ԻՄԱՍՏՈՒՆԻՆ ՀԵՏ ՔԱԼԵԼ

«Իմաստուններուն հետ քալողը իմաստուն կ՚ըլլայ, բայց անմիտներուն ընկերակցողը չար կ՚ըլլայ» (ԱՌԱԿ. ԺԳ 20)։

Առակախօսին այս խօսքը մեզի կը յիշեցնէ ժողովրդական այն առածը, որ կ՚ըսէ. «Ըսէ ընկերդ՝ ըսեմ թէ ո՛վ ես»։

Արդարեւ երկու խօսքերու միջեւ որքան արտաքին նմանութիւն չկայ, բայց ներքնապէս շատ ալ տարբերութիւն չի տեսնուիր։ Իսկ ուրիշ առած մըն ալ սապէս կ՚ըսէ. «Նմանը իր նմանը կը գտնէ»։ Ուստի այս խօսքերու միջեւ նպատակի մերձաւորութիւն մը կայ, որ է՝ ամէն մարդ ինքզինք մօտ կը զգայ այն՝ որ իր նկարագրին, իր մտադրութեան, իր տեսակէտին, իր հաւատալիքներուն եւ մէկ խօսքով՝ իրեն կը յարմարի։

Մեկնելով Առակախօսին խօսքէն՝ մէկը իմաստունին մօտ կը զգայ ինքզինք, կամ անոր կը հետեւի, որովհետեւ ի՛նք ալ իմաստուն է։ Իսկ այն որ անխոհեմ եւ անտարբեր է իմաստութեան, ան կը հետեւի անմիտ մարդոց, որովհետեւ իրեն անոնք աւելի՛ մօտ կը զգայ։

Աստուծոյ ճշմարտութիւնը Անոր իմաստութիւնն է եւ Ան մարդը կը ստեղծէ իմաստութեամբ եւ մարդը կը մասնակցի Աստուծոյ իմաստութեան։ Ուրեմն իմաստութիւնը ստացական չէ, այլ՝ ընդոծի՛ն։ Բայց ոմանք չեն անդրադառնար իրենց իմաստութեան եւ կը նախընտրեն, կը հետեւին անխոհեմութեան, կը քալեն անմիտներու հետ եւ անոնց կ՚ընկերակցին։

Նախ, ըսենք որ «իմաստո՛ւն» է ամէն մարդ, քանի որ Իմաստունը՝ Աստուած զայն ստեղծեց իմաստութեամբ։

Սա իրողութիւն է, թէ Աստուած Իր իմաստութեան համաձայն ստեղծեց աշխարհը։ Ան կոյր ճակատագրի մը, կամ դիպուածի մը արտադրութիւնը չէ։ Ան յառաջ կու գայ Աստուծոյ ազատ կամքէն, որ ուզեց արարածները «մասնակից» դարձնել Իր էութեան, Իր իմաստութեա՛ն եւ Իր բարութեան։ «Որովհետեւ Դուն ստեղծեցիր ամէն բան. Դուն ուզեցիր որ անոնք գոյութիւն ունենան, եւ անոնք ստեղծուեցան» (ՅԱՅՏ. Դ 11)։ «Ո՛րքան բազմաթիւ են, Տէր, Քու գործերդ։ Քու իմաստութեամբ ստեղծեցիր զանոնք» (ՍԱՂՄ. ՃԴ 24)։ «Բարի է Տէրը ամէնուն հանդէպ, Անոր գորովը կը տարածուի Իր բոլոր գործերուն վրայ» (ՍԱՂՄ. ՃԽԵ 9)։

Ուրեմն մարդ «իմաստուն» կը ծնի, եւ իր ազատ կամքով՝ նախընտրութեամբ «անխոհեմ» կը դառնայ. ուրիշ խօսքով, իմաստութիւնը բնածին է մարդուն, իսկ անխոհեմութիւնը՝ ստացակա՛ն։ Եւ երբ մարդ իմաստուն կը մնայ, կը հետեւի իմաստութեան եւ իմաստուն մնացած մարդոց Աստուած իմաստութիւն է, եւ Աստուած մարդը ստեղծած է Իր պատկերով եւ Իր նմանութեամբ, եւ ուրեմն, պարզ տրամաբանութեամբ՝ «Մա՛րդ» օժտուած է իմաստութեամբ…։

