ՔՐԻՍՏՈՍ՝ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՓՐԿԻՉԸ

Կը պատմուի, թէ երեք ընկեր կային՝ որոնցմէ երկուքը կ՚որոշեն իրենց միւս ընկերոջ անուանակոչութեան օրը յիշատակել։ Շատ ճոխ պատրաստութիւն մը կ՚ընեն. մեծ սրահ մը կը վարձեն, բազմաթիւ հիւրեր կը հրաւիրեն։

Երբ կը հասնի անուանակոչութեան օրը, ամէն բան պատրաստ է, հիւրերը բոլորը ներկայ են եւ ժա՛մն է որ արդէն սկսին, կը նկատեն, որ իրենց ընկերը՝ որուն անուանակոչութիւնը պիտի տօնեն, բացակա՛յ է։

Երբ կը սկսին հետաքրքրուիլ մտահոգ, թէ ի՞նչ է պատճառը որ իրենց ընկերը այնտեղ չէ, կը հասկցուի, թէ մոռցած են զայն հրաւիրել…

Ահաւասիկ, մենք ալ, կեանքի մէջ յաճախ կը մոռնանք էականը՝ մանրամասնութիւններու մէջ. մղուած, երկրորդական բաներու ետեւէն տարուելով՝ կարեւորը կ՚անտեսենք։ Եւ այս «անտեսուած»ներուն մէջ կը գտնուի ամենակարեւորը, Յիսուսը, որ մեր անձնական Փրկի՛չն է։ Նոյնը կը կատարուի նաեւ ընկերային կեանքի մէջ։ Մարդիկ շատ մը հոգեւոր հանդիսակատարումներու երկրորդական կարեւորութիւն եւ նշանականութիւն կ՚ընծայեն եւ կը մոռնան անոր առաջին եւ իսկական նշանակութիւնը։

Երբ մարդ մեղանչեց, Աստուած վշտացաւ եւ այս պատճառով մարդը Անոր երեսէն ինկաւ։ Աստուած՝ արդար ըլլալով իրաւունք ունէր մարդը բնաջինջ ընել եւ վերցնել ընդհանրապէս մարդկութիւնը։ Ասիկա ընելով Աստուած արդարութիւն գործած կ՚ըլլար։

Բայց Աստուած նաեւ սիրոյ Աստուած է, եւ աստուածային սէրը ամէն բանէ վե՛ր է, եւ Աստուած ճիշդ ժամանակին աշխարհ ղրկեց այն՝ ինչ որ կարիքը ունէր աշխարհ։ Եթէ աշխարհ գիտութեան պէտքը ունենար, Աստուած մեծ գիտնական մը կը ղրկէր աշխարհ։ Եթէ աշխարհ հիւանդութեամբ տառապէր, թերեւս Աստուած բժիշկ մը պիտի ղրկէր։ Եթէ աշխարհ նիւթականի պէտք ունենար, թերեւս մեծ տնտեսագէտ մը մէջտեղ պիտի հանէր Աստուած։ Եւ այս բոլորը պատմութեան ընթացքին պատահած են, «մեծ մարդիկ» եղած են եւ մասամբ օգնած են մարդկութեան զանազան նեղութիւններուն բարելաւման։

Բայց անոնք չեն կրցած կատարելապէս գոհացնել մարդկութեան պահանջները։

Աշխարհ պէտք ունէր փրկիչի մը եւ Աստուած ժամանակին Փրկիչը աշխարհ ղրկեց։

Այս պարագային հարցումը սա՛ է, որ մենք հարցնենք մենք մեզի. «Անդրադարձա՞ծ ենք. ընդունա՞ծ ենք արդեօք այս Փրկիչը՝ որպէս մեր անձնական Փրկիչը։ Երբ Յիսուսը մեր սրտերէն ներս հրաւիրենք, Ան մեզ կը փրկէ, կը ներէ մեր մեղքերը եւ մեզի յաւիտենական կեանք կու տայ։ Ուրեմն, մարդ համբերութեամբ եւ զօրութեամբ պէտք է դիմանայ այս աշխարհի ժամանակաւոր դժուարութիւններուն եւ նեղութիւններուն, իր սրտին մէջ ունենալով յաւիտենական կեանքի երջանիկ յո՛յսը։

Փրկիչը՝ իր հետ կը բերէ շնորհքը։ «Վասնզի շնորհքով փրկուած էք դուք հաւատքի միջոցով եւ այս ո՛չ թէ ձեզմէ է, հապա Աստուծոյ պարգեւն է». (ԵՓԵՍ. Բ 8)։ Քրիստո՛սն է մեր անձնական Փրկիչը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 16, 2024