ԱՍՏՈՒԱԾ ՓՈՓՈԽԱՄԻՏ Է ԵՂԵՐ

Տարիներ առաջ, երբ տասնութ տարեկան էի, բազմաթիւ զոհողութիւններէ ետք նշան կապեցի ինձմէ երկու տարի մեծ ապաշխարած ընտանիքի աղջկայ մը հետ: Ընտանիքին եւ մեր դաւանանքին համաձայն, վստահաբա՛ր, այդ մէկը Աստուծոյ կամքն էր, որ կը կատարուէր: Աւելի քան տարի մը ետք զանազան տարակարծութիւններու պատճառով անխուսափելի եղաւ բաժանումը, սակայն իր ընտանիքին համաձայն այդ մէկը դարձեալ Աստուծոյ կամքն էր, որ կը կատարուէր...:

Աստուած մէկ տարուայ ընթացքին այդքան փոփոխամիտ կրնա՞ր եղած ըլլալ, չե՛մ գիտեր, սակայն այդ օր համոզուեցայ, որ մեր ազգի մէջ գոյութիւն ունի ինքնարդարացման նպաստաւոր տարբերակ մը. կրնաս ամէ՛ն «հալթ» ուտել եւ վերջաւորութեան մատնանշել Աստուծոյ կամքը: Վա՜յ անո՛ր որ երկմտութեամբ հարցականի տակ դնէ այդ կամքը. ո՞ր անաստուածը կը համարձակի:

Եւ հիմա տարիներ ետք կը մտածեմ, որ նոյնը չէ՞ պարագան Արցախին, որուն համար այսքա՜ն ցաւ ապրեցանք. 1992 թուականին Աստուծոյ կամքն էր, որ Շուշին ազատագրենք, սակայն 28 տարիներ ետք այդ կամքը փոխուեցաւ եւ հակառակորդը դարձեալ տիրացաւ այդ տարածքներուն: Չէ՞ր կրնար այդպէս եղած ըլլալ: Ինչքա՜ն պիտի խաղաղէր սիրտը պարտուած բոլոր այն ղեկավարներուն, որոնք առանց մտատանջութեան պիտի ըսէին Աստուծոյ կամքն էր ու վե՛րջ:

Ցաւ ի սիրտ, մեր ժողովուրդը շատ անգամ սխալ եւ կամ գուցէ իր ուզածին պէս հասկցած է Աստուածային ճշմարտութիւնները ու տարուած անոնց սխալ ուսուցումներով: Տակաւին մարդոց մէջ յստակ չէ, թէ ի՞նչ բան է ճակատագիրը, ի՞նչ բան է Աստուծոյ կամքը եւ ի՛նչ բան մարդու ազատութիւնն ու ինքնակամ ապրելու իրաւունքը: Ինչպէ՞ս կրնար Աստուծոյ «գործ»ն ու «որոշում»ը ըլլալ մեր կեանքի բոլոր պատահարները, երբ Պօղոս Առաքեալ կ՚ըսէ. «ուր որ Տիրոջ Հոգին ներկայ է՝ հոն ազատութիւն է» (Բ. Կորնթացիներուն 3:17):

Այդ ի՞նչ տեսակ ազատութիւն է՝ երբ ամէ՛ն բան Աստուծոյ կամքին կը վերագրուի: Սիրոյ միացումը (որպէս դրական երեւոյթ) Աստուծոյ կամքն է. բաժանումը (որպէս ժխտական երեւոյթ) դարձեալ Աստուծոյ կամքն է: Եթէ տրամաբանութիւնը այդ է, ինչո՞ւ համար կը բանտեն ոճրագործը, գողն ու աւազակը, չարագործն ու ելուզակը. չէ՞ր կրնար Աստուծոյ կամքը կեանքի զաւեշտով մը յաջորդ շաբաթ անոնցմէ սուրբեր առաջացնել որոշէր: Ո՞վ պիտի չուզէր իր չախորժած մարդիկը սպաննելէ, մեծ գումարներ գողնալէ ետք ատեանի կողմէ ազատ արձակուէր «Աստուծոյ կամք»ի լոյսին տակ:

Մարդ արարածին մէջ մէկտեղուած կը գտնենք երկու հակասական ստորոգելիներ.- ազատութի՛ւն եւ կախեալութիւն. կեանքի մէջ մի՛շտ լաւ ու յաջող բաները ծնունդն են առաջինին, իսկ բոլոր դժբախտութեանց մեծամասնութիւնը երկրորդին եւ Աստուծոյ կամքին:

Աստուծոյ կամքին չգիտութիւնն է, որ մարդ արարածը կը մոլորեցնէ։ Անցեալին Լիբանանի մէջ հայ աղանդաւոր մը, ձեռքը որպէս զէնք բռնելով «Աստուծոյ կամք»ը իր մոլորեալներուն կեանքին միջամուխ կ՚ըլլար ըսելով, որ Աստուած յայտնած է, թէ այսինչ օրիորդը պէտք է բաժնուի այսինչ պարոնէն եւ քանինե՜ր Աստուծոյ կամքին հակառակ չըլլալու համար ենթարկուեցան աղանդաւորի խաբէութիւններուն:

