ՍԻՐՈՒԱԾ ՈՒ ՉՍԻՐՈՒԱԾ ՄԱՆՈՒԿԸ -(Բ.)

Բ.- ՀԱՄԵՄԱՏՈՒԹԻՒՆ.- Ծնողներու կողմէ կատարուող միւս մանկավարժական սխալը համեմատելու սովորութիւնն է. շատ մը ծնողներ կը կարծեն, «նայի՛ր Անահիտին տղան քեզմէ լաւ նիշ բերած է» ըսելով պիտի կարենան իրենց մանուկները մղել յաւելեալ աշխատանքի, որպէսզի իրենց զաւակները կարենան իրապէս գերազանցել Անահիտին տղան: Իրականութեան մէջ առողջ մրցակցութեան հոգեբանութիւնը այդ ձեւով չէ որ կարելի է սերմանել մանուկին միտքին ու սիրտին մէջ: Այդ մէկը մանուկին մէջ յաւելեալ աշխատելու ճիգ մը արթնցնելու փոխարէն կրնայ ամբողջութեամբ հակառակ ատելութեան ու յուսահատութեան մթնոլորտ մը ստեղծել. մանուկը կրնայ իր մէջ ունենալ այն համոզումը, որ ինք երբեք պիտի չկարենայ գերազանցել Անահիտին տղան. ու ամէն պարագայի իր մայրը մի՛շտ պիտի մեծարէ Անահիտին տղան՝ քան իր կատարած աշխատութիւնները:

Պէտք է մեր նոր սերունդի ծնողները հասկնան, որ մանուկին ունեցած կէսը մէկ դարձնելու միակ ու ամենէն առողջ ձեւը իր այդ ունեցած կէսը գնահատելն է, որ ինքնաբերաբար զինք պիտի առաջնորդէ կէսը մէկ դարձնելու, մէկը՝ երկու եւ այսպէս շարունակաբար:

Մանուկներու, ինչպէս նաեւ երիտասարդներու միջեւ համեմատութիւն ընելը առողջ երեւոյթ մը չէ, որովհետեւ խնդրոյ առարկայ երկու մանուկները նոյն պայմաններու մէջ հասակ չեն առած եւ հետեւաբար խնդիրի մը դիմաց նոյն դրսեւորումը կարելի չէ սպասել անոնցմէ:

Այսպէս օրինակ, իր մանուկը առանց սիրոյ մեծցուցած ծնողք մը իր մանուկը համեմատութեան մէջ կը դնէ իր կեանքը ծայրայեղ սիրով հասակ առած մանուկի մը հետ եւ կը սպասէ, որ իր մանուկը եւս ըլլայ այնպէս՝ ինչպէս որ սիրով մեծցածն է. նման դէպքերուն ծնողներ մի՛շտ սխալը իրենց մանուկներուն մէջ կը փորձեն գտնել, փոխանակ առողջ դատողութիւն մը կատարելով տեսնեն բոլոր այն տարբերութիւնները, որոնց սկզբնապատճառը իրենք են:

Դժբախտաբար այդ մանկավարժական սխալը կը կատարեն նաեւ անոնք՝ որոնք երբեք իրաւունքը չունին նման սխալ մը թոյլ տալու. ուսուցիչները: Բնական է, որ ամէն մարդ նոյն հասկնալու եւ ըմբռնելու կարողութիւնը չունենայ եւ այդ բնական երեւոյթը պատճառ կը դառնայ, որ մէկ դասարանի մէջ հաւաքուին թէ՛ խելացի, թէ՛ միջին եւ թէ ըմբռնելու դժուարութիւն ունեցող մանուկներ: Իրականութեան մէջ ըմբռնելու դժուարութիւնը եւս ի ծնէ եղած կարողութեան կողքին ունի նաեւ իր արտաքին ազդակները, որոնց մասին այլ առիթով կը խօսինք:

Կարելի չէ սպասել, որ գրաւորի մը պարագային դասարանի մէջ գտնուող բոլոր աշակերտները նոյն ու հաւասար նիշը բերեն.  այդտեղ մեծ դեր ունի նաեւ յիշողութեան կարողութիւնը, միտքի ընդունակութիւնը, որ աշակերտին կամքէն ամբողջութեամբ դուրս է: Ուսուցիչներ շատ անգամ նուազ նիշ առնող աշակերտներուն ցոյց կու տան լաւ նիշ ստացողները՝ անգիտանալով, որ այդ մէկը ո՛չ մէկ օգուտ ունի ցած նիշ ստացած աշակերտին համար: Այդ մէկը պարզապէս կը ծառայէ, որպէսզի լաւ նիշ ստացողը հպարտանայ, իսկ ցած նիշ առնողը պարզապէս նախանձով եւ ատելութեամբ լեցուի առաջինին հանդէպ. նոյնիսկ սկսի իր սեփական անձը թերագնահատել ու չսիրել:

Այս բոլորը առաւելաբար ի յայտ կու գան մանուկին տխրութեան ժամանակ։ Հանդիպա՞ծ էք, որ մանուկ մը լացած ժամանակ իր մօրը ըսէ «գնա՛ միւս տղադ սիրէ», «գնա՛ Լեւոնը սիրէ» եւ այլն. այդ մէկը բացայայտումն է մանուկին մէջի այն համոզումին, որ «միւս տղան» կամ «Լեւոն»ը շա՜տ աւելի լաւ մէկն է՝ քան ինք:

