ՉՍՊԻԱՑՈՂ ՎԷՐՔԸ

Մեր թուականէն 174 տարիներ առաջ՝ 2 ապրիլ 1848 թուականին, 39 տարեկանին տունէն դուրս եկաւ գրող եւ մանկավարժ Խաչատուր Աբովեան եւ անգամ մըն ալ չվերադարձաւ. եղաւ առեղծուած: Ոմանք կարծեցին, թէ մտաւորականը գործած է ինքնասպանութիւն, ուրիշներ ենթադրեցին, որ այլազգիի մը կողմէ սպաննուած է. շատեր կարծեցին, թէ մեկնած է Եւրոպա, շատեր ենթադրեցին, թէ աքսորուած է Սիպիր. այդ բոլոր ենթադրութիւնները հասարակաց մէկ գիծ ունէին. Աբովեան չկար:

Աբովեան ո՞ւր գնաց չեմ գիտեր, սակայն վստահ եմ, որ գնաց նեղացած, գնա՛ց յուսահատ ու վրդոված, հաւանաբար հիմնուելով «Վէրք Հայաստան»ի մէջ իր գրած այն խօսքին, թէ մեր ազգի «աստղը մէկ անգամ թեքուել ա. էսպէս էկել ենք, էսպէս կ՚երթանք. որ ասածդ տեղ չի՛ հասնում, ի՞նչ ես գլուխդ ցաւացնում, բերանդ ափսո՛ս չի՞. քարին որ, հլա Աստուած սիրես, տասը տարի քարոզ էլ ասես, քեա՞ր կանի». հաւանաբար գնաց այդ իր նշած քարերուն հետ խօսելու, հաւատալով որ քարը շա՛տ աւելի շուտ կը փոխուի՝ քան հայը եւ եթէ հայը նմանէր այդ քարին... այսօր տարբեր կ՚ըլլար հայուն ճակատագիրը. գիր՝ որ ո՛չ թէ ի վերուստ գրուած է, այլ ձեռագործն է հայուն:

Աբովեանի օրերէն մինչեւ այսօր բան փոխուած չէ... նոյն անտարբերութիւնն է հայուն մէջ, մնալով այն յոյսին, որ «Աստուած մէկ օր իր ողորմութեան դուռը բաց կանի, էսպէս հօ չի՞ մնալ». մեր ազգը եղած է տարուած իսրայէլացի ժողովուրդին վրայ տեղացած մանանայով եւ մինչեւ օրս այն յոյսին է, որ օր մը պիտի տեղայ այդ մանանան եւ ազգը ապրի իր բարօրութեան օրերը, առանց գիտակցելու, որ տեղացող մանանան նոյնիսկ կը պահանջէ գործ եւ աշխատանք՝ հաւաքելու եւ մատակարարելու. այդ մէկ յոյսերէն իրականացած է միայն մէկ բան՝ «էսպէս հօ չի՞ մնալ» եւ իրապէս ալ այդպէս չմնաց. օրէ օր աւելի վատթարացաւ ու հետընթաց ապրեցաւ:

Վստահաբար Աբովեան մտածուած կերպով իր ամենէն յայտնի աշխատութեան անունը դրաւ «Վէրք Հայաստան»ի, որ տպագրութենէն 164 տարիներ ետք չսպիացաւ, այլ շարունակեց արիւնիլ՝ վէրքին վրայ աւելցնելով նոր խոցեր:

Մենք՝ հայերս վարժուած ենք այդ խոցերուն ու վէրքերուն պատճառը փնտռել ուրիշներու մէջ. մեղադրել զԱստուած, մեղադրել թուրքը, մեղադրել ռուսն ու պարսիկը, սակայն Աբովեան մէկուկէս դար առաջ իսկ այդ վէրքի պատճառն ու անոր բուժման ճամբաները յայտնած էր ըսելով. «ո՛չ թէ պարսիկը, ո՛չ թէ թուրքը, այլ մենք ինքներս ենք մեր կորուստի եւ մեր կործանման պատճառը. ատելով եւ հալածելով իրար, խախտելով միասիրտ միաբանութիւնը, ազգը զրկուեցաւ իր բախտաւորութենէն». միասնութեան կոչի հիմնադիրն է Աբովեան, որ կեանք մը ամբողջ փորձեց քարերէն ա՛լ աւելի պնդագլուխ հայերուս, որ միասնութեան խզումով ազգն է, որ կորուստի կը մատնուի. Աբովեան, Չարենց ու բազմաթիւ ուրիշներ իրենց կեանքի գնով այդ միասնութեան կոչը ըրին. արդի՞ւնք... բացէ՛ք եւ տեսէք մերօրեայ Ազգային ժողովներու «Շուն ու Կատու»ի կռիւները, ուր իրար միս ուտելով ազգի արդէն իսկ գոյութիւն չունեցող բախտաւորութիւնը կը վերացնեն: Մեր Ազգային ժողովը այսօր յաջողութեամբ կրնայ գրել «Ազգը կործանելու նուրբ արուեստը» խորագրեալ աշխատութիւն մը, որ կրնայ դառնալ երկրորդ «Վէրք Հայաստանի»:

Ինչքա՜ն կ՚ուզէի Ազգային ժողովի սրահի պատերուն վրայ մեծատառ կախուէր Աբովեանի բառերը. «Վա՜յ է՛ն խալխին, որ ինքն իր կեանքն, աշխարքը չի՛ պահպանիլ ու յարամու ձեռ կը տայ». թող այդ «Վա՜յ»ը մտնէր ժողովականներու աչքերը, այն անմեղ տրամաբանութեամբ, որ կարենան բան մը սորվիլ անկէ:

