ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Նեղութիւններու, դժուարութիւններու մէջ յաճախ կը յանձնարարուի «համբերութիւն», որպէս անոնց հակաթոյն կամ դարման։

Համբերութիւն իր ամենալայն իմաստով կը նշանակէ տանիլ հանդուրժողութեամբ որեւէ նեղութիւն, ինքնազսպել, չխռովիլ եւ տոկալ առանց դառնութեան։

Այս իմաստով, յոյսը ողնայարն է համբերութեան. կանգուն եւ հաստատուն կը պահէ զայն։ Իրականութեան մէջ փխրուն եւ դիւրաբեկ է համբերութիւնը առանձին՝ առանց յոյսի։ Յոյսն է, որ օգնութեան կը հասնի համբերութեան, այնպէս՝ ինչպէս փարոսը՝ ալեկոծեալ նաւուն։

Յոյսը ուրախութիւն կը պատճառէ եւ մարդս կարող կը դարձնէ համբերելու, տոկալու եւ տանելու ամէն նեղութիւն, ամէն դժուարութիւն։ Այս ուղղութեամբ է որ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Յոյսը ամօթով չի ձգեր», (ՀՌՈՄ. Ե 5)։ Եւ իրապէս, յոյսը երբեք չի խաբեր իրեն ապաւինողը։ Նեղութիւններու եւ տառապանքներու տարափին ենթարկուած հաւատացեալին համար, յոյսը ապահով, վստահելի «ազատարար գօտի» կամ «ապահովութեան լաստ» կը դառնայ, որուն ապաւինողին համբերութիւնը երբեք ի դերեւ չ՚ելլեր։ Ուստի, համբերութիւնը, յոյսը եւ անոնց պատճառած ուրախութիւնը «երրորդութիւն» մը պէտք է դառնան նեղութեան տարափի մատնուած հաւատացեալին՝ որպէսզի տարափին մէջ չկորսուի ան։

Արդարեւ, աղօթքի յատկութիւններէն մէկն է՝ հաւատքի համբերութեամբ աղօթել առանց յոգնելու։

Համբերութիւնը կարեւորութիւն կը ստանայ նաեւ ընտանիքի մէջ. «Իրար հանդուրժեցէ՛ք սիրով, ամենայն խոնարհութեամբ, հեզութեամբ եւ համբերութեամբ», կը պատուիրէ Պօղոս առաքեալ. (ԵՓՍ. Դ 2)։

Հոգիին պտուղներէն է համբերութիւնը, ինչպէս սէրը, ուրախութիւնը, ծառայասիրութիւնը, բարութիւնը, վստահութիւնը ուրիշներուն վրայ, հեզութիւնը, ժուժկալութիւնը. (ԳԱՂ. Ե 22-25)։ Արդարեւ, Հոգիին «պտուղ»ները կատարելութիւններ են, զորս կը կազմէ մարդուս մէջ Սուրբ Հոգին իբրեւ երախայրիք յաւիտենական փառքին։

Համբերութեան համընթաց է յոյսը եւ այս երկուքը կ՚ամբողջացնեն իրար. համբերութիւնը կատարեալ կ՚ըլլայ, երբ յոյսը կ՚ընկերակցի անոր, եւ յոյսը աննահանջ է եւ հաստատ, երբ համբերութիւնը կը զօրացնէ զայն։ Մարդ կը յուսահատի, երբ համբերութիւնը կը պակսի։

Բայց մարդիկ իրենց կրօնական վարուելակերպին մէջ սահմանափակումներ եւ սխալներ ալ կը յարաբերեն, որոնք Աստուծոյ պատկերը կ՚այլափոխեն անոնց մէջ։

Մարդիկ յաճախ չարէն խաբուելով եւ տարուելով մոլորած են իրենց տրամաբանութիւններուն մէջ, Աստուծոյ ճշմարտութիւնը սուտին հետ փոխարինած են, ծառայելով նախընտրաբար արարածին քան Արարչին, եւ կամ այս աշխարհի վրայ առանց Աստուծոյ ապրելով եւ մեռնելով, եւ այսպէս իրենք զիրենք ենթարկած են ծայրագոյն յուսահատութեան։

Զոր օրինակ, հիւանդութիւնը կրնայ առաջնորդել դէպի անձկութիւն, դէպի անձին վրայ կծկում, երբեմն նոյնիսկ դէպի յուսահատութիւն եւ Աստուծոյ դէմ ըմբոստութիւն։ Ան կրնայ նաեւ մարդը աւելի հասունցնել, օգնել իր կեանքին ոչ էականը զանազանելու եւ էականին մերձենալու։ Շատ յաճախ, հիւանդութիւնը մարդս կը մղէ Աստուած փնտռելու՝ Անոր վերադառնալու, Ճշմարտութիւնը տեսնե՛լու։

Յուսահատութիւնը յոյսին դէմ գործուող մեղք մըն է։ Յուսահատութեամբ մարդ կը դադրի Աստուծմէ յուսալէ իր անձնական փրկութիւնը, հոն հասնելու օգնութիւնները կամ իր մեղքերուն ներումը։