Մարդ իմաստութեամբ օժտուած է թէեւ, բայց իր իմաստութիւնը գործածելու մէջ ան երբեմն կը թերանայ, քանի որ ան ունի նաեւ «ազատ կամք» եւ իր ազատ կամքով կրնայ օգտագործել կա՛մ չօգտագործել իր իմաստութիւնը։

Ուրեմն մարդուն համար հարցը իմաստուն ըլլալ կամ չըլլալ չէ՛, այլ իմաստութիւնը գործածելու կամ չգործածելու, իմաստութեամբ շարժելու կամ չշարժելու հարց մըն է։ Եւ ահաւասիկ, այս ուղղութեամբ, «իմաստուն» է այն մարդը՝ որ գիտակցութիւնը ունի իր իմաստութեան եւ գիտէ՛ իմաստութիւնը գործածել եւ իմաստութեամբ շարժիլ։

Հարց մըն ալ սա է, թէ «գիտուն» ըլլալ կը նշանակէ՞ նաեւ «իմաստուն» ըլլալ։ Արդարեւ, գիտութիւնը պէտք է զատել իմաստութենէն եւ երկու վիճակները տարբեր կերպով նկատի առնել։ Իմաստութիւնը, որովհետեւ գիտուն ըլլալէ, գիտնական ըլլալէ բոլորովին տարբեր վիճակ մըն է, քանի որ ան ընդոծին է, իսկ գիտութիւնը՝ ստացակա՛ն։ Ուրեմն կարելի է եզրակացնել թէ՝ քանի որ իմաստութիւնը բնատուր յատկութիւն մըն է, ուրեմն այն որ զայն գործածէ, այսինքն իմաստութեամբ շարժի, կրնայ գիտուն ըլլալ։ Եւ կամ սապէս կարելի է ըսել՝ գիտութիւն ստանալ, գիտուն ըլլալ՝ իմաստութի՛ւն է։ Կը հետեւի թէ՝ գիտունը նաեւ իմաստուն է, քանի որ իր իմաստութիւնը գործածած, իմաստութեամբ շարժած եւ գիտուն եղած է։ Այսպէս կարելի է ներքին կապ մը հաստատել «գիտուն»ի եւ «իմաստուն»ի միջեւ եւ ըսել.- իմաստութիւնը գործածողը «գիտուն ըլլալ» կը նախընտրէ, բայց միայն գիտուն ըլլալ, նաեւ իմաստուն ըլլալ չի նշանակեր։

Իմաստուն մարդը իմաստութեամբ կը շարժի եւ կը հետեւի ուրիշ իմաստուններու, Առակախօսին խօսքով՝ իմաստուն մարդը իմաստուններու հետ կը քալէ։

Իմաստուն մարդը այն է, որ իմաստութեամբ կը շարժի, իմաստութեամբ կը գործէ, ըսինք, ուրեմն իմաստութիւն է՝ սորվիլ, գիտնալ, սորվածը եւ գիտցածը օգտագործել ի նպաստ մարդկութեան՝ սորվիլ եւ սորվեցնել. չէ՞ որ մարդ սորվեցնելով կը սորվի…։

Ուրեմն, մարդ պէ՛տք է անդրադառնայ իր բնատուր յատկութեան՝ իր իմաստութեան եւ ըստ այնմ շարժի՝ իմաստութեամբ գործէ եւ պիտի տեսնէ որ երջանկութիւնը իմաստութեան մէջ է, զայն գործածելու, իմաստութեամբ գործելու մէջ. արդէն իմաստուն մարդը դիւրութեամբ կը գտնէ երջանկութիւնը, քանի որ ան համընթաց է իմաստութեան հետ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մայիս 3, 2019, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Մայիս 18, 2019