ԿԵԱՆՔԻ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

«Բաղձանքս
«Երազներս խունկ ու ծաղիկ
«Ինկան մութի քօղին մէջ.
«Մահը իջաւ հոգւոյս բաղձիկ
«Խըլել սէրն իմ լուսառէջ։

*

«Հապօ՜ն իղձով դեռ մշտայած
«Ժպտիմ կեանքին անգամ մ՚ալ,
«Կուզե՜մ, կուզեմ, ո՜վ իմ Աստուած,
«Նոր սէրերէ գինովնալ»։

ՄԻՍԱՔ ՄԵԾԱՐԵՆՑ

Հոգին մահ չունի՛։ Անոր անմահութիւնն իսկ զօրաւոր հաւաստիք մըն է, որ կրնայ խօսիլ, կրնայ չխզել իր յարաբերութիւնները աշխարհի հետ, կը շարունակէ ապրիլ իր կեանքը, եւ որ ամենէն ստոյգն է, կարող է իր երկնառաք պատգամներով մեզ առաջնորդել դէպի Հաւատք եւ դէպի Ճշմարտութիւն։ Եւ անըմբռնելի ոչինչ կայ այս յայտնութեան մէջ։ Հոգին մահ չունի՛…։

Բայց մարմնաւոր մահը կեանքի անխուսափելի եւ ստոյգ իրականութի՛ւնն է նաեւ։

Այս ուղղութեամբ, մարդոց կը վերաբերի յատուկ կերպով լուսաւորել եւ հունաւորել ժամանակի բոլոր իրադարձութիւնները՝ որոնց սերտօրէն առընչուած են, որպէսզի այն իրադարձութիւնները ընթանան եւ բարգաւաճին յարատեւօրէն ըստ Քրիստոսի եւ ըլլան ի գովաբանութիւն Արարչին, Նախախնամին եւ Փրկչին։

Մարդոց նախաձեռնութիւնը յատկապէս անհրաժե՛շտ կը դառնայ հոն, ուր հա՛րկ է միջոցներ ճարել եւ հնարել, որոնք անհատական, ընկերային, քաղաքական եւ տնտեսական իրականութիւնները խմորեն կեանքի պահանջներուն համեմատ եւ քրիստոնեայ վարդապետութեան եւ հաւատքին համաձայն։ Ուստի մա՛րդը կը գտնուի կեանքին ամենէն յառաջացած դիրքին վրայ. անով ընկերութիւնը կենսական սկզբունք կը հանդիսանայ բովանդակ կեանքին։ Ընկերային միջոցառումներ կրնան իրենց մէջ պարունակել բազմատեսակ գործնական ուղիներ։ Անոնք պիտի կատարուին մի՛շտ հասարակաց բարիքին եւ օգտին հեռանկարով։

«Քեզմէ խնդրողին՝ տո՛ւր, եւ փոխ ուզողին՝ երես մի՛ դարձներ» (ՄԱՏԹ. Ե 42)։

Աստուած կ՚օրհնէ անոնք որ աղքատներուն օգնութեան կը փութան եւ կը մերժէ անոնք որ կը հեռանան անոնցմէ։ Այս հետեւանքն է այն ճշմարտութեան՝ թէ մարդ կոչուած է իրերօգնութեան։ Մարդուն սէրը աղքատներուն հանդէպ մաս կը կազմէ իր մնայուն աւանդութեան։

Ըսինք որ մահը կեանքին ամենէն յստակ եւ անխուսափելի իրականութիւնն է։ Արդարեւ, մահը վերջ կը դնէ մարդուն կեանքին, որ նկատուած է մարդուն տրամադրուած ժամանակ մը՝ ընդունելու կամ մերժելու Ճշմարտութիւնը։ Արդարեւ, իրականութիւնը այն ճամբան է, որ մարդս կ՚առաջնորդէ դէպի Ճշմարտութիւն։ Ուրեմն մարդ իրականութիւնը պէտք է օգտագործէ լաւագոյն կերպով դէպի Ճշմարտութիւն։ Իրականութիւնը կրնայ մարդուս ընտրութիւն մը ընելու, երբ այդ ընտրութիւնը լաւ կատարուած է, ան կը հասնի ճշմարտութեան, իսկ եթէ ընտրութիւնը լաւ չէ կատարուած, կը հեռանայ ճշմարտութենէն։ Իրականութիւնը՝ «réalité» կատարուածն է, որ փոփոխական է, մարդուս ընտրութեան համեմատ կրնայ փոխուիլ եւ տարբեր հանգամանք ստանալ, բայց Ճշմարտութիւնը՝ «vérité», այն է ի՛նչ որ է, անփոփոխ եւ յստա՛կ։ Եւ այս իմաստով կեանքը «իրականութիւն» մըն է, իսկ մահը՝ ճշմարտութի՛ւն։

