ՉԾԵՐԱՑՈՂ ԾԵՐԵՆՑԸ
Այսօր ծնունդն է հայ մտաւորական մը, որ լոյս աշխարհ եկած է մեր թուականէն 202 տարիներ առաջ՝ 1822 թուականին. մտաւորական, որ բժիշկ ըլլալով հանդերձ իր մէջ ունէր մտաւորական գրող ըլլալու Աստուածային շնորհքը եւ անբացատրելի ձեւով անգիր գիտէր հայոց պատմութիւնը. ըմբոստ պայքարելու բոլոր անիրաւութիւններուն դէմ, զոր կը նեղէր իր ազգն ու արիւնակիցները։ Այսօր ծննդեան 202-ամեակն է Ծերենցի (բուն անունով Յովսէփ Շիշմանեան):
Այսօր «Ծերենց» անունը այնքան ալ տարածում չունի, ինչքան Պարոնեանը, Օտեանը եւ ուրիշներ, սակայն պէտք է նկատի ունենալ, որ Ծերենց այդ անուններէն շատ աւելի հին ու երէց ըլլալով իր ժամանակին ունէր ճանաչելիութիւն մը՝ մանաւանդ մտաւորական դասուն կողմէ. շատեր ներշնչուած էին անոր գրական ստեղծագործութիւններէն, ինչպէս օրինակ՝ Մատթէոս Մամուրեան, որ եղած է գրողի դաստիարակը։ Մամուրեան իր Ծերենցի գրած նամակներէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ. «Ձեզի ցոյց տուի, իբրեւ իմ վաղեմի դաստիարակիս, որ՝ առաջին անգամ ազատ մտածման ճաշակն ինձ ներշնչած էիք, եւ իբրեւ սրտակից բարեկամիս, որ իմ վիճակիս միշտ համակիր ցանուած էք». մեր մեծ ու յայտնի գրողներուն մօտ մի՛շտ պիտի գտնէք Ծերենցի մասին յիշատակութիւն մը, ակնարկ մը. օրինակի համար՝ հայ մեծ բանաստեղծներէն Դանիէլ Վարուժան 1913 թուականին Րաֆֆիի մասին իր պատրաստած մէկ աշխատութեան մէջ կը գրէ. «Մեր պատմական դրուագները ուրուագծուեցան կարգ մը հայ բանաստեղծներու լարերով, Ծերենց զանոնք կենդանացուց, իսկ Րաֆֆի անմահացուց տալով անոնց երանգ. շունչ, միս ու ոսկոր». այլ խօսքով Վարուժան Րաֆֆիի ներշնչումը եւս Ծերենցի կը կապէ։ Ծերենց առաջինն էր, որ որոշեց հայրենասիրութիւն քարոզել հայոց պատմութեան հերոսներուն դարձեալ նոր շունչ ու կենդանութիւն տալով. անոնց նկարագիրը լաւապէս ուսումնասիրելով խօսք դրաւ անոնց բերանը, որոնք ուղղակի կամ անուղղակի ձեւով հայ ազգի փայլուն ապագան կ՚ուրուագծեն:
Ծերենցի գրականութեան մասին երկար ու մանրակրկիտ վերլուծում կարելի է գտնել Յակոբ Օշականի մօտ, որ կը հաւատար, թէ Ծերենց մեծ ներդրում ունի վիպասանութեան զարգացման մէջ: Ծերենցի աշխատութիւնը յատկանշական է այն առումով, որ ան ո՛չ միայն իր երեւակայութեան զարկ տալով կեանքի կոչած է պատմութեան մէջ յիշուող հերոսները, այլ անձամբ գացած ու ապրած է հոն՝ ուր ապրած են այդ թագաւորներն ու իշխանները։ Երկար ժամանակ եղած է Կիլիկիոյ մէջ, ուր նախանձներու պատճառով հալածուած է իբր քաղաքական նպատակներու սպասարկող մարդ:
