ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Պատմութիւնը՝ միշտ ժամանակներու լոյսը, դէպքերու աւանդապահը, ճշմարտութեան հաւատարիմ վկան, բարի խրատներու, օգտակար դասերու եւ զգօնութեան սկզբունքը, վարք եւ բարքի, կենցաղավարութեան կանոնը սեպուած է։

Ուստի, առանց պատմութեան ժամանակի մէջ եւ բնակուած երկրին սահմաններուն մէջ ամփոփուած, մարդուս մասնաւոր ծանօթութիւններուն անձուկ, նեղ շրջանակին եւ սեփական խորհուրդներուն մէջ փակուած, միշտ տեսակ մը «մանկութեան վիճակ»ի մէջ պիտի ապրէին մարդիկ։ Այս պիտի նշանակէր՝ աշխարհի մնացած միւս մասերուն անտեղեակ մնալ, եւ անցեալի մէջ պատահած եւ մարդս շրջապատող բոլոր իր եւ իրողութիւններուն նկատմամբ խոր տգիտութեան մը մէջ ըլլալ։

Պահ մը պէտք է խորհիլ. մարդուս ամենէն երկար կեանքը կազմող տարիները ի՛նչ պիտի ըլլան, ի՛նչ պիտի ըլլայ այն երկիրներու տարածութիւնը՝ ուր մարդիկ կ՚ապրին կամ աշխարհի վրայ կրնան ժուռ գալ, եթէ ո՛չ աննշմարելի կէտ մը տիեզերքին ընդարձակ գաւառներուն քով, եւ այն դարերու երկա՜ր կարգին նկատմամբ՝ որ աշխարհի սկիզբէն իրարու յաջորդած են։ Չէ՞ որ ընդհանրապէս կ՚ըսեն, թէ պատմութիւնը դէպքերու տեւական կրկնութի՛ւնն է…։

Այս աննշմարելի կէտին մէջ ահա՛ մարդոց տեղեկութիւնները պիտի ամփոփուին, եթէ պատմութեան ուսումը, պատմագիտութեան հանդէպ հետաքրքրութիւնը օգնութեան չհասնի, որ բոլոր դարերը, ինչպէս նաեւ բոլոր աշխարհները մարդուս առջեւ կը բանայ, որպէսզի բոլոր հին ժամանակներու երեւելի մարդոց հետ հաղորդակցութիւն ապահովէ։ Արդարեւ պատմութեան շնորհիւ է, որ մեծ մարդոց գործերը, ձեռնարկութիւնները կը ներկայացուի, եւ անոնց իմաստուն խորհուրդներէն օգտուելու առիթը կ՚ընծայէ։ Այս խորհուրդներով մարդս կ՚անդրադառնայ քիչ ժամանակուան մէջ ամենէն յաջողակ դասատուներու տուած դասերէն շատ բարձր՝ կանխահաս խոհեմութեան մը։

Այս իմաստով, կարելի է ըսել՝ թէ պատմութիւնը մարդկութեան ընդհանուր դպրո՛ց մըն է. հաւասարապէս բաց եւ օգտակար՝ թէ՛ մեծերու եւ թէ՛ պզտիկներու, թէ՛ իշխանութիւն ունեցողներու եւ թէ՛ հպատակներու, եւ մանաւանդ ամէնուն պիտանի եւ օգտակա՛ր։

Ճշմարտութիւնը չի կրնար երբեք այս կարեւոր եւ անհրաժեշտ ծառայութիւնները կատարել եթէ ոչ պատմութեան օգնականութեամբ։ Պատմութիւնը միայն կը զօրէ համարձակութեամբ եւ ճշդութեամբ խօսելու, եւ տիրաբար դատելու մինչեւ իսկ իշխանաւորները, զորս Սենեքա կ՚անուանէ. «Liberrimam principum judicem»։ Զուր տեղը մարդիկ իրենց տաղադները կ՚ուզեն յայտնել, իրենց հանճարին կամ քաջութեան վրայ կը հիանան, իրենց երեւելի գործերը եւ աշխատութիւնները կը գովեն՝ եթէ բոլոր ասոնք ճշմարտութեան եւ արդարութեան վրայ հիմնուած չեն, պատմութիւնը ծածկաբար անոնց դատը կը տեսնէ։

Արդարեւ հռչակաւոր յանցապարտներէն շատեր իրենց հասարակաց պատիժը, հատուցումը կ՚ընդունին պատմութեան առջեւ։ Ուստի, պատմութիւնը, ազատօրէն դատելու ազատութիւնը եւ իրաւունքը ունի, մահուընէ ետք իսկ դատելու։

Պատմութիւնն է, որ նաեւ ճշմարտապէս գեղեցիկ, օգտակար գործերու վրայ անմահութեան կնիքը կը դրոշմէ եւ մոլութիւնները, չարութիւնները չարաչար կը խայտառակէ։ Պատմութեան անմահութեան եւ դատապարտութեան կնիքը չեն կրնար ջնջել դարեր։

Եւ դարձեալ, պատմութեան շնորհիւ է, որ ժամանակին անտեսուած, անտարբերութեան զոհուած, չճանչցուած երախտիքը կամ արդիւնքը եւ հարստահարուած առաքինութիւնը ապագային անաչառ դատաստանին կը բողոքեն։ Եւ պատմութիւնը, վնասին փոխարէնովը իրենց ժամանակաշրջանին ատենով զլացած արդարութիւնը կը հատուցանէ անոնց եւ առանց ակնածելու եւ առանց վախնալու, իր զօրութիւնը կը գործադրէ։

