ԱՅՆ ԻՆՉ ՈՐ «ԱՆՑԵԱԼ» Կ՚ԸՍԵՆՔ

«Լաւ է այնտեղ՝ ուր չենք գտնուիր։ Անցեալը միշտ գեղեցիկ կը թուի, քանի որ մենք այլեւս այնտեղ չենք»։

ANTON PAVLOVIÇ ÇEHOV

Յաճախ կը լսենք. «Ի՜նչ գեղեցիկ էր անցեալը, հիմա ամէն ինչ փոխուած է, ո՜ւր են այն հին օրերը…» եւ կամ այս նախադասութեան նման խօսքեր, որոնք անցեալի նկատմամբ կարօտի մը արտայայտութիւններն են։ Մարդոց մեծամասնութիւնը այս կերպով կ՚արտայայտուի, երբ դժգոհութիւն մը, նեղութիւն մը ունի իր ներկայ կեանքին մէջ։ Ասիկա սովորական երեւոյթ մըն է՝ որ կը խօսուի, կը լսուի եւ կ՚ապրուի գրեթէ ամէնուրեք, ամէն շրջանի մէջ։

Արդեօք իրապէս «անցեալ»ը այդքան գեղեցի՞կ է եւ կարօտ կը ներշնչէ՞ մարդուս։

Այդպէս կ՚երեւի, թէ մարդ անցեալին միշտ լաւ կողմերը կը յիշէ՝ երջանիկ եւ լաւ օրերը, եւ այդ իսկ պատճառով կարօտը կը զգայ անցեալին։ Այս իմաստով, մարդուս անցեալը իր մանկութեան եւ երիտասարդութեան շրջանն է, ուր անպատասխանատու կեանք մը կ՚ապրի. հոն տակաւին սկսած չէ ճշմարիտ կեանքի պայքարը, չեն սկսած տակաւին նեղութիւններ, դժուարութիւններ, այնքան զգալի չեն ցաւեր, վիշտեր, քանի որ անոնք իրենց քով ունին իրենց ծնողները՝ որոնք պաշտպան կը կանգնին, կը հոգան, կը խնամեն զիրենք, եւ այդ պատճառով անոնք միշտ կեանքին լաւ կողմերը կը տեսնեն եւ ապահովութեան մէջ կ՚ապրին։ Մանուկը եւ երիտասարդը տակաւին չէ ծանօթացած ճշմարիտ կեանքին եւ ուղղակի իր մորթին վրայ չէ զգացած ցաւը եւ վիշտը…։

Անշուշտ կան մանուկներ եւ երիտասարդներ, որոնք զգացած են կեանքի ցաւերը եւ վիշտերը, ապրած են դժբախտութիւններ իրենց շրջանին։ Բայց ընդհանրապէս այդ շրջանը անպատասխանատու, հանգիստ եւ «երջանիկ» շրջան մըն է, եւ յառաջիկայ տարիներուն կարօտով յիշուած տարիներ։

Եւ ո՜վ չի փնտռեր իր մանկութեան եւ երիտասարդութեան տարիները, ուր ամէն ինչ գեղեցիկ եւ լաւ կը տեսնուէր։ Կեանքի ամբողջ բեռը, այն շրջաններուն ծնողներուն եւ տարիքով հասուն եղողներու ուսերուն վրայ բեռնաւորուած էր, եւ մանուկներ եւ երիտասարդներ ոչ մէկ բանի կ՚անդրադառնային եւ «երջանի՜կ» էին։ Բայց արդեօք այն շրջանի ծնողները եւ տարիքով հասունները նոյնքան երջանի՞կ էին, ինչպէս այսօր չեն անցեալի կարօտը զգացողները։

Անցեալը գեղեցիկ է, քանի որ ներկայի նեղութիւնները չ՚ապրուիր այլեւս, եւ կամ ապրուածները մոռցուած են, քանի որ մարդկային ուղեղը կարգ մը բաները մոռնալու յատկութիւն մը ունի։ Արդարեւ, մարդուս գոյատեւումը ապահովող երկու, մարդկութիւնը մխիթարող յատկութիւն կա՛յ. մոռնալ եւ վարժուիլ։ Մարդ շատ բան կը մոռնայ եւ շատ բաներու կը վարժուի, եւ այդ է որ ընդհանրապէս «անցեալ»ը գեղեցիկ կը ձեւացնէ շատ անգամ։ Անցեալի մէջ եթէ շատ մը բաներ չմոռցուէին, անցեալը այդքան հմայիչ պիտի չըլլար։

