէս, ո­րոնք ա՛լ չես յի­շեր ու քու ձեռ­քէդ մեր­ժուած են» (ՍԱՂՄ. ՁԸ 5)։ Դար­ձեալ կ՚ը­սէ. «Ո­րով­հե­տեւ իմ անձս գե­րեզ­մա­նին մէջ պի­տի չթո­ղուս ու քու սուր­բիդ ալ ա­պա­կա­նու­թիւն տես­նել պի­տի չտաս» (ՍԱՂՄ. ԺԶ 10)։ Եւ վեր­ջա­պէս. «Դուն զիս ա­մե­նէն խո­րունկ գու­բին մէջ դրիր, խա­ւար ու խոր ան­դունդ­նե­րու մէջ։ Քու սրտմտու­թիւնդ ճնշեց իմ վրաս եւ քու բո­լոր ա­լիք­նե­րովդ զիս չար­չա­րե­ցիր» (ՍԱՂՄ. ՁԸ 6-7)։­

Այս մա­սին Սո­ղո­մոն եւս կ՚ը­սէ. «Ես կը քնա­նամ, բայց իմ սիրտս ար­թուն է» (ԵՐԳ. Ե 2)։ Եւ նաեւ՝ Յի­սու­սի թաղ­ման վայ­րի մա­սին կը մար­գա­րէա­նայ. «Իմ հարս քոյրս փա­կեալ պար­տէզ մըն է, փա­կեալ աղ­բիւր ու կնքուած աղ­բե­րակ մըն է» (ԵՐԳ. Դ 12)։­

Ար­դա­րեւ Յի­սուս թա­ղուե­ցաւ, բայց ո­մանք կ՚ը­սեն, թէ Ան թա­ղուե­ցաւ իբ­րեւ «մարդ»։­

Ուս­տի Յի­սուս ե­կաւ, մարմ­նա­ցաւ եւ մար­դա­ցաւ եւ խա­չի վրայ մար­դոց մեղ­քե­րուն թո­ղու­թիւն տուաւ, որ­պէս­զի մար­դիկ Ա­նոր ար­դա­րու­թեամբ ապ­րի։ Ար­դա­րեւ, ինչ­պէս յի­շե­ցինք, մար­գա­րէ­ներ նա­խա­պէս մար­գա­րէա­ցան Ա­նոր խա­չե­լու­թեան, չար­չա­րանք­նե­րուն, թաղ­ման եւ յա­րու­թեան մա­սին։ Այս մա­սին ա­նոնք մար­գա­րէա­ցան մա­նա­ւանդ Ուր­բա­թի չար­չա­րանք­նե­րէն յե­տոյ շա­բա­թա­մու­տին Ա­նոր գե­րեզ­մա­նի մէջ հանգս­տա­նա­լուն մա­սին։

Սուրբ Գրի­գոր Տա­թե­ւա­ցիի «Ոս­կե­փո­րիկ» գիր­քէն հե­տե­ւինք ու­րեմն Քրիս­տո­սի թաղ­ման ի­րա­դար­ձու­թեան եւ պա­տաս­խան գտնե­լու ջա­նանք մարդ­կա­յին միտ­քը յու­զող հար­ցե­րու։

Տա­թե­ւա­ցի կ՚ը­սէ, թէ ո­մանք կը հա­ւա­տան, որ Յի­սուս Քրիս­տոս թա­ղուե­ցաւ իբ­րեւ մարդ։ Ա­նոնք եւս կը հա­ւա­տան, թէ՝ չար­չա­րան­քէ, խա­չուե­լէ եւ մեռ­նե­լէ վերջ խա­չին վրայ՝ Քրիս­տոս մա՛րդ ըլ­լա­լով գե­րեզ­ման դրուե­ցաւ։ Իսկ սուրբ վար­դա­պետ­ներ կ՚ը­սեն, թէ խա­չին վրայ մեր մեղ­քե­րը վեր­ցուց, որ­պէս­զի մենք ար­դա­րա­նանք եւ մե­ռաւ՝ որ­պէս «մար­մին ա­ռած Աս­տուած»։ Ուս­տի ե­կաւ իր Հո­գին դնե­լու մե­զի հա­մար եւ երբ ու­զեց վեր­ցուց դար­ձեալ այն­տե­ղէն, ինչ­պէս մար­գա­րէ­ներ ը­սած էին նա­խա­պէս։

Ար­դա­րեւ, Ուր­բաթ օ­րուայ չար­չա­րանք­նե­րէն յե­տոյ շա­բա­թա­մու­տին հանգս­տա­ցաւ. «Եւ Աս­տուած իր բո­լոր գոր­ծե­րը եօթ­նե­րորդ օ­րը լմնցուց ու եօթ­նե­րորդ օ­րը հանգս­տա­ցաւ իր բո­լոր գոր­ծե­րէն» (ԾՆՆԴ. Բ 2)։ Այն է՝ որ ուր­բա­թի չար­չա­րանք­նե­րուն յա­ջոր­դեց գե­րեզ­մա­նը՝ որ­պէս հանգս­տա­րան։