Այս ուղղութեամբ, չկա՛յ ամենեւին վիճակ մը, կացութիւն մը, իրողութիւն մը՝ որ պատմութենէ նոյն օգուտները չկրնայ քաղել։ Եւ չկայ նաեւ որեւէ հասակ, որ չօգտուի պատմութեան բարիքէն։ Հասուն մարդիկ կը հպատակին անոր. ամէն հասակի եւ դիրքի մարդոց կը վերաբերի այս հպատակութիւնը։

Ուրեմն, շատ օգտակար է պատմութիւնը այն ամէնուն, որ մարդասիրական ծառայութիւն մը կը մատուցանէ՝ իր պիտանի դասերը կը մատակարարէ, եւ անկասկածելի, վստահութիւն ներշնչող ձեռքով մը անոնց՝ իրենց բոլոր պարտականութիւններուն հաւատարիմ «հայելի» մը կը ներկայացնէ եւ կը սորվեցնէ անոնց, թէ իրենք մարդոց օգտին եւ բարիքին համար ներկա՛յ են, եւ ո՛չ թէ մարդիկը իրենց համար։

Ուստի, եթէ պատմութիւնը լա՛ւ ուսումնասիրուի, լա՛ւ սորվուի, պէտք եղած կարեւորութիւնը ընծայուի անոր, մարդոց համար բարոյական դպրոց մը կ՚ըլլայ, ուր թերութիւնները կը նշմարուի եւ կը վատահամբաւուի, պատիր՝ կեղծ առաքինութիւնները երեւան կը հանուի, ժողովուրդին սխալմունքները եւ նախապաշարումները կ՚ուղղուի, մարդիկը շլացնող ունայն փառքերուն կախարդիչ պատրանքները եւ խաբէութիւնները կը փարատուի եւ բոլոր պատճառաբանութիւններէ աւելի համոզի՛չ բիւրաւոր օրինակներով ցոյց կը տրուի, թէ ճշմարտախօսութիւնը, ուղղամտութիւնը՝ պատիւը եւ առաքինութիւնն է միայն ընդունելի եւ գովելի՛։

Ուրեմն, պատմութիւնը կը նմանի շէնքի մը ամուր հիմերուն, ոորնք շէնքին հաստատուն եւ անխախտ կերպով գոյատեւումը կ՚ապահովեն։ Հիմերը թէեւ անտեսանելի, բայց անհրաժեշտ տարրերն են տեսանելի շէնքին։ Եւ այս իմաստով, հիմերը անցեալն են՝ պատմութիւնը, իսկ անոնց վրայ կանգնած շէնքը՝ ներկա՛ն։

Մոլորած, ապականուած մարդիկ չեն կրնար զլանալ իրենց յարգը եւ հիացումը մեծ եւ գեղեցիկ գործերու վրայ՝ զոր պատմութիւնը անոնց կը ներկայացնէ։ Ուստի, պատմութիւնը եզրակացնել կու տայ, թէ առաքինութի՛ւնն է ուրեմն մարդուս ճշմարիտ բարիքը։ Եւ այս ճշմարիտ բարիքն է, որ մարդս պատուելի եւ ճշմարտապէս մե՛ծ կ՚ընէ։

Պատմութիւնը, ահաւասիկ, այս առաքինութիւնը յարգել կը սորվեցնէ եւ աղքատութեան, աղէտներու, գձուձութեան, երբեմն նաեւ վատանունութեան եւ խայտառակութեան քօղին տակէն անոր գեղեցկութիւնը եւ պայծառութիւնը զատել եւ որոշել կու տայ։ Նոյնպէս, ասոր հակառակ, ոճիրներու համար ալ մի միայն սոսկում եւ ատելութիւն կը ներշնչէ, թէեւ այն ոճիրները առաքինութեան քօղին տակ ծածկուած՝ որպէս անմեղութիւն ներկայանան։

Պատմութիւնը դաստիարակ մըն է, ուստի պէտք է տալ տղոց, հաւասարապէս յարմար՝ զանոնք թէ՛ զբօսցնելու եւ թէ՛ կրթելու, անոնց սիրտը եւ հոգին շինելու, կեանքի պատրաստելու, եւ հաճելի եւ օգտակար զանազան գործերով անոնց յիշողութիւնը եւ մտային պաշարը հարստացնելո՛ւ։

Պատմութիւնը իրմէ անբաժանելի զբաղումներու հրապոյրներովը՝ կրնայ նաեւ ծառայել՝ անոնց այս սորվելու անյագ տարիքներուն մէջ՝ իրենց հետաքրքրութիւնը սաստիկ շարժելու եւ ընթերցասիրութեան ախորժակը արթնցնելու։ Արդարեւ, ասիկա, դաստիարակութեան մասին հիմնական, անայլայլելի եւ մշտնջենաւոր սկզբունք մըն է. ուստի ամէն ժամանակ այնպէս ընդունուած է, որ պատմութեան ուսումը բոլոր միւսներէն յառաջ պէտք է ըլլայ՝ անոնց ճամբան պատրաստելու եւ լուսաւորելու համար։

Միտքը եւ հոգին արդարութեան եւ առաքինութեան հին օրինակներով է, որ աւելի եւս կը զարգանայ եւ կ՚ազնուանայ, քանի որ ուսուցման կարեւոր եւ անհրաժեշտ տարրերէն մին կը կազմէ «օրինակ»ը՝ տիպար մարդոց կեանքը եւ անոնց գործերը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 14, 2020, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 18, 2020