ԸՆՏՐԱՊԱՅՔԱՐԻ ՃԱՌ ԵՒ ԽՈՍՏՈՒՄ, ՊԻՏԻ ԽՕՍԻ՞Ն ՀԱՅԵՐԷՆԻ ՕՏԱՐՄԱՆ ՀԻՄՆԱՀԱՐՑԻ ՄԱՍԻՆ

Մի ոմն թերթի խմբագիր կը խորհի, որ հիմնահարցերու մասին կրկին եւ կրկին խօսիլ անհետաքրքիր է: Գաղտնիք չէ, որ կարգ մը հիմնահարցերու յիշեցումը կ՚անհանգստացնէ ներսի եւ դուրսի քաղքենիները, բոլոր անոնք, որոնք պատշաճեցումը եւ տեղատուութիւնը յառաջդիմութիւն համարած են: Չեն ըսած՝ շրջապատին հանդէպ ստրկամիտի հաճոյակատարութիւն:

Քաղքենիական հրաժարումներու ցանկին վրայ առաջին տեղը կը գրաւէ հայերէնը, որ տեղի կու տայ, կ՚արհամարհուի, կ՚անտեսուի, առաջին հերթին Հայաստանի վերնախաւին կողմէ՝ արդիականացման թիւր ըմբռնումով եւ յաճախ ծիծաղելի կապկումներով: Կը բաւէ մատիտն ի ձեռին լսել պետական այրերու խօսած լեզուին մէջ վխտացող օտար բառերը, որոնց հայերէնները կան: Լեզուի պետական տեսչութիւնը ՅՈՐԴՈՐԱԿներ կը հրատարակէ, կը ղրկէ: Այդ տեսչութիւնը փորձ ըրա՞ծ է գիտնալու պետական այրերու, հեռատեսիլի լրագրողներու եւ հաղորդավարներու, մամուլի աշխատաւորներու ո՛ր տոկոսի աշխատանքի սեղանին վրայ կը գտնուին այդ ՅՈՐԴՈՐԱԿները, ո՞ր տոկոսը նկատի կ՚ունենայ զանոնք:

Զանազան հիւանդութիւններէ տառապողները միշտ իրենց հետ կը պտտցնեն կարգ մը դեղեր: Ինչո՞ւ հայերէնը աղճատողները, զայն ուրիշ լեզուի վերածողները այդ ՅՈՐԴՈՐԱԿները չեն օգտագործեր, ո՞ր հայ ժողովուրդի առաջնորդութեան կը ձգտին, երբ մեղսակից կ՚ըլլան անոր ինքնութեան պատուանդան լեզուի քանդումին:

Երկինքէն շնորհ սպասողի պէս պիտի հետեւիմ Հայաստանի ընտրապայքարի ընթացքին եղած քննադատութիւններուն եւ խոստումներուն՝ անոնց մէջ գտնելու համար ազնիւ տիրութեան խօսք մը՝ մեր ինքնութեան կռուան, ոգեկան հայրենիքի, հայրենիքը իմաստաւորուած եւ իմաստաւորող հայերէնի մասին: Կրկնութիւն է, բայց նաեւ՝ ահազանգ. հայերէնը աստիճանաբար կը կորսնցնէ իր ինքնութիւնը՝ դառնալով այլազան լեզուներու առանց զէնքի սանձարձակ նախայարձակման թիրախ: Օտար ուժեր չեն միջամտողները: Ազգին տիրութիւն ընելու յաւակնողերը անոնց առջեւ կը բանան բերդին դռները:

Ցաւը նոր չէ: Եթէ սփիւռքը պատրուակներու ետին կրնայ թաքնուիլ լեզուական տեղատուութիւնը արդարացնելու համար, Հայաստանի մէջ այդ ընելու իրաւունք չունին: Գոյապահպանական հարց է մայրենիի առանց ճապկումներու պաշտպանութիւնը:

Ախտավարակ կացութիւն է: Երբ վերնախաւը կ՚առաջնորդէ ինքնութեան քանդումը, զանգուածն ալ, յառաջդիմական եւ արդիական քուրձ հագնելու համար կը կապկէ: Եւ ինչպէս կ՚ըսէր յարգելի դասախօս մը, «լեզուն կը յառաջդիմէ»՝ աճեցնելով հայերէնի վրայ կտածուած (tatoo) հազարաւոր բառերը, երէկ անոնք թասիպ, վախտ, ատաթ, մաղտանոս, նաանա, մարուլ® հիմա քաղաքակրթուած են եւ եղած են էլիդ, էլիդար, էպիլացիա, մոդեռն, դեկրատացիա, անեսթեզիոլոգա, անեքսիա, անիմացիոն, անլեգալ, անկլավ, անոմալ ֆոբիա, անոնիմ, անոնս, անոտացիա, անտագոնիզմ, ավտոնոմ, ավտորիզացիա, ավտորիտար, ավտորիտարիզմ,ատեստատ, ատեստացիա, ատկատ, ատկատիստ, ավտոնոմ, ավտոխտոն, դեեսդաբիլիցիա, դեստրուկտիվ, դետալ, դետալիզված, դետոնատոր, դեօկուպացվեն, դեֆեկտ, դեֆիցիտ, դեֆոլտ, դեֆորմացիա, դիագնոզ… Հայերէն այբուբենի իւրաքանչիւր տառով սկսող բազմաթիւ բառեր կան, մինչեւ Օ, Ֆ…, ֆորմալ, ֆորմատ, ֆորմուլա, ֆորսաժի ռեժիմ, ֆորսմաժորային, ֆունգցիա, ֆունդամենտալ, ֆունդամենտալիստներ,, ֆունկցիա, ֆունկցիոնալ, ֆոպիա եւ այսպէս՝ հազարաւոր բառեր:

