«ՁՐԻ ՍՆՈՒՆԴ ՁՐԻ ՀԱԳՈՒՍՏ»

Այսօր, երբ կը թղթատէի դարձեալ «հին էջ»եր, հանդիպեցայ մեծ հօրս՝ Արտաշէս Գալփաքճեանի 4 նոյեմբեր 1914 թուակիր եւ վերոյիշեալ վերտառութեամբ «հին» բայց մշտանորոգ յօդուածին։

Յօդուածին բնատիպին կցուած է նաեւ Արտաշէս Գալփաքճեանի մէկ նկարը՝ որուն տակ աւելցուած է. «Տնօրէն եւ խմբագիր «ԺԱՄԱՆԱԿ»ի, ուր կը գրէ տնտեսական եւ ընկերային յօդուածներ»։

Ստորեւ կը ներկայացնենք յօդուածը նոյնութեամբ՝ հաւատարիմ մնալով իր բնատիպին եւ այս առթիւ անգամ մը եւս յարգանքով կը յիշենք մեր մեծ հայրը՝ Արտաշէս Գալփաքճեանը՝ որ մեզի փոխանցած է անգին ժառանգ մը՝ իր որդին Գրիգոր Գալփաքճեանէ յետոյ, այս սուղ սիւնակը։ Ուստի այս տրուպ գրիչը շա՜տ բան կը պարտի իր հօր՝ Գրիգոր Գալփաքճեանի եւ մեծ հօր՝ Արտաշէս Գալփաքճեանի։

Ուրեմն անցնինք յօդուածին։

Տնտեսական

ՁՐԻ ՍՆՈՒՆԴ, ՁՐԻ ՀԱԳՈՒՍՏ

Չխաբուի՛նք մայրաքաղաքներու մէջ ցուցադրուած պերճանքէն, կամ մեծ քաղաքներու բնակչութեան փոքր մէկ մասին համեստ ապրուստէն։ Մարդիկ ընդհանրապէս կարօտ ու չքաւոր են, անոնց ստուարագոյն մասն այսօր փորը լիովին կշտացնելու համար հաց չի գտներ, մերկութիւնը ծածկելու համար թեթեւ հագուստ մը չի կրեր։ Ի՞նչ է պատճառը։ - Որովհետեւ մարդոց պիտոյքին բաւելու չափով ո՛չ սնունդի, ոչ ալ հագուստի նախանիւթ կ՚արտադրուի։

Հարկ չենք տեսներ, հոս, հաստատել թէ՝ Ընկերվարականնեն իրենց շատ մը թիւր եւ մոլար գաղափարներուն հետ, չարաչար կը սխալին նաեւ երբ կը կարծեն թէ գերարտադրութիւն կայ, եւ ասիկա է մէկը գործաւորին շահագործուելուն պատճառներէն։ Ընդհակառակն, գերարտադրութիւն չկայ, եւ ո՛չ միայն չկայ, այլ եւ մարդոց ունեցած պէտքէն շա՛տ պակաս իսկ կ՚արտադրուի։ Օրինակ.- Սնունդի նիւթերուն մէջ, ամէնէն անհրաժեշտն ու միեւնոյն ատեն ամէնէն խնայողականը հացն է, պատրաստուած ալիւրովը ցորենին՝ որ անյիշատակ ժամանակներէ ի վեր մշակուած է ու կը մշակուի աշխարհի ամէն կողմը, գրեթէ ամէն կլիմայի տակ։ Արդ, հունձքին է՛ն առատ տարիներուն մէջ, ցորենին համաշխարհային արտադրութիւնն է 1200 միլիոն հարիւրալիտր, այն է (մէկ հարիւրալիտրը 62 1/2 օխայէն) 76 միլիառ օխա ցորեն։ Ուրեմն, եթէ աշխարհի վրայ ամէն մարդ ցորենի ալիւրով հաց ուտել ուզէ, հաշուելով որ 1 1/2 միլիառ մարդ կայ եւ իւրաքանչիւր մարդ տարին գոնէ 100 օխա ցորեն կ՚սպառէ, պէտք կ՚ըլլայ տարեկան 150 միլիառ օխա ցորենի։ Մինչդեռ այսօր է՛ն առատ տարիներու մէջ անգամ՝ ատոր կէսը միայն կ՚արտադրուի, եւ ասոր հետեւանքով ցորենի հացը անծանօթ բան մը կամ պերճանք մըն է աշխարհի բնակչութեան մէկ մասին համար որ ստիպուած է նուազ սննդարար հացահատիկներ՝ եգիպտացորեն, հաճար, եւայն սպառել։ Սնունդի բոլոր միւս նիւթերն ալ այսպէս մարդոց ունեցած պէտքէն շատ պակաս կ՚արտադրուին։

