ՁԱՅՆԵՐՈՒ ՏԵՍԱԿՆԵՐ - Ա -

Ձայնը, իր ընդհանուր առումով, այն թրթռական շարժումն է, զոր լսողական զգայարանը կ՚ըմբռնէ, որ պարապութեան մէջ կ՚արձակուի։ Ձայն կամ հնչիւն, զոր լսելի կ՚ընեն մարդիկ եւ զանազան կենդանիներ եւ որ յառաջ կու գայ թոքերէն ելած օդին միջոցաւ ձայնական լարերուն թրթռալէն։

Բայց ձայնը միայն մարդու եւ կենդանիներու յատուկ երեւոյթ մը չէ. անկենդան իրեր ալ հարուածի մը հետեւանքով իրենց յատուկ ձայներ կրնան արձագանգել՝ որ իրենց մասին գաղափար մը կու տան շուրջիններուն, լսողներուն։ Եւ աւելին, այդ անկենդան իրին արձագանգած ձայնէն կարելի է հասկնալ, թէ ի՛նչ է այդ իրը եւ ո՛վ է այդ անկենդան իրին ձայն հանել տուողը՝ առանց տեսնելու, միայն ականջով կարելի կ՚ըլլայ հասկնալ։ Այս իմաստով, ականջը աչքին դերը կատարած կ՚ըլլայ։ Զոր օրինակ՝ մարդ երբ լսէ երկաթի ձայն մը, կը հասկնայ, թէ հոն երկաթագործ մը կայ։

Ձայնը կրնայ ըլլալ նաեւ որեւէ աղմուկ. շռինդ։ Ձայնը նաեւ բնութեան մէկ նշանակն է։

Ձայնաբանութիւն կամ հնչիւնաբանութիւն բնագիտութեան այն մասն է, որ ձայները կ՚ուսումնասիրէ. «acoustique»։ Ինչպէս նաեւ լեզուի մը հնչիւնային կազմը, անոր մէջ եղած ձայներուն, հնչիւններուն տեսակները եւ փոփոխութիւնները մանրամասնօրէն կ՚ուսումնասիրէ։

Մարդկային ձայնին մէջ ամենափոքր միաւորը հնչիւն կը կոչուի՝ որ ուրիշ հնչիւններու հետ միանալով որոշ իմաստ մը կ՚արտայայտէ։ Բայց, ինչպէս յիշուեցաւ, ձայնը միայն մարդու եւ կենդանիներու յատուկ երեւոյթ մը չէ։ Եւ ուրեմն տեսնենք, թէ երբ «ձայն» կ՚ըսենք, ո՜րքան ձայն կայ բնութեան մէջ, կենդանի եւ անկենդան ամէն բանի համար ձայն մը՝ իւրայատո՛ւկ։ Ուստի նիւթի մը թրթռացումէն յառաջ եկած ալիքներն «ձայն» կ՚արտադրեն, որոնք կը ճամբորդեն զանազան նիւթերու մէջէն եւ միայն մարդկային եւ կենդանական մարմիններու լսողական նուրբ գործարաններուն շնորհիւ կը զգացուին եւ կը մեկնաբանուին կամ կը կոչուին «ձայն»։

Ահաւասիկ, կենդանի եւ անկենդան ամէն բանի տարբեր ձայներ, որոնք բոլորն ալ ունին նշանակութիւն մը եւ ամէն մէկը տարբեր կերպով կ՚անուանուին։

Ագռաւի ձայն = կռիչք, կռինչ՝ կռնչել։

Ալիքներու ձայն = շառաչ, շառաչիւն. շառաչել։

Ականջի մէջի ձայն = խժռտուք։

Ականջ խօսելու ձայն = դռնչիւն, դռնչել։

Ակռաներու ձայն = կրճտում, կճրտում. կրճտել, կճրտել։

Ակռաներու՝ դողէն, ցուրտէն ձայն = կափկափում, կարկտչիւն. կափկափել։

Ակռաներու՝ չոր բաներ կոտրտելու ատեն ձայն = շաչում. շաչել։

Աղաւնիի ձայն = վուվու, մնչիւն, խուլղուրտիւն. մնչել։

Աղբիւրի, վտակի ձայն = մրմունջ, կարկաչ, խոխոջիւն, դդըզիւն. մրմնջել, կարկաչել, խոխոջել, դդըչել։

Աղիքներու ձայն = գրգռոց, փուք, տեռ. տռել։

Աղօթող տէրվիշներու ձայն = խախանջք։

Աղօրիքի, չխչխիկի ձայն = չխչխոց։

Ամպերու ձայն = որոտում, գոռում, բոմբիւն, թմբիւն. որոտալ, գոռալ։

Այծի ձայն = պապաչիւն, կկմկիւն. պապաչել։

Անասուններու շնչառութեան ձայն = հեւք, հեւալ։

Ապտակի ձայն = շառաչ. շառաչել։

Առծիւի ձայն = մռնչիւն. մռնչել։

Աստուծոյ ձայն = պատգամ։

Արագիլի ձայն = կափկափիւն. կափկափել։

Արթննալու մօտ երեժտկալով հանուած ձայն = թաչիւն. թաչել։

Արծիւի ձայն = կանչ, կառաչ, կռիչ։

Արջի ձայն = թունթունում, մրթմրթում, մրմռում. մրմռալ։

Աքաղաղի ձայն = կուկուլիկու։

Աքաղաղի՝ թեւերը զարնելու ձայն = թափթափիւն. թափթափել։

Աքաղաղի՝ կռկռուքի յաղթական ձայն = գագացիւն։

Բադի ձայն = կականում։

Բազմութեան մը՝ շփոթ ձայն = աղմուկ, ժխոր. աղմկել։

Բարկութեան ձայն = բարկութեամբ՝ գոռում, գոչում, գոռալ. գոչել։

Բերանի՝ ուտելու ատեն ձայն = ծփծփում։

Բոժոժներու ձայն = գանգաչիւն։ (բոժոժ = շերամի պատեան)։

Բոռեխի ձայն = տզզիւն։ (բոռեխ = տեսակ մը խոշոր իշամեղու)։

Բուի ձայն = գոյժ. գուժել։

Բուրվառի, քշոցի ձայն = շխրտոց։

Գայլի ձայն = ոռնում. ոռնալ։

Գնդակի՝ արձակուած ատեն, ձայն = սոյլ, շաշիւն, շչիւն. սուլել, շաչել, շչել։

Գորտի ձայն = կռկռոց, կարկաչիւն. կարկաչել։

Դաշնակի ձայն = հնչիւն. հնչել։

Դաշնակի՝ խիստ զարնուածքի ձայն = դափդափիւն. դափդափել։

- Պիտի շարունակուի։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 8, 2020, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2020