2019-Ը՝ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՏԱՐԻ

«Ի՞նչ էք անում, ա՛յ խեղճ հայեր.
«Որ երկրումը ցանկալի
«Թողած անուշ օդն ու այեր
«Դիմում էք գիրկն օտարի։

***

«Օտարն երբէք չի ճանաչում
«Ձեր ցաւին էլ, կոծին էլ,
«Օտար հողի ո՛չ մէկ խորքում
«Հային չը պէտք կեանք սիրել»։

ԳԱՄԱՌ-ՔԱԹԻՊԱ

Ընտանիքը սկզբնական բջի՛ջն է ընկերութեան։ Ան որքան ընկերային արժէք մը, անհատական կեանքի գոյապահպանման եւ գոյատեւման նկատմամբ անհրաժեշտ հաստատութիւն մը, նո՛յնքան կեա՛նքն իսկ է։ Կեանք է ընտանիքը, քանի որ մարդուն արարչութեան անմիջապէս կը յաջորդէ այր-մարդու եւ կին-մարդու «միութիւն»ը՝ որ է սկզբնական, նախնական ընտանիքը։ Շրջաններէ, դարերէ ի վեր շատ բան բարեփոխուած, նորոգուած եւ մինչեւ իսկ փոխուած են էապէս՝ ընդհանուր նկարագրով։ Ուստի ամէն շրջան ունեցած է իւրայատուկ հանգամանքը, ըմբռնումը, գաղափարը։ Բայց «ընտանիք»ը միշտ պահպանած է իր սկզբնական նկարագիրը եւ հանգամանքը։

Արդարեւ, մարդուն արարչութեան միաժամանակ եւ համանպատակ եղած է ընտանիքի հաստատութիւնը։

Ընտանիքը՝ մարդուն նախնական կոչումին, այսինքն՝ իրերօգնութեան գործադրութեան վայրն է. ընտանիքի մէջ է որ մարդիկ՝ ընտանիքի անդամներ զիրար ամէն տեսակէտով կ՚օգնեն եւ կ՚ապահովեն ամէն մէկուն կեանքի պահպանումը եւ տեւականացումը։

Ահաւասիկ, այս պատճառով է որ ընտանիքը սկզբնական բջիջն է ընկերութեան։

Ընտանիքը անմիջականօրէն կը համապատասխանէ մարդուն բնութեան։ Եւ ասիկա շատ բնական է եւ հասկնալի, քանի որ մարդուն արարչութիւնը եւ ընտանիքին հաստատումը միաժամանակ են եւ անոնց գործունէութիւնը՝ համանպատակ եւ ուրեմն՝ որպէս գաղափար՝ մերձիմա՛ստ։ Ընտանիքը անհրաժեշտ է մարդուն։ Ուստի ապահովելու համար անձին մասնակցութիւնը ընկերային-հասարակական կեանքին՝ հա՛րկ է քաջալերել ընտանիքի կազմութիւնը եւ ո՛չ միայն կազմութիւնը, այլ նաեւ այդ կազմութեան տեւականութիւնը՝ անխզելի, անքակտելի եւ անլուծելի կերպով։ Արդարեւ ընտանիքը պատասխանատու է իր բոլոր անդամներով, առողջ ապագայի մը, նոր սերունդներու, մարդկային ցեղին գոյապահպանումէն եւ գոյատեւութենէն։ Ընտանիքի ամէն մէկ անդամ պէտք է գիտակցութիւնը ունենայ իր այս լուրջ եւ ծանր պատասխանատուութեան ապագայ սերունդներու հանդէպ։ Մանաւանդ ծնողներ, որ կը կարծեն պատասխանատու ըլլալ միայն իրենց զաւակներուն ապագային մասին. ո՛չ անոնք պատասխանատո՛ւ են ամբողջ ապագայ սերունդի նկատմամբ, քանի որ անոնց հասցուցած զաւակները պիտի կազմեն եւ կազմաւորեն, մարմնաւորեն «ապագա՛յ»ն։