Այս տարի տեսանք թէ մեր ուտեստեղէններուն մէջ ի՛նչ տեղ կը բռնէ շաքարը որ իսկապէս սննդարար եւ օգտակար նիւթ մըն է եւ պէ՛տք է որ մարդ տարին գոնէ 30 օխա շաքար սպառէ։ Բայց ի՞նչպէս։ Եթէ ամէն մարդ ա՛յդքան շաքար ուտէ, պէտք կ՚ըլլայ տարին 45 միլիառ օխա շաքար արտադրել, մինչդեռ շաքարի արտադրութեան համագումարն է հիմա 10 միլիառ օխա։ Եւ այս պատճառով, մարդոց մէկ մասը կամ բնա՛ւ շաքարին երեսը չէ տեսած եւ կամ հազիւ հազ անոր համն է առած։ - Պարագան միեւնոյնն է հագուստի նիւթերուն համար։ Եթէ մարդոց մեծ մասին հագածներն աչքէ անցունենք, պիտի տեսնենք որ ներսի, նաեւ դուրսի հագուստները գլխաւորաբար բամբակեղէն են։ Ու հաշիւ եղած է որ, համեստօրէն հագուելու համար, իբր նախանիւթ, մարդ գլուխ տարին առնուազն 5 օխա բամբակ պէտք է, այն է ամբողջ մարդկութեան համար 7 1/2 միլիառ օխա։ Արդ, բամբակի համաշխարհային արտադրութիւնն է այժմ 3 1/2 միլիառ օխա, որուն մէկ մասը կ՚սպառի հագուստէ զատ ուրիշ պէտքերու համար, եւ այս պատճառով աշխարհի բնակչութեան մէկ քառորդը բոլորովին մերկ է, մէկ քառորդն ալ կիսովին հագուած։ Մէկ խօսքով, սնունդի կամ հագուստի նիւթերէն ո՛րն ալ հաշուենք, նոյն պակասը պիտի գտնենք եւ պիտի համոզուինք որ գերարտադրութիւն չկայ, այլ ամբողջ մարդկութիւնը լիովին կշտացնելու եւ բոլորովին հագուեցնելու համար պէտք եղածէն շա՛տ պակաս կ՚արտադրուի։