Յա­կո­բի մար­գա­րէու­թիւնն ալ կը խօ­սի նոյն ի­րո­ղու­թեան վրայ. «Որ­դեա՛կ իմ, կո­ղո­պու­տէն ե­լար։ Ա­ռիւ­ծի պէս ծունկ կրկնեց, մա­տակ ա­ռիւ­ծի պէս պառ­կե­ցաւ. զա­նի­կա ո՞վ պի­տի արթնց­նէ» (ԾՆՆԴ. ԽԹ 9)։­

Իսկ Մով­սէս, Գիրք Թուո­ցի մէջ կ՚ը­սէ. «Առիւ­ծի պէս եր­կա­րե­ցաւ ու պառ­կե­ցաւ, մա­տաղ ա­ռիւ­ծի պէս. զա­նի­կա ո՞վ պի­տի արթնց­նէ…» (ԹՈ­ՒՈՑ ԻԴ 9)։­

Այս մար­գա­րէու­թիւն­նե­րը կը վկա­յեն, թէ Յի­սուս մարմ­նով մե­ռած էր, բայց Աս­տուա­ծու­թեամբ՝ կեն­դա­նի՛։ Ուս­տի թաղ­ման վայ­րի մա­սին՝ քա­հա­նա­նե­րը վէ­մը մա­տա­նիով կնքե­ցին, ինչ­պէս Ա­ւե­տա­րա­նը կը վկա­յէ.

«Յով­սէ­փի միա­ցաւ նաեւ Նի­կո­դե­մոս, ան՝ որ նա­խա­պէս գի­շե­րով Յի­սու­սի մօտ գա­ցած էր։ Ա­նի­կա ի­րեն հետ բե­րաւ շուրջ ե­րե­սուն քի­լօ հա­լուէով խառն զմուռս։ Ա­նոնք ա­ռին Յի­սու­սի մար­մի­նը եւ կտաւ­նե­րով փաթ­թե­ցին՝ զմուռ­սին եւ հա­լուէին հետ միա­սին, ինչ­պէս Հրեա­նե­րուն սո­վո­րու­թիւն էր պա­տան­քել» (ՅՈՎՀ. ԺԹ 39-40)։­

Այն­տեղ Տի­րոջ ծննդեա­նը Յով­սէփ աս­տուա­ծա­հայրն էր վկայ. այս­տեղ ալ թաղ­մա­նը եւ յա­րու­թեա­նը միա՛յն Յով­սէփ Ա­րե­մա­թա­ցին ե­ղաւ սպա­սա­ւոր եւ վկայ, քա­նի որ ծննդեան եւ յա­րու­թեան խոր­հուր­դը նո՛յնն է։ Ու­րեմն, ինչ­պէս այն­տեղ «փա­կուած պար­տէզ» եւ «կնքուած աղ­բիւր» էր սուրբ Կոյ­սը, այն­պէս ալ էր՝ գե­րեզ­մա՛­նը։ Նաեւ՝ այն­տեղ «կոյս ար­գանդ»էն ծնաւ, եւ այս­տեղ «կոյս գե­րեզ­ման»էն յա­րու­թիւն ա­ռաւ։ Յե­տոյ՝ այն­տեղ «ա­նա­պա­կան մար­մի­ն»ով ծնաւ եւ այս­տեղ, դար­ձեալ, «ա­նա­պա­կան մար­մին»ով յա­րու­թիւն ա­ռաւ։ Այն­տեղ «նա­խա­մօր տրտմու­թիւ­նը փա­րա­տեց», եւ այս­տեղ «Ա­դա­մի պա­տի­ժը բժշկեց»։ Այն­տեղ հրեշ­տակ­նե­ր ծնն­դեան սպա­սա­ւոր­ներ էին եւ այս­տեղ հրեշ­տակ­նե­րը յա­րու­թեան սպա­սա­ւոր­ներ ե­ղան։ Այս ի­րո­ղու­թիւն­նե­րու հի­ման վրայ՝ Փրկչի ծննդեան եւ յա­րու­թեան խոր­հուր­դը նոյնն է։ Այս մա­սին Ա­ւե­տա­րա­նը կը վկա­յէ.

«Ինչ­պէս Յով­նան ե­րեք օր ցե­րեկ ու գի­շեր կէտ ձու­կի փո­րին մէջ մնաց, նոյն­պէս ալ Մար­դու Որ­դին ե­րեք օր ու գի­շեր, պի­տի մնայ երկ­րի ըն­դեր­քին մէջ» (ՄԱՏԹ. ԺԲ 40)։ Եւ այն­տեղ կա­տա­րուե­ցաւ Ով­սէի մար­գա­րէու­թիւ­նը. «Զա­նոնք գե­րեզ­մա­նին ձեռ­քէն պի­տի փրկեմ, զա­նոնք մա­հուը­նէ պի­տի ա­զա­տեմ, ը­սէ՛, ո՛վ մահ, ո՞ւր է քու տան­ջանքդ, ը­սէ՛, ո՛վ գե­րեզ­ման, ո՞ւր է ա­ւե­րումդ։ Իմ աչ­քե­րէս գու­թը պի­տի ծած­կուի» (ՈՎՍ. ԺԳ 14)։­