Վստահաբար այս բոլորը մեր ծնողները իրենց մանուկը վարկաբեկելու կամ չարաբանելու համար չեն ըներ. անոնք պարզապէս կը կարծեն, որ նման արտայայտութիւններով իրենց մանուկը «բարի նախանձ» մը պիտի ունենայ միւս գովաբանուած մանուկին հանդէպ (թէեւ քննարկելի նիւթ է, թէ նախանձը որքանով բարութիւն կրնայ ունենալ իր մէջ):

Պէտք է ընդունիլ, որ իմաստութիւնը սահման չունի. տկար ըմբռնում ունեցող մանուկին ծնողքը որպէս օրինակ ցոյց կու տայ միջին ըմբռնում ունեցողը. միջին ըմբռնում ունեցող մանուկին ծնողքը որպէս օրինակ ցոյց կու տայ դասարանի խելացին, սակայն այդ համեմատութեան շղթան այստեղ վերջ չի՛ գտներ. խելացի մանուկին ծնողքը իր կարգին իր մանուկը համեմատութեան մէջ կը դնէ ուրիշներու հետ... այսպէս շարունակաբար մինչեւ կարգը հասնի ըմբռնումի մէջ տկար եղող մանուկին՝ ըսելով «նայի՛ր ինչ քաղաքավար է». աւարտին շղթան կը հասնի նո՛յն մանուկին, որմէ սկսած էր համեմատութեան այս գործընթացը:

Այս բոլորը կանխելու միակ միջոցը հպարտանալն է բոլո՛ր այն բաներով՝ որ մանուկը ունի. որովհետեւ ծնողքը այնպէս ինչպէս իր մանուկը համեմատութեան կը դնէ, մանուկը իր կարգին իր ծնողքը համեմատութեան կը դնէ այլ ծնողներու հետ, որոնք համեմատաբար աւելի սիրալիր ու ըմբռնող մօտեցում կ՚ունենան իրենց զաւակներուն նկատմամբ:

Պահ մը պատկերացուցէք, որ տկար մանուկը նոր ծաղիկ տուող ծիլ մըն է, իսկ իմաստուն մանուկը արդէն հսկայական ծառ մը. այդ ծիլը չե՛ս կրնար մեծցնել հասակ առած ծառին գովքը հիւսելով. այդ ծիլը հասակ կ՚առնէ մի՛ միայն խնամքով ու ջրուելով, որ այս պարագային ծնողքի մը ունեցած հանդուրժող ընթացքն է մանուկին նկատմամբ:

•շարունակելի

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԼՈՒԹՖԻԿ ԴՈՒՐԵԱՆ
(1933-2010)

Մեր թուականէն 89 տարիներ առաջ՝ 21 յունիս 1933-ին Ռուսաստանի Չալթիր գիւղին մէջ ծնած է բանաստեղծ, լրագրող եւ Գրողներու միութեան անդամ Լութֆիկ Դուրեան:

Դուրեան մէկ տարեկանին՝ 1934 թուականին ծնողքին հետ միասին տեղափոխուած է Հայաստան եւ բնակութիւն հաստատած՝ Կոտայքի շրջանի Շահաբ գիւղին մէջ (ներկայ անուանումով Մայակովսքիի գիւղ), ուր ստացած է իր նախնական կրթութիւնը: Ապա ընդունուած է Երեւանի Միչուրինի անուան բանջարաբուծական կաճառ, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1954 թուականին: Այդ տարիներուն Դուրեան տպագրած է իր առաջին բանաստեղծութիւնը. 1956-1957 թուականներուն եղած է «Կոլտնտեսականի Ձայն» թերթի պատասխանատու քարտուղար, իսկ 1957-1969 թուականներուն աշխատած է «Երեկոյեան Երեւան» թերթէն ներս: Ստանձնած է նաեւ «Հայաստան» հրատարակչութեան պատասխանատու-վարիչի պաշտօնը: Որոշ ժամանակ թերթերու մէջ աշխատելէ ետք որոշած է իր ուսումը շարունակել եւ այսպիսով ընդունուած է Մոսկուայի Մաքսիմ Կորքիի անուան գրականութեան կաճառ, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1971 թուականին:

Դուրեան իր բանաստեղծական առաջին գիրքը՝ «Արշալոյսի երգեր»ը առաջին անգամ հրատարակած է 1957 թուականին, որուն յաջորդած են «Մաշտոց», «Լեռները չեն խոնարհւում», «Կեանք իմացեալ», «Արեւը բոլորինն է», «Կապոյտ ծաղիկ», «Քարէ արցունք» եւ այլ աշխատութիւններ: Անոր գրած բանաստեղծութիւններէն շատեր վերածուած են երգերու, որոնք երգուած են այդ ժամանակուան յայտնի հայ երգիչ-երգչուհիներու կողմէ:

Շնորհիւ իր վաստակին ու գրականութեան, Դուրեան արժանացած է Յովհաննէս Թումանեանի, Աւետիք Իսահակեանի, Վահան Թէքէեանի եւ Մկրտիչ Սարգիսեանի անուան գրական մրցանակներուն:

Դուրեանի վերջին գիրքը հրատարակուած է յետ մահու՝ «Այսքանը իմ կեանքից» խորագրով, որուն մէջ ամփոփուած են բանաստեղծին յուշերը:

Բանաստեղծը մահացած է 9 յուլիս 2010 թուականին, Երեւանի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Յունիս 21, 2022