ԲԱՐԻՔԷՆ ՉԱՐԻՔ ՀԵՏԵՒՑՆԵԼ

Jeremy Bentham, մօտաւորապէս երկու դար առաջ ապրած իմաստասէր մը՝ ընդհանրապէս ճանչցուած է իբրեւ «չար մարդ» մը։ Բայց ի՞նչ է «չար մարդ»ու եւ «բարի մարդ» ըլլալու ստուգանիշը։ Մարդիկ ընդհանրապէս փոխանակ իրապէս «բարի» ըլլալու, «բարի երեւել»ու կ՚աշխատին։ Մինչդեռ, բարի երեւելով մարդ բարի չ՚ըլլա՛ր։ Ուստի, բարիք մը՝ որ կը բխի սէրէն, ատիկա առաքինութիւն չի սեպուիր, իսկ եթէ բարիքը բարոյագիտական սկզբունքներու արդիւնք է, ատիկա իրապէս «բարի՛ք» է։ Ուրեմն, կը հետեւի, թէ «բարիք»ը բարոյագիտական արարք մըն է, եւ «բարի մարդ»ն ալ՝ բարձր բարոյականի տէր անձ մը։ Արդարեւ, սէրը արդէն ինքնին բարի է եւ սիրոյ համար բարիքը՝ շատ բնական եւ էակա՛ն։

Այս ուղղութեամբ, բարի մարդը միշտ բարիք կ՚ընէ. բայց արդեօք չար մարդուն ալ «երբեմն» բարի գործեր ընելը բոլորովին անկարելի՞ երեւոյթ մըն է։

«Բարի» եւ «բարիք», «չար» եւ «չարիք» որպէս գաղափար թերեւս բացարձակ ըմբռնումներ են, սակայն գործնականին՝ անոնք կրնան յարաբերական ըլլալ։ Մարդ մը կրնայ մէկուն համար բարի ըլլալ եւ ուրիշի մը համար՝ չա՛ր։ Նոյնպէս, բարի արարք մը կրնայ տարբեր իմաստ ստանալ զանազան մարդոց նկատմամբ։

«Բարի»ն եւ «չար»ը տեսական, վերացական իմաստներ ունեցող ըմբռնումներ են, անոնք մարդոց միջոցով իրական՝ գործնական եւ թանձրացեալ վիճակի կը վերածուին եւ այս ալ կը նշանակէ, որ կրնան անոնք իրենց սովորական իմաստէն տարբեր նշանակութիւններ ունենան, քանի որ ամէն մարդու միտքը եւ զգացումները նոյնը չեն։

Immanuel Kant, բարիքը կը նկատէ բոլորովին բարոյագիտական երեւոյթ մը, ինչպէս յիշուեցաւ աւելի վերը, իսկ ուրիշներ՝ սիրոյ արտայայտութիւն մը։ Այս երկու տեսակէտները մեզ կը տանին սա հարցումը հարցնելու. բարիքը ստացակա՞ն է, թէ՝ ընդոծին։ Մարդ բարի կը ծնի՞ եւ յետոյ կը փոխուի, թէ՝ արդէն չա՛ր կը ծնի…։ Բարիին արտայայտութիւնն է՝ «բարի գործել»ը՝ բարեգործութիւնը, մարդ բարեգործ կ՚ըլլա՞յ հետզհետէ սորվելով, այսինքն վարժութեամբ, թէ՝ արդէն, ինքնաբերաբար, բնականօրէն բարի գործեր կը կատարէ։ Ինչպէս բարիի եւ բարեգործութեան համար, նոյնը կարելի է հարցնել չարին եւ չարագործութեան երեւոյթներուն համար։

Իր ամենալայն իմաստով ո՞րն է բարին, ո՞րն է չարը, վիճելի են, քանի որ անոնք յարաբերական են մարդոց աշխարհին մէջ։ Ահաւասիկ, այս կէտին կը տեսնենք, որ բարին եւ բարեգործութիւնը սերտ կապ մը ունին արդարութեան եւ իրաւունքի հետ։ Ամէն բարի կրնա՞յ համաձայնիլ արդարութեան հետ. ամէն բարեգործութիւն կրնա՞յ իրաւացի ըլլալ։ Դարձեալ, մարդկային աշխարհի մէջ՝ ո՛չ։

