«ՀԱԶԱՐ ՈՒ ՄԷԿ ԲԱՌ ՈՒ ԲԱՆ»

«Բառարան կարդալ»՝ ընթերցանութեան շատ հաճելի եւ միանգամայն օգտակար մէկ տեսակն է. մարդ երբ կը կարդայ բառարանը, կարծես կ՚ընդարձակուի իր մտային հորիզոնը, քանի որ իւրաքանչիւր բառ տարբեր աշխարհ մը կը ներկայացնէ, եւ այդ աշխարհին մէջ տարբեր ապրումներ, տարբեր երեւոյթներ, տարբեր կեանքեր կը հմայեն զինք։

Այս ուղղութեամբ միջոցէ մը ի վեր կը կարդամ Դոկտ. Էնժ. Տիրայր Ֆրունճեանի հաւաքած եւ աշխատասիրած «Հազար ու մեկ բառ ու բան հայոց խօսից բարբառէն», Պերլին, 1969 աշխատասիրութիւնը՝ որ իր կարգին իւրայատուկ շահեկան «բառարան» մըն է։

Ուստի այս շահեկան եւ ինքնուրոյն աշխատասիրութենէն հատուածներ կը ներկայացնենք մեր սիրելի՜ եւ ազնիւ ընթերցող բարեկամներուն։

«Բառարան»ին հեղինակը ծնած է 2 նոյեմբեր 1906 թուականին՝ Թէքիրտաղ։ Ուսանած է Հինդլեան-Մալաթեան «Նոր Դպրոց»ը։ 1922-ին մեկնած է Պերլին։ Այստեղ աւարտած է «Ֆրիտրիխ Վէրտերշէ Օպերռէալշուլէ» երկրորդական վարժարանը 1929-ին, եւ մտած է Պերլինի «Ֆրետերիխ-Վիլհելմս» համալսարանը։ Յետոյ անցնելով «Թէխնիշէ Հօխշուլէ» ճարտարագիտական բարձրագոյն վարժարանը՝ լրացուցած է զայն եւ 1934-ին վկայուած՝ «Տիպլոմ Էնժէնիէօր քիմիագէտ»։ Իսկ 1939-ին Տարմշթաթի մէջ վկայուած է իբր Դոկտոր Էնժէնիէօր։ 1941-1943 թուականներուն դասախօսած է Պերլինի ժողովրդական համալսարանին մէջ քաղաքական աշխարհագրութեան նիւթերու շուրջ։

Իր գրական-բանասիրական փորձերուն սկսած է դպրոցական տարիներէն։ Իր կարեւորագոյն գործն է 505 երկսիւնակ էջերով առաջին հայերէնէ գերմաներէն բառարանը՝ տպուած 1952 թուականին։ Ունի նաեւ ճարտարագիտական (թեքնիք) երկու բառարան։ Իսկ «Հազար ու մէկ բառ ու բան հայոց խօսից բարբառէն»ը աշխատասիրած է 1964-1967-ին։

Իր յանկարծական մահը պատահած է 9 հոկտեմբեր 1967-ին։ Իր վշտահար եղբայրը հրատարակած է իր վերջին գործը։

***

- «Լալու էշ մեր էշը, որ ագի չունի փարտելու»։
Խեղճ է, անկար է, մեղքնալիքը մենք ենք, ո՛չ թէ ան, որուն վրայ կը խօսուի։

- «Ալիւր-աղցան ըլլալ»։
Սաստիկ յոգնիլ։

- «Ալֆա եւ օմէկա»։
Սկիզբ ու վերջ, ամբողջ։

- «Ա՜խ քաշել»։ «Բանի մը ա՛խ քաշել»։
Բանի մը կարօտ ունենալ, կարօտ ըլլալ։

- «Ականջ դնել»։
Ուշադիր լսել, խօսակցութեան մը գաղտնօրէն հետեւիլ, մտիկ ընել։

- «Մէկուն ականջը բան մը ձգել»։
Դիտաւորեալ լուր մը տալ անուղղակիօրէն։
Զգացնել ուրիշին միջոցաւ։

- «Ականջները լարել»։
Ուշադիր լսել։

- «Ականջները սրել»։
Ուշադիր մտիկ ընել, ուշադիր լսել։

- «Ականջները տնկել»։
Ուշադրութիւնը լարել։

- «Պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալ»։
Խառնակ կացութենէն (անձնապէս) օգտուիլ ուզել։

- «Մէկուն պճեղը չ՚արժեր»։
Մէկուն ոտի ետեւի մասը (կրունկը) չ՚արժեր, ակնարկուած անձին արժէքէն շատ վար մնալ, անկարող մէկը ըլլալ։

- «Պոչաւոր սուտ»։
Բացայայտ սուտ։

- «Ի՞նչ պտուղ է»։
Շատ խորամանկ է։

- «Ջաղացքէն գալ»։
Չհասկնալ բանի մը էութիւնը։
Սուտ խուլ ձեւանալ։

- «Գինիին մէջ ջուր խառնել»։
Խիստ վարմունքը թեթեւցնել՝ թուլցնել։
Վարմունքը բարեխառնել։

- «Ջուր ծեծել»։
Զուր տեղը՝ վիճաբանիլ, ջանք վատնել։

- «Բան մը վրայ տալ»։
Բան մը (դրամ, արժանապատուութիւն) կորսնցնել, վնաս կրել։

- «Գոյնը դուրս տալ»։
Իր ներքին զգացումները (տրամադրութիւնը) չկրնալ ծածկել։

- «Ինքզինք բանի մը տալ»։
Բանի մը նուիրուիլ։ Բանի մը մոլի ըլլալ։

- «Տեղի տալ»։
Ետ կենալ՝ մինչեւ այդ ատեն պաշպան-ւած տեսակէտէն։ Պնդելէ հրաժարիլ։

- «Սիրտ տալ»։
Քաջալերել։

- «Տուն տալ»։
Բանի մը հիմք ծառայել, սկզբնապատճառ ըլլալ, առիթ ընծայել։ Փխ.՝ խրատ տալ, թելադրել։

- «Ի բաց առեալ»։
Բացառութեամբ։

- «Ի լրոյ գիտնալ»։
Միայն լսելով գիտնալ. ո՛չ ականատես։

- «Երեսէ իյնալ»։
Յարգը կորսնցնել, շնորհազրկուիլ։

- «Մէկուն հետ իյնալ»։
Կատակել (մէկուն հետ), մէկը ծաղրել, մէկը հեգնանքի նիւթ ընել։

- «Մէջը իյնալ»։
Խաբուիլ, թակարդը իյնալ, կորուստի ենթարկուիլ։

- «Մէկուն բան մը իյնալ»։
Բան մը մէկուն բաժին ելլել։

- «Բան մը ճակատը գրուած ըլլալ (մէկուն)»։
Սեփականութիւնը ըլլալ։

- «Ճակատը մուր քսել»։
Զրպարտել։ Քսութիւն ընել։ Յանցապարտ ցուցնել (մէկը)։

- «Հազար մաղէ անցած ըլլալ»։
Շատ տուն մտած-ելած՝ աներես ըլլալ, շատ գործերու մէջ թրծուած ըլլալ։ Փխ.՝ հանած վարած, ճարպիկ մէկը ըլլալ։

- «Հակառակ իյնալ (մէկուն)»։
Մէկուն հակառակորդ դառնալ, հակառակ երթալ։

- «Համ առնել (բանէ մը)»։
Ախորժիլ։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 28, 2019, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2019