«SUPERMAN»Ն ԱԼ ՊՂԾԵՑԻՆ…

Երբ կնոջական հագուստի մը կարճութիւնը կ՚ըմբռնենք որպէս անբարոյականութեան հաւաստիք, իսկ անոնց ընկերային փարթամ կեանքը որպէս բարոյազրկութիւն, ինչքա՜ն աւելին պիտի ընէինք միասեռականութեան հանդէպ: Սակայն նախքան միասեռական մը կշտամբելը յիշեցէք. եթէ ո՛չ ձեր զաւակներէն մին, ապա ձեր թոռները եւ կամ անոնց զաւակները կրնան միասեռականներ դառնալ, որովհետեւ մենք նշմարենք թէ ոչ՝ օրական դրութեամբ, նոյնիսկ մեր տուներէ՛ն ներս միասեռականութեան քարոզարշաւն է որ կը տարուի:

Նկատենք թէ ոչ՝ այդ քարոզարշաւը օրէ օր աւելի հաստատակամ քայլերով մուտք կը գործէ մեր տուներէն ներս, կամաց կամաց բնական տեսք ստանալ փորձելով: Միացեալ Նահանգներու մէջ, «DC Comics» ընկերութիւնը, որ կը զբաղի մանկական գիրքերու տպագրութեամբ, յայտարարեց՝ որ մանուկներու սիրելի «Superman» կերպարը յառաջիկայ ամսուայ տպագրութեանց մէջ արդէն իսկ կը դառնայ միասեռական, յարաբերութեան մէջ մտնելով իր մտերիմ ընկերներէն մէկուն հետ: Եւ մինչեւ իսկ մանկական գիրքին մէջ նկարուած է հերոսը՝ նոյն սեռի պատկանող բարեկամի հետ կրքոտ նայուածքներ փոխանակած եւ մինչեւ իսկ համբուրուած ատեն...

Ողբամ զքեզ բարոյականութիւն... ողբամ զքեզ տրամաբանութիւն... եւ բազմիցս ողբամ զքեզ բանականութիւն:

Արդէն իսկ կամաց կամաց կը փորձեն հասակ առնող նոր սերունդին մօտ բնական երեւոյթի վերածել միասեռականութիւնն ու բարոյազրկութիւնը եւ ի գին այդ նպատակի յաջողեցման պատրաստ են ամէ՛ն անպատիւ ձեռնարկի. չեմ զարմանար եթէ օր մը, բազմիցս մեղա՜յ, Քրիստոսը եւս վերնատան մէջ միասեռական դարձնեն...:

Անխուսափելի ճշմարտութիւն է, որ նախնական շրջանին մանուկներն ու պատանիները որպէս տիպար կ՚ընտրեն մանկական ժապաւէններու հերոսները եւ մինչեւ որոշ տարիք անոր նմանելու ամէ՛ն փորձեր կը կատարեն: Ո՞ր մանչ երեխան իր մանկութեան ընթացքին չէ՞ ըսած որ «ես superman եմ». վա՜յ մեր մանուկներուն, որ իրենց սիրած կերպարն ու տիպարը միասեռական է արդէն:  Ու այս բոլորին դիմաց բան չես կրնար ըսել, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ գոյութիւն ունի «Երեխաներու սեռական իրաւունք» (Sexual rights of children):

Մենք նկատենք թէ ոչ՝ մեր մանուկները իրենց նայած մանկական ժապաւէններու ճամբով (որոնք անմեղ կը թուին ըլլալ) կրնան գէշ օրինակներ վերցնել. ըստ մանկավարժներու անոնց ժխտական ազդեցութիւններն են մութ վայրերու հանդէպ յառաջացած վախը, ուժ կիրառելու, կռուելու եւ զանազան ձեւերով դիմացինը ցաւցնելու ախտը, որովհետեւ մանուկին դիմաց ներկայացուած տիպարները մի՛շտ ալ զօրաւոր են, զարնող եւ յարձակող եւ վերջաւորութեան յաղթանակ: Արդ, մանուկին ներաշխարհին մէջ պատկերը նո՛յնն է. ինք ալ պիտի յարձակի, կռուի՝ որպէսզի յաղթական դուրս գայ՝ ինչպէս իր հերոսը:

Զարմանալի է, սակայն մինչեւ իսկ մեր բոլորին կողմէ սիրուած «Tom & Jerry» մանկական ժապաւէնին մէջ գոյութիւն ունի սեռական միտում ունեցող արտայայտութիւններ:

