ԽԱՉԸ՝ ԿԵՆՍԱՊԱՐԳԵՒ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆ

Խաչվերացի տօնին կարծես բնութիւնը նոր հանգամանք մը կը ստանայ. ամառէն դէպի աշուն ընթացք մը կը սկսի։ Եթէ գարունը բնութեան վերակենդանութեան եղանակն է, աշունն ալ մարդկային անհատական եւ ընկերային կեանքին վերակենդանութեան շրջանն է։ Ամառուան արձակուրդներ, դադարներ վերջ կը գտնեն եւ մարդիկ կարծես երկարատեւ հանգիստի օրերէն, թուլութենէն կը սթափին, կ՚արթննան եւ աշխատանքի կը լծուին, ուսանողներ վերամուտի ուրախութեամբ կը վերադառնան իրենց դպրոցները։ Խաչվերացի տօնը կարծես կը փոխէ կեանքեր, կը վերակենդանացնէ հանգիստով եւ հանդարտութեամբ թմրած, ընդարմացած հոգիները։

Արդարեւ, եթէ գարունը բնութեան վերակենդանութեան շրջանն է, աշունն ալ մարդուն վերստին կեանքի կոչուելու եղանակն է։

Եւ Խաչվերացի տօնը, Հայ Եկեղեցւոյ օրացոյցին համաձայն կը հանդիպի աշնանամուտին։

Եթէ Զատիկը գարնան խորհրդանիշն է, Խաչվերացն ալ աշնան խորհրդանշա՛նն է։

Խաչվերացը, այս իմաստով վերակենդանութեան առիթ մըն է, քանի որ Խաչը կենսապարգեւ զօրութիւն մը, կենսատու ո՛ւժ մըն է։ Արդարեւ, խաչը կեա՛նքն իսկ է։ Խաչը կը խորհրդանշէ կեանքը, կենդանութիւնը եւ մարդկային ապրումները։

Խաչը՝ մահու պատիժը գործադրելու պարզ գործիք մըն էր, սակայն Փրկչին Խաչը՝ խորհրդանշանը եղաւ, քրիստոնէութեան մէջ, Արդարութեան եւ Փրկութեան։ Այս ըմբռնումով է, որ քրիստոնէական հին եկեղեցիներ Խաչը փառաւորեցին, եւ խաչի յատուկ տօներ՝ թանկագի՛ն եղան երկիւղած հոգիներու համար։ Հայ ժողովուրդն ալ քրիստոնէական մաքուր եւ անկեղծ ջերմեռանդութեամբ տօնեց դարե՜րէ ի վեր Խաչը եւ երգեց Արդարութեան եւ Փրկութեան յաղթանակը՝ իր կրօնական կեանքին մէջ։ Համակերպութեան ողջ եւ զօրեղ գիտակցութեամբ կեանքի անխուսափելի դառնութիւնները, նեղութիւնները եւ դժուարութիւնները նմանցուեցաւ Խաչի եւ միշտ սիրով եւ համբերութեամբ տարուեցաւ՝ ընդունելով թէ «սա իմ խաչս է, պէտք է տանիմ», «եղբա՛յր քու խաչդ շատ ծանր է», եւ այլն։ Եւ ահաւասիկ, այս պատճառով է որ խաչը կեանքն իսկ է. ան կը ներկայացնէ կեա՛նքը։

Ապրումներու բարեբա՞ստ, թէ չարաբաստ մէկ բերմունքով շատերու կեանքը կը նոյնանայ Խաչին, մանաւանդ Խաչվերացի տօնին՝ ուր կեանքի ճշմարտութիւններ կը ներկայանան, եւ կեանքի իրականութիւնը կը պարզուի աչերու առջեւ։