Մարդ կրնայ կեանքը ապրիլ սա եւ կամ այն կերպով, բայց մահուան նկատմամբ երբեք չունի ընտրութեան կարելիութիւն. մահը, որովհետեւ ճշմարտութիւն մըն է անփոփոխ եւ անխուսափելի՛։ Մա՛րդ մահուան նկատմամբ որեւէ ընտրութիւն չի կրնար ընել. «մեռնիլ» կամ «ապրիլ» անոր նախընտրութեան ենթակայ չի կրնար ըլլալ երբեք…։

Մարդը, միանգամայն մարմնաւոր եւ հոգեւոր էակ ըլլալով, հոգեւոր իրականութիւնները նիւթական՝ տեսանելի եւ շօշափելի, դիւրութեամբ ըմբռնելի նշաններու եւ խորհրդանշաններու ընդմէջէն կ՚արտայայտէ եւ կը քաղէ։ Այս իսկ պատճառով, յաճախ կը դժուարանայ հասկնալու եւ ըմ-բըռնելու հոգեւոր իրականութիւնները։

Երբ հարցը «իրականութիւն» եւ «ճշմարտութիւն» է, կ՚արժէ խօսիլ նաեւ «սուտ»ի մասին։ Արդարեւ, սուտը՝ կը կայանայ սխալ բան մը ըսելու մէջ. խաբելու դիտաւորութեամբ, ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։

Սուտը, այս իմաստով «իրականութիւն» մըն է, քանի որ ներհակ է «ճշմարտութեան»։ Իսկ ճշմարտախօսութիւնն ալ «իրականութիւն» մըն է, քանի որ ան կը վկայէ ճշմարտութեա՛ն։

Կը պատմուի, թէ փաստաբան մը ութ զաւակ ունէր, եւ այդ իսկ պատճառով ո՛չ ոք իրեն տունը կը վարձէր։

Մեռելոց օր մը իր կինը եւ եօթ զաւակը գերեզմանատուն գացած էին այցելելու համար ընտանիքին հանգուցեալ անդամներուն շիրիմները։

Փաստաբանը այս առիթէն օգտուելով, իր մէկ զաւակին հետ, վարձելու համար սկսաւ բնակարան փնտռել։ Իր դիմած տանտէրներէն մէկը վարանոտ հարցուց.- Ո՞ւր են ձեր միւս եօթ զաւակը եւ ձեր կինը։ Փաստաբանը անվարան պատասխանեց.- եօթ զաւակս եւ կինս սա պահուս գերեզմանատո՛ւնն են։

Տանտէրը այս բացատրութիւնը «սխալ» մեկնաբանելով, փաստաբանին եւ իր տղուն վարձեց բնակարանը։ Երեւութապէս փաստաբանը «սուտ» խօսած չէր…։

Փաստաբանը դարձաւ իր տղուն եւ ըսաւ.- կարեւորը սուտ կամ ճիշդ խօսիլը չէ, այլ խօսած ժամանակ յարմար «բառ»ը գործածել…։

Եւ դարձեալ կ՚ըսուի, որ փաստաբանին այդ տղան աւելի վերջ յաջող դիւանագէտ մը եղած է։

Այսպէս, փաստաբանին «հնարամտութեան»ը շնորհիւ՝ ընտանիքը վարձու բնակարան մը ունեցաւ…։

Ուրեմն, սուտը եւ ճիշդը յարաբերական արժէքներ են։ Անոնք կրնան փոխուիլ մեկնաբանութեան կամ տեսանկիւնի համեմատ։ Սակայն անփոփո՛խ է ճշմարտութիւնը ամէն պարագայի մէջ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 18, 2020, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 20, 2020