ՀԵՐԸԼՏ ՄԸ՝ ԶԱՒԷՆԻ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՄԲ

Բազմաթիւ հայերու համար այսօր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ երթալն ու այդտեղ կայք հաստատելը որքան ալ տենչալի ըլլալ թուի, անցեալին այդպէս չէր՝ մանաւանդ ամերիկահայ գաղութի առաջին գաղթականներուն համար: Շատերու համար ԱՄՆ երկրորդ դժոխք մըն էր, որովհետեւ կենաց եւ մահու պայքարը այս անգամ անապատներէն հեռու՝ ովկիանոսներէն անդին օտարութեան մէջ պիտի մղուէր: Առաջին դժուար մարտահրաւէրը ամերիկացիներու՝ հայերուն հանդէպ ունեցած մօտեցումն էր. այդ մօտեցումը լաւապէս ուսումնասիրելու լաւագոյն ձեւը հիները կարդալն է եւ այս պարագային մեր կարծիքով յարմարագոյնն է ուսումնասիրել Ուիլիըմ Սարոյեանը, որ այդ պայքարը մեծապէս ապրողներէն մին եղած է: Ամերիկացիներուն հայերուն հանդէպ ունեցած մօտեցումին մասին Սարոյեան կը գրէ. «Առաջին բանը, որ իմացայ, այն էր, թէ հայը ստորադաս էր: Ամերիկայի ժողովուրդը ընդհանրապէս հայերուն դէմ նախապաշարուած էին: Մեզ իբրեւ երկրորդ դասու ժողովուրդ կը համարէին, որովհետեւ մենք օտար էինք, լեզու լաւ չէինք գիտեր, մեր ծնողները նոր եկեր էին իրենց երկրէն. գաղթական էին»:

Արհաւիրքէն հազիւ փրկուած ժողովուրդի մը համար մտահոգիչ էր ամերիկացիներուն մօտեցումը, որովհետեւ կեանք ու մահու պայքարը հազիւ յաղթահարած ժողովուրդ մը այժմ պարտէր ըլլալ-չըլլալու գոյամարտ մը մղելու՝ փորձելով անաղարտ պահել նաեւ իր ինքնութիւնը: Ամերիկացիներու ունեցած մօտեցումը վստահաբար տկարացուց շատ մը հայեր։ Այդ պարտութիւնը Սարոյեան կը յայտնէ հետեւեալ տողերով. «Հայերու հանդէպ նախապաշարումը այնքան սաստիկ էր, որ շատեր կը փոխէին իրենց անունը, յուսալով որ այդ քայլը իրենց համար կրնար օգտակար ըլլալ: Օրինակ, կրնայիր անունդ Սմիթ ընել, անոր հայկական հոմանիշէն: Դերձակեանը կ՚ըլլար Թէյլըր»: Այս մէկը ինքնութեան պայքար մը կը ստեղծէր մանաւանդ պատանի եւ երիտասարդ սերունդին մօտ, որոնք ապրելու եւ հայ մնալու միջեւ կը տարուբերէին։ Նախապէս առիթով մը գրած ենք, թէ ինչպէս ամերիկացի ժողովուրդը կը նեղանար, որ հայեր ընդհանրապէս անգլերէն չգիտնալով կը խօսէին հայերէն լեզուով, ամէն ջանք ի գործ կը դնէին, որպէսզի հրատարակեն հայերէն թերթ ու ամէն գնով բարձր պահել հայկական մշակոյթը: ԱՄՆ հասած առաջին իսկ օրէն երկուքի բաժնուած էր հայութիւնը. ոմանք ընտրած էին պայքարելու ճամբան, իսկ ուրիշներ նախընտրած էին յանձնուիլ օտարի մշակոյթին՝ յանձն առնելով ապրելու գնով զոհել ամէ՛ն բան, որ հայկական է:

Սակայն այդ պայքարէն դուրս կը մնային պատանիներն ու մանուկները, որոնք ինքնութեան պայքարին ինչ ըլլալուն անտեղեակ, առաջին գծի վրայ կ՚ապրէին հայ ըլլալու ցաւը: Այս կապակցութեամբ Սարոյեան կը յիշէ իր բարեկամներէն մէկուն՝ Հերըլտի հետ ունեցած իր զրոյցը։ Սարոյեան գիտնալով Հերըլտի հայ ըլլալը՝ կ՚ուզէ գիտնալ անոր իսկական անունը։ Հերըլտ չ՚ուզեր պատասխանել։ Սարոյեանի պնդումներուն վրայ Հերըլտ կը պատասխանէ. «Դպրոցին մէջ զիս այնքան ցաւցուցին, որ անունս կ՚ատեմ»։ Սարոյեան գուցէ բախտաւոր էր ի սկզբանէ Ուիլիըմ անունը կրելուն համար։ Սարոյեանի պնդումներուն վրայ Հերըլտ կը յայտնէ, թէ անունը Զաւէն է:

Հերըլտ զաւակներ, թոռներ ու ծոռներ ունեցա՞ւ, չեմ գիտեր, սակայն աւելի քան երբեք վստահ եմ, որ անոր ապագայ սերունդները, որոնք գուցէ մինչեւ օրս կ՚ապրին, հայերէն չե՛ն գիտեր: Մենք ունեցանք հայեր, որոնք զոհուեցան անապատին մէջ, սակայն նոյնքան հայեր կենդանի վիճակի մէջ կորսնցուցինք. շատեր իրենց կեանքը կորսնցուցին, իսկ ուրիշներ՝ իրենց ազգային եւ մշակութային ժառանգութիւնն ու հայու ինքնութիւնը:

Սարոյեան կը հաւատայ, որ հայերուն հանդէպ ամերիկացիներուն ունեցած նման մօտեցան պատճառը հայ ժողովուրդին աշխատասիրութիւնն ու յաջողութիւնն էր։ Ամերիկացի ժողովուրդը տեսաւ, թէ հայերը ինչպէ՛ս կարճ ժամանակուան մէջ կրցան դրամ շահիլ, ունենալ իրենց սեփական տունն ու տեղը, դպրոցը, եկեղեցին, թերթն ու ամէ՛ն ինչ, որ «հայաստան» մը ստեղծելու համար անհրաժեշտ էր։ Հակառակ օտարացող հայերուն, շատեր ուզեցին հաստատ մնալ իրենց հայու ինքնութեան վրայ եւ այս մէկը լուրջ վտանգ թուեցաւ ամերիկացի ժողովուրդին:

Փոքր տարիքին կը մտածէի, որ Սարոյեանի նման մեծ գրող մը ինչո՞ւ համար հայերէն լեզուով չէր գրեր։ Հիմա կը հասկնամ այդ հարցին պատասխանը։ Սարոյեան կ՚ուզէր գրել հայերուն մասին, սակայն ո՛չ հայերուն։ Ան կ՚ուզէր ամերիկացի ժողովուրդին ներկայացնել, թէ ո՛վ է հայը, որ կ՚անարգեն ու կը ստորադասեն, որովհետեւ Սարոյեանի իսկ բառերով ի գործ դրուած այդ խտրութիւնը «կը յառաջացնէ տեսակ մը ջղագրգռութիւն»: Սակայն Սարոյեանի համոզումն է, որ մարդ հայ կ՚ըլլայ այն ժամանակ, երբ ինք ներքնապէս կ՚ուզէ հայ ըլլալ, ինքզինք հայ զգալ։ Առիթով մը ան իր զաւակներուն կ՚ըսէ. «Դուք էք այն, ինչ որ դուք կ՚ընտրէք, ո՞վ էք դուք ներքնապէս: Զանազան ընտրութիւններ ունիք կատարելիք եւ պէտք է որոշէք, թէ ի՞նչ պէտք է ընտրէք»:

Այսօր աւելի քան երբեք կարիքը ունինք դարձեալ բարձրաձայնելու ինքնութեան հարցին կարեւորութիւնը. այն խնդիրը, որ աւելի քան դար մը առաջ Սարոյեան եւ իր սերունդը կ՚ապրէր, նոյնը կ՚ապրին մերօրեայ երիտասարդները։ Այդ պայքարը վերջ չէ գտած եւ յաղթական դուրս գալու համար պէտք է դարձեալ շեշտել հայու ինքնութեան ինչութիւնը, որպէսզի անոնք նոյնիսկ օտար անուններու տակ յաջողին պահել «Զաւէն»ի ինքնութիւնը:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ո՞վ յայտնաբերած է սուրճը:

Պատասխան. Պատմութիւնը սուրճի յայտնաբերումը կը վերագրէ Կալտի անունով եթովպացի հովիւի մը։ Աւանդութեան համաձայն Կալտի նկատած է, որ այծերը որոշ հատապտուղներ ուտելով աւելի եռանդուն եւ աշխոյժ դարձած են։ Հետաքրքրուելով, ինք եւս փորձած է հատապտուղները եւ ինքզինք աւելիով աշխոյժ զգացած։ Այս յայտնագործումէն ետք տարածուած է լուրը եւ բոլորը սկսած են օգտագործել այդ հատապտուղները: Այս բոլորը աւանդական պատմութիւն մըն է։ Պատմաբաններ մինչեւ օրս կը շարունակեն քննարկել սուրճի ճշմարիտ ծագումը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Փետրուար 21, 2024