Խաչով է որ մարդ կ՚անդրադառնայ կեանքի ճշմարտութիւններուն եւ կը ճմլուի տարօրինակ, մեծ, շա՜տ մեծ, ծայրերը եւ ծագերը անչափելի խաչի մը ծանրութեան տակ։ Ի՜նչ Խաչ է ասիկա, որ կրնայ տանիլ մարդ այս ծանրութիւնը, ոսկորներ պողպատէ, ջիղեր երկաթէ ըլլալու է կարենալ տանելու համար Խաչին ծանրութիւնը…։ Խաչին ծանրութիւնը կեանքի՛ն ծանրութիւնն է։

Քրիստոս պահ մը ուժասպառ եղաւ, կքեցաւ ճամբուն վրայ, խաչի ծանրութեան տակ, բայց գտնուեցաւ Կիւրենացի մը, որու ուսերուն վրայ դրուցաւ խաչը։ Եւ մենք, բոլորս կը տանինք այդ սարսափելի՜ խաչը, ո՛չ թէ դէպի Գողգոթա մը, այլ դէպի անշէն անապատներ, անորոշ վայրեր, դէպի անջրդի եւ անհամբոյր հորիզոններ, իրաւազուրկ, մերժուած եւ հերքուած բոլոր դիւրութիւններէն։ Դժնդակ է այս ճամբան, ո՛չ մէկ Կիւրենացի՝ չնչին օգնութեան համար։

Եւ դեռ ի՜նչ ապշեցուցիչ եւ ըմբոստացուցիչ երեւոյթներ՝ որոնք կը պարզուին կեանքի ընթացքին՝ Խաչի ճամբուն վրայ։ Ահաւասիկ, թէ ինչո՛ւ խաչը կը նմանի կեանքի, եւ կեանքը՝ խաչի։

Բայց Արդարութեան Խաչը թեթեւ չէ եւ փրկութեան շղթան անտանելի՛։ Բայց պէտք չէ՛ երբեք վհատիլ, քանի որ յուսահատութիւն չէ մարդուն բաժինը։ Պէ՛տք է շեշտել տոկունութիւնը, պէտք է տանիլ խաչը համբերութեամբ. կարեկից սիրտեր կը բաբախեն մարդկութեան համար, գիտեն թէ Խաչը կենսատու է, կենսապարգեւ է մինչեւ վերջ համբերողին համար…։

Այս մասին ո՛չ միայն քաջ պէտք է ըլլալ, այլ նաեւ պէտք է պահել անբիծ հաւատքը եւ վստահիլ մինչեւ վերջ։ Խաչը անտանելի կրնայ ըլլալ երբեմն, ինչպէս կեանքը անտանելի կ՚երեւի յաճախ՝ նեղութիւններու, դժուարութիւններու ժամանակ, բայց այդ Խաչէն է որ պիտի բխի Արդարութեան անբեկանելի վճիռը, եւ այդ Խաչով է որ պիտի կնքուի Փրկութիւնը։

Ուստի խաչի տառապանքներուն մէջ պէտք չէ մոռնալ Խաչվերացի քաջալերիչ խորհուրդը եւ յիշատակը։ Պէտք չէ՛ անտեսել Ճշմարտութիւնը՝ թէ Խաչը կենսապարգեւ զօրութի՛ւն մըն է։ Ուրեմն չի բաւեր տեսնել Խաչը, այլեւ պէտք է վերցնել զայն, եւ տանիլ թանկագին եւ անփոխարինելի կորուստներով։ Եւ պէտք չէ՛ մոռնալ, որ կարգ մը կորուստներ շա՛հ կ՚ապահովեն, ինչպէս կարգ մը շահեր ալ իրականութեան մէջ կորուստներ են, որոնց չենք անդրադառնար իսկ։

Համբերութեամբ եւ յոյսով պէտք է սպասել Խաչին եւ Կեանքին յաղթանակին եւ վստահիլ Խաչին կենսապարգեւ զօրութեան։