Օրինակով մը բացատրել ջանանք։

Յանցանքի մը պատճառով, յանցաւորը պատժելու իրաւասու անձ մը, դատաւոր մը եթէ ներէ յանցաւորը իր յանցանքին համար, արտաքնապէս, ատիկա «բարի» գործ մըն է, քանի որ «ներել»ը բարի գործ մըն է։ Բայց միայն յանցաւորին համար։ Հապա, այդ յանցանքին պատճառով վնասուած մէկու մը համար կարելի՞ է նոյն բանը ըսել։ Վնաս կրած մարդուն համար, վնասողը ներել՝ «չար» արարք մըն է, քանի որ արդարութիւնը եւ իրաւունքը կը պահանջեն, որ յանցաւորը համապատասխան պատիժով մը հատուցանէ իր չարութիւնը։

Ի՞նչ կը խորհիք սիրելի՜ բարեկամներ։ Ի՞նչ է ձեր կարծիքը։ Ուրիշին վնաս պատճառած չարագործը ներել բարեգործութի՞ւն է, թէ՝ չարագործութիւն։ Անշուշտ չարագործին աչքին՝ բարի՛ք, չարագործութենէն վնասի ենթարկուածին աչքին՝ չարիք, անարդարութի՜ւն։

Եթէ «բարիք»ը իր ամենալայն նշանակութեամբ առնենք, կը տեսնուի որ անիկա յարաբերական է։

Ուրիշ օրինակ մը։

Մէկը ձեզմէ փոխ դրամ ուզեց։ Փոխ ուզողին ուզածը տալ, աւետարանական պատգամ է, նաեւ մարդասիրական եւ բարեսիրական պահանջք։ Ուրեմն տուիք, բարի գործ մը կատարեցիք, ըստ երեւոյթի կասկած չկայ այդ մասին։ Մարդը առաւ դրամը, գնաց այդ դրամով ատրճանակ մը գնեց եւ այդ ատրճանակով իր թշնամին կամ հակառակորդը սպաննեց։ Արդ, դուք բարի՞ք գործեցիք, թէ անուղղակի կերպով չարիք։ Ահաւասիկ, ապացոյց մը եւս բարեգործութեան բնոյթին մասին։

Քայլ մը եւս յառաջ երթանք։ Ըսենք որ այդ պահանջուած փոխ դրամը չտուիք։ Այս անգամ դուք ըստ երեւոյթի, «չար» մէկն էք. չօգնեցիք մէկու մը՝ որ ձեզմէ բան մը պահանջած է։ Եթէ ձեզմէ փոխ դրամը ուզողը՝ այդ դրամով ատրճանակ պիտի գնէր եւ այդ ատրճանակով մէկը պիտի սպաննէր, չիրականացաւ իր փափաքը եւ չկրցաւ սպաննել մէկը։ Արդ, դուք, որ չտուիք դրամը, չարի՞ք գործեցիք, թէ անուղղակի կերպով բարի՛ք։

Օրինակները կարելի է աւելցնել եւ այս կերպով գործնական փաստեր բերել, թէ բարին ալ, չարն ալ, բարեգործութիւնն ալ, չարագործութիւնն ալ յարաբերական երեւոյթներ են մարդուս ձեռքին տակ։

Արդարեւ, ամէն արժէք, ամէն գաղափարական, ամէն առարկայ, ինքն իր մէջ չէզոք բացարձակութիւն մը ունին։ Անոնցմէ մէկը տեսլական որակ մը, հանգամանք մը կրնայ ունենալ, բայց գործնականի մէջ կը փոխուի իր հանգամանքը։

Ուրեմն պէտք չէ կանխակալ ըլլալ որեւէ հարցի նկատմամբ. լաւ ուսումնասիրել, քննել եւ յետոյ որոշում տալ։

Շաքարը քաղցր է, տարակոյս չկա՛յ, բայց միանգամայն վնասակար, ինչպէս կ՚ըսեն մասնագէտներ…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 9 2022, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 14, 2022