ՍԻՆԿԱԲՈՒՐԻ ՕՐԳԻՏԷՆ…

Ստորեւ կը ներկայացնենք Սարգիս Սերոբեանի 1 հոկտեմբեր 1985 թուակիր «ՔՈՒԼԻՍ» հանդէսին մէջ հրատարակուած շահեկան մէկ յօդուածը։

ՍԻՆԿԱԲՈՒՐԻ ՕՐԳԻՏԷԻ ԵՒ ՀԱՅՈՑ ԵԿԵՂԵՑԻԻ ՄԱՍԻՆ

ՍԱՐԳԻՍ ՍԵՐՈԲԵԱՆ

«Ամէն տեղ Հայ կայ»։ Վ. ՄԱՎԵԱՆ

Սինկաբուրի օդանաւային ընկերութեան հրատարակած քարթի մը վրայ, Հայոց եկեղեցիի գծանկարին հանդիպած էինք Մարմարա օրաթերթի հին թիւերէն մէկուն մէջ ու հետաքրքրական գտնելով կտրած եւ պահած էինք զայն։

Անցեալները որպէս զբօսաշրջիկ, Հեռաւոր Արեւելեան Ասիա այցելող բարեկամներ, Ռեհան եւ Պեռնար Սարըպայ, Սինկաբուրի քարտէսի վրայ հանդիպելով «Հայկական փողոց» եւ «Հայկական Եկեղեցի-թանգարան» անուններուն, հետաքրքրուեր եւ այցելեր են այդ վայրը, նկարեր են եկեղեցին, նաեւ ներքինն ու յիշատակարանը, որուն պատճէնը կու տանք ստորեւ.

Արձան յիշատակի շինութեան Սուրբ եկեղեցւոյս, զոր ջերմեռանդ Սիրով կառուցին Հայկազն բնակիչք կղզւոյս օժանդակութեամբ Ազգակցացն Բաթավիոյ, եւ Կալկաթայ, եւ այլ Ազգք Քրիստոնէից, որոյն յատկապէս ձեռնտու գտան երկոքին եղբարքն հարազատք ԳՐԻԳՈՐ եւ ՅԵՍԱՅԻ ԶԱՔԱՐԵԱՆՔ, առ ի աւարտումն։

Հիմնադրութիւնն եկեղեցւոյս կատարեց Տէր Թովմաս Գրիգորեան ծայրագոյն վարդապետ եւ նուիրակն ՍՐԲՈՑ ՎԱՆԱՑՆ ԱՄԵՆԱՓՐԿՉԻ որ ի Նորն Ջուղայ Տէր Յովհաննէս խա. Յովագիմ վիճակաւոր քահանային Յամի Տեառն 1835 Յունվարի Ա.։ Եւ Հանդէս Օծման կատարեցաւ ձեռամբ եւ նոյն քահանային ի՚ 26երորդ Մարտի Յամի Տեառն 1836, ի տօնի ՄՏԻՆ ՚ի վիրապն ՍՐԲՈՅ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՑ յատուկ թախանձանաց ՄԿՐՏՉԻ Մ. ՄՈՎՍԷՍԵԱՆ, անուանեցաւ Սուրբ ԳՐԻԳՈՐ Լուսաւորիչ ՚ի փառս Սուրբ ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԵԱՆՆ, եւ ՚ի Պարծանս եւ ՚ի վայելումն ԱՐԱՄԵԱՆՍ ազգի՝ ՄԱՆԿԱՆՑՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ։ Ազգասէր ՍԻՄԷՕՆ ՍՏԵՓԱՆՆՈՍՆ շինեաց ըզ բնակութիւն քահանային, եւ ՍԷԹ ԱՎԵՏ ՍԷԹԵԱՆՑՆ Ջրհոր մի ՚ի Պարտիզին քարաշէն յարեւմուտս, որ եւ ՚ի Հիմնադրութենէն մինչեւ ցլրումն շինութեանն ՍՐՅ ՏԱՆՍ անխոնջ ջանիւք հոգ տարաւ լցուցանելով զպէս պէս դուզնաքեայ պէտս վս՜ շքեղութեան ՏԱՃԱՐԻՍ ըստ կարեաց իւրոց, ՊԵՏՐՈՍ եւ ՅՈՎՍԷՓ եղբարքք իւրով յետ ամաց ինչ՝ ԽԱՉԻԿ, ՄՈՎՍԷՍ, ԲԱՐՍԵՂ ՅՈՎԱԳԻՄ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ Մ. ՄՈՎՍԷՍՆ ձեռնտու գտան, եւ ՚ի ԿԱԼԿԱԹԱ եղեալ ՄԵՐ ԱԶՆԵԱՅՑ օժանդակութեամբ ի նորոգո՜ւ ի ԵԿԵՂԵՑՒՈՅՍ եւ կառուցումըն ԿԱԹՈՂԻԿԷԻՆ, իսկ ՚ի նորումս ՍԷԹԱՎԵՏ ՍԷԹԵԱՆՑ ընծայեաց ՏԱՃԱՐ մի՝ եւ ԺԱՄԱՑՈՅՑ ի յիշատակ ինքեան եւ համայն իւրայնոց որոյ իսկ օժանդակութ՜բն յիշատակագիրս եղաւ աստ ՅԱՄԻ ՏԵԱՌՆ 1867։

