ԴԱՏԱՒՈՐԻ ԿԻՐԱԿԻՆ

Մեծ պահքի 5-րդ կիրակին՝ Ճաշու Աւետարանին (ՂՈՒԿ. ԺԸ) գլխուն մէջ պատմուած առակին ընդառաջելով կը կոչուի «Դատաւորի կիրակին»՝ ուր կը խօսուի «Անիրաւ դատաւորի եւ այրի կնոջ» մասին։ Եւ ինչպէս ծանօթ է՝ դէպքին գլխաւոր անձերն են «դատաւոր» մը եւ «այրի կին» մը։

Դէպքը մեզի ցոյց կու տայ՝ պահանջուած որեւէ բան ձեռք ձգելու միակ միջոցն է յարատեւութեամբ հետապնդել «գործ»ը՝ չվհատիլ եւ ի վերջոյ այս ճամբով հասնիլ մտադրուած նպատակին։

Դատաւոր մը չ՚ուզեր տեսնել այրի կին մը՝ որ ուրիշ որեւէ պաշտպան չունի եւ թերեւս ալ աղքատ է, եւ տեւապէս կը մերժէ զայն։ Բայց կինը հաստատակամ է, չի վհատիր, յարատեւ կը դիմէ դատաւորին։ Վերջապէս, դատաւորը այս յարատեւութեան դէմ չի կրնար աւելի դիմանալ եւ տեղի կու տայ՝ կը տեսնէ կնոջ դատը։

Այս յարատեւութեան դասը մեզի կը յիշեցնէ այն բնական երեւոյթը, թէ ամուր ժայռ մը իր վրայ թափուած առատ ջուրով չի վնասուիր, բայց երբ վրան յարատեւ ջուրի կաթիլներ թափի, այն ատեն անոր վրայ ծակեր կը գոյանայ։ Այսինքն՝ ժայռը ծակողը ո՛չ թէ առատ ջուրը, այլ տեւական հոսող ջուրի կաթիլներն են։

Ահաւասիկ, ժայռի նման կամքով մը այրի կնոջ արդար պահանջքը մերժող դատաւորը ի վերջոյ կը հրաժարի իր յամառ կամքէն, կը պատասխանէ խեղճ կնոջ պահանջքին։ Արդարեւ, յարատեւութեան դէմ ոչ մէկ բան կրնայ դիմանալ եւ ի վերջոյ տեղի կու տայ։ Ասիկա, թէ՛ բնութեան մէջ եւ թէ մարդկային փոխյարաբերութիւններու մէջ կարելի է տեսնել։

Աղօթքի կեանքն ալ յարատեւութիւն կը պահանջէ։ Բայց հոս երկու երեւոյթը պէտք չէ՛ իրար շփոթել. շատախօսութիւն եւ յարատեւութիւն։ Աղօթքը շատախօսութիւն չէ՛. շատախօսութիւնը նեղութիւն, զզուանք կը պատճառէ խօսակիցին եւ մա՛րդ շատախօսութեամբ նպատակի մը չէ՛ հասած։ Ուրիշ առիթներով ալ ըսուած է, թէ մարդ կայ՝ շատ կը խօսի, բայց որեւէ բան չ՚ըսեր։ Մարդ կայ՝ քիչ կը խօսի, շատ բան կ՚ըսէ։ Նոյնիսկ մարդ կայ՝ որ լռութեամբ, անխօսութեամբ շա՜տ բան կ՚ըսէ։

Բայց յարատեւութիւնը այնպէս չէ. յարատեւութիւնը ժամանակին մէջ միատարր (homogène) կերպով կը տարածուի, եւ զգացումներու, նաեւ գիտակցութեան վրայ կ՚ազդէ, եւ այս կերպով կը հասնի իր նպատակին։

Ուստի, պարզութիւն եւ չափաւորութիւն մտքի եւ հոգիի ամենէն բնական եւ հետեւաբար ամենէն արդար վիճակներ են մարդու համար, որով կարելի է ապահովել «երջանիկ կեանք»ը։ Այս իմաստով, աղօթքն ալ պէտք է պարզ եւ չափաւոր ըլլայ։ Բայց պէ՛տք է յարատեւ ըլլայ, այսինքն տեւական ըլլայ եւ անվհատ, առանց յուսալքուելու «շարունակել» աղօթքը, այսինքն՝ երբ աղօթքը անմիջապէս պատասխան չգտնէ, առանց վհատելու ժամանակի մէջ շարունակել։ Մեր ամէնօրեայ «Հայր մեր…»ին մէջ կ՚ըսենք. «Այսօրուան հացը տո՛ւր մեզի…», ուրեմն, այս կը նշանակէ, որ «ամէն օր» պէտք է աղօթենք, եւ ո՛չ թէ մէկ օրուան մէջ տեւական կրկնենք մեր հացի պահանջքը։ Մարդ ո՛րչափ հեռանայ արդարութեան ըմբռնումէն եւ արդա՛ր հասկացողութենէն, այնչափ նեղութիւն կը զգայ եւ այս զգացումին յաղթելու համար քարէ քար կը զարնէ ինքզինք։

Մարդկային կարողութիւններու, յատկապէս եւ աւելի պարզ կերպով՝ մարդու հոգեկան եւ բնախօսական ուժերուն կանոնաւորապէս զարգացումը անհրաժեշտ է, որպէսզի մարդ կարող ըլլայ աղօթել։

Աղօթելու կարողութիւնը պէտք չէ բթացնել. անիկա արդար իրաւո՛ւնքն է հոգիին։ Մարդ երբ գիտէ աղօթել մաքրապէս եւ պարզ, կը հաւատայ, որ կրնայ սիրել ընկերը, կրնայ անկեղծօրէն նուիրուիլ իր սկզբունքներուն, ընտանիքին, կրնայ ընել շատ բաներ, քանի որ բարձրացած է ստորին կեանքի մակարդակէն վեր, վե՛ր է ամէն հոգեկան խեղճութիւններէ, ամէն տկարութիւններէ։

Փորձենք պարզ աղօթել՝ ո՛չ շատախօսել, այլ՝ յարատեւե՛լ աղօթքի մէջ…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարտ 16 2023, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Մարտ 18, 2023