Եւ Յի­սուս ին­չո՞ւ թա­ղուե­ցաւ։

Նախ՝ ո­րով­հե­տեւ Ա­դա­մին ը­սաւ. «Հող էիր եւ հող պի­տի դառ­նաս» (ԾՆՆԴ. Գ 19)։­

Ին­քը հող մտաւ, որ­պէս­զի վերց­նէ դա­տա­պար­տու­թիւ­նը, ինչ­պէս փու­շով փու­շը հա­նեց եւ քրտին­քով քրտին­քը, այն­պէս ալ թաղ­մամբ՝ մա­հուան հո­ղը։

Յե­տոյ՝ Ա­դա­մի ա­րար­քով ա­նի­ծուե­ցաւ եր­կի­րը եւ ա­նոր բո­լոր տար­րե­րը. այդ պատ­ճա­ռով, երբ Քրիս­տոս ի­ջաւ ջու­րի մէջ՝ մաք­րեց ա­նի­կա եւ երբ դրուե­ցաւ գե­րեզ­մա­նի մէջ, օրհ­նեց հո­ղը, յա­րու­թե­նէն յե­տոյ քա­ռա­սուն օր մաք­րեց օ­դը, եւ երբ Սուրբ Հո­գին ի­ջաւ հրե­ղէն լե­զու­նե­րով, սրբեց հու­րը վերջ­նա­կա­նա­պէ՛ս։

Այս պատ­ճա­ռով հո­ղը օրհ­նուած է, ուր եւ՝ հա­ւա­սա­րա­պէս օրհ­նուած գե­րեզ­մա­նի մէջ կը թա­ղուին հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը ի Քրիս­տոս։

Նաեւ՝ մար­մի­նով դրուե­ցաւ գե­րեզ­մա­նի մէջ Յի­սուս, որ­պէս­զի մեր բո­լո­րին մարմ­նի պա­կա­սու­թիւն­նե­րը եւ տկա­րու­թիւն­նե­րը բժշկէ, եւ հո­գիով դժոխք ի­ջաւ, որ­պէս­զի մեր հո­գի­նե­րը տան­ջան­քէն ա­զա­տէ։

Վեր­ջա­պէս՝ գե­րեզ­մա­նէն եւ դժոխ­քէն յա­րու­թիւն ա­ռաւ, որ­պէս­զի մե­զի յա­րու­թիւն պար­գե­ւէ, ըստ ո­րում «Գե­րեզ­ման­նե­րը բացուե­ցան, եւ շատ մը սուրբ ննջե­ցեալ­ներ յա­րու­թիւն ա­ռին։ Ա­նոնք գե­րեզ­ման­նե­րէն ե­լան եւ Յի­սու­սի յա­րու­թե­նէն ետք Սուրբ Քա­ղաք մտան, ուր շա­տե­րու ե­րեւ­ցան» (ՄԱՏԹ. ԻԷ 52), եւ վկա­յե­ցին Քրիս­տո­սի յա­րու­թեան մա­սին, թէ դժոխ­քը ա­ւե­րեց, հո­գի­նե­րը եր­կինք հա­նեց եւ սա­տա­նա­յին ազ­դե­լով կա­պեց, քա­նի որ Քրիս­տո­սի Խա­չէն յե­տոյ սա­տա­նան այ­լեւս չի կրնար մար­դոց հո­գի­նե­րը բռնու­թեամբ դժոխք տա­նիլ։

Ուս­տի, այս բո­լո­րը եւ ա­ռա­ւել քան այս բո­լոր բա­րի­քը եւ օ­գու­տը Քրիս­տո­սի թա­ղու­մէն ե­ղաւ։

Եւ այս պատ­ճա­ռով, պատ­շաճ չէ ը­սել. «Քրիս­տո­սի թա­ղում եւ գե­րեզ­ման», այլ՝ «սուրբ յա­րու­թիւն» եւ «ան­մահ կեն­դա­նու­թիւն», որ մե­զի ըն­ծա­յուե­ցաւ սուրբ գե­րեզ­մա­նէն։

Ա՛յս­քան կը խօ­սի Սուրբ Գրի­գոր Տա­թե­ւա­ցի Տի­րոջ թաղ­ման մա­սին։

Եւ այս խօս­քե­րէն կը հե­տե­ւի, թէ՝ մա­հը եւ թա­ղու­մը, ա­մէն մար­դու հա­մար, եր­բեք վերջ մը չէ՛, այլ՝ նոր եւ ան­մահ կեան­քի մը սկի՛զ­բը։

Ար­դա­րեւ, մա­հը յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թեան սկիզբն է՝ ո­րուն դուռն է կամ կա­յա­րա­նը՝ գե­րեզ­մա՛­նը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապ­րիլ 10, 2017, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Ապրիլ 14, 2017