Պայծառակերպութեան ընթացքին, պահ մը միայն՝ Յիսուս Իր աստուածային փառքը կը յայտնէ, հաստատելով այսպէս՝ Պետրոսի դաւանութիւնը։ Ան ցոյց կու տայ նաեւ, թէ Ինք մտնելու համար «Իր փառքին մէջ», պարտի անցնիլ Խաչի ճամբէն՝ Երուսաղէմի մէջ։ Ուստի Քրիստոսի աշակերտը պէտք չէ՛ միայն իրեն պահէ հաւատքը եւ ապրի զայն, այլ նաեւ դաւանի զայն, վկայէ անոր վստահութեամբ եւ տարածէ զայն։ Այս ալ կարելի է հետեւելով Անոր՝ Խաչի ճանապարհին վրայ, հալածանքներու, չարչարանքներու ընդմէջէն, որոնք երբեք չեն պակսիր աշխարհի վրայ. «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։

Կատարելութեան ճամբան կ՚անցնի Խաչէն։ Չկա՛յ սրբութիւն առանց անձնուրացութեան եւ առանց հոգեւոր պայքարի։ Հոգեւոր յառաջդիմութիւնը կ՚ենթադրէ ճգնողական կեանք եւ մահացո՛ւմ, որոնք աստիճանաբար մարդուն կեանքը կ՚առաջնորդեն ապրելու խաղաղութեան եւ երանութիւններու ուրախութեան մէջ։ Սուրբ Գրիգոր Նիւսացի կ՚ըսէ. «Ան որ կը բարձրանայ երբեք չի դադրիր սկզբնաւորութենէ դէպի սկզբնաւորութիւն երթալէ, անվերջ սկսումներով։ Բարձրացողը երբեք չի դադրիր իր արդէն գիտցածը բաղձալէ»։

Առօրեայ կեանքին մէջ հոգեփոխումը կը կատարուի հաշտութեամբ, աղքատներուն հոգածութեամբ, արդարութեան եւ իրաւունքին գործադրութեամբ եւ պաշտպանութեամբ, եղբայրներու հանդէպ գործուած յանցանքներուն խոստովանութեամբ, եղբայրական խրատներով, կեանքին վերատեսութեամբ, խղճին քննութեամբ, հոգեւոր առաջնորդութեամբ, չարչարանքներու, նեղութիւններու եւ դժուարութիւններու մէջ համբերութեամբ՝ արդարութեան համար կրած հալածանքին տոկալով։ Ամէն օր առնել իր խաչը եւ հետեւիլ Յիսուսին՝ ամենէն ապահով ուղին է ապաշխարութեան։ Արդարեւ ապաշխարանքը կրնայ ըլլալ աղօթք մը, բարեսիրական գործ մը, ծառայութիւն մը, կամաւոր զրկանք մը, զոհողութիւններ եւ մանաւա՛նդ համբերատար ընկալումը խաչին՝ զոր կրելու ենք։ Այս կը նշանակէ՝ «ժառանգակից» ըլլալ յարուցեալ Քրիստոսի. «քանի որ բաժնեկից ենք Անոր չարչարանքներուն» (ՀՌՈՄ. Ը 17)։

Ընկերային կեանքի կարեւոր մէկ հաստատութիւնն է ամուսնական սրբազան կապը, Քրիստոսի հետեւելով, իրենց անձէն հրաժարելով, իրենց Խաչը առնելով է որ ամոլները կրնան ամուսնութեան խորհուրդին սկզբնական իմաստը հասկնալ եւ ապրիլ զայն Քրիստոսի օգնութեամբ։ Արդարեւ, Քրիստոնեայ ամուսնութեան այս շնորհքը պտո՛ւղն է Քրիստոսի Խաչին, ակնաղբիւրը քրիստոնեայ ամէն կեանքի։