Արդարեւ, նեղութիւններ, դժուարութիւններ, հիւանդութիւններ եւ տառապանք մարդկային կեանքը փորձի ենթարկող ամենածանր հարցերէն եղած են միշտ։ Նեղութիւններու եւ դժուարութիւններու մէջ մարդը իր անկարողութեան, իր սահմանափակումներուն եւ իր վախճանաւորութեան փորձառութիւնը կ՚ապրի։ Բայց մանկութեան եւ մասամբ երիտասարդութեան շրջանին ընդհանրապէս կարելի չ՚ըլլար անդրադառնալ այդ փորձառութեան։ Բայց կեանքի ընդհանուր եւ տեւական փորձառութիւնը հետզհետէ կը հասունցնէ մարդը։ Եւ մարդ իր հասուն տարիքին նեղութիւններու, դժուարութիւններու եւ տառապանքներու ազդեցութեան տակ յուսալքումի զգացումը կ՚ունենայ, եւ այդ զգացումն ալ զինք կը տանի անցեալի օրերուն՝ ուր երբեք չէր զգար որեւէ վատ զգացում։ Ուստի, նեղութեան ամէն տեսակը մարդս կրնայ առաջնորդել դէպի անձկութիւն, դէպի անձին վրայ կծկում, երբեմն նոյնիսկ դէպի յուսահատութիւն եւ Աստուծոյ դէմ ըմբոստութիւն։

Ահաւասիկ, կեանքի իրականութիւններու հետ դէմառդէմ եկող «հասուն» մարդը ի՞նչպէս կարօտը չզգայ անցեալի «երջանիկ» օրերուն…։

Բայց նեղութիւնները, ներկայ դժուարութիւնները կրնան նաեւ մարդը աւելի հասունցնել, օգնել իր կեանքին ոչ էականը զանազանելու եւ էականին մերձենալու։ Շատ յաճախ նեղութիւնները մարդս կը մղէ Աստուած փնտռելու՝ Անոր վերադառնալու…։ Չէ՞ որ Յիսուս կ՚ըսէ. «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։

Ուստի, նեղութիւններու, դժուարութիւններու, ներկայ ցաւերու եւ վիշտերու մէջ փոխանակ անցեալի կարօտով նեղութիւնները, մտահոգութիւնները բարդելու՝ քա՛ջ ըլլալ եւ քաջութեամբ պայքարիլ կեանքի նեղութիւններու դէմ աւելի դրական եւ աւելի արդիւնաբեր ճամբայ մըն է։

«Անցեալ»ը պէտք չէ՛ մոռնալ, պէտք է անցեալէն դասեր առնել եւ օգտուիլ անցեալի փորձառութիւններէն, բայց անցեալի կարօտին մէջ լուծում գտնել, ճար, դեղ եւ դարման, մխիթարութիւն փնտռել արդիւնաբեր միջոց մը պէտք չէ՛ նկատուի։ Անցեալէն դաս առնել, անցեալէն փոխանցուած արժէքներու եւ աւանդութիւններու հաւատարիմ ըլլալ՝ անշուշտ ներկայի համար օգտակար եւ անհրաժեշտ փորձառութիւն մըն է, եւ սակայն անցեալին կառչած մնալ արդիւնաւոր վարմունք մը չէ։ Փոխանակ անցեալի մէջ երեւակայական երջանկութիւն մը ապրելու՝ ներկայիս ի՞նչպէս երջանիկ կրնանք ըլլալ եւ ի՞նչպէս գեղեցիկ ապագայ մը կրնանք պատսրաստել՝ մարդուն կոչումին շատ աւելի յարմար ըլլալ կը թուի…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 16, 2020, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Յուլիս 20, 2020