ԹՈԹՈՎԵՆՑ ԱՆԳԼԵՐԷՆԻ ՔՆՆՈՒԹԵԱՆ ՆԻՒԹ

Դէմքեր կան, որոնք հակառակ իրենց կատարած գնահատելի ու մեծ աշխատանքին, ժամանակի ընթացքին մոռացութեան կը տրուին եւ իրենց անուան հետ կը կորսուի նաեւ արժէքը՝ որ որպէս ժառանգութիւն ուզեցին փոխանցել մեր ազգին: Նման անձեր շա՜տ շատ են մեր պատմութեան մէջ, այդ իսկ պատճառով պէտք է ուսումնասիրել, պեղել պատմութիւնը ու դուրս բերել, որպէսզի անոնց գործին կողքին կենդանի մնայ նաեւ անոնց յիշատակը:

Այդ մոռցուած անձերէն մէկն է Միշա Գիւտեանը, որ իր համեստ կարողութեամբ փորձած է բանաստեղծութիւններ գրել, սակայն այնպէս ալ «յայտնի» չէ յաջողած դառնալ: Ցաւ ի սիրտ, համացանցի մէջ շա՜տ քիչ (գրեթէ ոչինչ) տեղեկութիւն կրնանք գտնել Միշա Գիւտեանի մասին. անոր կենսագրութեան մասին միայն գիտենք, որ ծնած է Եգիպտոս եւ ապա հաստատուած է Լոնտոն, ուր սկսած է բանաստեղծութեան կողքին գրել նաեւ փոքր պատմուածքներ: Գիւտեան գրականութեան սիրահար էր, սակայն յուսահատած էր. համոզուած էր, որ մեր հասարակութեան համար այլեւս գրականութիւնը արժէք ու իմաստ չունի. Վահրամ Մավեան առիթով մը կ՚ուզէ խօսիլ ու գրել Միշա Գիւտեանի մասին. այս մտայնութիւնը գիտնալով Միշա կ՚ըսէ. «Մի՛ գրեր, չ՚արժեր, անօգուտ է, չես կրնար մերինները հետաքրքրել: Գրականութեան համար ո՛չ ժամանակ եւ ո՛չ ալ դրամ կը տրամադրեն»:

Միշա Գիւտեան ունէր այն համոզումը, որ նոր սերունդը կամաց կամաց կը հեռանայ գրականութենէն գուցէ լեզուական անդունդի մը պատճառով։ Հայ երիտասարդը իր օրերէն իսկ կը խօսէր անգլերէն, կը կարդար անգլերէն եւ օտարինը աւելի կը մեծարէր ու կը նախընտէր՝ քան իր սեփականը (նոյն խնդիրը ունինք նաեւ այսօր). այս ցաւալի երեւոյթին դիմաց Միշա Գիւտեան կ՚ուզէ այլ լուծում մը առաջարկել եւ կը սկսի հայ գրողներու աշխատութիւնները թարգմանել անգլերէն լեզուի: Այսօր պատմութեան մէջ Միշա Գիւտեան կը յիշուի իր թարգմանութեամբ՝ քան իր բանաստեղծութիւններով ու պատմուածքներով:

Միշա Գիւտեան իր ազատ ժամերուն կը սկսի անգլերէնի թարգմանել հայ մեծերու գործերը. առաջին անգամ կը վերցնէ հայ մեծանուն գրող Վահան Թոթովենցի 1933 թուականին լոյս տեսած «Կեանքը հին հռոմէական ճանապարհի վրայ» աշխատութիւնը. այս աշխատութիւնը արժանացաւ աշխարհահռչակ «Թայմզ»ի գովասանքներուն եւս եւ բազմաթիւ օտար թերթեր ու հանդէսներ խօսեցան Թոթովենցի եւ Միշա Գիւտեանի կատարած թարգմանութիւններուն մասին. կարճ ժամանակուան մէջ հրատարակուած գիրքը արդէն կարելի չէր գտնել շուկան. սակայն Միշա Գիւտեանի ցաւերէն մէկը այն էր, որ աշխատութիւնը հայերէն աւելի հետաքրքրած էր օտարները։ Օտարներու կողմէ ճանչցուիլը եւ կարդացուիլը իր մէջ ժխտական ո՛չ մէկ բան ունի. սակայն հայերուն ունեցած անտարբերութիւնն էր խնդիրը: Ի դէպ յայտնենք, որ Միշա Գիւտեանի Թոթովենցի կատարած թարգմանութիւնը լոյս տեսած է աշխարհահռչակ Օքսֆորտ համալսարանի կողմէ. նոյնիսկ յայտնի «Պի.Պի.Սի.» ընկերութիւնը յատուկ արտօնութիւն խնդրած է Միշա Գիւտեանէն յատուկ յայտագիրի մը համար գործածելու Թոթովենցի «Արաբական նժոյգը»: Նոյնիսկ անգլիական համալսարաններ իրենց հարցարաններուն մէջ կը սկսին տեղադրել Թոթովենցի գրութիւնները՝ որպէս վերլուծութեան նիւթ:

Միշա Գիւտեան անգլերէնի կը թարգմանէ նաեւ «Սասնայ ծռեր» դիւցազներգութիւնը, «Երեք խնձոր» հեքիաթներու ժողովածուն, Յովհաննէս Թումանեանի «Լոռիի աշուղը» երկերու հատընտիրը, «Նարեկ» աղօթամատեանէն հատուածներ, Յակոբ Պարոնեանի «Մեծապատիւ մուրացկաններ»ը, «Սասունցի Դաւիթ»ը եւ այլ գործեր: Գրիգորեանի համար մեծ խնդիր էր Նարեկացիի թարգմանութիւնը. ան թարգմանած էր հատուածներ, սակայն զանոնք «անկատար» կը նկատէր, որովհետեւ Նարեկացի թարգմանելը մեծ բծախնդրութիւն ու շատ լուրջ աշխատանք կը պահանջէր. ան կ՚ուզէր անգլերէնի թարգմանել Նարեկացին, որովհետեւ կը հաւատար, թէ ան եղած է աշխարհի պատմութեան մեծագոյն հանճարներէն մէկը եւ կը զարմանար, թէ ինչպէ՞ս մինչեւ իր ժամանակ (նաեւ այսօր) աշխարհի բոլոր լեզուներով թարգմանուած չէ նման հսկայի մը գործը:

Շատեր կարեւոր կը նկատէին Միշա Գիւտեանի կատարած այս գործը, սակայն ուրիշներու համար «անիմաստ» կը թուէր ըլլալ. օրինակի համար, Ա. Ծառուկեանի համար այնքան ալ կարեւոր ու մեծ աշխատանք մը չէր Միշա Գիւտեանի կատարածը (գուցէ պարզ այն համոզումով, որ հայը իր մեծանուն գրողները պէտք է հայերէն կարդայ՝ եւ ո՛չ անգլերէն). սակայն կային մտաւորականներ, որոնք անհրաժեշտ ու կարեւոր կը նկատէին անգլերէնի թարգմանութիւնները: Սակայն օտարներու վրայ ձգած ազդեցութիւնը բաւարար է հասկնալու, թէ ինչպիսի մեծ գործ կատարած է Գիւտեան։ Հեքիաթներու թարգմանութենէն ետք Լոնտոնի «Մորնինկ Սթարս» օրաթերթը գրախօսական մը կատարած է Գիւտեանի աշխատութեան մասին, ուր կը կարդանք. «Հատորի 18 հեքիաթները հայելիներն են սրամտութեամբ եւ իմաստութեամբ զարգացած ազգի մը, որ պատմութեան ձեռքին շատ տանջուած է»:

Բարեբախտաբար Միշա Գիւտեանի մասին անտարբեր չէ մնացած Հայաստանի մի քանի թերթեր. օրինակի համար, 9 հոկտեմբեր 1970 թուականին Երեւանի մէջ լոյս տեսնող «Գրական Թերթ»ը (38-րդ տարի, թիւ 41, էջ 4) «Հայ մշակոյթի անխոնջ պրոպագանդիստը» խորագրեալ գրութեամբ կը խօսի Գիւտեանի կատարած աշխատանքին մասին:

Այսօր շա՜տ շատ քիչեր գիտեն ու կը յիշեն Միշա Գիւտեանը, սակայն վերոյիշեալ դրուագները փաստ են, որ ան կատարած է մե՛ծ աշխատութիւն, մեր գրականութիւնը ծանօթացնելու համար ուրիշներու. այսօր եւս շատ աւելիով կարիքը ունինք Գիւտեաններու, որովհետեւ ունինք սերունդ մը, որ հայերէն չի գիտեր, հայերէն չի՛ կարդար ու չի՛ հասկար եւ մեր արէժքները պէտք է անոնց մէջ սերմանել սկսինք անգլերէն լեզուով:

ԾԱՆՕԹ.- Միշա Գիւտեանի թարգմանութիւնները անգլերէնով կը կոչուին հետեւեալ ձեւով.

Ա.- Scenes From An Armenian Childhood

Բ.- Three Apples Fell From Heaven

Գ.- The Saga Of Sassoun

Դ.- The Bard Of Loree

Ե.- Tell Me Bella

Զ.- Soviet Armenian Poetry

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ո՞րն է աշխարհի ամենէն շատ թարգմանուած գիրքը:

Պատասխան. Աշխարհի մէջ ամենէն շատ թարգմանութեան արժանացած գիրքը Աստուածաշունչն է. դարերու ընթացքին թարգմանուած է հազարաւոր լեզուներու եւ բարբառներու:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Փետրուար 17, 2024