Եկեղեցւոյ Փեսան եւ մարդոց Փրկիչը քրիստոնեայ ամոլներուն դիմաւորելու ընդառաջ կ՚ենթայ Ամուսնութեան սուրբ եւ նուիրական խորհուրդովը։ Կը մնայ անոնց հետ, անոնց ուժը եւ զօրութիւնը կու տայ իրենց Խաչը շալկած Իրեն հետեւելու՝ հաւատարմութեամբ, հանդուրժողութեամբ եւ համբերութեա՛մբ։ Ուժը կու տայ իրենց անկումներէն վերականգնելու, իրարու փոխադարձաբար ներելու, իրարու բեռը կրելու եւ մանաւանդ «իրարու հնազանդելու Քրիստոսի երկիւղով» (ԵՓԵՍ. Ե 21), եւ զիրար սիրելու գերբնական գողտր եւ բեղմնաւոր անկեղծ սիրով։

«Եթէ մէկը ուզէ Իմ ետեւէս գել, թող ուրանայ ինքզինք եւ իր խաչը առած իմ ետեւէս գայ» (ՄԱՏԹ. ԺԶ 24)։ «Խաչը առնել» ուրեմն կը նշանակէ հետեւիլ Քրիստոսի, հաւատով եւ հաւատարմութեամբ։

Ուստի, անոնք որ խաչը առնելով կը հետեւին Քրիստոսի, ո՛չինչ կը բաժնէ զանոնք իրարմէ՝ ո՛չ հոգիով, ո՛չ ալ մարմինով, եւ սուրբ ամուսնութեան մէջ, ընդհակառակը անոնք իսկապէ՛ս երկու են՝ մէկ մարմինի մէջ։ Հոն ուր մարմինը մէ՛կ է, մէկ է նաեւ հոգին։ Անոնք մէկ են եւ անբաժանելի՛ Խաչի ճամբուն վրայ, Խաչին՝ որ կենսապարգեւ ուժը եւ զօրութի՛ւնն է կեանքին։

Ընկերային կեանքի ուրիշ մէկ անհրաժեշտութիւնն է՝ աշխատա՛նքը։ Մարդկային աշխատանքը անմիջականօրէն արտադրուած է այն անձերէն, որոնք ըստ Աստուծոյ պատկերին ստեղծուած եւ կոչուած են շարունակելու իրարու հետ եւ իրարու համար արարչութեան գործը, տիրելով երկրին։ Աշխատանքը ուրեմն «պարտականութիւն» մըն է. «Եթէ մէկը չ՚ուզեր աշխատիլ թաղ նաեւ չուտէ» (Բ ԹԵՍ. Գ 10) եւ (Ա ԹԵՍ. Դ 11)։

Աշխատանքը կը պատուէ Արարչին տուած պարգեւները եւ Անկէ ստացուած տաղանդները։ Ան կրնայ ըլլալ նաեւ փրկչագործական։ Աշխատանքին տաժանքը կրելով Նազարէթի «արհեստաւոր» եւ Գողգոթայի «Խաչեալ» Յիսուսի հետ, մարդ կը գործակցի կերպով մը Աստուծոյ Որդիին հետ, Անոր փրկչագործութեան։ Մարդ Քրիստոսի կ՚աշակերտի ամէն օր Խաչը կրելով, այն գործին մէջ, զոր կատարելու կոչուած է։ Աշխատանքը երբեք պատիժ մը չէ, այլ մասնակցութիւն Քրիստոսի Խաչին։ Ուստի աշխատանքը կրնայ ըլլալ միջոց մը սրբացումի եւ երկրաւոր իրականութիւններուն Քրիստոսի Հոգիով կենսագործումի։

Աշխատանքը մարդուն համար է եւ ո՛չ թէ մարդը աշխատանքին համար։

Ուստի «Խաչանիշ»ը Քրիստոսի կնիքը կը դրոշմէ՝ որ Իրեն պիտի պատկանի. ան նաեւ կը նշանակէ փրկութեան այն շնորհքը, զոր Քրիստոս մեզի համար ձեռք ձգեց Իր Խաչով։ Խորհրդակերպերը միշտ կը բաղկանան աղօթքէ մը՝ որուն յաճախ կ՚ընկերանայ որոշ նշան մը, ինչպէս՝ ձեռադրումը, Խաչի նշանը, եւ այլն։ Խաչափայտին վրայ Իր սուրբ չարչարանքով, Յիսուս մարդկութիւնը արդարացումին արժանացուց եւ այս իսկ պատճառով Խաչը մարդուս միա՛կ յոյսն է։