Իրականութեան մէջ չեմ գիտեր ինչքանով ճիշդ է Ծերենցը գրող անուանել, որովհետեւ ան գրողէ մը աւելի էր. իր գրութեան աւելի ճշմարտութիւն տայ ըսելով կ՚ուզէր աչքով տեսնել բոլոր այն վայրերը, որոնց մասին պիտի գրէր. սակայն այդ բոլորով չէր բաւարարուեր Ծերենց. Յակոբ Օշական «Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան» աշխատութեան Դ. հատորին մէջ խօսելով Ծերենցի մասին կը գրէ. «Ծերենց 1878-ին սովեալներու օգնութեան գործին մէջ բաժին կը վերցնէ վտանգաւոր գօտիներու մէջ իր անձն իսկ չխնայելով». Ծերենցը ուրիշներէն տարբերողը ա՛յս է. շատ մը մտաւորականներ կը գրեն, սակայն կը բաւարարուին գրելու սահմանին մէջ մնալով. շատեր հայրենասիրութեան համար կեանք ու հոգի տալ կը խոստանայ, սակայն նեղ կացութիւններուն փախուստ կու տայ. Ծերենցը մեծագոյն օրինակն է գիրն ու խօսքը կեանքի վերածողներէն. 1878 թուականին սովամահ հայորդիներու մասին գրելու եւ լալու փոխարէն կ՚իջնէ հրապարակ եւ Օշականի բառերով «իր անձն իսկ չխնայելով» գործի կը լծուի եւ կ՚օգնէ սովամահ ըլլալու դատապարտուած հայորդիները: Օշական չի գրեր, սակայն վստահաբար ի գործ կը դնէ նաեւ իր բժիշկի մասնագիտութիւնը եւ ամբողջ էութեամբ, գրականութեամբ, բժշկական մասնագիտութեամբ, նիւթական ու բարոյական ամէ՛ն ունեցուածք կը թափէ իր ժողովուրդին վրայ՝ որովհետեւ իր երազը հայ ժողովուրդը կանգուն ու առողջ վիճակի մէջ տեսնել էր: Այս երազն է, որ մղեց Ծերենցը, որպէսզի դառնայ Պոլսոյ մէջ հիմնուած «Բարեգործական ընկերութեան» հիմնադիրներէն մէկը. ան գրականութեան չափ եւ աւելի զբաղած է բարեգործութեամբ եւ անոր կողքին ինքզինք նուիրած է հայ ժողովուրդի ազատագրական շարժումին:
Հայ մեծ գրողներէն Արփիարեան ի՛նք եւս կը խօսի Ծերենցի մասին եւ կ՚ըսէ, թէ Ծերենց, Մամուրեան, Պռոշեանց եւ ուրիշներ «կը ներկայացնեն հայ ազգի ոգին»։
Այս բոլոր զոհողութիւններուն վարձատրութիւնը ի՞նչ եղած է... պարզապէս հալածանք, այն ալ օտարի փոխարէն հայու կողմէ. 1875 թուականին Յ. Տատեանի կողմէ հեռացուած է իր շատ սիրած բժիշկի պաշտօնէն եւ այս պատճառով ունեցած հոգեկան տագնապներ. ապա ենթարկուած է նոր հալածանքներու եւ մեկնած Կիպրոս, իր բժշկական ծառայութիւնը մատուցելու այդտեղ աքսորուած բնակիչներուն, միաժամանակ հայոց պատմութիւն դասաւանդելով Ներսիսեան վարժարանէն ներս:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Բանաստեղծութի՞ւնը առաջնահերթ է, թէ վէպը:
Պատասխան. Վէպը բանաստեղծութենէն աւելի առաջնահերթ է, նկատի ունենալով պատմուածքի խորութիւնը, կերպարներու եւ պատմութեան զարգացման ընթացքը: Վէպերը աւելի երկար ու լայն տարածք եւ առիթ ունին աւելի բարդ խնդիրներ ուսումնասիրելու եւ գաղափարական եւ յուզական զգացումներու մասին խօսելու, շատ աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ տալով ընթերցողին: Վէպը կարելի է աւելի լայն ձեւով ուսումնասիրել՝ քան բանաստեղծութիւնը: Բանաստեղծութիւնը, որ նոյնպէս հզօր է իր զգացական ու յուզումնական առումով յաճախ մէկ պահի կամ ապրումի վրայ կեդրոնացած կ՚ըլլայ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/12/2024
- 11/12/2024