Գծագրեաց

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՍԷԹԵԱՆՑ

 ի Հօնգ Կօնգ մենաստան

Ինչպէս յայտնի կ՚ըլլայ ընթերցանութենէն, 150 տարեկան այս փառաւոր շէնքը, կառուցեր է կղզւոյն բնակչաց, նաեւ Պաթաւիոյ եւ Կալկաթայի Հայոց եւ այլազգ քրիստոնեաներու օժանդակութեամբ, նաեւ կարգ մը ազգայիններու նուիրատուութեամբ։ Օծումը Լուսաւորչի Մուտն ի վիրապի օրուան հանդիպելուն՝ կնքուեր է Գրիգոր Լուսաւորչի անունով։

Յիշատակարանը գծագրուեր է Յարութիւն Սէթեանցի կողմէ Հոնկ Քոնկի մենաստանը։ Այս բոլորէն ետք, նուիրատուներու մէջ անունը յիշուող Յովագիմի անուան կապուած կը գտնենք թերակղզւոյն Ազգային Ծաղիկը յորջորջուած իպրիտ օրգիտէն, որը երկու տարբեր տեսակի օրգիտէները միացնելով հասցուցեր է Տիկին Ակնէս (Աղաւնի) Յովագիմ, իսկ աւելի վերջ դարձեալ Յովագիմեան շառաւիղէն Օր. Վանտա Յովագիմ։

Եկեղեցւոյն անդաստանի փառաւոր գերեզմանն ալ կը պատկանի Օր. Յովագիմեանի, որուն հանգիստ մը կ՚ըսեն ամէն անոնք, որոնք կ՚այցելեն Հայոց եկեղեցին։

Սինկաբուրի տեսարժան վայրերէն մէկն ալ համբաւաւոր Ռաֆլ Հոթելն է, զբօսաշրջիկներու համար հետաքրքրաշարժ պատմական շէնք մը, գործն է ճարտարապետ Սարգիսեանի։

Մեր գրութիւնը պիտի աւարտենք դէպքով մը, զոր պատմողն է Պալիի ռուսթիկ եւ սիրուն ռէսթորանի տէրն ու տնօրէնը Ռինօն, որու եւս այցելած է Ռեհան Պեռնար զոյգը։

Անգամ մը, երբ ճաշարանատէրը գովքը կը հիւսէր համբաւաւոր իր գործատեղիին, յաճախորդներէն մին կը միջամտէ.