Աբովեանի ազգասիրական ու ազգապահպան գաղափարները վերացական ու անըմբռնելի եզրեր չունին. անոնք այնքա՜ն պարզ, այնքա՜ն մարդկային են, սակայն մեզի համար դժուար ու նոյնիսկ անիրականանալի. Աբովեանի ազգի հզօրացման առաջին սկզբունքը շա՜տ պարզ է. «որ ջանք անենք, մէկզմէկու սիրենք, մեր լեզուն, մեր եկեղեցին Էնպէս ղայիմ բռնենք, ինչպէս մեր երջանիկ նախնիքը, հաւատացի՛ր ինձ, Աստուած էլ կը սիրի մեզ, մարդ էլ». մէկուկէս դար այս պարզ ու համեստ նախապայմանը չյաջողեցանք կեանքի կոչել, որովհետեւ փոխանակ սիրենք մեր լեզուն՝ աղաւաղեցինք զայն, փոխանակ բարձրացնենք մեր եկեղեցին՝ ոտնահարեցինք, փոխանակ սիրենք մէկզմէկու՝ աւելիո՛վ բաժնուեցանք ու փոքր հայրենիքի մը մէջ, փոքր ազգութեամբ հիմնեցինք աւելի քան 70 կուսակցութիւններ. մեր մեծերը ինչքա՛ն ըսին միացէք, մենք աւելիով բաժնուեցանք ու կորսուեցանք:

Չեմ գիտեր, եթէ ազգը տխուր է երիտասարդ Աբովեանի կորուստով, սակայն անոր մահուան առեղծուածին մէջ կայ մէկ հրաշալի բան. ինչքա՜ն երանելի է ինք, որ ապրած է աւելի քան մէկուկէս դար առաջ եւ ո՛չ այսօր, որովհետեւ այսօրուան վէրքին դիմաց ո՛չ գրիչ կը դիմանար եւ ո՛չ ալ ինք:

Ազգային զաւեշտալի թատրերգութեան դիմաց այսօր շատե՜րս կ՚ուզենք իր նման հեռանալ, որովհետեւ բոլորս ալ գիտենք, որ այդ վէրքը այս ընթացքով բուժում պիտի չունենայ:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԽՈՐԷՆ ՏԷՐ-ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ
(1909-1991)

Մեր թուականէն 113 տարիներ առաջ՝ 2 ապրիլ 1909-ին, Խարբերդ նահանգի Աշոտաւան գիւղին մէջ ծնած է նկարիչ եւ քանդակագործ Խորէն Տէր-Յարութիւնեան:

Տէր-Յարութիւնեան նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ, սակայն Համաշխարհային Ա. պատերազմի հետեւանքով թողած է կիսաւարտ եւ 1921 թուականին գաղթելով հաստատուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Մասաչուսեցս նահանգի Ուոսթըր քաղաքին մէջ. այդտեղ Տէր-Յարութիւնեան միջնակարգ դպրոցի կողքին հետեւած է նաեւ գեղարուեստի դասերու: Տէր-Յարութիւնեան քսան տարեկանին սկսած է զանազան նկարներու հանդէս գալ արուեստագէտներու համատեղ ցուցահանդէսներուն. անոր գործերը արուեստասէր հանրութեան կողմէ եղած է սիրուած, այս պատճառով Տէր-Յարութեան 1929 թուականէն սկսեալ սկսած է կազմակերպել անհատական ցուցահանդէսներ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Իտալիոյ, Ֆրանսայի, Անգլիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ. արուեստասէրներու կողքին Տէր-Յարութիւնեանի աշխատանքը գնահատուած է նաեւ իր ժամանակակից յայտնի օտար գեղանկարիչներու եւ արուեստագէտներու կողմէ. շնորհիւ իր տաղանդին՝ Տէր-Յարութեան արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու:

Տէր-Յարութիւնեան առաջին անգամ Հայրենիք եկած է 1970 թուականին, ուր 1971 թուականին կազմակերպած է իր առաջին անհատական ցուցահանդէսը: Տէր-Յարութիւնեան երկրորդ անգամ Հայաստան այցելած է 1983 թուականին, իր հետ բերելով իր աշխատութիւններէն 90 քանդակ, 17 գեղանկար եւ 160 հատ տարբեր նկարչական աշխատութիւններ, որոնք նուիրած է Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին. 1994 թուականին Էջմիածինի մէջ մշտական ցուցադրութիւն բացուած է Խորէն Տէր-Յարութիւնեանի ստեղծագործական աշխատանքներով:

Տէր-Յարութիւնեանի աշխատանքները այսօր տեղադրուած են զանազան թանգարաններու եւ հաստատութիւններու մէջ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Երեւանի մէջ. անոր յայտնի գործերէն են «Փոքր Մհեր»ը, «Լեռներու մայր»ը, «Ծովային թռչունը եւ ձուկը», «Պտղաբերութիւն»ը եւ այլ աշխատութիւններ: Անոր յայտնի աշխատութիւններէն «Վերածնուած Հայաստան» քանդակը տեղադրուած է Երեւանի կենդրոնը գտնուող Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ տաճարի հարեւանութեամբ գտնուող այգիին մէջ:

Արուեստագէտը մահացած է 1991 թուականի փետրուարին, ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շաբաթ, Ապրիլ 2, 2022