ԿԵԱՆՔԸ Ի՛ՆՔ ՀԱՐՑ ՄԸՆ Է

Մարդիկ, ընդհանրապէս կը գանգատին զանազան հարցերէ եւ լուծումներ կը փնտռեն, բայց չեն խորհիր, թէ՝ ո՛չ թէ պատահածները կամ դէպքերը հարցեր կը ստեղծեն, այլ նոյն ի՛նքը՝ կեանքը արդէն հարց մըն է։ Եւ դարձեալ կ՚ըսուի, թէ «կեանքը պայքա՛ր մը՝ մարտ մըն է»։ Իրապէս, կեանքը տեւական կռիւ մըն է՝ շահելու եւ շահուածը չկորսնցնելու, եւ յաճախ շատ աւելին շահելու…։ Եւ այս իմաստով իսկ կեանքը տեւապէս հարցեր ստեղծող ընթացք մըն է, այլապէս եթէ չհաշուըուի այդ ընթացքին մէջ պատահած երկրորդական հարցերը։ Այո, կեանքը ի՛նք ամբողջութեամբ հարց մըն է, անլուծելի, անորոշ եւ երբեմն անտանելի՛։

Շատեր կ՚ըսեն, թէ՝ սա հարցը լուծուի, անցնի երթա՜յ, երջանիկ պիտի ըլլան այլեւս, ո՛չ, շատ դժուար է երջանիկ ըլլալ, քանի որ այնքան ատեն որ կ՚ապրին, կեանք ունին, հարցեր պիտի յաջորդեն իրարու, քանի որ կեանքը ինք հա՛րց մըն է, անլուծելի խնդի՛ր մը։

Եւ դարձեալ մարդ՝ ինք «անծանօթ» մըն է՝ թէ՛ ինքնիրեն եւ թէ իր շուրջիններուն նկատմամբ։

Ուրեմն, մէկ կողմէ «անծանօթ»ը, միւս կողմէ «հարց» մը մշտնջենաւոր, եւ այս անորոշութիւններուն մէջտեղ մարդը՝ շուարած, թերութիւններ եւ տկարութիւններ, անկարողութիւններ ունեցող էակը, որքան ալ վստահի իր խելքին, իր բանականութեան, օժտուած առաւելութիւններուն միւս էակներու նկատմամբ եւ թերեւս ինք այդպէս ըլլալ կարծէ, ինչպէ՞ս կրնայ լուծել էական հարցեր, ինչպէ՞ս կրնայ դիմադրել մշտնջենաւոր խնդիրներու ծանրութեան։ Ուստի հարցերը անսահման են, լուծումներու միջոցները՝ սահմանափակ, ինչպէ՞ս կարելի է ազատիլ անոնցմէ։

Մարդ կը պարծենայ իր բանականութեան արժանիքով, բայց մարդուս բանականութիւնը՝ խելքը սահմանաւոր է՝ որոշ տարողութիւն մը ունի, եւ կարելի է, որ անսահմանը չափուի եւ կշիռի տակ առնուի սահմանաւոր տարողութեան կողմէ։ Եւ դարձեալ «անծանօթ»ը ինչպէ՞ս կրնայ հասկնալ ուրիշ անծանօթ մը՝ հարց մը, որ չէ հասկցուած, չէ լուծուած աշխարհի ստեղծումէն ի վեր եւ կը շարունակէ «անլուծելի» եւ անհասկնալի հարց մնալ։ Մարդ, երբ չէ ծանօթացած ինքն իր էութեան, ապա ուրեմն ինչպէ՞ս հասկնայ կեանքին «անծանօթ»ը…։

Եւ մարդ էակը՝ ինք «անծանօթ», ապրած կեանքը «հարց», պարտաւոր է տանիլ այդ ընթացքը։

Եթէ խորապէս մտածէ մարդ, պիտի տեսնէ որ իրապէս դժուար եւ անկարելի պարտաւորութեան մը տակ կը գտնուի այս կեանքը ապրելով, աշխարհի վրայ ունեցած ժամանակաւոր ընթացքով։ Բայց բարեբախտաբար, ժամանակաւոր է այդ ընթացքը՝ որոնց համար կարճ, որոնց համար երկար, բայց անպայմա՛ն վերջ մը ունի։

Ի՞նչ կը խորհիք սիրելի՜ ընթերցող հաւատարիմ եւ իմաստուն բարեկամներ, արդեօք աշխարհի վրայ ապրուած այս կեանքը այս պատճառով ժամանակաւո՞ր է եւ անպայման վերջ մը ունի՞։