Եւ սակայն, ամէնէն լուրջ տնտեսագէտներն ու ծայրայեղ խորհողները համաձայն են սա՛ կէտին մէջ որ՝ մշակութեան ուժեղ միջոցներով կարելի է հիմակուընէ շա՛տ աւելի առատութեամբ արտադրել եւ մարդկութիւնը սնուցանել եւ հագուեցնել՝ ձրի ըսելու չափ հեշտ պայմաններով։ Այո՛, հաշուըւած ու փորձուած է որ գիտական մեթոտով եւ մեքենայի ուժով կարելի է մէկ հէքթար հողէն 48 հարիւրալիտր, այն է 30 մարդու բաւելու չափ ցորեն արտադրել։ Ուրեմն ամբողջ մարդկութիւնը ցորենի սննդարար հացով կշտացնելու համար պէտք է մշակել 50 միլիօն հէքթար հող կամ 500.000 քառ, քիլօմէթր տեղ եւ կամ Անատօլուի վեց նահանգներուն՝ Պաղտատի, Քօնիայի, Էնկիւրիի, Սըվազի, Հալէպի եւ Էրզրումի տարածութեամբ երկիր մը։ Անշուշտ, պայմանով որ մշակութիւնը պիտի ըլլայ գիտութեան պահանջած եղանակով եւ մարդոց բազուկին տեղ մեքենաներ բանեցնելով։ Այն ատեն, այդքան հողի վրայ բովանդակ մարդկութեան համար պէտք եղած լաւագոյն հացը կ՚արտադրուի, ո՛չ թէ տարւոյն կէսը, ժամերով տանջուելով արեւին անձրեւին տակ, այլ շաբաթը մէկ օր եւ օրը 5 ժամ միայն աշխատելով, այսինքն գրեթէ ձրի։ Այսպէս կը հաստատեն մասնագէտներու ըրած հաշիւներն ու փորձերը՝ որոնք ապահովաբար կրնան պատշաճիլ սնունդի եւ հագուստի ուրիշ ամէն նիւթերու։ Թերեւս հարցուի թէ՝ քանի օր հնար է դիւրաւ ա՛յդքան առատօրէն արտադրել եւ հեշտ պայմաններով տրամադրել, ուրեմն ինչո՞ւ համար ատոր վրայ չեն խորհիր եւ ատով մարդկութեան մեծ մասը չեն փրկեր իր այժմու թշուառ վիճակէն։ - Մէկէ աւելի են պատճառները։ Ատոնցմէ գլխաւորն է համեւրոպական ներկայ պատերազմը, որուն պատրաստուելու համար՝ տարիներէ ի վեր ի՛նչ վիթխարի գումարներ վատնուած, եւ այսօրուան սա արիւնալի պատկերը կազմելու համար ո՛րքան գիտուններու միտքերը յոգնած եւ ուղեղները մաշած են։ Այս պատերազմին մէջ մօտաւոր հաշուով երեք միլիառ ոսկի պիտի սպառի։ Եթէ այդ գումարին վրայ աւելցունենք մեծ ու փոքր քսան պետութեանց 25 տարուան միջոցին պատերազմական պէտքերու համար ծախսած դրամը, կ՚ունենանք 9645 միլիոն ոսկիի աներեւակայելի գումարը։ Եթէ այս դրամը երկրագործութեան յատկացուէր, այսինքն եթէ - մեր տուած օրինակին հետեւելով - ցորեն մշակելի իւրաքանչիւր քառ. քիլօմէթրին վրայ 25,290 ոսկիի հեղեղ մը կը վազէր, կարելի՞ է տարակուսիլ որ վերեւ ըսուածներն իրականութիւն չէին գտներ, մանաւանդ եթէ աւելի մեծ թուով մարդ սպաննելու համա՛ր ա՛յսքան դարերէ ի վեր յոգնած ու տքնած միտքերն աւելի՛ շատ քանակով հաց պատրաստելու զբաղած ըլլային։ Բայց պատերազմն անխուսափելի չարիք մըն էր, որ պատահեցաւ։ Մաղթենք որ շուտով վերջ գտնէ այն, եւ կնքուի ապահով ու տեւական հաշտութիւն մը, որպէս զի այլ եւս մարդկութիւնն իր իմացական ու նիւթական միջոցները յատկացնէ այնպիսի աշխատութիւններու, որոնցմով կարելի ըլլայ առատօրէն արտադրել սնունդի եւ հագուստի նիւթերը, զանոնք մարդկութեան տրամադրելով՝ ձրի ըսուելու չափ հեշտ պայմաններով։

ԱՐՏԱՇԷՍ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Կ.Պօլիս, 4 Նոյ. 1914

***

Աւելի քան մէկ դար յետոյ, այսօր անշուշտ շատ բաներ փոխուած են, բայց կան նաեւ կէտեր, որոնք շատ ալ փոխուած չեն, ի՛նչ որ կը թողունք զանոնք սիրելի՛ ընթերցող բարեկամներու գնահատման։

Կայ փոխուած բաներ, զոր օրինակ, ծանրութեան չափը «օխա»՝ կշիռ՝ քաշ. 1288 կրամ կշռող ծանրութեան հին չափը, բայց այդպէս կը թուի թէ էական կարգ մը երեւոյթներ շատ ալ չեն փոխուած՝ քանի որ մարդը միշտ նոյն «մա՛րդ»ն է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 13, 2019 Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 2, 2019