Միշտ սիրած ենք յայտարարել, որ մեծ մշակոյթ ունինք, ունեցած ենք Մեսրոպ Մաշտոց, որուն փառաւոր արձանը զետեղուած է Մատենադարանի շէնքին առջեւ: Մի՞թէ այդ եղած է տուրիստները շլացնելու համար:

Քաղաքական իշխանութեան տիրանալու պայքարի համար հրապարակ իջած մեծեր եւ պզտիկներ պատասխանատուութիւն չունի՞ն, այդ պիտի չստանձնե՞ն հայերէնի ազատագրման համար նաե՛ւ: Պիտի չտա՞ն իրենց անձնական օրինակը՝ յանձնառութեամբ, որպէս կարգախօս յիշելով Ռաֆայէլ Իշխանեանի ամէն տեղ եւ ամէն ժամ դաջուելիք խօսքը. Առանց լեզուի ի՞նչ ազգ: Աւելցնե՞նք. ի՞նչ պետութիւն, ի՞նչ երկիր, ի՞նչ հայրենիք:

Ճիշդ է մեր ժողովուրդը իր սահմաններուն վրայ կը դիմագրաւէ ազգային անվտանգութեան խնդիր, թշնամին արտաքին է: Կը դիմագրաւէ նաեւ ինքնութեան անվտանգութեան ծանրակշիռ խնդիր. թշնամին ներքին է:

Ազգային անվտանգութեան սպառնացողները կը կանչուին ԱԱԾ (Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն):

ԱԶԳԱՅԻՆ Ո՞Ր ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԿԱՆՉՈՒԻՆ, ՊԻՏԻ ԿԱՆՉՈՒԻՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԼԵԶ-ՒԻ ԴԷՄ ՎԱՆՏԱԼԱԿԱՆ մնայուն նախայարձակում (ագրեսիա) գործողները:

Այս հարցումը ո՞վ, ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս պիտի ուղղէ փրկարարի պարեգօտ հագած ժողովուրդի վստահութեան ներկայացող բոլոր գոյնի թեկնածուներուն:

Մի՛շտ՝ ներսը եւ դուրսը:

Ազգային այս հիմնահարցին համար կենսական են մանրուքները եւ եսերը գերանցելով՝ հաւաքական կամք ցուցաբերել եւ պայքարիլ: Ազգային լեզուի գործածութիւնը եւ տիրութիւնը հայուն հպարտութիւնը պէտք է ըլլայ, ոչ՝ շաբաթավերջի ֆոլքլորը:

Արգիլուած չէ երբեմն աթոռ-աթոռակէ անդին երթալ եւ խօսիլ նաեւ ազգի հիմնահարց՝ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ մասին:

Ինչո՞ւ կը յիշենք Խաչատուր Աբովեանը եւ չենք յիշեր իր ազգային իմաստութեան պատգամը. «Ա՜խ, լեզուն, լեզուն, լեզուն որ չըլի, մարդըն ինչի նման կըլի:

Մէկ ազգի պահողը, իրար հետ միացնողը լեզուն ա ու հաւատը…»:

Ազգի անդամը, բնական ողջախոհութեամբ, ինչո՞ւ չի դիմեր առաջնորդներուն եւ առաջնորդ դառնալու բոլոր յաւակնութիւն ունեցողներուն:

Այս կ՚ըլլայ հայ ազգի երգելով կամ չերգելով չնահանջող անդամի եւ քաղաքացիի ճիշդ վերաբերում:

Եւ՝ իրաւ մեծութիւն:

Ազգային քաղաքականութիւնը ազգին համար է, իսկ լեզուն ազգին անփոխարինելի անցագիրն է:

Ժողովուրդի դատին ներկայացող թեկնածուները, կուսակցութիւնները եւ դաշինքները պէտք է դատել այս հարցով վերականգնումին իրենց բերելիք նախաձեռնութիւններով, որպէսզի օր մը պատմութիւնը չարձանագրէ, որ հայոց լեզուն այլասերած է, դարձած է այլ լեզու, ազգի ինքնութեամբ շարունակութիւնը կանգ առած է, ծնած է անորոշ դիմագիծով խառնածին լեզու մը, եւ՝ անով ապրող ժողովուրդ մը, որ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ պիտի չըլլայ:

Հայաստանով տագնապող հայ մայր մը թելադրեց, որ գրեմ այս մասին:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Մայիս 21, 2021