Մեր մանկութեան ժամանակ Անին երեք արջուկներուն տունը կ՚երթար, Պետիկը գայլին հետ արկածախնդրութիւններ կ՚ունենար, գայլը կը փորձէր Կարմիր Գլխարկիկը ուտել, Ալատտինը կը փորձէր իր լամբին ճամբով իր երազները իրականացնել. անմե՛ղ էր ամէն բան. այդ ժամանակ «superman»ը միասեռականութեամբ զբաղուելու փոխարէն աշխարհը կը փորձէր ազատագրել չարերու ձեռքէն: Յայտնի հերոսը միասեռականութեան յատկանիշով օժտող ընկերութիւնը «BBC»ի տուած իր հարցազրոյցին մէջ կը նշէ, որ «մենք Superman-ի տիպարը միասեռական դարձուցինք, որպէսզի սեռական խնդիրներով տառապողները տեսնեն ու ըսեն. “Այս superman-ը ինծի նման է, կը պայքարի հարցերու մասին որ ինծի կ՚առընչուի”»:

Ու տակաւին տեսայ տպագրուած այնքա՜ն մանկական գիրքեր, որոնց մասին գրելը նոյնիսկ ամօթ կը նկատեմ՝ սակայն նոյն այդ գիրքը մանուկներուն կը տրուի: Տամ անոնցմէ մէկուն խորագիրը. «Կ՚ուզե՞ս գնդակներուս հետ խաղալ» (Do You Want To Play With My Balls?) սիրուն մանկական գծագրութիւններով. մանկական գիրքը կը խօսի մանչուկի մը մասին, որ գնդակներ ունի եւ դրացիին աղջիկները մի՛շտ այդ գնդակներով կ՚ուզեն խաղալ, հակառակ պարագային երբ չխաղան, կը նեղուին ու կու լան: Առիթով մը դրացիին աղջիկը գնդակներուն մասին կը բողոքէ... գնդակը այնքա՜ն մեծ է, որ բերանը անգամ չի՛ բաւեր...:

Եթէ կարդացած ատեն ամօ՛թ ու զզուանք զգացիք... ոչի՛նչ. ա՛յս է որ կամաց կամաց կը հրամցուի մեր մանուկներուն:

Դարձեալ հարց տանք. ո՞ւր կ՚երթանք...

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԲԱՂԻՇ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
(1922-2004)

Մեր թուականէն 99 տարիներ առաջ՝ 18 հոկտեմբեր 1922-ին Գեղարքունիքի մարզի Արծուանիստ գիւղին մէջ ծնած է արձակագիր եւ գրող Բաղիշ Յովսէփեան:

Յովսէփեան նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ. աւարտելէ ետք դպրոցը, 1938-1940 թուականներուն վարած է ուսուցչական պաշտօն իր հայրենի գիւղին մէջ եւ ապա ծառայած է խորհրդային բանակին՝ 1940-1943 տարիներուն եւ մասնակցած՝ հայրենական մեծ պատերազմին: Վերադառնալէ ետք որոշ ժամանակ աշխատակցած է Մարտունիի մէջ գործող թերթերուն, միաժամանակ իր ուսումը շարունակելով Երեւանի Պետական համալսարանի բանասիրական կաճառէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1950 թուականին: Յովսէփեան համալսարանական ուսումը աւարտելէ ետք աշխատած է «Ամսական Թերթ»ի ու «Սովետական Գրականութիւն» ամսագիրի խմբագրութիւններուն մէջ, միաժամանակ վարած է Հայաստանի Գրողներու միութեան Սեւանի բաժանմունքի պատասխանատու քարտուղարի պաշտօնը: Յովսէփեան հանդէս եկած է արձակագրութեամբ, գրելով պատմուածքներ եւ վէպեր, որոնց մէջ առաւելաբար առկայ է հոգեբանական ու իրապաշտական բնոյթը: Անոր յայտնի գործերէն են «Սեւան» պատմուածքներու հաւաքածոն (1958), «Սերմնացանները չվերադարձան» վէպը (1962), «Դու հասկացա՞ր ինձ» վէպը (1971), «Զանգակ ձիուկը» (1968) եւ ուրիշներ: Յովսէփեան Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ դարձած է 1957 թուականին:

Արձակագիրը մահացած է 10 փետրուար 2004 թուականին, Երեւանի մէջ: 

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2021