Պէտք է մարդ արարածը յստակ գիտնայ, որ կեանքի մէջ բոլո՛ր որոշումներն ու իրագործում ծնունդ են անձնական կամքի: Մեր թուականէն 151 տարիներ առաջ՝ 1870-ին Պոլսոյ մէջ Արամեան հրատարակութեան կողմէ լոյս կը տեսնէ Տ. Ղազար Պօղոսեանի թարգմանած «Կամք կամ կամական հանգամանք մտաց» փիլիսոփայական գիրքը (հեղինակ՝ Թովմաս Ք. Ըփհամ), որուն 47-րդ էջին մէջ կը կարդանք. «Կամքը մարդուս բնութեանը մէջ գագաթնահայեաց կէտն է. նա է որ նստի յաթոռ տեսչութեան եւ վճռահատութեան գերակայ իշխան ի վերայ այլոցն ամենեցուն»:

Տարիներ առաջ Լիբանանի եկեղեցիներէն մէկուն կողմէ հրաւիրուած էի «կանանց լսարան»ի ընթացքին սերտողութեան եկող կիներուն խօսելու Աստուծոյ կամքի եւ մարդու ազատ կամքի տարբերութիւններուն մասին: Նախքան հիմնական նիւթին անցնիլը հարց տուի, թէ Աստուծոյ կամքով էր չէ՞, որ իրենք եկած էին Եկեղեցի. բոլորին պատասխանը այո՛ էր: Ինչպէ՞ս կ՚ըլլար, որ Աստուած իրենց եկեղեցի երթալը ուզած ըլլար, սակայն իրենց քովի դրացիին ըսած ըլլար տունը մնայ, քիչ մըն ալ պառկէ... Իրե՛նք չունէին այն գիտակցութիւնը, որ Աստուծոյ տուն եկած են իրենց անձնական կամքով՝ մղուած իրենց հաւատքէն հաւանաբար. Աստուած չէ՛ր ըսողը, որ երթան եկեղեցի:

Հաւատացէ՛ք, Աստուծոյ կամքին ինքնարդարացումով ի՜նչքան աւերներ գործուած է մեր հայ ժողովուրդի զաւակներուն կեանքէն ներս, ինչքա՜ն սիրտեր ու հոգիներ քանդուած են մարդո՛ց չարամտութեամբ, սակայն մի՛շտ Աստուծոյ կամքով:

Նոյն այս մտահոգութիւններով է, որ Ա. Արշարունի 1926-ին հայերէնի թարգմանեց «Աստուծոյ կա՞մք թէ գիւղատնտեսական գիտութիւնը» գիրքը, հայ հողագործին բացատրելու համար, թէ գործին յաջողութիւնը Աստուծոյ կամքէն բացի՛ կախեալ է նաեւ գիւղատնտեսութեան մասին գիտութեան պակասէն. գուցէ այդ գիտութեան պակասն է պատճառը, որ անցեալին ամէ՛ն երեւոյթ, մինչեւ իսկ պտղաբերութիւնը ունէր իր չաստուածը, որմէ կա-խեալ էր ամէ՛ն բան: 

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԱԼԵՔՍԱՆԴՐ ՔԱԼԱՆԹԱՐ
(1855-1913)

Մեր թուականէն 108 տարիներ առաջ՝ 20 հոկտեմբեր 1913-ին Թիֆլիզի մէջ մահացած է խմբագիր, հասարակական գործիչ, գրող եւ անասնաբոյծ Ալեքսանդր Քալանթար:

Քալանթար ծնած է 20 սեպտեմբեր 1855-ին, Ներքին Ագուլիսի մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Պաքուի մէջ եւ ապա ուսումը շարունակած՝ Մոսկուայի Փեթրովեան գիւղատնտեսական ակադեմիային մէջ: Աւարտելէ ետք անասնապահութեան գիտութիւնը ստանալու համար մեկնած է Անգլիա, Գերմանիա, Շուէտ եւ եւրոպական այլ երկիրներ: Բարձրագոյն ուսումը աւարտելէ ետք մեկնած է Ռուսաստան, անդամ դառնալու Անասնապահութեան հետազօտման յանձնախումբին, ուսումնասիրելու համար 19 նահանգներու անասնապահութեան վիճակը:

Քալանթար երկար տարիներ ղեկավարած է Կովկասի Հայկական գիւղատնտեսական ընկերութիւնը եւ ընտրուած՝ Կովկասի կայսեր եւ Գիւղատնտեսական ընկերութեան պատուաւոր անդամ: Աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալած է հասարակական եւ քաղաքական գործունէութեան մէջ, տալով հրապարակային դասախօսութիւններ եւ տպագրելով իր զանազան աշխատութիւնները: Երկար տարիներ գլխաւորած է Թիֆլիզի Հայ հրատարակչական ընկերութիւնը: Իր մասնագիտութեան կողքին Քալանթար զբաղած է նաեւ գրականութեամբ, Նամալեան եւ Վրձին գրչաններուներով զանազան պարբերականներու մէջ հրատարակելով պատմուածքներ, որոնց մէջ կ՚արտացոլայ հայ հասարակական կեանքը: Ստեղծագործութեան կողքին կատարած է նաեւ թարգմանական աշխատանք, հայերէնի թարգմանելով ամերիկացի գրող Մարք Տուէյնի եւ Ֆրանց Հոֆմանի եւ այլ հեղինակներու գործերը: Քալանթար 1883 թուականէն մինչեւ իր կեանքի վերջը եղած է Թիֆլիզի մէջ հրատարակուող «Մշակ» թերթի խմբագիրն ու հրատարակիչը:

Ալեքսանդր Քալանթարի դուստրը յայտնի դերասանուհի Իզապելլա Քալանթարն է, իսկ որդին՝ թատերագէտ Լեւոն Քալանթարը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2021