-Կարծեմ թէ առաջին Աւստրալիացի յաճախորդը ե՛ս ըլլալու եմ, կ՚ըսէ։

-Բայց ոչ, կը պատասխանէ Ռինօ, շատ Աւստրալիացի հիւրեր, նոյնիսկ բարեկամներ ունիմ ես։

-Աւստրալիացի՜, կրնաք ունենալ, բայց չեմ կարծեր որ Եթովպիայէն գաղթածը ճանչցած ըլլաք, կ՚ըսէ դարձեալ հպարտանալով յաճախորդը։

-Այդ ալ նորութիւն չէ պարոն, կ՚ըսէ Ռինօ, այդ մէկն ալ ունեցած ու վայելած ենք այստեղ…

Անձը որ կարճ կապելու բնաւ միտք չունի, կը շարունակէ գլուխը գովել.

-Բայց, Աւստրալիացի, Եթովպիայէն գաղթած եւ ծագումով Հայ յաճախորդ չեմ կարծեր որ ունեցած ըլլաք ցայսօր։

Մինչ այդ, խօսակցութիւնները եղած էին միշտ Անգլերէնով, այս անգամ Ռինօ կը պատասխանէ Հայերէնով, քանի որ ինք արդէն Հայ է. Ռինօ Մալաքեան։

-Բարի եկաք մեր ճաշարանը, սիրելի հայրենակից։

Իսկապէս ալ ամէն տեղ Հայ կայ։

***

Սարգիս Սերոբեանի այս յօդուածը անշուշտ կը պարունակէ հետաքրքրական տեղեկութիւններ եւ մեզի կը յիշեցնէ նաեւ 22 մայիս 1954 թուակիր «The Gotchnag-An Armenian Weekly»ի մէջ հրատարակուած «Հայերը Ինտոնեցիոյ մէջ» խորագրով շահեկան լուրը՝ ուր եւս տեղեկութիւններ կը տրուի Հեռաւոր Արեւելեան Ասիոյ մէջ բնակչութիւն հաստատած եւ կարեւոր դիրքերու տէր հայերու մասին։ Այս լուրին մասին «ԺԱՄԱՆԱԿ» անդրադարձած էր այս սիւնակներուն մէջ՝ իր չորեքշաբթի, մարտ 20, 2019 թուակիր գրութեամբ։ Հոն կ՚ըսուի. «Սուրաբայայի եկեղեցիին մօտ հաստատուած է Էտկար Հոլը, ուր երբեմն մատուցուած հայկական երգն ու թատրերգութիւնները վառ կը պահեն ազգապահպանման կայծը»։

Գրութեան սկիզբը երբ կարդացինք Վ. ՄԱՎԵԱՆի այն խօսքը՝ թէ «ամէն տեղ Հայ կայ», յիշեցինք նաեւ ԳԱՄԱՌ-ՔԱԹԻՊԱի հետեւեալ տողերը, «Պանդխտողներ» վերնագրով։

«Ի՞նչ էք անում, ա՛յ խեղճ հայեր.

«Որ երկրումը ցանկալի

«Թողած անուշ օդն ու այեր

«Դիմում էք գիրկն օտարի։

*

«Օտարն երբեք չի ճանաչում

«Ձեր ցաւին էլ, կոծին էլ.

«Օտար հողի ո՛չ մէկ խորքում

«Հային չը պէտք կեանք սիրել»։

(Ծանօթագրութիւն.- «այեր» = օդ, մթնոլորտ)։

Արդարեւ, բնական օրէնք մը կայ, որ կիրարկելի է նաեւ ընկերային կեանքի համար. ամբողջութիւն մը երբ ցրուի կամ տարածուի, իր ամբողջութենէն կը կորսնցնէ։ Այս իմաստով «ցրուած» ժողովուրդ մը կորսնցուցած չըլլա՞ր իր միութենէն։

Արդարեւ, աշխարհի վրայ ամէն տեղ ժողովուրդէ անդամներ տեսնել, առաջին ակնարկով «հաճելի» կրնայ թուիլ, բայց այդ «ցրուած» վիճակը ո՛րքան հաճելի է, ահաւասիկ ատիկա խնդրակա՛ն է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 17, 2020, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Մարտ 19, 2020