ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ

Աստուածային Ամենազօրութիւնը ամենեւին կամայական չէ. «Աստուծոյ զօրութիւնը եւ էութիւնը, կամքը եւ իմացականութիւնը, իմաստութիւնը եւ արդարութիւնը նո՛յնն են, այնպէս որ կայ աստուածային զօրութեան մէջ, ըլլալու է Աստուծոյ արդար կամքին կամ Անոր իմաստուն իմացականութեանը մէջ», կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի։

Մարդ, իր բանականութեամբ թէեւ կարող է դատել, թէ արարք մը յինքեան ծանր յանցա՛նք մըն է, սակայն պէտք է անձերու դատաստանը յանձնել Աստուծոյ արդարութեան եւ ողորմութեան։

«Բարոյական օրէնք»ը իր լիութիւնը ե՛ւ միութիւնը կը գտնէ Քրիստոսի մէջ։ Յիսուս Քրիստոս Ինքն անձամբ ուղին է կատարելութեան։ Ինքն է վախճանը օրէնքին, որովհետեւ միա՛յն Ինք կ՚ուսուցանէ եւ կու տայ Աստուծոյ արդարութիւնը. «որովհետեւ օրէնքին նպատակը Քրիստոս Ինքն է, արդարացումը՝ ամէն հաւատացեալի» (ՀՌՈՄ. Ժ 4)։

Արդարեւ, «արդարութիւն»ը այն բարոյական առաքինութի՛ւնն է, որ կը կայանայ յարատեւ եւ հաստատ կամքով տալու Աստուծոյ եւ մերձաւորին ինչ որ պարտական ենք անոնց։ Արդարութիւնը Աստուծոյ հանդէպ կոչուած է «առաքինութիւն կրօնի»։ Իսկ մարդոց նկտամամբ ան մեզ տրամադիր կ՚ընէ յարգելու իրաւունքները իւրաքանչիւրին եւ հաստատելու մարդկային փոխյարաբերութիւններու մէջ ներդաշնակութիւնը՝ որ կը հրահրէ արդարադատութիւնը հանդէպ անձերուն եւ հասարակաց բարիքին։

Արդար մարդը, յաճախ յիշուած Սուրբ Գիրքին մէջ, կը զանազանուի իր գաղափարներուն սովորակի անաչառութեամբ, մերձաւորին հանդէպ իր վարքին ուղղամտութեամբ։

«Աղքատին հանդէպ աչառութիւն պիտի չունենաս, ո՛չ ալ նախասիրութիւն զօրաւորին հանդէպ, արդարութեա՛մբ պիտի դատես ընկերդ» (ՂԵՒ. ԺԹ 15)։

«Տէրե՛ր, շնորհեցէ՛ք ձեր ստրուկներուն իրաւունք եւ արդարութիւն, գիտնալով որ դո՛ւք ալ Տէր մը ունիք երկինքի մէջ» (ԿՈՂ. Դ 1)։

Արդարացումը «ընդունելնութիւնն է Աստուծոյ արդարութեան»՝ հաւատքովն ի Յիսուս Քրիստոս։

Արդարութիւնը հոս կը մատնանշէ աստուածային սիրոյն ուղղադատութիւնը։ Արդարացումով՝ հաւատքը, յոյսը եւ սէրը կը սփռուին մեր սրտերուն մէջ եւ աստուածային կամքին հանդէպ «հնազանդութիւն»ը կը շնորհուի մեզի։

Առաքեալը կ՚ըսէ. «Հիմա առանց օրէնքին, Աստուծոյ արդարութիւնը յայտնուեցաւ՝ վկայութեամբ Օրէնքին եւ Մարգարէներուն։ Աստուծոյ Արդարութիւնը կը տրուի հաւատքով ի Յիսուս Քրիստոս, բոլոր հաւատացեալներուն. որովհետեւ չկայ խտրութիւն, ամէնքը մեղանչեցին եւ զուրկ են Աստուծոյ փառքէն, եւ կ՚արդարանան պարգեւովն Անոր շնորհքին, զօրութեամբ փրկութեան, որ կատարուեցաւ Յիսուս Քրիստոսով։ Աստուած կանխաւ սահմանեց զԻնք որպէս գործիք քաւութեան՝ շնորհիւ Իր արեան եւ հաւատքի միջոցաւ, իբր ապացոյց թողութեան անցեալին մէջ, Աստուծոյ համբերութեան շրջանին գործուած մեղքերուն։ Ան կ՚ուզէր յայտնել Իր արդարութիւնը ներկայ ժամանակին մէջ, որպէսզի ըլլայ արդար եւ արդարացնէ ան որ կը հաւատայ Յիսուսի. (ՀՌՈՄ. Գ 21-26)։ Ուստի արդարացումը կը հաստատէ համագործակցութիւնը Աստուծոյ շնորհքին եւ մարդուն ազատութեան միջեւ։ Արդարացումը Աստուծոյ շնորհին եւ սիրոյն պատուականագոյն գործն է՝ որ յայտնուած է Քրիստոս Յիսուսի մէջ եւ տրուած՝ Սուրբ Հոգիէն։ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կը համարի թէ. «ամբարիշտին արդարացումը աւելի մեծ գործ մըն է քան երկինքի եւ երկրի արարչագործութիւնը», որովհետեւ «երկինքն ու երկիրը պիտի անցնին մինչ ընտրեալներուն փրկութիւնը եւ արդարացումը պիտի մնան»։