Խաչը միակ զոհաբերումն է Քրիստոսի, որ միակ միջնորդն է Աստուծոյ եւ մարդոց միջեւ։ Ինչո՞ւ խաչ հանուեցաւ Յիսուս։ Որովհետեւ Աստուծոյ կամքն էր, որ ինք սահմանափակուի մարդկային կեանքի հունին մէջ, եւ անկէ դուրս չելլէ որեւէ ստիպողութեան տակ։ Յետոյ, Յիսուս պէտք էր, որ ցուցնէր, թէ Ինք կարող էր լման մարդ ըլլալով հանդերձ՝ Աստուծոյ պէս ապրիլ եւ վարուիլ։ Ինքն լո՛յս էր եւ խաւարը լոյսը կը մերժէր։ Յիսուս գիտէր, թէ այն բոլոր ճշմարտութիւնները զորս խօսեցաւ, յայտնեց, մարդիկ պիտի չընդունէին եւ զինք իրենց թշնամին պիտի համարէին։ Ճշմարտութեան առաքեալին վարձատրութիւնը խա՛չ է ընդհանրապէս։

Անոնք որ ճշմարտութեան քաջարի ախոյեան են, պիտի խաչուին մարդոցմէ։ Խաչը այսպէս կ՚ըլլայ շքանշան մը ամէն հերոսի, որ խաչէն վախնալով ճշմարտութիւնը չի թաղեր։ Մարդ ըլլալ եւ սակայն Աստուծոյ կողմը կենալ՝ հերոսութեան հարազատ էութիւնն է։ Եւ մարդոց խաչածները Աստուծոյ պատուածներն են։ Երկրի եւ երկինքի անմահները մահէն փախչողները չեն, հապա՝ մահը դիմագրաւողները, որոնք հաւատարիմ մնացած են «ճշմարտութեան լոյս»ին։

Արդարեւ, քրիստոնեան այդ անունովը չէ որ կը ճանչցուի։ Քրիստոնեան իր Խաչովը կը ճանչցուի։

«Ան որ իմ ետեւէս գալ կ՚ուզէ թո՛ղ խաչը վերցնէ եւ գայ». այս կը նշանակէ՝ որ ճշմարտութեան ջահը բռնած պէտք է հետեւիլ Յիսուսի, հարց չէ թէ այդ ջահը լուսաւորէ ճամբայ մը, որ դէպի Գողգոթա կ՚առաջնորդէ։ Յաղթանակը Գողգոթայինը չէ, Աստուծոյ Հոգիին է, որ կը յայտնուի նաեւ մարդոց մէջ, ինչպէս Յիսուսի մէջ յայտնուեցա՛ւ։

Խաչով Աստուած փառաւորուեցաւ, ճշմարտութիւնը փայլեցաւ, մարդս հերոսացաւ եւ անմահացա՛ւ։

«Ասիկա միա՛կ եւ ճշմարիտ սանդուխն է արքայութեան, խաչէն դուրս՝ երկինք տանող ուրիշ սանդուխ չկայ», կ՚ըսէ Սուրբ Վարդուհի Լիմացի։

Ուստի, Խաչը կեա՛նքն իսկ է, Խաչը այն կենսատու զօրութիւնն է, որ բոլոր իրեն ապաւինողները, իրեն վստահածները կ՚առնէ՝ կ՚առաջնորդէ դէպի կեանք, դէպի անմահութիւն, դէպի յաւիտենականութիւն… Բայց պէ՛տք է ընդունիլ, որ խաչի ճամբան նեղ է եւ փշոտ, պէ՛տք է տոկալ կեանքի հասնելու համար…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 8, 2019, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 14, 2019