Ուրեմն «ընտանիք»ը ո՛չ թէ միայն ներկայի, այլ մանաւանդ ապագայի արժէք մըն է, եւ այս միութիւնը հիմն է մարդկութեան, եւ անոր ամէն մէկ անհատը՝ սիւնը մարդկային մեծ եւ անժամանակ ընտանիքին։ Եւ երբ «ընտանիք»ի մասին կը խօսուի, յատկապէս պէտք է ան դիտուի այս տեսանկիւնէն եւ պէտք է ընծայուի անոր կարեւոր արժէք՝ մարդկային ցեղի գոյապահպանման եւ գոյատեւման տեսակէտէն։ Ուրեմն ամէն ընտանիք եւ անոր բոլոր անդամները պէ՛տք է վարուին եւ ապրին ըստ այնմ՝ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ թէ իրենք պարտականութիւն ունին նաեւ «ապագայ»ն կերտելու, առողջ ապագայ մը յանձնելու իրենց յաջորդներուն։ Եւ այս իսկ պատճառով, ընտանիքը ոչ միայն որոշ շրջանի մը ընկերութեան, այլ ամբողջ մարդկութեան սկզբնական բջիջն է եւ տա՛րրը։

Ուստի որքա՛ն ճիշդ է եւ պատշա՛ճ, ընտանիքին տալ անքակտելի, անլուծելի եւ տեւական, մշտնջենաւոր հանգամանք մը։ Քանդել ընտանիքը՝ կը նշանակէ կործանել, քայքայել ապագան։

Քանդուած ընտանիքի մը պատճառած աւերը թէեւ անտեսանելի թերեւս նոյն պահուն, բայց յաջորդ սերունդներու նկատմամբ սոսկում կը պատճառէ, քանի որ իւրաքանչիւր քանդուած ընտանիք մարդկութեան մէջ շէնքին սիւներուն վրայ ահաւոր վնասներ կը հասցնէ, մինչեւ իսկ սիւները կը տապալէ եւ ի վերջոյ ամբողջ շէնքը փուլ կու գայ իր բնակիչներով միասին։ Եւ ահաւասիկ թէ ինչո՛ւ ընտանիքը սուրբ է եւ նուիրակա՛ն։ Եւ ոմանք չեն անդրադառնար ընտանիքին այդ սրբութեան եւ նուիրականութեան եւ զայն կը նկատեն պարզ եւ սովորական միութիւն մը եւ երբեմն ալ, դըժ-բախտաբար, շահու վրայ հաստատուած միւութիւն մը՝ հոգ չէ թէ այդ շահը նիւթական չըլլայ, բայց բարոյական շահերու վրայ հաստատուած ընտանիք մըն ալ ներհակ է թէ՛ իր նպատակին եւ թէ իր իմաստին՝ իր սրբութեան եւ նուիրականութեան։ Ուստի ընտանիքը պէտք է բացարձակապէս զատորոշուի միւս բոլոր մարդկային ընկերութիւններէն, միութիւններէն։

Եւ այսօր դժբախտաբար ընտանիքներ կը կազմուին կարծես «ժամանակաւոր», կարծես «անգիտակցաբար», կարծես սովորութիւն եւ պարտադրութիւն։ Մինչդեռ մարդ ընտանիք կազմելու է ապագայի մտահոգութեամբ, թէ՛ իր զաւակներուն եւ թէ ամբողջ ապագայ սերունդին պատասխանտուութիւնը զգալով…։

Երբ այսօր ամուսնալուծումները շատ սովորական է դարձած, պատճառը այս պատասխանատուութեան պակա՛սն է, ընտանիքի նախնական դաստիարակութեան, կրթութեան պակասը, ըմբռնումի վատթարացումը, արժէքներու հանդէպ անտարբերութիւնը, օտարամոլութիւնը՝ մոլորեցուցիչ հոսանքներու տարուելով իրական արժէքներու մերժումը եւ մանաւանդ իսկական, անկեղծ սիրո՛յ պակասը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 11, 2019, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2019