Եւ քանի որ կեանքը տեւական պայքար մըն է, եւ թէ այս մասին տարակարծութիւն չկա՛յ, ապա ուրեմն մարդ «անծանօթ»ը կրնայ ապրիլ տեւական կռիւի մէջ, միշտ զգաստ, միշտ պատրաստ դիմաւորուելու հակառակորդի մը՝ հարցի մը կամ տարբեր «անծանօթ»ի մը։ Իրապէս անտանելի վիճակ մըն է ասիկա։ Հետեւաբար, կարելի՞ է արդեօք խորհիլ, թէ մարդ, «դրախտ»ը՝ այդ խաղաղ ու երջանիկ վայրը ստեղծած ըլլայ իր մտքին մէջ, եւ ապրի այդ յոյսով։

«Դրախտ»ը՝ խոստացուա՞ծ թէ երեւակայացուած ու ստեղծուա՛ծ է։ Արդարեւ, Մ. Ա. Վոլթէր կ՚ըսէ, թէ՝ եթէ Աստուած գոյութին չունենար, մարդ պիտի ստեղծէր աստուածութեան գաղափարը իր մտքին մէջ, հետեւցնելով կարելի է ըսել, թէ «դրախտ»ը կա՛յ, ապա ուրեմն զայն դարձեալ ստեղծելու պահանջքը չկա՛յ։ Մարդկայնօրէն սապէս խորհինք՝ ներկայ ժամանակաւոր կեանքը մարդ ինք չստեղծեց, այլ զայն ստեղծող «Իմաստութիւն» մը գոյութիւն ունենալու է, եւ այդ նոյն «Իմաստութիւն»ը սահմանաւոր ըրած, վերջ մը դրած է «աշխարհային կեանք» կոչուած ընթացքին, քանի որ ան, մարդուս համար ընդհանրապէս նեղութիւններով, ցաւերով, կորուստներով, չարչարանք եւ տառապանքներով լեցուն, վշտալի շրջան մըն է, եւ պէտք է վերջ մը ունենայ։

Սակայն, բանականօրէն ամէն վերջ՝ սկի՛զբ մըն է նոր շրջանի մը, նոր միջոցի մը, եւ այդ պատճառով ո՛ւր որ «վերջ» մը կայ, հոն կայ «սկիզբ» մը։ Այս եզրակացութեան կարելի է հասնիլ այն ճշմարտութեան ուղղութեամբ, թէ ստեղծուած, գոյութիւն ստացած ո՛չ մէկ բան կ՚ոչնչանայ, այլ կը ձեւափոխ-ւի եւ թերեւս կը տեղափոխուի, եւ ուրեմն «երկրային կեանք» կոչուածն ալ երբ կը վերջանայ, չ՚ոչնչանար, այլ կը ձեւափոխուի եւ տեղափոխուելով, տարբեր միջոցի մը մէջ կը շարունակէ տարբեր կերպով պահել իր գոյութիւնը։

Բայց հարցը սա է, արդեօք, մարդ այդպէս ըլլալը փափաքել՞ւն համար է, որ բանականութիւնը այս ձեւով խորհիլ կու տայ իրեն, թէ ոչ՝ իրապէս «վերջ»ը նոր «սկիզբ» մըն է եւ ընթացքը կը շարունակուի տարբեր պայմաններու եւ միջոցներու մէջ։ Եւ ահաւասիկ, մեծ «հարց»ը կեանքին, մարդ ինչո՞ւ ստեղծուած է, պարզապէս երբեմն տառապելու, տանջուելու, եւ երբեմն ինքզինք երջանի՞կ զգալու համար։ Եւ կարծեմ, բանաւոր էակ ըլլալու՝ «մա՛րդ» ըլլալու սկիզբն է անդրադառնա՛լ՝ որ կը սկսի «ի՞նչ», «ի՞նչու» եւ «ի՞նչպէս» հարցումներով։ Արդարեւ, ճանչնա՛լ ինքզինք, ծանօթանա՛լ իր շրջապատին, իր վիճակին, իր կացութեան, ապրած կեանքին պատճառին, նպատակին եւ բովանդակ իմաստի՛ն։

Տէգարթի խօսքը ամփոփ բացատրութիւնը կու տայ «անդրադառնա՛լ» եզրին, երբ կ՚ըսէ.

«Կը մտածեմ, ուրեմն գոյութին ունիմ»։

Եւ եթէ մարդ ապրիլ կ՚ուզէ այս կեանքը աւելի նուազ հարցերով, անդրադառնալո՛ւ է իր էութեան, իր շրջապատին եւ հարցնելու է եւ պատասխան փնտռելու է. «ի՞նչ», «ի՞նչու», «ի՞նչպէս» հարցումներուն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 17, 2017, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 21, 2017