Յուսահատութեամբ մարդ կ՚ընդդիմանայ Աստուծոյ Բարութեան, Անոր Արդարութեան՝ քանի որ Տէրը հաւատարիմ է Իր խոստումներուն մէջ, եւ վերջապէս ան կ՚ընդդիմանայ Իր Ողորմութեան։

Եւ ահաւասիկ, այս իսկ պատճառով, յոյսը պէտք է զօրանայ համբերութեա՛մբ…։

Այս բազմաթիւ սահմանումներէն կը հետեւցնենք, թէ «համբերող մարդ» կը նշանակէ այն անձը՝ որ յոյս ունի, համբերատար է, հոգեպէս տոկուն եւ չարքաշ է. երկայնամիտ է, կը հանդուրժէ, բարկութեամբ չի գրգռուիր, չի ջղայնանար, ներողամիտ կը գտնուի, լայնախոհ է. չի գանգատիր, չի մրմռար եւ խաղաղութեամբ եւ յո՛յսով կը սպասէ, կ՚ակնկալէ եւ երբեմն կ՚ակնկալէ նոյնիսկ առա՛նց յոյսի։

Այս վիճակներէն մէկուն կամ միւսին մէջ թերացող մարդուն համար կարելի չէ ըսել, թէ համբերող է ան։ Աշխարհի մարդը անընդունակ է այս աւետարանաշունչ կամ հոգեւոր համբերութեան։ Ա՛յս տեսակ համբերութիւնը միա՛յն Սուրբ Հոգին կրնայ ներմուծել եւ միայն Սուրբ Հոգիին լեցունութեամբ կարելի է ունենալ։ Ան մաս կը կազմէ Տէր Յիսուսի խոստացած «աւելի կեանք»ին, որ միա՛յն բոլորանուէր հաւատացեա՛լին յատուկ է։

Դժուարութիւններու չես տոկա՞ր, քեզի անախորժ ունակութիւն ունեցող մերձաւորիդ կամ նեղութիւն պատճառող բարեկամիդ չես հանդուրժե՞ր. ներողամիտ չես ըլլա՞ր անոր, կեանքի, դժբախտ պարագաներուդ համար կը գանգատի՞ս, այս կամ այն նեղութեան, դժուարութեան առջեւ չես յաջողի՞ր «ակռայ սեղմել». այո՛, ասով հանդերձ դեռ հաւատացեալ ես, բայց քեզի կը պակսի Սուրբ Հոգիին լեցունութիւնը. աւելի՛ կեանքը, որ յաղթական կեանքի բանալի՛ն է։

Մարդս ե՞րբ պէտք ունի համբերութեան։

Երջանիկ կամ մեծահարուստ մարդուն կարելի՞ է ըսել, թէ ան իր երջանկութեան կամ հարստութեան մէջ համբերութեան կը կարօտի։ Իսկ յաջողակ մարդուն համար կրնա՞նք ըսել, թէ ան պէտք է հանդուրժէ յաջողութեան։ Գալով մեծահարուստ մարդուն, որ ան պէտք չէ գանգատի հարստութենէ ըսել կարելի՞ է։ «Ծիծաղելի» պիտի չըլլա՞ր, եթէ շարունակ ուրախ մարդու մը պատուիրէինք՝ «համբերէ՛ ուրախութիւններու»։

Այն որ ունի չ՚ակնկալեր, ակնկալելու պահանջքը չի զգար…։

Կեանքի ուրախ եւ երջանիկ պարագաներու կամ բարեբախտ ու յաջող պարագաներու մէջ համբերատարութեան կամ երկայնամտութեան կարիք չունի մարդ։ Ասոնց պէտք ունի ան, ընդհանրապէս, եւ ընդհակառակը, դժուարութիւններու եւ դժբախտութիւններու մէջ, ցաւերու եւ չարչարանքներու մէջ, կեանքի տհաճ, անախորժ եւ անտանելի կացութիւններու մէջ. մէկ խօսքով՝ կեանքի ճնշիչ պայմաններու մէջ, ճիշդ ա՛յնպէս ինչպէս՝ զինուորը զէնքի պէտք ունի պատերազմի ժամանակ։ Ուրեմն, շատ բնական եւ արդարացի են Պօղոս առաքեալի յորդորները իր հաւատակիցներուն՝ երբ կ՚ըսէ. «Նեղութիւններու համբերէ՛» կամ «Նեղութեան մէջ համբերեցէ՛ք»։

Յակոբոս առաքեալ եւս համբերութիւնը կը կցէ եւ կը միացնէ տառապանքներուն եւ ո՛չ թէ ուրախ պարագաներուն, երբ կ՚ըսէ. «Չարչարանքներու եւ համբերութեան օրինակ առէք մարգարէները… Յոբի համբերութիւնը լսած էք դուք…» (ՅԱԿ. Ե 10)։

Համբերութիւնը, ուրեմն, անհրաժեշտ ազդակ մը կը հանդիսանայ հոգեւոր կեանքի աճման եւ պտղաբերման համար։ Համբերութիւնը հոգեւոր կարիք մըն է։ Պէ՛տք մըն է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ, 19, 2020, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Մարտ 20, 2020