ԽԱՌՆ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Սուրբ Գիրքը, իբր բացում, կը սկսի մարդուն եւ կնոջ ստեղծումով (ԾՆՆԴ. Ա 26-27) ըստ Աստուծոյ պատկերին եւ նմանութեան, եւ կը վերջանայ «Գառնուկին հարսանիքին» (ՅԱՅՏ. ԺԹ 7 եւ 9) տեսիլքով։ Ուստի, մէկ ծայրէն միւսը՝ Աստուածաշունչը կը խօսի ամուսնութեան եւ անոր «խորհուրդ»ին մասին, անոր հաստատումին եւ Աստուծոյ անոր տուած «իմաստ»ին մասին, անոր ծագումին եւ վախճանին մասին, փրկութեան պատմութեան ընթացքին անոր զանազան իրագործումներուն մասին, մեղքէն սերած դժուարութիւններուն մասին եւ անոր «վերանորոգում»ին մասին «Ի Տէր» (Ա ԿՈՐՆԹ. Է 39), Քրիստոսի եւ Եկեղեցւոյ Նոր ուխտին մէջ (ԵՓՍ. Ե 31-32)։ Աստուած Ի՛նքն է հեղինակը ամուսնութեան։

Ամուսնութիւնը կոչո՛ւմ մըն է, որ արձանագրուած է այր-մարդուն եւ կին-մարդուն բնութեան մէջ, այն ձեւով՝ որ յառաջ եկան Արարչին ձեռքէն։

Արդարեւ, ամուսնութիւնը զուտ մարդկային հաստատութիւն մը չէ, հակառակ դարերուն ընթացքին տարբեր մշակոյթներուն, ընկերային կառոյցներուն եւ հոգեւոր կեցուածքներուն միջոցով անոր կրած բազմաթիւ փոփոխութիւններուն։ Այս այլազանութիւնները սակայն պէտք չէ մոռցնեն անոր հասարակաց եւ մնայուն գիծերը։ Թէպէտ այս հաստատութեան արժանապատուութիւնը ամէնուրեք նոյն պայծառութեամբ յայտնուած չէ, սակայն բոլոր մշակոյթներու մէջ ալ կայ որոշ գիտակցութիւն մը ամուսնական միութեան վսեմութեան։ Անհատին եւ հաւաքականութեան բարօրութիւնը սերտօրէն կապուած է ամուսնական եւ ընտանեկան հասարակութեան բարգաւաճումին հետ։

Աստուած, որ մարդը սիրելուն համար զայն ստեղծեց, նաեւ կոչեց զայն սիրոյ, որ հիմնական եւ բնածին կոչումն է մարդկային ամէն անձի։ Արդարեւ մարդը ստեղծուած է ըստ պատկերին եւ նմանութեան Աստուծոյ, որ «Սէր է» (Ա ՅՈՎՀ. Դ 7-16)։ Աստուած մարդը «այր-մարդ» եւ «կին-մարդ» ստեղծած ըլլալով, անոնց փոխադարձ սէրը կը դառնայ պատկերը այն բացարձակ եւ անքակտելի սիրոյն, որով Աստուած կը սիրէ մարդը։

Սէրը Արարչին աչքին բարի է, նոյնիսկ շա՛տ բարի։

Աստուծմէ օրհնուած այս սէրը սահմանուած է բեղուն ըլլալու եւ ինքզինք իրագործելու՝ արարչագործութեան պահպանումին հասարակաց գործին մէջ։

«Եւ Աստուած օրհնեց զանոնք եւ ըսաւ անոնց.- Աճեցէ՛ք եւ բազմացէ՛ք եւ լեցուեցէ՛ք երկիրը եւ տիրեցէ՛ք անոր» (ԾՆՆԴ. Ա 28)։ Թէ այր-մարդը եւ կին-մարդը մին միւսին համար ստեղծուած են, ասիկա Սուրբ Գիրքը կը հաստատէ. «Լաւ չէ որ մարդը առանձին ըլլայ» (ԾՆՆԴ. Բ 18)։ Նոյն Ինքն Տէրը ցոյց կու տայ, թէ ասիկա իրենց երկու կեանքերուն անբաժանելի միութիւնը կը նշանակէ, երբ կը վերյիշենք, թէ «սկիզբէն» իսկ ի՛նչ եղած էր Արարչին ծրագիրը (ՄԱՏԹ. ԺԹ 4). եւ «Ուրեմն անոնք այլեւս երկու մարմին չեն, այլ մէկ մարմին» (ՄԱՏԹ. ԺԹ 6)։ Ուստի, այր-մարդ եւ կին-մարդ միանալով կը կազմեն «մա՛րդ»ը։