Ան կը խորհի նոյնիսկ, թէ մեղաւորներուն արդարացումը կը գերազանցէ հրեշտակներուն արդարութեան մէջ ստեղծումը, որովհետեւ, ասիկա կը յայտնէ աւելի մեծ ողորմածութիւն մը։

Աստուածային արդարութիւնը Աստուծոյ ստորոգելիներէն է. «Եւ ըսաւ.- Տէրը Սինայէն եկաւ, ու Սէիրէ անոնց երեւցաւ եւ Փառան լեռնէն փայլեցաւ եւ բիւրաւոր սուրբերով եկաւ. Անոր աջ ձեռքէն օրէնքին կրակը ելաւ անոնց» (Բ ՕՐԻՆ. ԼԳ 2)։ Նաեւ Սաղմոսերգուն կ՚ըսէ. «Ամբարիշտներուն չարութիւնը թող հատնի։ Բայց դուն արդարը հաստատէ. վասնզի դուն, ո՛վ արդար Աստուած, կը քննես սրտերը եւ երիկամունքները» (ՍԱՂՄ. Է 9)։ «Ողորմած եւ արդար է Տէրը եւ մեր Աստուածը գթած» (ՍԱՂՄ. ՃԺԶ 5)։ «Արդար ես դուն, ո՛վ Տէր եւ քու դատաստաններդ ուղիղ են։ Քու պատուիրած վկայութիւններդ արդար եւ խիստ ճշմարիտ են» (ՍԱՂՄ. ՃԺԹ 137-138)։ Եւ Եսայի մարգարէ կը վկայէ. «Քարոզեցէ՛ք եւ զանոնք մօտեցուցէ՛ք եւ անոնք մէկտեղ խորհուրդ թող ընեն։ Ո՞վ գիտցուց ասիկա սկիզբէն, այն ժամանակէն ի վեր ո՞վ պատմեց, չէ՞ որ ե՛ս Տէ՛րս։ Ինձմէ զատ ուրիշ Աստուած չկայ, Ինձմէ ուրիշ Ճշմարիտ Աստուած եւ Փրկիչ չկայ» (ԵՍ. ԽԵ 21)։ Աստուծոյ արդարութիւնը շատ բա՛րձր է. «Անիկա ամենակարող է, չենք կրնար հասկնալ զանիկա, մեծ է զօրութեամբ, դատաստանով եւ արդարութեամբ եւ մէկո՛ւն զրկանք չ՚ըներ» (ՅՈԲ. ԼԷ 23)։

Դարձեալ Սաղմոսերգուն կ՚ըսէ. «Բերանս պիտի պատմէ քու արդարութիւնդ, ամէն օր՝ քու փրկութիւնդ, վասնզի ես անոնց համրանքը չեմ գիտեր։ Պիտի քալեմ Տէր Աստուծոյ զօրութիւնովը։ Քու արդարութիւնդ, միայն քուկդ պիտի յիշեմ» (ՍԱՂՄ. ՀԱ 15-16)։

«Արդարութիւն»ը առաքինութիւն է մարդուս համար, բայց Աստուծոյ համար բնութիւն է՝ նկարագիր եւ ինքնութի՛ւն։ Աստ-ւած առաքինութիւններու բացարձակը, գագաթնակէ՛տն է. Աստուծոյ արդարութիւնը «արդարութեան գաղափար»ին նախատիպարը՝ խորհրդանի՛շն է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապրիլ 12, 2019, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Մայիս 20, 2019