Բազմաթիւ երկիրներու մէջ, տարբեր հաւատք ունեցողներու միջեւ «խառն ամուսնութեան» պարագաները կը ներկայանան բաւական յաճախակի կերպով։ Ասիկա ամուսիններուն եւ ծնողներուն յատուկ ուշադրութիւնը կը պահանջէ։ Կողակիցներուն մէջ դաւանական տարբերութիւնը ամուսնութեան համար անյաղթահարելի դժուարութիւն մը չի գոյացներ, եթէ անոնք յաջողին համատեղել ի՛նչ որ իւրաքանչիւրը ընդունած է իր համայնքէն, եւ իրարմէ սորվիլ Քրիստոսի հաւատարմութիւնը ապրելու իւրաքանչիւրին եղանակը։ Խառն ամուսնութիւններու յարուցած դժուարութիւնները սակայն պէտք չէ թերագնահատ-ւին։ Անոնք հետեւանքն են այն իրողութեան, որ քրիստոնեաներու միջեւ բաժանումը տակաւին չէ յաղթահարուած։ Ամուսինները՝ այր կամ կին, ենթակայ են քրիստոնեաներու բաժանումին «ողբերգութիւն»ը իրենց ընտանիքին ծոցին մէջ իսկ ապրելու վտանգին։ Պաշտամունքին տարբերութիւնը կրնայ այս դժուարութիւնները սաստկացնել։

Հաւատքի մասին կամ ամուսնութեան ըմբռնումին մասին տարակարծութիւնները, ինչպէս նաեւ կրօնական տարբեր հաւատալիք եւ մտայնութիւնները, կրնան ամուսնութեան մէջ լարուածութիւններու աղբիւր մը գոյացնել, գլխաւորաբար զաւակներուն կրթութեան հարցով։

Այս հարցերը եւ անոնց ստեղծած դժուարութիւնները անոնց կրնայ ներկայանալ «փորձութիւն» մը՝ որ «կրօնական անտարբերութիւն»ն է։

Եկեղեցւոյ մէջ, ընդհանրապէս ի զօրու եղող օրէնքին համաձայն, խառն ամուսնութիւն մը, իր օրինաւորութեան համար, կարիքը ունի եկեղեցական իշխանութեան «բացայայտ արտօնութեան»։

Պաշտամունքային տարբերութեան պարագային, ամուսնութեան վաւերականութեան համար՝ «արգելք»էն «բացայայտ տնօրինում» մը կը պահանջուի։ Այս արտօնութիւնը կամ այս տնօրինումը կ՚ենթադրէ, թէ երկու կողմերը ամուսնութեան նպատակին գիտակցութիւնը ունին՝ ամուսնութեան նպատակները եւ յատկութիւնները կը ճանչնան եւ զանոնք չեն մերժեր։

Ամուսնական անկեղծ սէրը, ընտանեկան առաքինութիւններուն խոնարհ եւ համբերատար գործադրութիւնը եւ յարատեւ աղօթքը կրնան կարգ մը դժուարութիւնները յաղթահարելու օգնել եւ նպաստել կողմերուն։ Ուստի, կողակիցներուն միջեւ վաւերագործ ամուսնութենէն կը ծնի «կապ» մը, որ իր բնութեամբ իսկ յաւերժական եւ բացառող է. անոնք յատուկ սուրբ խորհուրդով մը կը զօրանան եւ կերպով մը կը նուիրականանան՝ իրենց վիճակին պարտականութիւններուն եւ արժանապատուութեան ի սպաս։

Արդարեւ, խառն ամուսնութիւններու պատճառները պէտք է փնտռել ընկերային կեանքի փոփոխութիւններու մէջ. քանի որ ընկերային կեանքը հետզհետէ կը զարգանայ, կը բարեփոխուի, կարգ մը սովորութիւններ ալ անոր համընթաց կը փոխուին՝ որոնցմէ մէկն ալ ամուսնութեան պարագան է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 2, 2019, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Յունիս 20, 2019